Ի՛նչ կը պատահի մեր սիրելի ննջեցեալներուն
Գլուխ 9
Ի՛նչ կը պատահի մեր սիրելի ննջեցեալներուն
1. Մարդիկ ի՞նչ կը զգան երբ մահը սիրելի մը խլէ։
«ՍԻՐԵԼԻԻ մը մահը տառապանք կը պատճառէ, քանի որ մահը անըմբռնելի կորուստ մըն է»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ տղայ մը, երբ իր հայրը, եւ ապա քիչ ետք իր մայրը մեռան։ Իր վիշտը եւ խոր կորուստի զգացումը իրեն «զգացականօրէն խեղդուած» ըլլալու զգացումը տուին։ Թերեւս դուք ալ նոյն կերպով տառապած էք։ Կրնայ ըլլալ որ հարց տուած էք թէ ձեր սիրելի ննջեցեալները ո՛ւր են եւ զանոնք դարձեալ պիտի տեսնէք թէ ոչ։
2. Մահուան մասին ի՞նչ շփոթեցուցիչ հարցումներ կը յարուցուին։
2 Սուգի մէջ գտնուող կարգ մը ծնողներուն ըսուած է. «Աստուած ամենէն գեղեցիկ ծաղիկները կը քաղէ, որպէսզի իր քով երկինք առնէ»։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Մեր սիրելի ննջեցեալները երկի՞նք գացած են։ Անիկա ոմանց կոչած Նիրվանա՞ն է, երանելութեան վիճակ մը, ամէն ցաւէ ու ցանկութենէ զերծ։ Մեր սիրելիները դռնէ մը անցնելով դրախտին մէջ անմահ կեա՞նքի անցած են։ Կամ ինչպէս ուրիշներ կը դաւանին, արդեօք մահը Աստուծոյ դէմ մեղանչած անհատները անհատնում տանջանքի մէ՞ջ կը ձգէ։ Մեռելները կրնա՞ն ազդել մեր կեանքին։ Այս հարցումներուն ճշգրիտ պատասխաններ ստանալու համար, պէտք է Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ քննենք։
ՄԱՐԴՈՑ ՄԷՋ Ի՛ՆՉ Է «ՀՈԳԻՆ»
3. Սոկրատ եւ Պղատոն մահուան առնչութեամբ ի՞նչ կարծիքներ ունէին եւ ասիկա ներկայիս ի՛նչ ազդեցութիւն ունի մարդոց վրայ։
3 Վաղեմի Յոյն փիլիսոփաներ՝ Սոկրատ եւ Պղատոն՝ դաւանեցան որ մարդուն ու կնկան մէջ բնածին անմահ բան մը կայ,
հոգի մը, որ մահէն կը վերապրի եւ իրականութեան մէջ բնաւ չի մեռնիր։ Համայն երկրի մէջ, ներկայիս միլիոնաւոր անհատներ կը հաւատան ասոր։ Այս համոզումը յաճախ նոյնքան վախ կը յառաջացնէ, որքան մեռելներու բարօրութեան մտահոգութիւնը։ Աստուածաշունչը մեռելներու մասին բոլորովին տարբեր բան մը կը սորվեցնէ։4. (ա) Ծննդոցը ի՞նչ կ’ըսէ հոգիի մասին։ (բ) Աստուած ի՞նչ դրաւ Ադամին մէջ, զինք կենդանացնելու համար։
4 Երբ մեռելներու վիճակը նկատի կ’առնենք, պէտք է յիշենք որ մեր առաջին հայրը՝ Ադամ՝ հոգի մը չունէր. հապա ինք հոգի մըն էր։ Ստեղծագործութեան ահարկու արարքով մը Աստուած մարդը, այսինքն հոգին, շինեց հողին հիմնական տարրերէն, ապա անոր մէջ «կենդանութեան շունչ փչեց»։ Ծննդոց 2։7–ն կ’ըսէ. «Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներուն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ»։ Ադամի կեանքը շնչառութեամբ կը պահպանուէր։ Սակայն, երբ Աստուած Ադամի մէջ կենդանութեան շունչ փչեց, անիկա անոր թոքերուն մէջ օդ փչելէն աւելին ըրաւ։ Աստուածաշունչը կը խօսի կենդանի արարածներուն մէջ գործող «կենդանութեան շունչի [կեանքի ոյժի, ՆԱ]» մասին։—Ծննդոց 7։22
5, 6. (ա) Ի՞նչ է «կեանքի ոյժը»։ (բ) Ի՞նչ կը պատահի երբ Սաղմոս 146։4–ի մէջ յիշուած «հոգին» այլեւս մարմնին կենդանութիւն տալէ կը դադրի։
5 Ի՞նչ է «կեանքի ոյժը»։ Անիկա կեանքի կենսական կայծն է, զոր Աստուած դրաւ Ադամի անկենդան մարմնին մէջ։ Ապա շնչառութեան միջոցաւ այդ ոյժը պահպանուեցաւ։ Բայց Սաղմոս 146։4–ի մէջ յիշուած «հոգին» ի՞նչ է։ Այդ համարը, մեռնող անձին մասին կ’ըսէ. «Անոր հոգին [ոգին] կ’ելլէ, անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։ Երբ Աստուածաշունչը գրողները «հոգի» բառը այս կերպով գործածեցին, անոնք չէին մտածեր աննիւթ հոգիի մը մասին, որ մարմինը մեռնելէ ետք կը շարունակէ ապրիլ։
6 Մահուան ժամանակ մարդոցմէ ելլող «հոգին, [ոգին]»՝ կեանքի ոյժն է, որ ծագում առած է մեր Ստեղծիչէն։ (Սաղմոս 36։9. Գործք 17։28) Կեանքի այս ոյժը իր կենդանացուցած արարածին յատկանիշները չունի, ճիշդ ինչպէս ելեկտրականութիւնը իր աշխատցուցած գործիքին կերպարը չ’առներ։ Երբ անհատ մը մեռնի, հոգին (կեանքի ոյժը) այլեւս մարմնին բջիջներուն կենդանութիւն տալէ կը դադրի, ինչպէս որ լոյսը կ’անյայտանայ, երբ ելեկտրականութիւնը մարի։ Երբ կեանքի ոյժը մարդկային մարմինը սնուցանելէ դադարի, մարդը՝ հոգին՝ կը մեռնի։—Սաղմոս 104։29. Ժողովողի 12։1, 7
«ՀՈՂ ԷԻՐ ԴՈՒՆ ՈՒ ՀՈՂԻ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՍ»
7. Ադամի ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուէր։
7 Եհովա յստակօրէն բացատրեց որ մեղաւոր Ադամին համար մահը ի՛նչ պիտի նշանակէր։ Աստուած ըսաւ. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ (Ծննդոց 3։19) Ադամ ո՞ւր պիտի դառնար։ Գետին, հողին պիտի դառնար, ուրկէ ստեղծուած էր։ Մահուան ատեն Ադամ պարզապէս գոյութենէ պիտի դադրէր։
8. Մարդիկ որպէս հոգիներ, ի՞նչ կերպով անասուններէն գերադաս չեն։
8 Այս առնչութեամբ, մարդոց մահը անասուններէն չի տարբերիր։ Անոնք ալ հոգիներ են եւ նոյն ոգին կամ կեանքի ոյժը զանոնք կ’ապրեցնէ։ (Ծննդոց 1։24) Ժողովողի 3։19, 20–ի մէջ, Սողոմոն իմաստուն կ’ըսէ. «Մէկը ինչպէս կը մեռնի, միւսն ալ այնպէս կը մեռնի։ Ամենուն շունչը նոյնն է։ [Մահուան մէջ] մարդը անասունէն աւելի բան մը չունի, ... Ամէն բան հողէն եղաւ ու ամէն բան հող պիտի դառնայ»։ Մարդը անասուններէն գերիվեր էր այն առումով որ ան Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած էր, Եհովայի յատկութիւնները արտացոլացնելով։ (Ծննդոց 1։26, 27) Սակայն, մահուան ատեն, թէ՛ մարդիկ եւ թէ անասուններ հողին կը վերադառնան։
9. Ի՞նչ է մեռելներուն վիճակը եւ անոնք ո՞ւր կ’երթան։
9 Ապա, Սողոմոն կը բացատրէ թէ ի՛նչ է մահը, ըսելով. «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ Այո, մեռելները բացարձակապէս բան մը չեն գիտեր, անոր համար Սողոմոն կը յորդորէ. «Ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ, քանզի գերեզմանիդ մէջ գործ, խորհուրդ, գիտութիւն ու իմաստութիւն չկայ»։ (Ժողովողի 9։5, 10) Մեռելները ո՞ւր կ’երթան։ Շէօլ (Եբրայերէն շէօլ)՝ մարդկային հասարակաց գերեզմանը։ Մեր սիրելի ննջեցեալները ամբողջովին անգիտակից են։ Անոնք չեն տառապիր, ոչ ալ որեւէ կերպով մեր վրայ ազդեցութիւն կրնան ունենալ։
10. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ մահը ինքնին վերջ մը չէ։
10 Մենք եւ մեր սիրելիները միայն քանի մը տարի պիտի ապրինք, ապա յաւիտեան գոյութենէ դադրի՞նք։ Ո՛չ, Աստուածաշունչը այդպէս չ’ըսեր։ Ադամի ըմբոստութեան ժամանակ, Եհովա Աստուած անմիջապէս կարգադրութիւն մը ըրաւ, որպէսզի մարդկային մեղքին ահաւոր հետեւանքները յեղաշրջէ։ Աստուծոյ նպատակին մէջ մարդ արարածին մահը տեղ չունէր։ (Եզեկիէլ 33։11. Բ. Պետրոս 3։9) Հետեւաբար, մեզի ու մեր սիրելիներուն համար, մահը վերջաւորութիւն մը չէ։
«ՔՆԱՑԱԾ Է»
11. Յիսուս իր բարեկամին՝ Ղազարոսի՝ մահը ինչպէ՞ս նկարագրեց։
11 Եհովայի նպատակն է մեզ ու մեր սիրելի ննջեցեալները փրկել Ադամական մահէն։ Անոր համար Աստուծոյ Խօսքը մահուան մասին կը խօսի որպէս քուն։ Օրինակի համար, երբ լսեց որ իր Ղազարոս բարեկամը մեռած էր, Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է, երթամ, որպէսզի զանիկա արթնցնեմ»։ Քանի որ աշակերտները անմիջապէս չըմբռնեցին այս խօսքին իմաստը, Յիսուս պարզօրէն ըսաւ. «Ղազարոս մեռաւ»։ (Յովհաննու 11։11, 14) Ապա Յիսուս Բեթանիա գնաց, ուր Ղազարոսի քոյրերը՝ Մարթան եւ Մարիամը՝ իրենց եղբօր մահը կ’ողբային։ Երբ Յիսուս Մարթայի ըսաւ՝ «Քու եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ», ան մարդկային ընտանիքին վրայ մահուան ազդեցութիւնը յեղաշրջելու Աստուծոյ նպատակին նկատմամբ իր հաւատքը արտայայտեց, ըսելով. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»։—Յովհաննու 11։23, 24
12. Ողբացող Մարթան մեռելներու առնչութեամբ ի՞նչ յոյս ունէր։
12 Մարթա մահուընէ ետք ապրող անմահ հոգիի մասին բան մը չարտայայտուեցաւ։ Ան չէր հաւատար որ Ղազարոս արդէն հոգեղէն աշխարհ մը գացած էր եւ կը շարունակէր ապրիլ։ Մարթա մեռելներու յարութեան հոյակապ յոյսին կը
հաւատար։ Ան հասկցած էր որ Ղազարոսի մարմինէն ո՛չ թէ անմահ հոգի մը ելած էր, այլ, թէ իր մեռած եղբայրը այլեւս գոյութենէ դադրած էր։ Միակ դարմանը՝ իր եղբօր յարութիւնը պիտի ըլլար։13. Յիսուս աստուածատուր ի՞նչ զօրութիւն ունէր եւ զայն ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ։
13 Յիսուս Քրիստոս մարդկութիւնը փրկելու համար Եհովայէ լիազօրութիւն ստացաւ։ (Ովսեայ 13։14) Անոր համար, Մարթայի պատասխանելով, Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։ (Յովհաննու 11։25) Յիսուս այս ուղղութեամբ իր աստուածատուր զօրութիւնը ցոյց տուաւ, երբ Ղազարոսի գերեզմանը գնաց՝ որ չորս օրէ մեռած էր՝ եւ զայն վերակենդանացուց։ (Յովհաննու 11։38–44) Միայն երեւակայեցէք այս յարութիւնը, կամ Յիսուս Քրիստոսի կատարած միւս յարութիւնները տեսնողներուն, ուրախութի՜ւնը։—Մարկոս 5։35–42. Ղուկաս 7։12–16
14. Ինչո՞ւ յարութեան եւ անմահ հոգիի մը գաղափարը իրար կը հակասեն։
14 Պահ մը այս կէտին վրայ խորհեցէք. Ոեւէ մէկը յարութեան կամ ետ կեանքի գալու կարիքը պիտի չունենար, եթէ մահուընէ ետք անմահ հոգի մը վերապրէր։ Իրականութեան մէջ, բարիք մը եղած պիտի չըլլար Ղազարոսի նման մէկը երկրի վրայ ետ անկատար կեանքի բերել, եթէ ան արդէն երկնային հոյակապ վարձատրութիւն մը ստացած ըլլար։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը բնաւ «անմահ հոգի» արտայայտութիւնը չի գործածեր։ Ընդհակառակը, Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ մարդկային մեղաւոր հոգիները պարզապէս կը մեռնին։ (Եզեկիէլ 18։4, 20) Ուստի, Աստուածաշունչը յարութեան կարգադրութեան կը մատնանշէ, որպէս մահուան իրական դարմանը։
«ԲՈԼՈՐ ԳԵՐԵԶՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԵՂՈՂՆԵՐԸ»
15. (ա) «Յարութիւն» բառը ի՞նչ կը նշանակէ։ (բ) Մարդոց յարութիւնը ի՞նչու հարց չէ Եհովա Աստուծոյ համար։
15 Յիսուսի աշակերտներուն գործածած «յարութիւն» բառը տառացիօրէն կը նշանակէ «վերազարթնում» կամ «վերականգնում»։ Ասիկա մահուան անկենդան վիճակէն «վերազարթնում»
մըն է, ուրիշ խօսքով՝ մարդկային հասարակաց գերեզմանէն վերականգնում մը։ Եհովա Աստուծոյ համար դիւրին է անհատ մը յարուցանել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ կեանքի Ծագում տուողը Ինքն է։ Ներկայիս, մարդիկ կրնան պատկերիզներու վրայ, մարդոց ու կիներու պատկերներն ու ձայները արձանագրել եւ անոնց մահուընէ ետք զանոնք վերստին դիտել։ Վստահաբար, մեր ամենակալ Արարիչը կրնայ ոեւէ անհատի մանրամասնութիւնները իր քով արձանագրել եւ նոյն անձը յարուցանել, անոր տալով նոր կազմուած մարմին մը։16. (ա) Բոլոր գերեզմաններու մէջ եղողներուն Յիսուս ի՞նչ խոստացաւ։ (բ) Ի՞նչ բան պիտի որոշէ որ անհատ մը ի՞նչ բանի համար յարուցանուած է։
16 Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Յիսուսի] ձայնը պիտի լսեն Յովհաննու 5։28, 29) Բոլոր անոնք որոնք Եհովայի յիշողութեան մէջ են՝ պիտի յարուցանուին եւ իր ճամբաներուն մէջ պիտի դաստիարակուին։ Աստուծոյ գիտութեան համաձայն ընթացողներուն համար, անիկա կեանքի յարութիւն մը պիտի ըլլայ։ Սակայն, Աստուծոյ ուսուցումները եւ իշխանութիւնը մերժողներուն համար, անիկա դատապարտութեան յարութիւն մը պիտի ըլլայ։
ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։ (17. Որո՞նք պիտի յարուցանուին։
17 Եհովայի ծառաներ ըլլալով արդար ընթացքի մը հետեւած անհատները բնականաբար պիտի յարուցանուին։ Իրականութեան մէջ, յարութեան յոյսը շատերուն զօրավիգ կանգնած է մահուան, նոյնիսկ բուռն հալածանքի դիմաց։ Անոնք գիտէին որ Աստուած կրնար զիրենք վերակենդանացնել։ (Մատթէոս 10։28) Բայց միլիոնաւոր անհատներ մեռած են, առանց ապացուցանելու որ Աստուծոյ արդար չափանիշներուն պիտի համակերպէի՞ն թէ ոչ։ Անոնք ալ պիտի յարուցանուին։ Այս ուղղութեամբ Եհովայի նպատակին վրայ վստահութիւն ունենալով, Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Յոյս ունիմ առ Աստուած ... թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ մեղաւորներուն»։—Գործք 24։15
18. (ա) Յովհաննէս առաքեալի ի՞նչ տեսիլք տրուեցաւ յարութեան մասին։ (բ) Ի՞նչ բան պիտի բնաջնջուի «կրակէ լիճին մէջ» եւ այդ «լիճը» ի՞նչ կը խորհրդանշէ։
18 Յովհաննէս առաքեալի, Աստուծոյ գահին առջեւ կայնած յարուցեալներու սրտայոյզ տեսիլք մը տրուեցաւ։ Յովհաննէս գրեց. «Ծովը իր մէջի մեռելները տուաւ ու մահը եւ դժոխքը իրենց մէջի մեռելները տուին։ Ամէն մէկը իր գործերուն համեմատ դատուեցաւ։ Եւ մահը ու դժոխքը կրակի լիճին մէջ ձգուեցան։ Ասիկա է երկրորդ մահը»։ (Յայտնութիւն 20։12–14) Պահ մը խորհեցէ՛ք. Աստուծոյ յիշողութեան մէջ գտնուող բոլոր մեռելները Հատէսէն (Յունարէն հայիտէս) կամ Շէօլէն՝ մարդկային հասարակաց գերեզմանէն՝ ազատագրուելու ակնկալութիւնը ունին։ (Սաղմոս 16։10. Գործք 2։31) Անոնք պատեհութիւնը պիտի ունենան իրենց արարքներով ցոյց տալու թէ կ’ուզեն Աստուծոյ ծառայել։ Ապա, «մահը եւ դժոխքը» պիտի նետուին այդպէս կոչուած «կրակէ լիճին» մէջ, որ ամբողջական կործանում կը նշանակէ, ինչպէս «Գեհեն» արտայայտութիւնը։ (Ղուկաս 12։5) Երբ յարութիւնը ամբողջանայ, մարդկային հասարակաց գերեզմանը պարպուած պիտի ըլլայ եւ այլեւս գոյութիւն պիտի չունենայ։ Որքա՜ն մխիթարական է Աստուածաշունչի շնորհիւ սորվիլ, թէ Աստուած ոեւէ մէկը չի տանջեր։—Երեմեայ 7։30, 31
Ո՞ՒՐ ՊԻՏԻ ՅԱՐՈՒՑԱՆՈՒԻՆ
19. Ինչո՞ւ կարգ մը անհատներ երկինք պիտի յարուցանուին եւ Աստուած անոնց ինչպի՞սի մարմին պիտի տայ։
19 Սահմանափակ թիւով այրեր ու կիներ երկնային կեանքի համար պիտի յարուցանուին։ Յիսուսի հետ որպէս թագաւորներ ու քահանաներ ըլլալով, անոնք առաջին մարդէն՝ Ադամէն՝ մարդկութեան ժառանգած մահուան բոլոր ազդեցութիւնները չէզոքացնելու մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն։ (Հռովմայեցիս 5։12. Յայտնութիւն 5։9, 10) Աստուած քանի՞ հոգի երկինք պիտի առնէ, որպէսզի Քրիստոսի հետ իշխեն։ Ըստ Աստուածաշունչին, միայն 144,000 հոգի։ (Յայտնութիւն 7։4. 14։1) Եհովա այս յարուցուողներէն իւրաքանչիւրին հոգեղէն մարմին մը պիտի տայ, որպէսզի կարենան երկնքի մէջ ապրիլ։—Ա. Կորնթացիս 15։35, 38, 42–45. Ա. Պետրոս 3։18
20. Հնազանդ մարդկութիւնը, մէջը ըլլալով յարուցուողները, ի՞նչ պիտի վայելեն։
20 Ննջեցեալներուն մեծամասնութիւնը դրախտային երկրի մը վրայ պիտի յարուցանուին։ (Սաղմոս 37։11, 29. Մատթէոս 6։10) Ոմանց երկնային կեանքի յարուցանուելուն պատճառներէն մէկն է, երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը ամբողջացնել։ Երկնքի մէջ Յիսուս Քրիստոս եւ 144,000–ը աստիճանաբար հնազանդ մարդկութիւնը պիտի հասցնեն ա՛յն կատարելութեան, զոր մեր առաջին ծնողքը մերժեցին։ Ասոր մէջ պիտի ըլլան նաեւ ննջեցեալները, ինչպէս Յիսուս ցոյց տուաւ իր կողքը ցցահանուած մահամերձ մարդուն ըսելով. «Ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։—Ղուկաս 23։42, 43
21. Ըստ Եսայի մարգարէին ու Յովհաննէս առաքեալին, մահուան ի՞նչ պիտի պատահի։
Հռովմայեցիս 8։19–21) Եսայի մարգարէն ըսաւ որ Եհովա Աստուած «մահը յաւիտեան բնաջինջ պիտի ընէ»։ (Եսայեայ 25։8) Յովհաննէս առաքեալի տեսիլք մը տրուեցաւ այն ժամանակին մասին, երբ հնազանդ մարդկութիւնը ցաւէն ու մահէն պիտի ազատագրուէին։ Այո, «Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։1–4
21 Հիմա ունայնութեան զգացում յառաջացնող մահը, Դրախտ երկրին վրայէն անէացած պիտի ըլլայ։ (22. Յարութեան գիտութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունի ձեր վրայ։
22 Ննջեցեալներու վիճակին մասին Աստուածաշունչի յստակ ուսուցումները ամէն շփոթութիւն կը վանեն։ Սուրբ Գրութիւնները որոշապէս կ’ըսեն թէ «վերջին թշնամին»՝ մահը՝ պիտի բնաջնջուի։ (Ա. Կորնթացիս 15։26) Յարութեան յոյսը որքա՜ն կը զօրացնէ մեզ ու կը մխիթարէ։ Իսկ որքա՜ն ուրախ կրնանք ըլլալ որ մեր ննջող սիրելիները, որոնք Աստուծոյ յիշողութեան մէջ են, մահուան քունէն պիտի արթննան, վայելելու համար այն բոլոր բարիքները՝ զորս Աստուած զինք սիրողներուն համար պատրաստած է։ (Սաղմոս 145։16) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի իրագործէ այս բոլոր օրհնութիւնները։ Բայց անոր իշխանութիւնը ե՞րբ պիտի սկսէր։ Տեսնե՛նք։
ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ
Մարդոց մէջ ի՞նչ է հոգին։
Մեռելներուն վիճակը ինչպէ՞ս կը բացատրէք։
Որո՞նք պիտի յարուցանուին։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 85]
Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս Ղազարոսը գերեզմանէն դուրս կանչեց, նոյնպէս միլիոնաւորներ պիտի յարուցանուին
[Նկար՝ էջ 86]
Երբ ‘Աստուած մահը յաւիտեան բնաջինջ ընէ’, այն ատեն ուրախութիւն պիտի տիրէ