Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ոգեղէն չար ուժերու դէմ դնել

Ոգեղէն չար ուժերու դէմ դնել

Գլուխ 12

Ոգեղէն չար ուժերու դէմ դնել

1. Յիսուս ինչպէ՞ս հակազդեց երբ չար ոգիներու հետ դէմ յանդիման եկաւ։

ԻՐ մկրտութենէն անմիջապէս ետք, Յիսուս Քրիստոս Յուդայի անապատը գնաց աղօթելու ու խոկալու համար։ Հոն, Բանսարկու Սատանան ջանաց որ ան Աստուծոյ օրէնքը բեկանէ։ Սակայն Յիսուս մերժեց Բանսարկուին փորձութիւնը եւ անոր որոգայթին մէջ չինկաւ։ Յիսուս իր երկրային ծառայութեան ընթացքին ուրիշ չար ոգիներու հետ ալ դէմ յանդիման եկաւ։ Բայց ամէն անգամ ան սաստեց զանոնք ու անոնց դէմ դրաւ։—Ղուկաս 4։1–13. 8։26–34. 9։37–43

2. Ո՞ր հարցումները նկատի պիտի առնենք։

2 Այս միջադէպերը նկարագրող Աստուածաշունչի պատմութիւնները մեզ պէտք է համոզեն որ չար ոգիներ գոյութիւն ունի՛ն։ Անոնք կը ջանան մարդիկը մոլորեցնել։ Բայց կրնա՛նք անոնց դէմ դնել։ Բայց այդ չար ոգիները ինչպէ՞ս գոյացան։ Անոնք ինչո՞ւ կը ջանան մարդիկը խաբել։ Իսկ ի՞նչ կերպեր կը գործածեն իրենց նպատակին հասնելու համար։ Այս հարցումներուն պատասխանները ձեզի պիտի օգնեն որ չար ոգիներուն դէմ դնէք։

ՉԱՐ ՈԳԻՆԵՐ—ԱՆՈՆՑ ԾԱԳՈՒՄԸ ԵՒ ԹԻՐԱԽԸ

3. Բանսարկու Սատանան ինչպէ՞ս գոյացաւ։

3 Եհովա Աստուած մարդը ստեղծելէն շատ առաջ հոգեղէն բազմաթիւ արարածներ ստեղծած էր։ (Յոբ 38։4, 7) Ինչպէս 6–րդ Գլուխին մէջ բացատրեցինք, այդ հրեշտակներէն մէկը ցանկաց Եհովայի տրուելիք պաշտամունքը ինք ստանալ։ Այս նպատակը հետապնդելով, այս չար հրեշտակը Ստեղծիչին ընդդիմացաւ եւ զայն զրպարտեց, նոյնիսկ առաջին կնոջ այն գաղափարը տալով որ Աստուած ստախօս էր։ Արդ, տեղին ըլլալով, այս ըմբոստ հոգեղէն արարածը դարձաւ Սատանայ (ընդդիմացող) եւ Բանսարկու (զրպարտող)։—Ծննդոց 3։1–5. Յոբայ 1։6

4. Կարգ մը հրեշտակներ ինչպէ՞ս մեղանչեցին Նոյի օրերուն։

4 Հետագային, ուրիշ հրեշտակներ Բանսարկու Սատանային կողմը անցան։ Արդար մարդուն՝ Նոյի՝ օրերուն, անոնցմէ ոմանք իրենց երկնային ծառայութիւնը լքեցին եւ մսեղէն մարմիններ առին, երկրային կիներու հետ սեռային յարաբերութիւններ ունենալու իրենց կիրքը յագեցնելու համար։ Անկասկած, Սատանան իր ազդեցութիւնը բանեցուց որ այդ հրեշտակները այսպիսի անհնազանդ քայլ մը առնեն։ Որպէս հետեւանք, անոնք Նեֆիլիմներ (հսկաներ) կոչուած խառնածին սերունդ մը մէջտեղ բերին, որոնք վայրագ տապալիչներ եղան։ Երբ Եհովա մեծ Ջրհեղեղ մը բերաւ, այդ պիղծ մարդկութիւնը եւ անհնազանդ հրեշտակներու ապօրէն սերունդը բնաջնջեց։ Ըմբոստ հրեշտակները կործանումէն ազատեցան, իրենց մսեղէն մարմինները ձգելով եւ հոգեղէն ծիր վերադառնալով։ Բայց Աստուած այդ դեւերը արգելափակեց, հոգեւոր խաւարի մէջ նետելով զանոնք։ (Ծննդոց 6։1–7, 17. Յուդա 6) Այսուհանդերձ, «Դեւերու իշխանը»՝ Սատանան՝ եւ իր չար հրեշտակները իրենց ըմբոստութիւնը շարունակած են։ (Ղուկաս 11։15) Ի՞նչ է անոնց նպատակը։

5. Սատանայի ու իր դեւերուն նպատակը ի՞նչ է եւ մարդիկը ծուղակ ձգելու համար ի՞նչ կը գործածեն։

5 Սատանայի ու իր դեւերուն չար նպատակն է մարդիկը հեռացնել Եհովա Աստուծմէ։ Հետեւաբար, այդ չար ոգիները մարդկային ամբողջ պատմութեան տեւողութեան մարդիկը մոլորեցուցած, սարսափեցուցած եւ անոնց վրայ յարձակում գործած են։ (Յայտնութիւն 12։9) Արդի օրինակներ կը հաստատեն որ հիմա դիւային յարձակումը որեւէ ժամանակէ աւելի կատաղի է։ Մարդիկը թակարդ ձգելու համար, դեւերը յաճախ ոգեհարցութեան տեսակ մը կը գործածեն։ Դեւերը ինչպէ՞ս ասիկա որպէս խայծ կը գործածեն եւ դուք ինչպէ՞ս կրնաք դուք ձեզ պաշտպանել։

ՈԳԵՂԷՆ ՉԱՐ ՈՒԺԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՋԱՆԱՆ ՁԵԶ ՄՈԼՈՐԵՑՆԵԼ

6. Ոգեհարցութիւնը ի՞նչ է եւ անոր կարգ մը ձեւերը որո՞նք են։

6 Ոգեհարցութիւնը ի՞նչ է։ Անիկա դեւերու կամ չար ոգիներու հետ հաղորդակցութեան մէջ գալ է, կա՛մ ուղղակիօրէն եւ կամ կախարդի մը միջնորդութեամբ։ Ինչպէս խայծը որսորդներուն կը ծառայէ, նոյնն է պարագան ոգեհարցութեան. անիկա իր զոհերը կը հրապուրէ։ Իսկ ինչպէս որ որսորդ մը տարբեր տեսակ խայծեր կը գործածէ անասունները իր որոգայթին մէջ ձգելու համար, նոյնպէս չար ոգիները ոգեհարցութեան տարբեր կերպերով մարդիկը իրենց ազդեցութեան ներքեւ կը բերեն։ (Տես՝ Սաղմոս 119։110։) Անոնցմէ են գուշակութիւնը, մոգութիւնը, նշաններով գուշակութիւն ընելը, կախարդութիւնը, հմայութիւնը, կախարդներու խորհուրդ հարցնելը եւ մեռելներուն հետ հաղորդակցիլը։

7. Ոգեհարցութիւնը որքա՞ն համատարած է եւ անիկա ինչո՞ւ կը ծաղկի նոյնիսկ Քրիստոնեայ կոչուող երկիրներու մէջ։

7 Այս խայծերը լաւ գործ կը տեսնեն, քանի որ ամբողջ աշխարհի մէջ, մարդիկ ոգեհարցութեամբ հետաքրքրուած են։ Մացառներու մէջ բնակող գիւղացիները բուժակներու կը դիմեն, իսկ քաղաքի պաշտօնեաները՝ աստղաբաշխներու։ Նոյնիսկ Քրիստոնեայ կոչուող երկիրներու մէջ ոգեհարցութիւնը կը ծաղկի։ Հետազօտութիւններու համաձայն, միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, ընդամէնը 10,000,000 շրջաբերութիւն ունեցող 30 պարբերաթերթեր տարբեր ձեւի ոգեհարցութիւններու նուիրուած են։ Պրազիլիացիները տարեկան աւելի քան 500 միլիոն տոլար կը վատնեն ոգեհարցական իրերու համար։ Իսկ այդ երկրին մէջ, ոգեհարցական կեդրոններ յաճախողներուն 80 տոկոսը մկրտուած Կաթողիկէներ են, որոնք պատարագի ալ կը մասնակցին։ Քանի որ կարգ մը կղերներ ալ ոգեհարցութիւն կ’ընեն, կրօնասէր շատ մը անհատներ կը խորհին որ այս սովորութիւնը ընդունելի է Աստուծոյ։ Բայց արդեօ՞ք այդ է պարագան։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Ի՛ՆՉՈՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՈԳԵՀԱՐՑՈՒԹԻՒՆԸ

8. Ոգեհարցութեան շուրջ Աստուածաշունչի տեսակէտը ի՞նչ է։

8 Եթէ ձեզի սորվեցուցած են որ ոգեհարցական կարգ մը ձեւեր բարի ոգիներու հետ շփման մէջ գալու կերպեր են, պիտի զարմանաք երբ իմանաք թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ ոգեհարցութեան մասին։ Եհովայի ժողովուրդին հետեւեալ ազդարարութիւնը տրուած էր. «Վհուկներուն մի՛ նայիք եւ հմայողներուն բան մի՛ հարցնէք, որպէսզի անոնցմով չպղծուիք»։ (Ղեւտացւոց 19։31. 20։6, 27) Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը կը զգուշացնէ որ «կախարդներուն» վախճանը «կրակով ու ծծումբով վառած լճին մէջ պիտի ըլլայ, որ է երկրորդ մահը»։ (Յայտնութիւն 21։8. 22։15) Որեւէ տեսակի ոգեհարցութիւն հաճելի չէ Եհովա Աստուծոյ։ (Բ. Օրինաց 18։10–12) Ինչո՞ւ արդեօք։

9. Ինչո՞ւ կրնանք եզրակացնել որ հոգեղէն աշխարհէն եկող պատգամները Եհովայէն չեն։

9 Աստուածաշունչը ամբողջանալէն առաջ, Եհովա բարի ոգիներ կամ արդար հրեշտակներ ղրկեց, որպէսզի կարգ մը մարդոց հետ հաղորդակցութեան մէջ գան։ Բայց անիկա ամբողջանալէն ի վեր, Եհովայի ընդունելի կերպով ծառայելու համար, Աստուծոյ Խօսքը մարդոց պէտք եղած առաջնորդութիւնը տուած է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17. Եբրայեցիս 1։1, 2) Աստուած իր սուրբ Խօսքը անտեսելով, կախարդներու պատգամներ չի տար։ Ներկայիս, հոգեղէն ծիրէն եկած բոլոր այսպիսի պատգամներ՝ չար ոգիներուն կողմէ են։ Ոգեհարցութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ դեւերը նեղեն անհատ մը, կամ նոյնիսկ զինք դիւահար դարձնեն։ Հետեւաբար, Աստուած սիրալիր կերպով մեզ կը զգուշացնէ որ ոգեհարցական ո՛րեւէ կերպի միջամուխ չըլլանք։ (Բ. Օրինաց 18։14. Գաղատացիս 5։19–21) Ոգեհարցութեան շուրջ Եհովայի տեսակէտը գիտնալէ ետք, եթէ շարունակենք անոր մէջ, այդ պարագային ըմբոստ չար ոգիներու կողմը դիրք բռնած ըլլալով Աստուծոյ թշնամիները կ’ըլլանք։—Ա. Թագաւորաց 15։23. Ա. Մնացորդաց 10։13, 14. Սաղմոս 5։4

10. Գուշակութիւնը ի՞նչ է եւ ինչո՞ւ պէտք է զգուշանանք անկէ։

10 Ոգեհարցութեան ժողովրդական մէկ ձեւն է գուշակութիւնը. ոգիներու օգնութեամբ փորձել ապագան կամ ծածկուած բան մը գիտնալ։ Գուշակութեան կարգ մը ձեւերն են աստղաբաշխութիւնը, բիւրեղային գունդի նայիլը, երազներու մեկնութիւնը, ձեռնագուշակութիւնը եւ քարտագուշակութիւնը։ Շատեր կը խորհին որ գուշակութիւնը անվնաս հաճոյք մըն է, բայց Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ բախտ նայողներն ու չար ոգիները ձեռք ձեռքի կը գործեն։ Օրինակ մը. Գործք Առաքելոց 16։16–19–ն կը խօսի «հարցուկ ոգի»ի մը մասին որ աղջկայ մը «գուշակութիւն ընել» կու տար։ Բայց անիկա ապագան գուշակելու իր կարողութիւնը կորսնցուց, երբ իր մէջի դեւը հանուեցաւ։ Որոշ է ուրեմն, որ դեւերը գուշակութիւնը որպէս խայծ կը գործածեն մարդիկը իրենց ծուղակը ձգելու համար։

11. Մեռելներուն հետ հաղորդակցութեան մէջ գալու փորձերը ինչպէ՞ս մեզ որոգայթը կը ձգեն։

11 Եթէ ընտանիքի սիրելի անդամի մը կամ մտերիմ բարեկամի մը մահուան վրայ կ’ողբաք, այդ պարագային ուրիշ խայծ մը կրնայ դիւրաւ հրապուրել ձեզ։ Կախարդ մը կրնայ կարգ մը տեղեկութիւններ տալ ձեզի, կամ մահացած անհատին ձայնը կեղծելով խօսիլ։ Զգուշացէ՛ք։ Մեռելներուն հետ հաղորդակցելու որեւէ փորձ ձեզ որոգայթի մէջ կը ձգէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեռելները չեն կրնար խօսիլ։ Հաւանաբար կը յիշէք որ ըստ Աստուծոյ Խօսքին, մահուան ատեն անհատ մը «իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։ (Սաղմոս 146։4. Ժողովողի 9։5, 10) Իրականութեան մէջ, դեւերն են որ մեռած անհատին ձայնը կը կեղծեն եւ ոգեհարցին տեղեկութիւններ կու տան անոր մասին։ (Ա. Թագաւորաց 28։3–19) Ուստի, ‘մեռելներուն բան հարցնողը’ չար ոգիներու ծուղակին մէջ կ’իյնայ եւ Եհովա Աստուծոյ կամքին հակառակ կը գործէ։—Բ. Օրինաց 18։11, 12. Եսայեայ 8։19

ՆԱԽ ՀՐԱՊՈՅՐ՝ ԱՊԱ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ

12, 13. Ի՞նչ ապացոյց ունինք որ դեւերը կը շարունակեն փորձութեան մէջ ձգել կամ անհանգստացնել մարդիկը։

12 Երբ ոգեհարցութեան շուրջ Աստուծոյ Խօսքին խրատին հետեւիք, դեւերուն խայծերը կը մերժէք։ (Տես Սաղմոս 141։9, 10. Հռովմայեցիս 12։9։) Ասիկա կը նշանակէ՞ որ չար ոգիները այլեւս հանգիստ պիտի ձգեն ձեզ։ Վստահաբար ո՜չ։ Երեք անգամ Յիսուսը փորձելէ ետք, Սատանան «ատեն մը ետ կեցաւ անկէ»։ (Ղուկաս 4։13) Նոյնպէս, յամառ ոգիները ոչ միայն մարդիկը կը հրապուրեն, այլ նաեւ անոնց վրայ յարձակում կը գործեն։

13 Յիշեցէք Աստուծոյ ծառային՝ Յոբի՝ վրայ Սատանայի յարձակումը, զոր նախապէս նկատի առինք։ Սատանան պատճառ եղաւ որ ան իր հօտը կորսնցնէ եւ իր ծառաներէն մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ տասը զաւակները սպաննուին։ Ապա ան ուղղակի Յոբի վրայ յարձակում գործեց, անոր ցաւագին հիւանդութիւն մը տալով։ Բայց Յոբ Աստուծոյ հանդէպ իր ուղղամտութիւնը պահեց եւ մեծապէս օրհնուեցաւ։ (Յոբայ 1։7–19. 2։7, 8. 42։12) Անկէ ի վեր, դեւերը երբեմն մարդիկը համր կամ կոյր դարձուցած են եւ շարունակած են անոնց տառապանքով ուրախանալ։ (Մատթէոս 9։32, 33. 12։22. Մարկոս 5։2–5) Ներկայիս, տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան որ դեւերը կարգ մը անհատներուն սեռային գետնի վրայ կ’անհանգստացնեն, իսկ ուրիշները խելացնոր կը դարձնեն։ Տակաւին ուրիշներ, անոնց կողմէ սպանութեան եւ անձնասպանութեան կը մղուին, որոնք Աստուծոյ դէմ մեղքեր են։ (Բ. Օրինաց 5։17. Ա. Յովհաննու 3։15) Այսուհանդերձ, այս չար ոգիներուն ճիրաններուն մէջ ինկած հազարաւոր անհատներ կրցած են ձերբազատուիլ անոնցմէ։ Ինչպէ՞ս կրցած են ասիկա ընել։ Կենսական կարգ մը քայլեր առնելով։

ԻՆՉՊԷՍ ԴԷՄ ԴՆԵԼ ՉԱՐ ՈԳԻՆԵՐՈՒՆ

14. Առաջին դարու Եփեսացի Քրիստոնեաներուն հետ համաձայն ըլլալով, ինչպէ՞ս կրնաք չար ոգիներուն դէմ դնել։

14 Չար ոգիներուն դէմ դնելու եւ դուք ձեզ ու ձեր ընտանիքը անոնց որոգայթներէն պաշտպանելու կերպերէն մէկը ի՞նչ է։ Առաջին դարուն, Եփեսոսի մէջ Քրիստոնեայ եղողները, որոնք հաւատացեալներ ըլլալէ առաջ ոգեհարցութեամբ զբաղած էին, այս ուղղութեամբ դրական քայլեր առին։ «Կախարդութեան հետեւողներէն շատեր գրքերնին մէկտեղ բերելով՝ ամենուն առջեւ կ’այրէին», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Գործք 19։19) Եթէ նոյնիսկ ոգեհարցութեամբ անձամբ զբաղած չէք, նետեցէք ամէն բան որ անոր հետ կապ ունեցած է։ Անոր մէջ կ’իյնան գիրքեր, պարբերաթերթեր, պատկերիզներ, որմնազարդեր, երաժշտութիւններ եւ ոգեհարցական նպատակի համար գործածուած իրեր։ Նաեւ կուռքեր, հմայեակներ, պաշտպանուելու համար մարմնի վրայ կրուած իրեր եւ ոգեհարցներու կողմէ ստացուած նուէրներ։ (Բ. Օրինաց 7։25, 26. Ա. Կորնթացիս 10։21) Օրինակ մը տանք. Թայլանտի մէջ ամուսնացած զոյգ մը երկար ատենէ դեւերու կողմէ կը տանջուէր։ Ապա ոգեհարցութեան հետ կապ ունեցող բոլոր առարկաները նետեցին։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Անոնք դիւային յարձակումներէն հանգստացան եւ յետոյ հոգեւոր գետնի վրայ իրապէս յառաջդիմեցին։

15. Չար ոգիներուն դէմ դնելու համար յաջորդ անհրաժեշտ քայլը ի՞նչ է։

15 Չար ոգիներուն դէմ դնելու ուրիշ քայլ մըն է՝ ըստ Պօղոսի խրատին՝ Աստուծոյ հայթայթած ամբողջական զրահը հագնիլ։ (Եփեսացիս 6։11–17) Քրիստոնեաները չար ոգիներու դէմ զօրաւոր կերպով պէտք է պաշտպանուին։ Ասիկա ի՞նչ կը բովանդակէ։ Պօղոս ըսաւ. «ամէն բանի վրայ հաւատքին վահանը առէ՛ք, որով կարող պիտի ըլլաք չարին բոլոր կրակոտ նետերը մարել»։ Արդարեւ, ո՛րքան զօրաւոր ըլլայ ձեր հաւատքը, ա՛յդքան կարող պիտի ըլլաք չար ոգիներուն դէմ դնել։—Մատթէոս 17։14–20

16. Կրնա՞ք ձեր հաւատքը զօրացնել։

16 Ինչպէ՞ս կրնաք զօրացնել ձեր հաւատքը։ Շարունակելով Աստուածաշունչը սերտել եւ անոր խրատները ձեր կեանքին մէջ գործադրել։ Անհատի մը հաւատքին զօրութիւնը մեծ մասամբ կախեալ է անոր հիմքին հաստատութենէն, այսինքն, Աստուծոյ գիտութենէն։ Չէ՞ք խորհիր որ ձեր ստացած ճշգրիտ գիտութիւնը եւ զայն լրջօրէն նկատի առնելը ձեր հաւատքը կերտած է։ (Հռովմայեցիս 10։10, 17) Ուստի, եթէ շարունակէք ուսումնասիրել եւ Եհովայի Վկաներու ժողովներուն յաճախելը սովորութիւն մը դարձնէք, ձեր հաւատքը պիտի ամրապնդուի։ (Հռովմայեցիս 1։11, 12. Կողոսացիս 2։6, 7) Ատիկա դիւային յարձակումներու դիմաց հզօր պատնէշ մը պիտի ըլլայ։—Ա. Յովհաննու 5։5

17. Չար ոգիներու դէմ դնելու համար տակաւին ի՞նչ քայլեր պէտք է առնէք։

17 Անհատ մը ուրիշ ի՞նչ քայլեր պէտք է առնէ, եթէ որոշած է չար ոգիներուն դէմ դնել։ Եփեսացի Քրիստոնեաները դիւապաշտութեամբ վարակուած քաղաքի մը մէջ ապրելով, կարիքը ունէին պաշտպանուելու։ Հետեւաբար, Պօղոս անոնց ըսաւ. «Աղօթքով ու խնդրուածքով ամէն ատեն աղօթք ըրէք հոգիով»։ (Եփեսացիս 6։18) Քանի որ մենք ալ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր դեւերը կը վխտան, չար ոգիներուն դէմ դնելու մէջ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը ունենալու համար ջերմեռանդօրէն աղօթելը կենսական է։ (Մատթէոս 6։13) Այս առնչութեամբ, Քրիստոնէական ժողովքի նշանակուած երէցներուն հոգեւոր օգնութիւնը եւ աղօթքները օգտակար են։—Յակոբու 5։13–15

ՉԱՐ ՈԳԻՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՁԵՐ ԿՌԻՒԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԷ՛Ք

18, 19. Եթէ դեւերը շարունակեն նեղութիւն տալ անհատի մը, ի՞նչ պէտք է ընել։

18 Նոյնիսկ այս հիմնական քայլերը առնելէ ետք, ոմանք տակաւին չար ոգիներու կողմէ անհանգստացած են։ Օրինակի համար, Գոթ Տիվուարէն մարդ մը սկսաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել Եհովայի Վկաներու հետ եւ իր բոլոր հմայեակները բնաջնջեց։ Անկէ ետք, ան լաւ կերպով յառաջդիմեց, իր կեանքը Եհովայի նուիրեց ու մկրտուեցաւ։ Բայց իր մկրտութենէն շաբաթ մը ետք, դեւերը դարձեալ սկսան զինք նեղել։ Ան ձայներ կը լսէր, իրեն ըսելով որ իր նոր հաւատքը ձգէր։ Եթէ նոյնը պատահէր ձեզի, պիտի եզրակացնէի՞ք որ Եհովայի պաշպանութիւնը կորսնցուցած էք։ Պայման չէ։

19 Յիսուս Քրիստոս՝ կատարեալ մարդը՝ թէեւ աստուածային պաշտպանութիւնը կը վայելէր, բայց ան չար ոգիի մը, Բանսարկու Սատանային ձայնը լսեց։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ ի՛նչ պէտք է ընել այսպիսի պարագայի մը։ Ան Բանսարկուին ըսաւ. «Ետիս գնա, Սատանա՛յ»։ (Մատթէոս 4։3–10) Նոյն կերպով, դուք ալ հոգեղէն աշխարհէն եկած ձայներուն ականջ մի՛ տաք։ Չար ոգիներուն դէմ դրէք, օգնութեան համար Եհովան կանչելով։ Այո, Եհովայի անունը գործածելով՝ բարձրաձայն աղօթեցէք։ Առակաց 18։10–ն կ’ըսէ. «[Եհովայի] անունը ամուր աշտարակ է, արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ»։ Գոթ Տիվուարի Քրիստոնեան ասիկա ըրաւ եւ չար ոգիները այլեւս զինք չնեղեցին։—Սաղմոս 124։8. 145։18

20. Առ ի ամփոփում, ի՞նչ կրնաք ընել չար ոգիներուն դէմ դնելու համար։

20 Եհովա թոյլ տուած է որ չար ոգիները գոյատեւեն, բայց ան իր զօրութիւնը ցոյց կու տայ, մասնաւորաբար իր ծառաներուն ի նպաստ եւ այս կերպով իր անունը կը ծանուցանուի համայն երկրի վրայ։ (Ելից 9։16) Եթէ Աստուծոյ մօտիկ մնաք, չար ոգիներէն վախնալու պէտք չէք ունենար։ (Թուոց 23։21, 23. Յակոբու 4։7, 8. Բ. Պետրոս 2։9) Անոնց զօրութիւնը սահմանափակ է։ Նոյի ժամանակ, անոնք պատժուեցան. մեր օրերուն, երկինքէն դուրս նետուեցան, իսկ հիմա վերջնական դատաստանին կը սպասեն։ (Յուդա 6. Յայտնութիւն 12։9. 20։1–3, 7–10, 14) Իրականութեան մէջ, անոնք իրենց մօտալուտ կործանման ի տես սարսափի մէջ են։ (Յակոբու 2։19) Ուստի, եթէ չար ոգիները փորձեն որոշ խայծով մը ձեզ հրապուրել կամ որեւէ կերպով յարձակում գործել ձեր վրայ, կրնա՛ք անոնց դէմ դնել։ (Բ. Կորնթացիս 2։11) Ոգեհարցութեան բոլոր ձեւերը մերժեցէ՛ք, Աստուծոյ Խօսքին խրատը կիրարկեցէ՛ք եւ Եհովայի հաճութիւնը փնտռեցէ՛ք։ Ասիկա անյապաղ ըրէ՛ք, քանի որ ձեր կեանքը չար ոգիներուն դէմ դնելէն կախեալ է։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Չար ոգիները ինչպէ՞ս կը փորձեն մոլորեցնել մարդիկը։

Աստուածաշունչը Ինչո՞ւ կը դատապարտէ ոգեհարցութիւնը

Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ ձերբազատուիլ չար ոգիներէն։

Ինչո՞ւ պէտք է շարունակէք ընդդիմանալ չար ոգիներուն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 110]

Ոգեհարցութիւնը եւ անոր շատ մը ձեւերը ինչպէ՞ս կը նկատէք