Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւիտեան Աստուծոյ ծառայելը ձեր նպատակը դարձուցէք

Յաւիտեան Աստուծոյ ծառայելը ձեր նպատակը դարձուցէք

Գլուխ 18

Յաւիտեան Աստուծոյ ծառայելը ձեր նպատակը դարձուցէք

1, 2. Աստուծոյ գիտութեան հետ, ի՞նչ ալ պահանջուած է։

ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՑԷՔ որ մեծ գանձեր պարունակող սենեակ մը տանող կղպուած դրան մը առջեւ կանգնած էք։ Ենթադրենք որ հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը ձեզի բանալին տուած ըլլայ եւ ձեզի ըսէ որ այս արժէքաւոր իրերէն ի՛նչ որ կուզէք՝ առնէք։ Այդ բանալին բանի պիտի չծառայէ, եթէ չգործածէք զայն։ Նմանապէս, դուք ալ գիտութիւնը պէտք է գործածէք, որպէսզի ձեզի օգտակար ըլլայ։

2 Ասիկա մասնաւորաբար ճշմարիտ է Աստուծոյ գիտութեան պարագային։ Արդարեւ, Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին ճշգրիտ գիտութիւնը յաւիտենական կեանք կը նշանակէ։ (Յովհաննու 17։3) Սակայն միմիայն գիտութիւն ունենալով այդ ակնկալութիւնը չէք կրնար ձեռք ձգել։ Ինչպէս որ այդ արժէքաւոր բանալին պէ՛տք է գործածէք, նմանապէս ձեր կեանքին մէջ պէտք է կիրարկէք այդ գիտութիւնը։ Յիսուս ըսաւ որ Աստուծոյ կամքը կատարողներն են որ պիտի «մտնեն երկնքի թագաւորութիւնը»։ Այսպիսի անհատներ յաւիտեան Աստուծոյ ծառայելու առանձնաշնորհումը պիտի ունենան։—Մատթէոս 7։21. Ա. Յովհաննու 2։17

3. Ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը մեզի համար։

3 Աստուծոյ կամքը գիտնալէ ետք, անհրաժեշտ է զանիկա կատարել։ Ըստ ձեզի, ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը։ Կարելի է զայն ամփոփել հետեւեալ խօսքերով՝ Յիսուսը ընդօրինակել։ Առաջին Պետրոս 2։21–ը կըսէ. «Դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասնզի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէսզի իր շաւիղներուն հետեւիք»։ Հետեւաբար, Աստուծոյ կամքը կատարելու համար, պէտք է Յիսուսի օրինակին կարելի եղածին չափ մօտէն հետեւիք։ Այդ կերպով է որ Աստուծոյ գիտութիւնը կիրարկած կըլլաք։

ՅԻՍՈՒՍ Ի՛ՆՉՊԷՍ ԳՈՐԾԱԾԵՑ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

4. Յիսուս ինչո՞ւ շատ բան գիտէ Եհովայի մասին եւ ան ինչպէ՛ս գործածեց այս գիտութիւնը։

4 Յիսուս Քրիստոս ոեւէ մէկէ աւելի մօտէն կը ճանչնայ Աստուած։ Ան երկիր գալէ առաջ, անհամար դարեր երկնքի մէջ Եհովա Աստուծոյ հետ ապրեցաւ եւ աշխատեցաւ։ (Կողոսացիս 1։15, 16) Իսկ Յիսուս այդ բոլոր գիտութիւնը ի՞նչ ըրաւ։ Ան այդ գիտութիւնը ունենալով չբաւականացաւ, այլ անոր համաձայն ապրեցաւ։ Անոր համար, Յիսուս մարդոց հետ շատ ազնիւ, համբերատար եւ սիրալիր կը վարուէր։ Այսպիսով, Յիսուս իր երկնաւոր Հայրը ընդօրինակեց եւ Եհովայի ճամբաներուն ու անձնաւորութեան մասին իր ունեցած գիտութեան համաձայն վարուեցաւ։—Յովհաննու 8։23, 28, 29, 38. Ա. Յովհաննու 4։8

5. Յիսուս ինչո՞ւ մկրտուեցաւ եւ ան ինչպէ՛ս իր մկրտութեան համաձայն ապրեցաւ։

5 Յիսուսի ունեցած գիտութիւնը զինք մղեց որ վճռական քայլ մը առնէ։ Ան Գալիլիայէ եկաւ Յորդանան Գետը, ուր Յովհաննէս մկրտեց զինք։ (Մատթէոս 3։13–15) Յիսուսի մկրտութիւնը ի՞նչ կը խորհրդանշէր։ Յիսուս որպէս Հրեայ ծնած էր Աստուծոյ նուիրուած ազգի մը մէջ։ Հետեւաբար, ծնունդէն իսկ Յիսուս նուիրուած էր։ (Ելից 19։5, 6) Մկրտուելով, ան ինքզինք Եհովայի կը ներկայացնէր՝ երկրի վրայ իրեն վիճակուած աստուածային կամքը կատարելու համար։ (Եբրայեցիս 10։5, 7) Յիսուս իր մկրտութեան իմաստին համաձայն վարուեցաւ։ Եհովայի ծառայութեան մէջ տգնաջան աշխատեցաւ, ամէն պատեհ առիթով Աստուծոյ գիտութիւնը մարդոց հետ բաժնելով։ Յիսուսի համար հաճոյք էր Աստուծոյ կամքը կատարել. ան նոյնիսկ ըսաւ որ անիկա իրեն համար կերակուրի պէս էր։—Յովհաննու 4։34

6. Յիսուս ի՞նչ կերպով ինքզինք ուրացաւ։

6 Յիսուս լիովին գիտակից էր որ Եհովայի կամքը կատարելը սուղի պիտի նստէր էր վրայ. նոյնիսկ իր կեանքը արժելով։ Այսուհանդերձ, Յիսուս ինքզինք ուրացաւ, իր անձնական կարիքները երկրորդական սեպելով։ Աստուծոյ կամքը կատարելը մի՛շտ առաջին տեղը կը գրաւէր իր կեանքին մէջ։ Այս առնչութեամբ, ի՞նչպէս կրնանք Յիսուսի կատարեալ օրինակին հետեւիլ։

ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՏԱՆՈՂ ՔԱՅԼԵՐ

7. Մկրտութեան որակելի ըլլալու համար առնուելիք կարգ մը քայլերը որո՞նք են։

7 Մենք կատարեալ չենք Յիսուսի նման, հետեւաբար մկրտութեան կէտին կրնանք հասնիլ, կենսական եղող շատ մը քայլեր առնելէ ետք։ Նախ Եհովա Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի մասին մեր ստացած ճշգրիտ գիտութիւնը մեր սրտին պէտք է իջնէ։ Ասիկա ընելը պատճառ պիտի ըլլայ որ հաւատանք եւ Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր սէր ունենանք։ (Մատթէոս 22։27–40) Աստուծոյ օրէնքներուն, սկզբունքներուն եւ կանոններուն ենթարկուիլը, մեզ պէտք է մղէ որ անցեալին մեր գործած մեղքերուն համար զղջանք եւ Աստուծոյ ուզած կերպով վիշտ յայտնենք։ Ասիկա պիտի մղէ որ դարձի գանք, ուրիշ խօսքով, Աստուծոյ գիտութիւնը ունենալէ առաջ մեր հետեւած որեւէ սխալ ընթացք լքենք։ (Գործք 3։19) Սակայն, եթէ տակաւին գաղտնաբար կարգ մը մեղքեր կը գործենք՝ փոխանակ արդարութիւն գործադրելու՝ բնականաբար դարձի եկած չենք ըլլար. Եհովան չենք կրնար խաբել, քանի որ ան ամէն կեղծաւորութիւն երեւան կը հանէ։—Ղուկաս 12։2, 3

8. Եթէ կը փափաքիք Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցիլ, ի՞նչ քայլեր պէտք է առնէք։

8 Հիմա որ Աստուծոյ գիտութիւնը կը ստանաք, յարմար չէ՞ որ հոգեւոր հարցերը անձնապէս նկատի առնէք։ Հաւանաբար, ձեր սորված բաներուն մասին, ձեր ազգականներուն, բարեկամներուն եւ ուրիշներուն խօսելու մեծ ցանկութիւն ունիք։ Թերեւս արդէն կընէք ասիկա, ինչպէս Յիսուս բարի լուրը ուրիշներուն հետ բաժնեց անպաշտօն կերպով։ (Ղուկաս 10։38, 38. Յովհաննու 4։6–15) Այժմ, թերեւս կը փափաքիք աւելին ընել։ Ժողովքի երէցները ուրախութեամբ պիտի խօսին ձեզի հետ, որոշելու համար թէ արդեօք որակելի եւ կարո՞ղ էք Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան քարոզչութեան կանոնաւորաբար մասնակելու։ Եթէ այդ է պարագան, երէցները կարգադրութիւններ պիտի ընեն, որպէսզի Վկայի մը հետ ծառայութեան մասնակցիք։ Յիսուսի աշակերտները իր հրահանգներուն հետեւեցան, որպէսզի կարգապահ կերպով իրենց ծառայութիւնը կատարեն։ (Մարկոս 6։7, 30. Ղուկաս 10։1) Դուք ալ նման օգնութիւն կրնաք ստանալ, երբ սկսիք Թագաւորութեան պատգամը տունէ տուն եւ այլ կերպերով տարածելու մասնակցիլ։—Գործք 20։20, 21

9. Անհատ մը ինչպէ՞ս Աստուծոյ կը նուիրուի եւ անիկա ի՛նչ ազդեցութիւն կունենայ իր կեանքին վրայ։

9 Ժողովքի թաղամասին մէջ գտնուող ամէն տեսակ մարդոց բարի լուրը քարոզելը, արդարամիտ անհատները գտնելու կերպ մըն է. ասիկա բարի գործերուն մաս կը կազմէ, որոնք կը փաստեն որ հաւատք ունիք։ (Գործք 10։34, 35. Յակոբու 2։17, 18, 26) Քրիստոնէական ժողովներու կանոնաւորաբար յաճախելով եւ քարոզչութեան մէջ իմաստալից մասնակցութիւն մը բերելով ալ ցոյց կու տաք որ զղջացած ու դարձի եկած էք եւ հիմա որոշած էք Աստուծոյ գիտութեան համաձայն ապրիլ։ Ո՞րն է առնուելիք տրամաբանական յաջորդ քայլը։ Եհովա Աստուծոյ նուիրուիլն է։ Ասիկա կը նշանակէ որ սրտանց աղօթք մը մատուցանելով, Աստուծոյ կը յայտնէք որ յօժարակամօրէն եւ ամբողջ սրտով կուզէք ձեր կեանքը իրեն մատուցանել, իր կամքը կատարելու համար։ Այս կերպով դուք ձեզ Եհովայի կը նուիրէք եւ Յիսուս Քրիստոսի քաղցր լուծը կընդունիք։—Մատթէոս 11։29, 30

ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆԸ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՁԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

10. Եհովայի նուիրուելէ ետք, ինչո՞ւ պէտք է մկրտուիք։

10 Յիսուսի համաձայն, անոնք որոնք իր աշակերտները ըլլալ կուզեն՝ պէտք է մկրտուին։ (Մատթէոս 28։19, 20) Աստուծոյ ձեր նուիրումը կատարելէ ետք, ինչո՞ւ այս քայլը անհրաժեշտ է։ Քանի որ ձեր կեանքը Եհովայի նուիրած էք, ան գիտէ որ զինք կը սիրէք։ Բայց անկասկած կուզէք յաւելեալ քայլեր առնել, որպէսզի ուրիշներն ալ գիտնան որ Աստուած կը սիրէք։ Այո, մկրտութիւնը ձեզի առիթ կու տայ որ Եհովա Աստուծոյ կատարած ձեր նուիրումը հանրապէս գիտցնէք։—Հռովմայեցիս 10։9, 10

11. Մկրտութեան իմաստը ի՞նչ է։

11 Մկրտութիւնը այլաբանական խոր իմաստ ունի։ Մինչ ջուրին տակ կը սուզուիք կամ կը «թաղուիք», որպէս թէ ձեր անցեալի կեանքին նկատմամբ կը մեռնիք։ Երբ ջուրէն դուրս կու գաք, որպէս թէ նոր կեանքի մը համար դուրս ելած էք. կեանք մը որ Աստուծոյ կամքով ղեկավարուած է եւ ոչ թէ՝ ձեր կամքով։ Անշուշտ, անիկա չի նշանակեր որ այլեւս սխալներ պիտի չընէք, քանի որ բոլորս ալ անկատար ենք, հետեւաբար ամէն օր կը մեղանչենք։ Սակայն, որպէս Եհովայի նուիրուած ու մկրտուած ծառայ մը, Իր հետ մասնաւոր յարաբերութեան մէջ եկած էք։ Քանի որ զղջացած էք եւ մկրտութեամբ ձեր խոնարհ հնազանդութիւնը ցոյց տուած էք, Եհովա ձեր մեղքերը կը ներէ Յիսուսի փրկանքի զոհին հիման վրայ։ Այս կերպով, մկրտութիւնը Աստուծոյ առջեւ մաքուր խղճմտանք ունենալու կը նպաստէ։—Ա. Պետրոս 3։21

12. Ի՞նչ կը նշանակէ մկրտուիլ (ա) ‘Հօրը անունով, (բ) ‘Որդւոյն անունով, (գ) ‘սուրբ հոգիին անունով։

12 Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ նոր աշակերտները մկրտեն Հօրը, Որդւոյն եւ սուրբ հոգիին անունով։ (Մատթէոս 28։19) Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Հօրը անունովմկրտուիլը ցոյց կու տայ որ մկրտուող անհատը ամբողջ սրտով կընդունի որ Եհովա Աստուած Ստեղծիչը եւ տիեզերքի իրաւացի Գերիշխանն է։ (Սաղմոս 36։9. 83։18. Ժողովողի 12։1) ‘Որդւոյն անունովմկրտուիլ կը նշանակէ որ անհատը կընդունի Յիսուս Քրիստոսը՝ եւ մանաւանդ անոր փրկանքի զոհը՝ որպէս Աստուծոյ կողմէ հայթայթուած փրկութեան միակ միջոցը։ (Գործք 4։12) ‘Սուրբ հոգիին անունովմկրտուիլ կը նշանակէ որ մկրտութեան թեկնածուն Եհովայի սուրբ հոգին կամ գործօն ոյժը կընդունի, որպէս Աստուծոյ գործիքը, որով ան իր նպատակները կիրագործէ եւ Իր ծառաները կը զօրացնէ, որպէսզի Իր արդար կամքը կատարեն, Իր հոգիով առաջնորդուած կազմակերպութեան ընկերակցութեամբ։—Ծննդոց 1։2. Սաղմոս 104։30. Յովհաննու 14։26. Բ. Պետրոս 1։21

ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՐԱ՞ՍՏ ԷՔ

13, 14. Եհովա Աստուծոյ ծառայութիւնը ընտրելը ինչո՞ւ պէտք չէ վախցնէ ձեզ։

13 Քանի որ մկրտութիւնը այդքան իմաստալից է եւ անհատի մը կեանքին մէջ ամենէն կարեւոր դէպքն է, պէ՞տք է վախնաք այս քայլը առնելէ։ Բնա՛ւ։ Թէեւ մկրտուելու որոշումը թեթեւի պէտք չէ առնել, սակայն եւ այնպէս կեանքի մէջ ձեր տուած ամենէն իմաստուն որոշումն է։

14 Մկրտութիւնը ապացոյց մըն է որ դուք ընտրած էք Եհովա Աստուծոյ ծառայել։ Խորհեցէք այդ անհատներուն մասին, որոնց հետ շփման մէջ էք։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կերպով մը տիրոջ մը չե՞ն ծառայեր։ Ոմանք հարստութեան գերին դարձած են։ (Մատթէոս 6։24) Ուրիշներ ջանադրութեամբ գործի ասպարէզ մը կը հետապնդեն, կամ իրենց անձին կը ծառայեն, իրենց կեանքին գլխաւոր նպատակը դարձնելով իրենց անձնական ցանկութիւններու յագեցումը։ Տակաւին ուրիշներ կեղծ աստուածներու կը ծառայեն։ Բայց դուք ընտրած էք ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովայի՝ ծառայել։ Բացի իրմէ, ոեւէ մէկը այդքան քաղցրութիւն, կարեկցութիւն եւ սէր ցոյց չի տար։ Աստուած մարդոց իմաստալից գործ մը տուած է որ զանոնք փրկութեան կառաջնորդէ։ Ան իր ծառաները կը վարձատրէ յաւիտենական կեանքով։ Հետեւաբար, Յիսուսի օրինակին հետեւիլը եւ ձեր կեանքը Եհովայի մատուցանելը պէտք չէ վախցնէ ձեզ։ Իրականութեան մէջ, ատիկա միակ ընթացքն է որ Աստուծոյ հաճելի է եւ ի՛րապէս իմաստալից է։—Գ. Թագաւորաց 18։21

15. Սովորաբար, մկրտութեան կարգ մը խոչընդոտները ի՞նչ են։

15 Այսուհանդերձ, մկրտութեան քայլը ուրիշներու դրդումով պէտք չէ առնուի։ Անիկա Եհովայի ու ձեր միջեւ անձնական հարց մըն է։ (Գաղատացիս 6։4) Մինչ հոգեւորապէս կը յառաջդիմէք, դուք ձեզի հարց տուած ըլլալու էք. «Ի՞նչ բան զիս կարգիլէ մկրտուելէ»։ (Գործք 8։35, 36) Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Ընտանեկան հակառակութի՞ւնը զիս ետ կը պահէ։ Տակաւին հակա–սուրբ գրային կացութեան մը մէ՞ջ կը գտնուիմ, կամ մեղաւոր սովորութի՞ւն մը ունիմ։ Արդեօք շրջանակիս հաճութիւնը կորսնցնելէ՞ կը վախնամ։ Ահաւասիկ նկատի առնուելիք կարգ մը մարզեր, բայց զանոնք իրապաշտօրէն քննեցէք։

16. Եհովայի ծառայութենէն ի՞նչպէս պիտի օգտուիք։

16 Իրապաշտ չէ ժխտական կողմերը հաշուի առնել, առանց նկատի առնելու Եհովայի ծառայելու օգուտները։ Նկատի առնենք, զոր օրինակ, ընտանեկան հակառակութեան հարցը։ Յիսուս խոստացաւ որ իր աշակերտները իրեն հետեւելու համար եթէ նոյնիսկ ազգականներ կորսնցէին, աւելի մեծ հոգեւոր ընտանիք մը պիտի շահէին։ (Մարկոս 10։29, 30) Այս հաւատակիցները եղբայրական սէր ցոյց պիտի տան ձեզի հանդէպ, ձեզի պիտի օգնեն որ հալածանքի տոկաք եւ կեանքի ճամբուն մէջ ձեզի նեցուկ պիտի կանգնին։ (Ա. Պետրոս 5։9) Մանաւանդ ժողովքի երէցները ձեզի պիտի օգնեն որ ձեր խնդիրներուն հետ գլուխ ելլէք եւ ուրիշ դժուարութիւններ յաջողապէս դիմագրաւէք։ (Յակոբու 5։14–16) Իսկ ինչ կը վերաբերի այս աշխարհի հաճութիւնը կորսնցնելու հարցին, դուք ձեզի հարց տուէք. Իմ ընտրութեանս համար Տիեզերքի Ստեղծիչին սիրտը ուրախացնելու եւ իր հաճութիւնը ունենալու զգացումը, ի՞նչ բանի հետ կրնամ բաղդատել։—Առակաց 27։11

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՏԱՐԱԾ ՁԵՐ ՆՈՒԻՐՈՒՄԻՆ ԵՒ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԱՊՐԵՑԷՔ

17. Ինչո՞ւ մկրտութիւնը սկիզբ պէտք է նկատել եւ ո՛չ թէ վերջ։

17 Կարեւոր է յիշել որ մկրտութիւնը հոգեւոր յառաջդիմութեան վերջը չէ։ Անիկա որպէս յանձնարարուած ծառայ ու Եհովայի Վկայ մը, Աստուծոյ մատուցանելիք կենսատեւ ծառայութեան սկիզբն է։ Թէեւ մկրտութիւնը կենսական կարեւորութիւն ունի, բայց անիկա փրկութեան երաշխիք մը չէ։ Յիսուս չըսաւ՝ Ով որ մկրտուի՝ պիտի փրկուի։ Այլ ըսաւ՝ «ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի»։ (Մատթէոս 24։13) Ուստի, կենսական է որ նախ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փնտռէք, զայն ձեր կեանքին գլխաւոր հետաքրքրութիւնը դարձնելով։—Մատթէոս 6։25–34

18. Մկրտութենէ ետք, ի՞նչ նպատակակէտեր պէտք է հետապնդէք։

18 Եհովայի ծառայութեան մէջ յարատեւելու համար, դուք ձեզի հոգեւոր նպատակակէտեր դրէք։ Արժէքաւոր նպատակակէտ մըն է, իր Խօսքին անձնական ուսումնասիրութեամբ Աստուծոյ մասին ձեր գիտութիւնը աւելցնել։ Ամէն օր Աստուածաշունչ կարդալու ծրագիր մը ունեցէք։ (Սաղմոս 1։1, 2) Կանոնաւորաբար Քրիստոնէական ժողովներու յաճախեցէք. քանի որ հոն գտնուող ընկերակցութիւնը ձեզի պիտի օգնէ որ հոգեւորապէս զօրութիւն ստանաք։ Անհատապէս, որոշեցէք ժողովներուն պատասխանել, Եհովան փառաբանելու եւ ուրիշները կերտելու համար։ (Հռովմայեցիս 1։11, 12) Թերեւս ուրիշ նպատակակէտ մը ըլլայ ձեր աղօթքներուն որակը բարելաւել։—Ղուկաս 11։2–4

19. Սուրբ հոգին կրնայ օգնել որ ինչպի՞սի յատկութիւններ յայտնաբերէք։

19 Եթէ ձեր մկրտութեան իմաստին համաձայն կուզէք ապրիլ, միշտ ուշադիր պէտք է ըլլաք ձեր արարքներուն, թոյլ տալով որ Աստուծոյ սուրբ հոգին ձեր մէջ գեղեցիկ յատկութիւններ զարգացնէ, ինչպէս սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն։ (Գաղատացիս 5։22, 23. Բ. Պետրոս 3։11) Մի՛ մոռնաք որ Եհովան իր հոգին կու տայ բոլոր անոնց որոնք զայն կը խնդրեն եւ որպէս հաւատարիմ ծառաներ՝ իրեն կը հնազանդին։ (Ղուկաս 11։13. Գործք 5։32) Ուստի, Աստուծոյ աղօթեցէք որ իր հոգին տայ եւ իրմէ խնդրեցէք որ զինք հաճեցնող յատկութիւններ զարգացնելու մէջ ձեզի օգնէ։ Այս յատկութիւնները պիտի տեսնուին ձեր խօսքերուն եւ վարքին մէջ, մինչ կընդառաջէք Աստուծոյ հոգիին ազդեցութեան։ Անշուշտ, Քրիստոնէական ժողովքի բոլոր անդամները կը ջանան «նոր անձնաւորութիւնը» զարգացնել, որպէսզի աւելի մօտէն Քրիստոսի նմանին։ (Կողոսացիս 3։914) Ասիկա ընելու մէջ իւրաքանչիւրս տարբեր դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւենք, քանի որ հոգեւոր յառաջդիմութեան տարբեր աստիճաններու վրայ կը գտնուինք։ Քանի որ անկատար էք, ծանր պէտք է աշխատիք Քրիստոսանման անձնաւորութիւն մը ունենալու համար։ Բայց այս ուղղութեամբ բնաւ մի՛ յուսահատիք, քանի որ Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի յաջողիք։

20. Ի՞նչ կերպերով կրնաք Յիսուսի ծառայութիւնը ընդօրինակել։

20 Ձեր հոգեւոր նպատակակէտերէն մէկը պէտք է ըլլայ Յիսուսի ուրախ օրինակին մօտէն հետեւիլ։ (Եբրայեցիս 12։1–3) Ան ծառայութիւնը կը սիրէր։ Եթէ Թագաւորութեան քարոզչութեան մասնակցելու առանձնաշնորհումը ունիք, զանիկա սովորական բան մը մի՛ դարձնէք։ Ուրիշներուն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնելու մէջ գոհունակութիւն գտէք՝ Յիսուսի նման։ Աւելի լաւ սորվեցնող մը ըլլալու համար ժողովքին կողմէ ձեզի տրուած հրահանգները գործադրեցէք։ Վստահ եղէք որ Եհովա ձեզի պէտք եղած ուժը պիտի տայ ձեր ծառայութիւնը կատարելու համար։—Ա. Կորնթացիս 9։19–23

21. (ա) Ինչպէ՞ս գիտէք որ Եհովայի համար թանկարժէք են մկրտուած հաւատարիմ անհատները։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ մկրտութիւնը անհրաժեշտ է իրերու այս ամբարիշտ դրութեան վրայ գալիք դատաստանի գործադրութենէն վերապրելու համար։

21 Աստուծոյ նուիրուած, մկրտուած անհատ մը որ կը ջանայ հաւատարմաբար Յիսուսի հետեւիլ, Աստուծոյ աչքին թանկագին մէկն է։ Եհովա միլիառաւոր մարդոց սրտերը կը քննէ եւ գիտէ որ որքա՜ն քիչ են այսպիսի անհատներ։ Իրեն համար անոնք գանձեր, «ցանկալի բաներ» են։ (Անգեայ 2։7) Սուրբ գրային մարգարէութիւններ ցոյց կու տան որ երբ Աստուած շուտով այս ամբարիշտ իրերու դրութեան վրայ իր դատաստանը գործադրէ, այսպիսի անհատներ վերապրումի համար նշանադրուած պիտի նկատէ։ (Եզեկիէլ 9։1–6. Մաղաքեայ 3։16, 18) Դուք ալ «յաւիտենական կեանքի համար իրապէս տրամադրու՞ած» էք։ (Գործք 13։48, ՆԱ) Բոլոր սրտով կը փափաքի՞ք նշանը ստանալ, որպէս Աստուծոյ ծառայ մը։ Նուիրումը ու մկրտութիւնը այդ նշանին մէկ մասն են եւ վերապրումի համար՝ անհրաժեշտ։

22. «Մեծ բազմութիւն»ը ի՞նչ ակնկալութիւն ունի։

22 Համերկրային Ջրհեղեղէն ետք, Նոյ եւ իր ընտանիքը տապանէն դուրս ելլելով մաքրուած երկիր մը գտան։ Այսօր ալ, իրենց կեանքին մէջ Աստուծոյ գիտութիւնը կիրարկող եւ Եհովայի հաճութիւնը ունեցող «մեծ բազմութիւն մը», կակնկալէ իրերու այս ամբարիշտ դրութենէն վերապրիլ եւ վերջնականապէս մաքրուած երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանք վայելել։ (Յայտնութիւն 7։9, 14) Ատիկա ինչպի՞սի կեանք մը պիտի ըլլայ։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Եհովա իր մասին ձեր ունեցած գիտութիւնը ի՞նչպէս կուզէ որ գործածէք։

Մկրտութեան առաջնորդող կարգ մը քայլերը որո՞նք են։

Ինչո՞ւ մկրտութիւնը սկիզբ մըն է եւ ո՛չ թէ վերջաւորութիւն մը։

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր նուիրումին ու մկրտութեան համաձայն ապրիլ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 172]

Ձեր նուիրումը աղօթքով յայտնա՞ծ էք Աստուծոյ

[Նկարներ՝ էջ 174]

Ի՞նչ բան ձեզ կ’արգիլէ մկրտուելէ