Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ գիտութեան բանալին

Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ գիտութեան բանալին

Գլուխ 4

Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ գիտութեան բանալին

1, 2. Աշխարհի կրօնքները Աստուծոյ գիտութեան բանալին ի՞նչպէս խարդախած են։

ՁԵՐ տան դրան առջեւ կեցած՝ անճարակօրէն բանալին կը դարձնէք։ Ցուրտ եւ մութ է եւ դուք կ’աճապարէք ներս մտնել—բայց բանալին չի դառնար։ Թէեւ շիտակ բանալին է, սակայն կղպանքը չի դառնար։ Որքա՜ն կ’ընդվզիք։ Դարձեալ կը նայիք ձեր բանալիներուն։ Արդեօք շիտա՞կ բանալին է։ Կրնա՞յ ըլլալ որ մէկը վնաս հասցուցած է անոր։

2 Ասիկա գեղեցիկ կերպով կը պատկերացնէ ինչ որ այս աշխարհի կրօնական շփոթութիւնը ըրած է Աստուծոյ գիտութեան։ Արդարեւ, շատեր խարդախած են այն բանալին՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ որ մեր առջեւ կը բանայ այդ գիտութիւնը։ Կարգ մը կրօնքներ բանալին վերցուցած են, ամբողջովին անտեսելով Յիսուսը։ Ուրիշներ՝ Յիսուսի դերը խեղաթիւրած են, զայն պաշտելով որպէս Ամենակալ Աստուած։ Երկու պարագային ալ, Աստուծոյ գիտութիւնը ծածկուած կը մնայ մեր դիմաց, այս գլխաւոր գործակալին՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ մասին ճշգրիտ հասկացողութիւն չունենալով։

3. Ինչո՞ւ կարելի է Յիսուսը կոչել Աստուծոյ գիտութեան բանալին։

3 Թերեւս կը յիշէք Յիսուսի խօսքերը. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան քու միմիայն ճշմարիտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Ասիկա ըսելով, Յիսուս սնապարծութիւն չէր ըներ։ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ յաճախ Քրիստոսի մասին ճշգրիտ գիտութիւն ունենալու կարեւորութիւնը շեշտուած է։ (Եփեսացիս 4։13. Կողոսացիս 2։2. Բ. Պետրոս 1։8. 2։20) «Անոր [Յիսուս Քրիստոսի] կը վկայեն բոլոր մարգարէները», նշեց Պետրոս առաքեալ։ (Գործք 10։43) Իսկ Պօղոս առաքեալ գրեց. «[Յիսուսի] մէջ իմաստութեան ու գիտութեան բոլոր գանձերը պահուած են»։ (Կողոսացիս 2։3) Պօղոս ըսաւ նաեւ որ Եհովայի բոլոր խոստումները Յիսուսով կ’իրականանան։ (Բ. Կորնթացիս 1։20) Ուստի, Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ գիտութեան բուն բանալին է։ Յիսուսի մասին մեր գիտութիւնը, իր բնոյթին եւ Աստուծոյ կարգադրութեան մէջ իր խաղցած դերին մասին որեւէ խեղաթիւրումէ զերծ պէտք է ըլլայ։ Բայց Յիսուսի հետեւորդները ինչո՞ւ Աստուծոյ նպատակներուն առանցքը կը նկատեն զինք։

ԽՈՍՏԱՑԵԱԼ ՄԵՍԻԱՆ

4, 5. Մեսիայի վրայ ի՞նչ յոյսեր դրուած էին եւ Յիսուսի աշակերտները ի՛նչպէս կը նկատէին զինք։

4 Հաւատարիմ մարդուն՝ Աբէլի՝ օրերէն ի վեր, Աստուծոյ ծառաները անձկագին սպասած են Եհովա Աստուծոյ կողմէ նախագուշակուած Սերունդին։ (Ծննդոց 3։15. 4։1–8. Եբրայեցիս 11։4) Յայտնուած էր որ Սերունդը Աստուծոյ նպատակին պիտի ծառայէր որպէս Մեսիա, որ կը նշանակէ «Օծեալ»։ Ան ‘մեղքը պիտի հատցնէր’, իսկ անոր Թագաւորութեան փառքին մասին նախագուշակուած էր Սաղմոսներուն մէջ։ (Դանիէլ 9։24–26. Սաղմոս 72։1–20) Ո՞վ պիտի ապացուցանէր որ ինքն էր Մեսիան։

5 Երեւակայեցէք Անդրէաս կոչուած Հրեայ երիտասարդի մը զգացած ուրախութիւնը, երբ Նազովրեցի Յիսուսի խօսքերը լսեց։ Անդրէաս վազեց իր եղբօր՝ Սիմոն Պետրոսի՝ մօտ ու անոր ըսաւ. «Գտանք Մեսիան»։ (Յովհաննու 1։41) Յիսուսի աշակերտները համոզուած էին որ ինք էր խոստացեալ Մեսիան։ (Մատթէոս 16։16) Իսկ ճշմարիտ Քրիստոնեաները յօժար էին իրենց կեանքը վտանգել, հաւատալով որ Յիսուս արդարեւ խոստացեալ Մեսիան, կամ Քրիստոսն էր։ Անոնք ի՞նչ փաստ ունէին։ Ապացոյցի երեք եզրեր նկատի առնենք։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԵՍԻԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՊԱՑՈՅՑԸ

6. (ա) Ո՞ր շառաւիղէն պիտի գար խոստացեալ Սերունդը եւ ինչպէ՞ս գիտենք որ Յիսուս այդ ընտանիքէն եկաւ։ (բ) Հ.Դ. 70–էն ետք ապրող ոեւէ մէկուն համար ինչո՞ւ անկարելի պիտի ըլլար փաստել որ ինք Մեսիան էր։

6 Յիսուսի շառաւիղը առաջին հիմն է, որ զինք կը բնորոշէ որպէս խոստացեալ Մեսիան։ Եհովա Իր ծառային՝ Աբրահամի՝ ըսած էր որ խոստացեալ Սերունդը պիտի գար իր ընտանիքէն։ Նոյն խոստումը ստացան Աբրահամի որդին՝ Իսահակ՝ Իսահակի որդին, Յակոբ եւ Յակոբի որդին Յուդա։ (Ծննդոց 22։18. 26։2–5. 28։12–15. 49։10) Մեսիայի շառաւիղը դարեր ետք աւելի նեղցաւ, երբ Դաւիթ Թագաւորի ըսուեցաւ որ իր ընտանիքէն պիտի գար Ան։ (Սաղմոս 132։11. Եսայեայ 11։1, 10) Մատթէոսի եւ Ղուկասի Աւետարանները կը հաստատեն որ Յիսուս այդ ընտանիքէն եկաւ։ (Մատթէոս 1։1–16. Ղուկաս 3։23–38) Թէեւ Յիսուսի բուռն թշնամիները շատ էին, բայց անոնցմէ ո՛չ մէկը հարցի տակ դրաւ իր հանրածանօթ շառաւիղը։ (Մատթէոս 21։9, 10) Որոշ է ուրեմն, որ իր շառաւիղին վրայ կասկած չկայ։ Սակայն, Հրեաներու ընտանեկան տոմարները փճացան, երբ Հռովմէացիները կործանեցին Երուսաղէմը, Հ.Դ. 70–ին։ Անկէ ետք, ոե՛ւէ մէկը չէր կրնար փաստել որ ինք խոստացեալ Մեսիան էր։

7. (ա) Յիսուսի Մեսիան ըլլալու ապացոյցի երկրորդ եզրը ի՞նչ է։ (բ) Միքիայ 5։2–ը ինչպէ՞ս կատարուեցաւ Յիսուսի վրայ։

7 Կատարուած մարգարէութիւնները ապացոյցի երկրորդ եզրը կը կազմեն։ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ բազմաթիւ մարգարէութիւններ կը նկարագրէին Մեսիայի կեանքին տարբեր երեսակները։ Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Միքիա մարգարէն նախագուշակեց որ այս մեծ իշխանը պիտի ծնէր Բեթլէհէմի աննշան քաղաքին մէջ։ Իսրայէլի մէջ երկու քաղաքներ Բեթլէհէմ կը կոչուէին, բայց այս մարգարէութիւնը կը մասնաւորէր թէ անոնցմէ ո՛ր մէկն էր. Բեթլէհէմ Եփրաթա, ուր Դաւիթ Թագաւոր ծնած էր։ (Միքիայ 5։2) Յիսուսի ծնողները՝ Յովսէփ եւ Մարիամ՝ Նազարէթի մէջ կը բնակէին, որ Բեթլէհէմէն շուրջ 150 քմ. հիւսիսը կը գտնուէր։ Սակայն, երբ Մարիամ յղի էր, Հռովմէացի կառավարիչ Օգոստոս Կայսրը հրաման հանեց որ մարդահամար կատարուի։ * Ուստի, Յովսէփ ստիպուած եղաւ իր յղի կինը տանելու Բեթլէհէմ, ուր Յիսուս ծնաւ։—Ղուկաս 2։1–7

8. (ա) 69 «եօթնեակները» ե՞րբ եւ ի՞նչ դէպքով սկսան։ (բ) 69 «եօթնեակները» ո՛րքան երկար էին եւ ի՞նչ պատահեցաւ երբ ան վերջացաւ։

8 Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն, Դանիէլ մարգարէն նախագուշակեց որ «Օծեալ իշխան»ը պիտի յայտնուէր, Երուսաղէմը նորէն շինելու հրամանը ելլելէն 69 «եօթնեակ» ետք։ (Դանիէլ 9։24, 25) Իւրաքանչիւր «եօթնեակ» եօթը տարի երկարութիւն ունէր։ * Աստուածաշունչին եւ աշխարհային պատմութեան համաձայն, Երուսաղէմը վերաշինելու հրամանը ելաւ Հ.Դ.Ա. 455–ին։ (Նէեմեայ 2։1–8) Հետեւաբար, Մեսիան պիտի յայտնուէր Հ.Դ.Ա. 455–էն՝ 483 (69 անգամ 7) տարի ետք։ Անիկա մեզի կը հասցնէ Հ.Դ. 29 թուականը, այն տարին, երբ Եհովա Յիսուսը օծեց սուրբ հոգիով։ Այս կերպով Յիսուս «Օծեալը» («Քրիստոսը«) կամ Մեսիան եղաւ։—Ղուկաս 3։15, 16, 21, 22

9. (ա) Սաղմոս 2։2–ը ի՞նչպէս կատարուեցաւ։ (բ) Յիսուսի վրայ կատարուած կարգ մը ուրիշ մարգարէութիւնները որո՞նք են։ (Տես ցանկը)։

9 Անշուշտ, ամէն մարդ Յիսուսը չընդունեց որպէս խոստացեալ Մեսիան. ասիկա մարգարէացուած էր Սուրբ Գրութիւններուն մէջ։ Ինչպէս արձանագրուած է Սաղմոս 2։2–ի մէջ, Դաւիթ Թագաւոր Աստուծոյ կողմէ ներշնչուելով գրեց. «Երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ»։ Այս մարգարէութիւնը կը թելադրէր որ մէկէ աւելի երկիրներու իշխաններ պիտի միանային Եհովայի Օծեալին կամ Մեսիային վրայ յարձակում գործելու համար։ Ճիշդ այդպէս ալ եղաւ։ Հրեայ կրօնական առաջնորդները, Հերովդէս Թագաւորը եւ Հռովմէացի կառավարիչ Պոնտացի Պիղատոսը բոլորն ալ իրենց բաժինը բերին Յիսուսի մահուան մէջ։ Նախկին թշնամիներ՝ Հերովդէս եւ Պիղատոս՝ շուտով բարեկամացան անկէ ետք։ (Մատթէոս 27։1, 2. Ղուկաս 23։10–12. Գործք 4։25–28) Յիսուսի Մեսիա ըլլալուն մասին յաւելեալ փաստերու համար, հաճեցէք նայիլ յարակից ցանկին, «Մեսիական Աչքառու Մարգարէութիւններէն Ոմանք»՝ ենթագլուխին ներքեւ։

10. Եհովա ի՞նչ կերպով վկայեց որ Յիսուս իր խոստացեալ Օծեալն էր։

10 Եհովայի վկայութիւնը երրորդ եզրն է որ թիկունք կը կանգնի Յիսուսի Մեսիականութիւնը ապացուցանելու։ Եհովա հրեշտակներ ղրկեց որպէսզի մարդիկ գիտնան որ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան էր։ (Ղուկաս 2։10–14) Իրականութեան մէջ, Յիսուսի երկրային կեանքի ընթացքին, Եհովա անձամբ երկինքէն խօսեցաւ, Յիսուսի հանդէպ իր հաճութիւնը յայտնելու համար։ (Մատթէոս 3։16, 17. 17։1–5) Եհովա Աստուած հրաշքներ ընելու զօրութիւն տուաւ Յիսուսի։ Այդ հրաշքներէն իւրաքանչիւրը աստուածային յաւելեալ փաստ մըն էր որ Յիսուս Մեսիան էր, քանի որ Աստուած խարդախ մէկու մը բնաւ հրաշքներ կատարելու զօրութիւն չտար։ Եհովա նաեւ իր սուրբ հոգին գործածեց Աւետարաններու տեղեկութիւնները ներշնչել տալու համար, որպէսզի Յիսուսի Մեսիականութեան ապացոյցները Աստուածաշունչին՝ պատմութեան ամենէն շատ թարգմանուած եւ ցրուած գրքին՝ մէկ մասը ըլլան։—Յովհաննու 4։25, 26

11. Յիսուսի Մեսիա ըլլալուն մասին որքա՞ն ապացոյց կայ։

11 Այս տարբեր ապացոյցները ընդամէնը հարիւրաւոր իրողութիւններ կը պարունակեն, որոնք կը բնորոշեն Յիսուսը որպէս խոստացեալ Մեսիան։ Որոշ է ուրեմն, որ ճշմարիտ Քրիստոնեաները իրաւացիօրէն զինք նկատած են որպէս ան՝ որու համար «կը վկայեն բոլոր մարգարէները» եւ որպէս՝ Աստուծոյ գիտութեան բանալին։ (Գործք 10։43) Բայց Մեսիան ըլլալու ապացոյցէն բացի, Յիսուսի մասին շատ աւելի բաներ պէտք է սորվինք։ Ան ուրկէ՞ ծագում առաւ. Որո՞ւ կը նմանէր։

ՅԻՍՈՒՍԻ ՆԱԽԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ

12, 13. (ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Յիսուս երկիր գալէն առաջ երկնքի մէջ գոյութիւն ունէր։ (բ) Ո՞վ է «Բանը» եւ ան մարդ ըլլալէն առաջ ի՞նչ ըրաւ։

12 Յիսուսի կեանքի ընթացքը կարելի է երեք հանգրուաններու բաժնել։ Առաջինը սկսաւ իր երկիր գալէն շա՜տ առաջ։ Միքիայ 5։2–ը կ’ըսէ որ Մեսիայի «ելքը հինէն, յաւիտենական օրերէն է»։ Իսկ Յիսուս ինք յստակօրէն ըսաւ որ ինք «վերէն»՝ այսինքն, երկինքէն եկած էր։ (Յովհաննու 8։23. 16։28) Երկիր գալէն առաջ, ան որքա՞ն ժամանակ երկնքի մէջ եղած էր։

13 Յիսուս կոչուած էր Աստուծոյ «միածին Որդին», քանի որ ուղղակիօրէն Եհովան ստեղծեց զինք։ (Յովհաննու 3։16) «Ստեղծուածներուն անդրանիկը» ըլլալով, Յիսուս Աստուծոյ կողմէ գործածուեցաւ մնացեալ բոլոր բաները ստեղծելու համար։ (Կողոսացիս 1։15. Յայտնութիւն 3։14) Յովհաննու 1։1–ը կ’ըսէ որ «Բանը»՝ (Յիսուս՝ իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին) «սկիզբէն» Աստուծոյ հետ էր։ Ուրեմն, Բանը Եհովայի հետ էր երբ «երկինքն ու երկիրը» կը ստեղծուէին։ Աստուած Բանին հետ կը խօսէր, երբ ըսաւ. «Մեր պատկերին պէս մարդ շինենք»։ (Ծննդոց 1։1, 26) Դարձեալ, Բանը Աստուծոյ սիրելի «ճարտարապետն» էր, որ Եհովայի կողքին աշխատեցաւ բոլոր բաները շինելու համար եւ որ Առակաց 8։22–31–ի մէջ նկարագրուած է որպէս անձնաւորուած իմաստութիւն։ Եհովա զինք ստեղծելէն ետք, Բանը դարեր երկնքի մէջ Աստուծոյ հետ անցուց, որպէս մարդ երկիր գալէն առաջ։

14. Յիսուս ինչո՞ւ կոչուած է «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերը»։

14 Զարմանալի չէ որ Կողոսացիս 1։15–ը Յիսուսը կը կոչէ «աներեւոյթ Աստուծոյ պատկերը»։ Անհամար տարիներ իր Հօրը հետ սերտ ընկերակցութիւն ունենալով, Որդին ճիշդ Իր Հօրը՝ Եհովայի՝ կը նմանէր։ Ահաւասիկ ուրիշ պատճառ մը թէ ի՛նչու Յիսուս Աստուծոյ կենսատու գիտութեան բանալին է։ Յիսուս ինչ որ ըրաւ երկրի վրայ եղած ատեն, Եհովան ճիշդ նոյնը ըրած պիտի ըլլար։ Հետեւաբար, Յիսուսը ճանչնալ կը նշանակէ նաեւ, Եհովայի մասին մեր գիտութիւնը աւելցնել։ (Յովհաննու 8։28. 14։8–10) Յստակօրէն ուրեմն, կենսական է շատ աւելին գիտնալ Յիսուս Քրիստոսի մասին։

ՅԻՍՈՒՍԻ ԿԵԱՆՔԻ ԸՆԹԱՑՔԸ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ

15. Յիսուս ինչպէ՞ս ծնաւ որպէս կատարեալ մանուկ մը։

15 Յիսուսի կեանքին երկրորդ հանգրուանը հոս՝ երկրի վրայ էր։ Ան յօժարութեամբ ենթարկուեցաւ, երբ Աստուած իր կեանքը երկինքէն փոխանցեց Մարիամ կոչուած Հրեայ հաւատարիմ կոյսի մը արգանդին մէջ։ Եհովայի հզօր սուրբ հոգին, կամ գործօն ոյժը, «հովանի» եղաւ անոր վրայ, պատճառ ըլլալով որ ան յղանայ եւ վերջապէս կատարեալ մանուկի մը ծնունդ տայ։ (Ղուկաս 1։34, 35) Յիսուս անկատարութիւն չժառանգեց, քանի որ իր կեանքը կատարեալ Աղբիւրէ մը եկաւ։ Ան համեստ տան մը մէջ մեծցաւ, որպէս ատաղձագործ Յովսէփին որդեգիր զաւակը եւ բազմանդամ ընտանիքի մը անդրանիկը։—Եսայեայ 7։14. Մատթէոս 1։22, 23. Մարկոս 6։3

16, 17. (ա) Յիսուս հրաշքներ ընելու համար ուրկէ՞ զօրութիւն ստացաւ եւ այդ հրաշքներէն ոմանք ի՞նչ էին։ (բ) Յիսուսի ցուցաբերած կարգ մը յատկութիւնները ի՞նչ են։

16 Եհովա Աստուծոյ հանդէպ Յիսուսի խոր նուիրումը արդէն բացայայտ էր, երբ ան 12 տարեկան էր։ (Ղուկաս 2։41–49) Մեծնալէ եւ 30 տարեկանին ծառայութեան նուիրուելէ ետք, Յիսուս մարդոց հանդէպ ալ խոր սէր ցոյց տուաւ։ Երբ Աստուծոյ սուրբ հոգին զինք զօրացուց որ հրաշքներ կատարէ, ան կարեկցութեամբ հիւանդը, կաղը, հաշմանդամը, կոյրը, խուլը եւ բորոտը բուժեց։ (Մատթէոս 8։2–4. 15։30) Յիսուս հազարաւոր անօթիներ կերակրեց։ (Մատթէոս 15։35–38) Ան իր բարեկամներուն կեանքերուն սպառնացող փոթորիկ մը հանդարտեցուց։ (Մարկոս 4։37–39) Իրապէս, ան նոյնիսկ մեռելներ յարուցանեց։ (Յովհաննու 11։43, 44) Այս հրաշքները պատմական հաստատուած իրողութիւններ են։ Նոյնիսկ Յիսուսի թշնամիները ընդունեցին որ ան «շատ հրաշքներ կ’ընէ»։—Յովհաննու 11։47, 48

17 Յիսուս իր ամբողջ ծննդավայրը պտըտեցաւ, մարդոց սորվեցնելով Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ (Մատթէոս 4։17) Ան նաեւ համբերութեան եւ չափաւորութեան իրական օրինակ մը հանդիսացաւ։ Նոյնիսկ երբ իր աշակերտները իր նկատմամբ թերացումներ ունեցան, ան կարեկցաբար նշեց. «հոգին յօժար է, բայց մարմինը տկար»։ (Մարկոս 14։37, 38) Սակայն, ճշմարտութիւնը բացայայտօրէն մերժողներուն եւ անօգնականը հարստահարողներուն հետ Յիսուս խիզախօրէն եւ իր խօսքերը առանց ծամծմելու խօսեցաւ։ (Մատթէոս 23։2733) Ամէն բանէ աւելի, ան կատարելապէս ընդօրինակեց որ Հօրը սէրը։ Յիսուս նոյնիսկ մեռնելու յօժարեցաւ, որպէսզի անկատար մարդիկ ապագայի յոյս ունենային։ Ուստի, զարմանալի չէ որ Յիսուսի կ’ակնարկենք որպէս Աստուծոյ գիտութեան բանալին։ Այո, ան կենդանի բանալի մըն է։ Բայց ինչո՞ւ կ’ըսենք կենդանի բանալի։ Ասիկա իր կեանքի երրորդ հանգրուանին կը հասցնէ մեզ։

ՅԻՍՈՒՍ ՆԵՐԿԱՅԻՍ

18. Ներկայիս ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք Յիսուս Քրիստոսը։

18 Թէեւ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ Յիսուսի մահը, բայց հիմա ան կենդա՛նի է։ Իրականութեան մէջ, Հ.Դ. առաջին դարուն ապրող հարիւրաւոր անհատներ իր յարութեան ականատեսներ եղան։ (Ա. Կորնթացիս 15։3–8) Ինչպէս մարգարէացուած էր, անկէ ետք ան իր Հօրը աջ կողմը նստաւ եւ երկնքի մէջ իր թագաւորական զօրութիւնը ստանալու համար սպասեց։ (Սաղմոս 110։1. Եբրայեցիս 10։12, 13) Արդ, Յիսուսը ինչպէ՞ս պէտք է նկատենք ներկայիս։ Իր մասին պէտք է մտածենք որպէս մսուրին մէջ պառկած անօգնական մանո՞ւկ մը։ Կամ, սպաննուելու վրայ եղող տառապեալ մա՞րդ մը։ Ո՜չ։ Ան հզօր, իշխող Թագաւո՛ր մըն է։ Ան շուտով իր իշխանութիւնը պիտի յայտնաբերէ այս տագնապալի երկրին վրայ։

19. Մօտ ապագային, Յիսուս ի՞նչ քայլ պիտի առնէ։

19 Յայտնութիւն 19։11–15–ի մէջ, Թագաւոր Յիսուս Քրիստոս վառ կերպով նկարագրուած է որպէս չարերը բնաջնջելու համար մեծ զօրութեամբ ճամբայ ելած մէկը։ Այս սիրալիր երկնաւոր Իշխանը որքա՜ն կը ցանկայ վերջ դնել այն տառապանքին որ միլիոնաւոր մարդոց կ’ազդէ։ Ան նոյնքան կը տենչայ օգնել անոնց, որոնք կը ջանան երկրի վրայ իր ձգած կատարեալ օրինակին հետեւիլ։ (Ա. Պետրոս 2։21) Ան կ’ուզէ զանոնք պահպանել արագօրէն մօտեցող «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»էն, որ յաճախ Արմագեդոն կոչուած է, որպէսզի կարենան յաւիտեան ապրիլ, որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան երկրային հպատակները։—Յայտնութիւն 7։9, 14. 16։14, 16

20. Յիսուս ի՞նչ պիտի ընէ մարդկութեան համար իր Հազարամեայ Իշխանութեան ընթաքին։

20 Յիսուսի նախագուշակուած Հազարամեայ խաղաղ Իշխանութեան ընթացքին, ան ամբողջ մարդկութեան ի նպաստ հրաշքներ պիտի ընէ։ (Եսայեայ 9։6, 7. 11։1–10. Յայտնութիւն 20։6) Յիսուս պիտի բժշկէ բոլոր հիւանդութիւնները եւ մահուան վերջ պիտի դնէ։ Ան միլիառաւոր անհատներ պիտի յարուցանէ, որպէսզի անոնք ալ յաւիտեան երկրի վրայ ապրելու պատեհութիւնը ունենան։ (Յովհաննու 5։28, 29) Հետագայ գլուխի մը մէջ, այս Մեսիական Թագաւորութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալով պիտի ուրախանաք։ Վստահ եղէք որ չենք կրնար երեւակայել իսկ, թէ մեր կեանքը որքա՜ն հոյակապ պիտի ըլլայ Թագաւորական իշխանութեան ներքեւ։ Որքա՜ն կարեւոր է աւելի լաւ ծանօթանալ Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Այո, կենսական է որ բնաւ չմոռնանք Յիսուսը, յաւիտենական կեանքի առաջնորդող Աստուծոյ գիտութեան կենդանի բանալին։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 Այս արձանագրութիւնը Հռովմէական Կայսրութեան օգնեց որ տուրքերը աւելի լաւ հաւաքէ։ Ուստի, Օգոստոս անգիտակցաբար նպաստեց իշխանի մը մասին եղած մարգարէութեան մը կատարման, որ «հարկապահանջը պիտի ղրկէր իր թագաւորութեանը փառքին համար»։ Նոյն մարգարէութիւնը կը նախագուշակէր որ «ուխտին Իշխանը» կամ Մեսիան, այս կառավարիչին յաջորդին օրերուն պիտի ‘ընկղմէր’։ Յիսուս սպաննուեցաւ Օգոստոսի յաջորդին՝ Տիբերիոսի իշխանութեան ընթացքին։—Դանիէլ 11։20–22

^ պարբ. 8 Հին Հրեաները սովորաբար տարիներու շաբաթներով կը համրէին։ Օրինակի համար, ճիշդ ինչպէս որ ամէն եօթներորդ օրը Շաբաթ էր, այդպէս ալ ամէն եօթներորդ տարին՝ Շաբաթ տարի էր։—Ելից 20։8–11. 23։10– 11

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Յիսուսի շառաւիղը ի՞նչպէս թիկունք կը կանգնի Մեսիա ըլլալու իր դաւանութեան։

Յիսուսի վրայ կատարուած Մեսիական մարգարէութիւններէն ոմանք ի՞նչ են։

Աստուած ինչպէ՞ս ուղղակիօրէն ցոյց տուաւ որ Յիսուս իր Օծեալն էր։

Յիսուս ինչո՞ւ Աստուծոյ գիտութեան կենդանի բանալին է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Ցուցակ՝ էջ 37]

ՄԵՍԻԱԿԱՆ ԱՉՔԱՌՈՒ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՈՄԱՆՔ

ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊՔ ԿԱՏԱՐՈՒՄ

ԻՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՍԿԻԶԲԸ

Եսայեայ 7։14 Կոյսէ մը կը ծնի Մատթէոս 1։18–23

Երեմեայ 31։15 Իր ծնունդէն ետք մանուկներ կը սպաննուին Մատթէոս 2։16–18

ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Եսայեայ 61։1, 2 Աստուծմէ յանձնարարութիւն կը ստանայ Ղուկաս 4։18–21

Եսայեայ 9։1, 2 Իր ծառայութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ մարդիկ Մատթէոս 4։13–16

մեծ լոյս տեսնեն

Սաղմոս 69։9 Նախանձ՝ Եհովայի տան համար Յովհաննու 2։13–17

Եսայեայ 53։1 Իրեն չեն հաւատար Յովհաննու 12։37, 38

Զաքարեայ 9։9 Աւանակի վրայ նստած Երուսաղէմ կը մտնէ. Մատթէոս 21։1–9

Սաղմոս 118։26 կ’ողջունուի՝ որպէս Թագաւոր եւ

որպէս մէկը որ Եհովայի անունով կու գայ

ԻՐ ՄԱՏՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Սաղմոս 41։9. 109։8 Առաքեալ մը անհաւատարիմ կ’ըլլայ. Գործք 1։15–20

Յիսուսը կը մատնէ եւ իր տեղը

ուրիշ մը կ’առնէ

Զաքարեայ 11։12 30 կտոր արծաթի փոխարէն Մատթէոս 26։14, 15

կը մատնուի

Սաղմոս 27։12 Իր դէմ սուտ վկաներ Մատթէոս 26։59–61

կը գործածուին

Սաղմոս 22։18 Իր պատմուճանին վրայ վիճակ կը ձգուի Յովհաննու 19։23, 24

Եսայեայ 53։12 Մեղաւորներուն հետ կը դասուի Մատթէոս 27։38

Սաղմոս 22։7, 8 Մեռած ժամանակ կը նախատուի Մարկոս 15։29–32

Սաղմոս 69։21 Իրեն քացախ կը տրուի Մարկոս 15։23, 36

Եսայեայ 53։5. Կը խոցուի Յովհաննու 19։34, 37

Զաքարեայ 12։10

Եսայեայ 53։9 Հարուստներուն հետ կը թաղուի Մատթէոս 27։57–60

Սաղմոս 16։8, 11 Ապականուելէ առաջ կը յարուցանուի Գործք 2։25–32

Գործք 13։34–37

[Նկար՝ էջ 35]

Աստուած հիւանդները բժշկելու զօրութիւն տուաւ Յիսուսի