Ո՛վ է ճշմարիտ Աստուածը
Գլուխ 3
Ո՛վ է ճշմարիտ Աստուածը
1. Ինչո՞ւ շատեր համաձայն են Աստուածաշունչի բացման խօսքերուն հետ։
ԵՐԲ պայծառ գիշեր մը երկինք նայիք, այդքան աստղեր տեսնելով չէ՞ք հիանար։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք անոնց գոյութիւնը։ Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել երկրի վրայ գոյութիւն ունեցող կենդանի բաներուն մասին. գունաւոր ծաղիկներ, հաճելիօրէն գեղգեղող թռչուններ, ովկիանոսին մէջ ոստացող հզօր կէտեր. ցանկը երկար է։ Կարելի չէր որ այս բոլորը դիպուածով մէջտեղ գային։ Անոր համար շատեր կը համաձայնին Աստուածաշունչի բացման խօսքերուն հետ, որ կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։—Ծննդոց 1։1
2. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ Աստուծոյ մասին եւ մեզ ի՛նչ ընելու կը քաջալերէ։
2 Աստուծոյ հարցով մարդիկ որոշ չափով բաժնուած են։ Ոմանք կը խորհին որ Աստուած անձնաւորութիւն չունեցող ոյժ մըն է։ Միլիոնաւորներ կը պաշտեն իրենց մահացած նախահայրերը, խորհելով որ Աստուած շատ հեռու է, որու կարելի չէ մօտենալ։ Բայց Աստուածաշունչը կը յայտնէ թէ ճշմարիտ Աստուածը անձնաւորութիւն մըն է, որ անհատապէս մեզմով մօտէն կը հետաքրքրուի։ Անոր համար մեզ կը քաջալերէ որ «Աստուած փնտռենք», ըսելով. «Մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ»։—Գործք 17։27
3. Ինչո՞ւ անկարելի է Աստուծոյ պատկերը շինել։
3 Աստուած ի՞նչ բանի կը նմանի։ Իր ծառաներէն ոմանք, տեսիլքով մը իր փառաւոր ներկայութիւնը տեսած են։ Այդ տեսիլքներուն մէջ ան ինքզինք խորհրդանշած է որպէս գահի մը վրայ նստած, որմէ ահաւոր փայլք մը կ’արտացոլայ։ Սակայն, այս տեսիլքները տեսնողները բնաւ որոշ երես մը չեն նկարագրած։ Դանիէլ 7։9, 10. Յայտնութիւն 4։2, 3) Քանի որ «Աստուած հոգի է». ան ֆիզիքական մարմին չունի։ (Յովհաննու 4։24) Իրականութեան մէջ, անկարելի է մեր Ստեղծիչին երեւոյթին ճշգրիտ պատկերը շինել, քանի որ «Մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ»։ (Յովհաննու 1։18. Ելից 33։20) Սակայն, Աստուածաշունչը մեզի շատ բան կը սորվեցնէ Աստուծոյ մասին։
(ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՍՏՈՒԱԾԸ ԱՆՈՒՆ ՄԸ ՈՒՆԻ
4. Աստուածաշունչին մէջ Աստուծոյ կիրարկուած կարգ մը իմաստալից տիտղոսները որո՞նք են։
4 Աստուածաշունչին մէջ, ճշմարիտ Աստուածը բնորոշուած է հետեւեալ արտայայտութիւններով. «Ամենակալ Աստուած», «Բարձրեալ», «Մեծ Ստեղծիչ», «Մեծ Ուսուցիչ», «Գերիշխան Տէր», եւ «Յաւիտենական Թագաւոր»։ (Ծննդոց 17։1. Սաղմոս 50։14. Ժողովողի 12։1. Եսայեայ 30։20. Գործք 4։24. Ա. Տիմոթէոս 1։17) Այսպիսի տիտղոսներու վրայ խոկալը մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ գիտութեան մէջ աճինք։
5. Ի՞նչ է Աստուծոյ անունը եւ անիկա որքան յաճախ կ’երեւնայ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։
5 Սակայն, Աստուած յատուկ անուն մը ունի որ միայն Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ գրեթէ 7,000 անգամ կը գտնուի. իրեն տրուած որեւէ տիտղոսէ շատ աւելի յաճախ։ 1,900 տարիներ առաջ, Հրեաները նախապաշարումէ մղուած սկսան այդ անունը չարտասանել։ Սուրբ գրային Եբրայերէնը առանց ձայնաւորներու կը գրուէր։ Հետեւաբար, միջոց չկայ ճշգրտօրէն ըսելու թէ Մովսէս, Դաւիթ կամ ուրիշներ ի՛նչպէս կը հնչէին աստուածային անունը կազմող չորս բաղաձայները՝ (יהוה)։ Կարգ մը ուսումնականներ կը թելադրեն որ Աստուծոյ անունը հաւանաբար «Եահվէ» կը հնչուէր, բայց այս մասին վստահ չեն։ «Եհովա» հնչումը դարերէ ի վեր գործածուած եւ ընդունուած է Հայերէն լեզուին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ լեզուներու մէջ։—Ելից 6։3 եւ Բ. Օրինաց 28։58
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՆՈՒՆԸ Ի՛ՆՉՈՒ ՊԷՏՔ Է ԳՈՐԾԱԾԵՆՔ
6. Սաղմոս 83։18–ն ի՞նչ կ’ըսէ Եհովայի մասին եւ ինչո՞ւ իր անունը պէտք է գործածենք։
6 Աստուծոյ մասնայատուկ անունը՝ Եհովա՝ միւս աստուածներէն զինք զատորոշելու կը ծառայէ։ Անոր համար այդ անունը Սաղմոս 83։18–ն կ’ըսէ. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Ուստի, պատշաճ է որ Աստուծոյ անձնական անունը գործածենք, երբ իր մասին կը խօսինք։
շատ յաճախ կը գտնուի Աստուածաշունչին մէջ, մանաւանդ Եբրայերէն բնագրին մէջ։ Բազմաթիւ թարգմանիչներ չեն գործածեր աստուածային անունը, բայց7. Եհովայի անուան նշանակութիւնը մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Աստուծոյ մասին։
7 Եհովա անունը, Եբրայերէն ըլլալ բային մէկ ձեւն է։ Ուստի, Աստուծոյ անունը կը նշանակէ՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ»։ Ասով Եհովա Աստուած ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Մեծ Մտադրողը։ Ան միշտ պատճառ կ’ըլլայ որ իր նպատակները իրականացուին։ Միմիայն ճշմարիտ Աստուած իրաւասութիւնը ունի այս անունը կրելու, քանի որ մարդիկ բնաւ չեն կրնար վստահ ըլլալ որ իրենց ծրագիրները պիտի յաջողին։ (Յակոբու 4։13, 14) Միայն Եհովա կրնայ ըսել. «Իմ բերնէս ելած խօսքն ալ այնպէս պիտի ըլլայ։ ... իմ կամքս պիտի կատարէ»։—Եսայեայ 55։11
8. Եհովա ի՞նչ նպատակ ծանուցանեց Մովսէսի միջոցով։
8 Եբրայեցի նահապետները՝ Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ՝ ամէնքն ալ «Եհովայի անունը կանչեց»ին, բայց աստուածային անուան լման նշանակութիւնը չէին գիտեր։ (Ծննդոց 21։33. 26։25. 32։9. Ելից 6։3) Երբ Եհովա հետագային իրենց սերունդը եղող Իսրայելացիները Եգիպտոսի գերութենէն ազատագրելու եւ անոնց «կաթ ու մեղր բխող երկիր մը» տալու իր նպատակը յայտնեց, ասիկա անկարելի թուած ըլլալու էր։ (Ելից 3։17) Այսուհանդերձ, Աստուած իր անուան նշանակութիւնը շեշտեց, իր Մովսէս մարգարէին ըսելով. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը, Իսահակին Աստուածը ու Յակոբին Աստուածը, զիս ձեզի ղրկեց’. իմ անունս յաւիտեան այս է եւ ազգէ ազգ իմ յիշատակս այս է»։—Ելից 3։15
9. Փարաւոն ինչպէ՞ս նկատեց Եհովան։
9 Մովսէս Եգիպտոսի թագաւորէն, Փարաւոնէն արտօնութիւն խնդրեց որ Իսրայելացիները երթան ու անապատին մէջ Եհովան պաշտեն։ Բայց Փարաւոն, որ ի՛նք աստուած նկատուած Ելից 5։1, 2
էր եւ Եգիպտական տարբեր աստուածներ կը պաշտէր, պատասխանեց. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքին մտիկ ընելով՝ Իսրայէլին թուլատրեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար եւ Իսրայէլին ալ չեմ թուլատրեր»։—10. Վաղեմի Եգիպտոսի մէջ Եհովա ի՞նչ քայլ առաւ, Իսրայելացիներուն նկատմամբ իր խոստումը կատարելու համար։
10 Այն ատեն Եհովա աստիճանաբար քայլեր առաւ, իր նպատակը իրագործելու համար, իր անուան նշանակութեան համաձայն գործելով։ Ան տասը պատուհաս բերաւ վաղեմի Եգիպտացիներուն վրայ։ Վերջին պատուհասը սպաննեց Եգիպտոսի բոլոր առջինեկները, մէջը ըլլալով Փարաւոնի որդին։ Արդ, Եգիպտացիները սրտանց փափաքեցան որ Իսրայելացիները մեկնին։ Սակայն, կարգ մը Եգիպտացիներ ա՛յնքան տպաւորուած էին Եհովայի զօրութեամբ, որ Եգիպտոսը ձգելով Իսրայելացիներուն միացան։—Ելից 12։35–38
11. Եհովա ի՞նչ հրաշք կատարեց Կարմիր Ծովուն մէջ, եւ իր թշնամիները ի՞նչ ընդունելու ստիպուած եղան։
11 Պնդագլուխ Փարաւոնը իր բանակին 600 ռազմական կառքերով, ճամբայ ինկաւ իր գերիները ետ բերելու համար։ Երբ Եգիպտացիները մօտեցան, Աստուած հրաշքով Կարմիր Ծովը բաժնեց, որպէսզի Իսրայելացիները ցամաքով անցնին։ Երբ հալածողները ծովուն հունին մէջ մտան, Եհովա «անոնց կառքերուն անիւները հանեց, որոնք դժուարութեամբ առաջ կ’երթային»։ Եգիպտացի ռազմիկները պոռացին. «Փախչինք Իսրայէլի երեսէն, վասնզի ահա Եհովա անոնց համար մեզի հետ կը պատերազմի»։ Բայց արդէն շա՜տ ուշ էր։ Ջուրի հսկայական պարիսպները փուլ եկան եւ «ծածկեցին Փարաւոնին կառքերն ու ձիաւորները եւ բոլոր զօրքերը»։ (Ելից 14։22–25, 28) Այս կերպով Եհովա մեծ անուն մը շինեց իրեն եւ այդ դէպքը մինչեւ օրս մոռցուած չէ։—Յեսուայ 2։9–11
12, 13. (ա) Աստուծոյ անունը ի՞նչ նշանակութիւն ունի մեզի համար այսօր։ (բ) Մարդիկ ի՞նչ սորվելու ստիպողական կարիքը ունին եւ ինչու։
12 Մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունի այն անունը որ Աստուած շահեցաւ իրեն համար։ Իր Եհովա անունը երաշխիք մըն է թէ ի՛նչ որ ան մտադրած է անպայման կ’իրականացնէ։ Ատիկա կը պարփակէ մեր երկիրը դրախտի վերածելու իր սկզբնական նպատակը իրագործել։ (Ծննդոց 1։28. 2։8) Այդ մտքով ալ Աստուած ներկայիս պիտի բնաջնջէ իր գերիշխանութեան բոլոր հակառակողները, քանի որ ան կ’ըսէ. «Պիտի գիտնան որ ե՛ս եմ Եհովան»։ (Եզեկիէլ 38։23, ՆԱ) Անկէ ետք, Աստուած իր խոստումը պիտի կատարէ, իր երկրպագուները արդարութեան նոր աշխարհ մը մտցնելով։—Բ. Պետրոս 3։13
13 Բոլոր անոնք որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ հաճութիւնը, պէտք է սորվին հաւատքով իր անունը կանչել։ Աստուածաշունչը կը խոստանայ. «Ով որ Տէրոջը անունը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ (Հռովմայեցիս 10։13) Այո, Եհովա անունը շատ մեծ իմաստ ունի։ Եհովան կանչելը՝ որպէս ձեր Աստուածը եւ Ազատարարը՝ անվերջ ուրախութեան կրնայ առաջնորդել ձեզ։
ՃՇՄԱՐԻՏ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
14. Աստուածաշունչը Աստուծոյ ո՞ր հիմնական յատկութիւնները կ’ընդգծէ։
14 Եգիպտոսէն Իսրայէլի ազատագրման ուսումնասիրութիւնը երեւան կը հանէ Աստուծոյ չորս հիմնական յատկութիւնները, որոնք իրար հետ կատարեալ հաւասարակշռութեան մէջ են։ Փարաւոնին հետ իր վերաբերմունքը իր ահաւոր զօրութիւնը յայտնեց։ (Ելից 9։16) Այդ բարդ վիճակը վարպետօրէն ձեռք առնելու կերպը, ցոյց տուաւ իր անմրցելի իմաստութիւնը։ (Հռովմայեցիս 11։33) Պնդագլուխ հառակակորդները եւ իր ժողովուրդը հարստահարողները պատժելով, ան ցոյց տուաւ իր արդարութիւնը։ (Բ. Օրինաց 32։4) Աստուծոյ գերագոյն յատկութիւնը՝ սէրն է։ Եհովա արտակարգ սէր ցոյց տուաւ, Աբրահամի սերունդին նկատմամբ իր տուած խոստումը կատարելով։ (Բ. Օրինաց 7։8) Ան նաեւ սէր ցոյց տուաւ, թոյլ տալով որ կարգ մը Եգիպտացիներ իրենց կեղծ աստուածները լքեն եւ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ կողմը դիրք բռնելով մեծապէս օգտուին։
15, 16. Աստուած ի՞նչ կերպերով սէր ցոյց տուած է։
15 Երբ Աստուածաշունչը կարդաք, պիտի նշմարէք որ Աստուծոյ գլխաւոր յատկութիւնը սէրն է եւ ան բազմաթիւ կերպերով կը յայտնաբերէ զայն։ Օրինակ, սէրէ մղուած ան Ստեղծիչ եղաւ եւ կեանքի ուրախութիւնը առաջին հերթին հոգեղէն արարածներու հետ բաժնեց։ Այդ հարիւր միլիոնաւոր հրեշտակները Աստուած կը սիրեն ու կը փառաբանեն։ (Յոբ 38։4, 7. Դանիէլ 7։10) Աստուած դարձեալ սէր ցոյց տուաւ երկիրը ստեղծելով եւ զայն պատրաստելով, որպէսզի մարդկային ուրախ ցեղը հոն ապրի։—Ծննդոց 1։1, 26–28. Սաղմոս 115։16
16 Աստուծոյ սէրէն ա՛յն աստիճան կ’օգտուինք, զոր կարելի չէ թուել։ Նախ, Աստուած շատ հոյակապօրէն, սիրալիր կերպով շինած է մեր մարմինները, որպէսզի կարենանք կեանքը վայելել։ (Սաղմոս 139։14) Իր սէրը ցոյց տրուած է զոր օրինակ, «անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով»։ (Գործք 14։16) Աստուած նոյնիսկ «իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՝ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՝ արդարներուն եւ թէ մեղաւորներուն վրայ»։ (Մատթէոս 5։45) Սէրը նաեւ կը մղէ մեր Ստեղծիչը որ մեզի օգնէ իր մասին գիտութիւն ստանալու եւ որպէս իր երկրպագուները ուրախութեամբ իրեն ծառայելու։ Արդարեւ, «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Բայց իր անձնաւորութիւնը տակաւին շատ տարբեր երեսականեր ունի։
«ՈՂՈՐՄԱԾ ՈՒ ԲԱՐԵՐԱՐ» ԱՍՏՈՒԱԾ
17. Աստուծոյ մասին ի՞նչ կը սորվինք Ելից 34։6, 7–էն։
17 Իսրայելացիները Կարմիր Ծովը կտրելէն ետք, տակաւին Աստուած աւելի լաւ ճանչնալու կարիքը ունէին։ Մովսէս զգաց այս կարիքը եւ աղօթեց. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, ինծի ցուցուր ուրեմն քու ճամբադ՝ որպէսզի ճանչնամ քեզ, այնպէս որ քու առջեւդ շնորհք գտնեմ»։ (Ելից 33։13) Մովսէս Աստուած աւելի լաւ ճանչցաւ, ուղղակի Աստուծոյ հետեւեալ յայտարարութիւնը լսելով. «Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը յանցանքը ու մեղքը ներող, բայց յանցաւորը ամենեւին անպարտ չի թողուր»։ (Ելից 34։6, 7) Աստուած իր սէրը կը հաւասարակշռէ արդարութեան հետ, յօժարակամ մեղաւորները ձգելով որ իրենց յանցագործութեան հետեւանքները կրեն։
18. Եհովա ի՞նչպէս ողորմած գտնուած է։
18 Աստուած ողորմութիւն ցոյց կու տայ, ինչպէս Մովսէս նկատեց։ Ողորմած անհատ մը տառապողներուն կը գթայ եւ կը ջանայ ամոքել զանոնք։ Ուստի, Աստուած կարեկցութիւն ցոյց տուած է մարդկութեան հանդէպ, տառապանքէն, հիւանդութենէն եւ մահէն վերջնականապէս ամոքելու կարգադրութիւն Յայտնութիւն 21։3–5) Աստուած պաշտողները այս չար աշխարհի վիճակներուն պատճառաւ, կրնան նեղութիւններ ունենալ, կամ իմաստուն կերպով չվարուելով դժուարութիւններու հանդիպիլ։ Բայց եթէ անոնք խոնարհաբար Եհովայի դառնան օգնութեան համար, ան զիրենք պիտի մխիթարէ եւ անոնց օգնէ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան ողորմածօրէն խանդաղատանք ցոյց կու տայ իր երկրպագուներուն հանդէպ։—Սաղմոս 86։15. Ա. Պետրոս 5։6, 7
ընելով։ (19. Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ Աստուած բարեգութ է։
19 Հեղինակութիւն ունեցողներէն շատեր ուրիշներու հետ կոշտութեամբ կը վարուին։ Իսկ հակառակը, Եհովա որքա՜ն բարեգութ կերպով կը վարուի իր խոնարհ ծառաներուն հետ։ Թէեւ ինք տիեզերքի բարձրագոյն հեղինակութիւնն է, ան ամբողջ մարդկութեան հանդէպ աչքառու ազնուութիւն ցոյց կու տայ։ (Սաղմոս 8։3, 4. Ղուկաս 6։35) Եհովա անհատներու հանդէպ ալ բարեգութ է, անոնց մասնայատուկ պաղատանքներուն պատասխանելով։ (Ելից 22։26, 27. Ղուկաս 18։13, 14) Անշուշտ, Աստուած ոեւէ մէկու հանդէպ բարեհաճութիւն կամ ողորմութիւն ցոյց տալու ստիպուած չէ։ (Ելից 33։19) Հետեւաբար, պէտք է խոր գնահատութիւն ցոյց տանք Աստուծոյ ողորմութեան եւ բարեգթութեան հանդէպ։—Սաղմոս 145։1, 8
ԵՐԿԱՅՆԱՄԻՏ, ԱՆԱՉԱՌ ԵՒ ԱՐԴԱՐ
20. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ Եհովա թէ՛ երկայնամիտ է եւ թէ անաչառ։
20 Եհովա երկայնամիտ է։ Սակայն ասիկա չի նշանակեր որ ան ձեռքերը ծալլած է. ան պնդագլուխ Փարաւոնը եւ իր զօրքը բնաջնջեց Կարմիր Ծովուն մէջ։ Եհովա անաչառ ալ է։ Անոր համար, իր նախասիրած ժողովուրդը՝ Իսրայելացիները՝ վերջապէս կորսնցուցին իր հաճութիւնը, քանի որ յանցագործութեան մէջ յարատեւեցին։ Աստուած ամէն ազգի պատկանող անհատներ որպէս իր երկրպագուները կ’ընդունի, պայմանաւ որ անոնք իր արդար ճամբաներուն համակերպին։—Գործք 10։34, 35
21. (ա) Յայտնութիւն 15։2–4–ը ի՞նչ կը սորվեցնէ Աստուծոյ մասին։ (բ) Ի՞նչ բան Աստուծոյ աչքին շիտակ եղածը ընելը աւելի պիտի դիւրացնէ։
21 Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը Աստուծոյ «արդար դատաստանները» սորվելու կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ Անիկա մեզի կ’ըսէ որ երկնային արարածներ կ’երգէին. «Մեծ ու զարմանալի են քու գործերդ, ո՛վ Տէր Աստուած Ամենակալ. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, ո՛վ Թագաւոր սուրբերու. Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ ու քու անունդ չփառաւորէ, վասնզի դո՛ւն միայն սուրբ ես, քանզի բոլոր ազգերը պիտի գան ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն, վասնզի քու արդար դատաստաններդ յայտնուեցան»։ (Յայտնութիւն 15։2–4) Եհովայի արդար նկատած բաներուն համակերպելով, Իրեն հանդէպ առողջ վախ կամ յարգանք ցոյց տուած կ’ըլլանք։ Ասիկա աւելի դիւրին կ’ըլլայ, երբ միշտ մտածենք Աստուծոյ իմաստութեան ու սիրոյ մասին։ Իր բոլոր պատուէրները մեր բարիքին կը ծառայեն։—Եսայեայ 48։17, 18
«ՄԵՐ ՏԷՐ ԱՍՏՈՒԱԾԸ ՄԷԿ ՏԷՐ Է»
22. Աստուածաշունչը ընդունողները ինչո՞ւ Երրորդութիւն մը չեն պաշտեր։
22 Վաղեմի Եգիպտացիները բազմաթիւ աստուածներ կը պաշտէին, բայց Եհովա «բացարձակ պաշտամունք պահանջող Ելից 20։5, ՆԱ) Մովսէս Իսրայելացիներուն յիշեցուց որ «մեր Տէր Աստուածը մէկ Տէր է»։ (Բ. Օրինաց 6։4) Յիսուս Քրիստոս այս նոյն խօսքերը կրկնեց։ (Մարկոս 12։28, 29) Ուստի, անոնք որ Աստուածաշունչը կ’ընդունին որպէս Աստուծոյ Խօսքը, Երրորդութիւն մը չեն պաշտեր. երեք անձեր կամ աստուածներ մէկի մէջ։ Իրականութեան մէջ, «Երրորդութիւն» բառը նոյնիսկ գոյութիւն չունի Աստուածաշունչին մէջ։ Ճշմարիտ Աստուածը մէկ էութիւն է, Յիսուս Քրիստոսէ անջատ։ (Յովհաննու 14։28. Ա. Կորնթացիս 15։28) Աստուծոյ սուրբ հոգին անձ մը չէ։ Անիկա Եհովայի գործօն ոյժն է, որ Ամենակալը կը գործածէ իր նպատակները իրագործելու համար։—Ծննդոց 1։2. Գործք 2։1–4, 32, 33. Բ. Պետրոս 1։20, 21
Աստուած է»։ (23. (ա) Աստուծոյ հանդէպ ձեր սէրը ինչպէ՞ս պիտի աճի։ (բ) Աստուած սիրելու մասին Յիսուս ի՞նչ ըսաւ, իսկ Քրիստոսի մասին ի՞նչ պէտք է սորվինք։
23 Երբ ըմբռնէք որ Եհովա շա՜տ սքանչելի է, չէ՞ք համաձայնիր որ ան ձեր պաշտամունքին արժանի է։ Մինչ իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը՝ կը սերտէք, զինք աւելի լաւ պիտի ճանչնաք եւ պիտի սորվիք թէ ձեր յաւիտենական բարօրութեան ու երջանկութեան համար ձեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ։ (Մատթէոս 5։3, 6) Ասկէ զատ, Աստուծոյ հանդէպ ձեր սէրը պիտի աճի։ Ասիկա շատ տեղին է, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ»։ (Մարկոս 12։30) Բացայայտօրէն, Յիսուս այսպիսի սէր ունէր Աստուծոյ հանդէպ։ Բայց Աստուածաշունչը ի՞նչ ցոյց կու տայ Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Ի՞նչ է իր դերը Եհովայի նպատակին մէջ։
ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ
Ի՞նչ է Աստուծոյ անունը եւ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ որքան յաճախ գործածուած է։
Ինչո՞ւ պէտք է գործածէք Աստուծոյ անունը։
Եհովա Աստուծոյ ո՞ր յատկութիւնները մասնաւորաբար կը հրապուրեն ձեզ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 29]
Որքա՞ն լաւ կը ճանչնաք բոլոր բաներուն Ստեղծիչը