Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Որո՛ւ հեղինակութիւնը պէտք է ընդունիք

Որո՛ւ հեղինակութիւնը պէտք է ընդունիք

Գլուխ 14

Որո՛ւ հեղինակութիւնը պէտք է ընդունիք

1, 2. Իշխանութեան ամէն տեսակ գէ՞շ է. բացատրեցէք։

«ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ» բառը անախորժ կը հնչէ շատերուն ականջին։ Ասիկա հասկնալի է, քանի որ հեղինակութիւնը յաճախ սխալ կերպով բանեցուած է, ըլլայ գործատեղիին, ընտանիքին կամ կառավարութեան մէջ։ Աստուածաշունչը իրապաշտօրէն կ’ըսէ. «Մարդ մը ուրիշ մարդու վրայ կ’իշխէ իրեն թշուառութեան համար»։ (Ժողովողի 8։9) Այո, շատեր ուրիշներու վրայ տիրած են բռնութեամբ եւ անձնական շահու համար։

2 Բայց ամէն հեղինակութիւն վնասաբեր չէ։ Օրինակ, կրնանք ըսել որ մեր մարմինը մեր վրայ հեղինակութիւն կը բանեցնէ։ Անիկա մեզի «կը հրամայէ» որ շնչենք, ուտենք, խմենք եւ քնանանք։ Ասիկա ճնշի՞չ է։ Ո՜չ։ Այս պահանջներուն համակերպիլը մեր բարիքին կը ծառայէ։ Թէեւ մեր մարմնաւոր կարիքներուն ենթարկուիլը կրնայ ակամայ ըլլալ, սակայն կան ուրիշ հեղինակութիւններ, որոնք յօժարակամ հնազանդութիւն կը պահանջեն։ Կարգ մը օրինակներ առնենք։

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

3. Եհովա ինչո՞ւ իրաւացիօրէն կոչուած է «Գերիշխան Տէր»։

3 Աստուածաշունչին մէջ աւելի քան 300 անգամ Եհովան կոչուած է «Գերիշխան Տէր»։ Գերիշխան մը գերագոյն հեղինակութիւն ունի։ Ի՞նչ բան Եհովայի իրաւասութիւն կու տայ այս հանգամանքը ունենալու։ Յայտնութիւն 4։11–ը կը պատասխանէ. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասնզի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։

4. Եհովա իր հեղինակութիւնը ի՞նչ կերպով որոշած է ի գործ դնել։

4 Որպէս մեր Ստեղծիչը, Եհովա իրաւունք ունի իր հեղինակութիւնը ի գործ դնելու իր ուզած կերպով։ Ասիկա կրնայ սարսափելի թուիլ, մանաւանդ երբ նկատի առնենք որ Աստուած «սաստիկ զօրութիւն» ունի։ Ան կոչուած է «Ամենակարող Աստուած». արտայայտութիւն մը որ Եբրայերէնին մէջ գերակայ զօրութեան գաղափարը կու տայ։ (Եսայեայ 40։26. Ծննդոց 17։1) Այսուհանդերձ, Եհովա իր զօրութիւնը ցոյց կու տայ բարեսիրութեամբ, քանի որ իր տիրական յատկութիւնը՝ սէրն է։—Ա. Յովհաննու 4։16

5. Ինչո՞ւ դժուար չէ Եհովայի հեղինակութեան ենթարկուիլ։

5 Թէեւ Եհովա զգուշացուց որ անզեղջ յանցագործը պիտի պատժէր, Բայց Մովսէս զինք կը ճանչնար գլխաւորաբար որպէս ճշմարիտ «Աստուած, հաւատարիմ Աստուածը, որ զինք սիրողներուն ու իր պատուիրանքները պահողներուն ... ուխտ ու ողորմութիւն կը պահէ»։ (Բ. Օրինաց 7։9) Պահ մը երեւակայեցէ՛ք. տիեզերքի Գերագոյն Հեղինակութիւնը մեզի չ’ստիպեր որ իրեն ծառայենք։ Հապա, իր սիրոյն պատճառաւ իրմով հրապուրուած ենք։ (Հռովմայեցիս 2։4. 5։8) Եհովայի հեղինակութեան ենթարկուիլը նոյնիսկ հաճոյք մըն է, քանի որ իր օրէնքները միշտ մեր բարիքին կը ծառայեն։—Սաղմոս 19։7, 8

6. Եդեմի պարտէզին մէջ հեղինակութեան հարցը ինչպէ՞ս ծագեցաւ եւ ի՞նչ արդիւնքով։

6 Մեր առաջին ծնողքը Աստուծոյ գերիշխանութիւնը մերժեց։ Անոնք ուզեցին իրենց համար որոշել ինչ որ բարի ու ինչ որ չար էր։ (Ծննդոց 3։4–6) Որպէս հետեւանք, անոնք վտարուեցան իրենց Դրախտային բնակարանէն։ Անկէ ետք, Եհովա թոյլատրեց որ մարդիկ հեղինակաւոր կառոյցներ ունենան, որպէսզի կարգ ու կանոնով ապրին, թէեւ՝ անկատար։ Այդ հեղինակութիւններէն ոմանք ի՞նչ են եւ անոնց հանդէպ Աստուած մեզմէ ո՛ր աստիճան հնազանդութիւն կը պահանջէ։

«ՎԵՐԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»Ը

7. Որո՞նք են վերին իշխանութիւններըեւ անոնց դիրքը ի՛նչպէս կարելի է բաղդատել Աստուծոյ հեղինակութեան հետ։

7 Պօղոս առաքեալ գրեց. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած [վերին, ՆԱ] իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասնզի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ»։ Որոնք են հոս յիշուած «իշխանութիւնները»։ Պօղոսի յաջորդ խօսքերը ցոյց կու տան որ անոնք մարդկային կառավարական հեղինակութիւններն են։ (Հռովմայեցիս 13։1–7. Տիտոս 3։1) Եհովան ինք չէ որ ծագում տուաւ մարդկային կառավարական հեղինակութիւններուն, բայց անոնք իր արտօնութեամբ գոյացան։ Ուստի Պօղոս կրնար գրել. «Այն իշխանութիւնները որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են»։ Ասիկա ի՞նչ ցոյց կու տայ այս երկրային հեղինակութիւններու առնչութեամբ։ Ցոյց կու տայ որ անոնք Աստուծոյ հեղինակութենէն ստորադաս են։ (Յովհաննու 19։10, 11) Ուստի, երբ մարդուն ու Աստուծոյ օրէնքին մէջ բախումներ ըլլան, Քրիստոնեաները Աստուածաշունչով մարզուած իրենց խղճով պէտք է առաջնորդուին։ Անոնք առաւել Աստուծոյ պէտք է հնազանդին, քան թէ մարդոց։—Գործք 5։29

8. Վերին իշխանութիւններէն ինչպէ՞ս կ’օգտուինք եւ անոնց հանդէպ մեր հպատակութիւն ի՛նչպէս ցոյց կու տանք։

8 Շատ յաճախ սակայն, կառավարական վերին իշխանութիւնները կը գործեն որպէս Աստուծոյ սպասաւորը բարիի համար։ (Հռովմայեցիս 13։4) Ի՞նչ կերպերով։ Խորհեցէք վերին իշխանութիւններուն մատուցանած կարգ մը սպասարկութիւններուն մասին. թղթատարական սպասարկութիւն, ոստիկանութիւն, հրդեհէն պաշտպանութիւն, առողջապահական միջոցառումներ եւ կրթական դրութիւն։ «Այս պատճառաւ է որ տուրք ալ կու տաք», գրեց Պօղոս, «վասնզի Աստուծոյ սպասաւորներն են այն նոյն բանին հոգ տանելու»։ (Հռովմայեցիս 13։6) Տուրքերու եւ օրինական ուրիշ պարտաւորութիւններու առնչութեամբ պէտք է աղէկ վարմունք ունենանք։—Եբրայեցիս 13։18

9, 10. (ա) Վերին իշխանութիւնները ինչպէ՞ս Աստուծոյ կարգադրութիւնն են։ (բ) Վերին իշխանութիւններուն հակառակիլը ինչո՞ւ սխալ պիտի ըլլար։

9 Վերին իշխանութիւնները երբեմն իրենց հեղինակութիւնը չարաչար կը գործածեն։ Արդեօք ասիկա մեզ կը ձերբազատէ՞ անոնց հնազանդելու մեր պատասխանատուութենէն։ Անշուշտ ոչ։ Եհովա կը տեսնէ այդ իշխանութիւններուն սխալ արարքները։ (Առակաց 15։3) Երբ Եհովա կը հանդուրժէ մարդկային իշխանութեան, ասիկա չի նշանակեր որ ինք աչք կը խփէ անոր ապականութեան վրայ. ոչ ալ կ’ակնկալէ որ մենք այդպէս ընենք։ Աստուած շուտով «այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ», զանոնք փոխարինելով իր արդար կառավարական իշխանութեամբ։ (Դանիէլ 2։44) Բայց մինչ այդ, վերին իշխանութիւնները պիտանի նպատակի կը ծառայեն։

10 Պօղոս բացատրեց. «Ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին [կարգադրութեան] դէմ կը կենայ»։ (Հռովմայեցիս 13։2) Վերին իշխանութիւնները Աստուծոյ «կարգադրութիւն»ն են, այն առումով որ որոշ չափով անոնք կարգ ու կանոնը կը պահեն, առանց որու քաոսային եւ անիշխանական վիճակ կը տիրէր։ Անոնց հակառակիլը հակա–սուրբ գրային եւ անիմաստ պիտի ըլլար։ Օրինակ մը տանք. Երեւակայեցէք որ վիրահատուած էք եւ ձեր վէրքը ապահովութեան համար կարուած է։ Թէեւ այդ կարը օտար է ձեր մարմնին, սակայն ժամանակի մը համար որոշ նպատակի կը ծառայէ։ Ժամանակէն առաջ զանոնք հանելը կրնայ վնասել։ Նմանապէս, մարդկային կառավարական հեղինակութիւնները Աստուծոյ սկզբնական նպատակին մաս չէին կազմեր։ Սակայն, մինչեւ որ իր Թագաւորութիւնը երկրի տիրապետութիւնը լիովին իր ձեռքը առնէ, կառավարութիւնները մարդկային ընկերութիւնը միացած պահելու կը ծառայեն, կատարելով պաշտօն մը որ ներկայ ժամանակին մէջ Աստուծոյ կամքին կը յարմարի։ Հետեւաբար, պէտք է հնազանդինք վերին իշխանութիւններուն, սակայն միշտ Աստուծոյ օրէնքին ու իշխանութեան նախապատուութիւն տալով։

ՏԱՆ ՄԷՋ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

11. Գլխաւորութեան սկզբունքը ինչպէ՞ս կրնաք բացատրել։

11 մարդկային ընկերութեան հիմնական միաւորն է։ Հոն ամուսին մը եւ կին մը կրնան վարձահատոյց ընկերակցութիւն վայելել, իսկ երախաները՝ պաշտպանութիւն գտնել ու ապագայ կեանքի համար մարզում ստանալ։ (Առակաց 5։15–21. Եփեսացիս 6։1–4) Հարկաւոր էր որ այսպիսի վեհ կարգադրութիւն մը այնպէս մը կազմակերպուած ըլլար որ ընտանիքի անդամներուն կարելիութիւն տար իրարու հետ խաղաղութեամբ ու համերաշխութեամբ ապրելու։ Ասիկա իրագործելու համար, Եհովա գլխաւորութեան սկզբունքը տուաւ, որ ամփոփուած է Ա. Կորնթացիս 11։3–ի մէջ. «Ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած»։

12, 13. Ընտանիքին գլուխը ո՞վ է եւ գլխաւորութիւն ի գործ դնելու Յիսուսի կերպէն ի՛նչ կը սորվինք։

12 Ամուսինը՝ տան գլուխն է։ Բայց իրմէ վեր եղող գլուխ մը կայ՝ Յիսուս Քրիստոս։ Պօղոս գրեց. «Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին ու իր անձը մատնեց անոր համար»։ (Եփեսացիս 5։25) Ամուսին մը Քրիստոսի հանդէպ իր հպատակութիւնը կը յայտնաբերէ, երբ իր կնոջ հետ կը վարուի ա՛յնպէս՝ ինչպէս Յիսուս վարուեցաւ ժողովքին հետ։ (Ա. Յովհաննու 2։6) Յիսուսի մեծ հեղինակութիւն յանձնուած է, սակայն ան ամենայն ազնուութեամբ, սիրով եւ տրամաբանութեամբ կը գործադրէ զայն։ (Մատթէոս 20։25–28) Յիսուս երկրի վրայ եղած ատեն իր հեղինակութիւնը բնաւ չարաչար չգործածեց։ Ան «հեզ ու սրտով խոնարհ» էր. իսկ իր հետեւորդները «բարեկամ» անուանեց եւ ոչ թէ «ծառայ»։ «Ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ», խոստացաւ անոնց եւ իրապէս ալ ըրաւ։—Մատթէոս 11։28, 29. Յովհաննու 15։15

13 Յիսուսի օրինակը ամուսիններուն կը սորվեցնէ որ Քրիստոնէական գլխաւորութիւնը բրտօրէն տիրապետելու դիրք մը չէ։ Այլ, անիկա յարգանքով եւ անձնազոհ սիրով ի գործ պէտք է դրուի։ Հետեւաբար, ասիկա բացարձակապէս կը վանէ կողակիցի մը հանդէպ ֆիզիքական ու բանաւոր վատ վերաբերմունքը։ (Եփեսացիս 4։29, 31, 32. 5։28, 29. Կողոսացիս 3։19) Եթէ Քրիստոնեայ այր մը վատ կերպով վարուի իր կնոջ հետ, իր մնացեալ բարի գործերը անարժէք կը դառնան, իսկ իր աղօթքները արգելքի կը հանդիպին։—Ա. Կորնթացիս 13։1–3. Ա. Պետրոս 3։7

14, 15. Աստուծոյ գիտութիւնը ինչպէ՞ս կ’օգնէ կնոջ մը որ իր ամուսինին հնազանդի։

14 Երբ ամուսին մը Քրիստոսի օրինակին հետեւի, իր կնոջ համար աւելի դիւրին կ’ըլլայ Եփեսացիս 5։22, 23–ի խօսքերուն ենթարկուիլ. «Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. վասնզի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է»։ Ինչպէս որ ամուսին մը Քրիստոսի պէտք է ենթարկուի, կին մըն ալ՝ իր ամուսինին։ Աստուածաշունչը նաեւ բացայայտօրէն կը նշէ որ կարող կամ առաքինի կիները, պատիւի եւ գովաբանութեան արժանի են իրենց բարեպաշտ իմաստութեան եւ աշխատասիրութեան համար։—Առակաց 31։10–31

15 Իր ամուսինին հանդէպ Քրիստոնեայ կնոջ մը հնազանդութիւնը՝ յարաբերական է։ Երբ կարգ մը հարցերու մէջ հնազանդութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ որ աստուածային օրէնքը բեկանուի, աւելի Աստուծոյ պէտք է հնազանդիլ քան թէ մարդու։ Նոյնիսկ այդ պարագային, կին մը հաստատ դիրք մը բռնելով հանդերձ, պէտք է «հեզ ու հանդարտ» ըլլայ։ Բացայայտ պէտք է ըլլայ որ Աստուծոյ գիտութիւնը զինք աւելի լաւ կին մը դարձուցած է։ (Ա. Պետրոս 3։1–4) Նոյնն է Քրիստոնեայ ամուսինի մը պարագան, որու կինը անհաւատ մըն է։ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հպատակիլը զինք աւելի լաւ ամուսին մը պէտք է դարձնէ։

16. Երախաները ինչպէ՞ս կրնան պատանի Յիսուսը ընդօրինակել։

16 Եփեսացիս 6։1–ը զաւակներուն դերը կ’ընդգծէ, ըսելով. «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով, վասնզի այդ է արժանը»։ Քրիստոնեայ երախաները Յիսուսի օրինակին կը հետեւին, որ շարունակեց իր ծնողներուն հնազանդ մնալ, մինչ կը մեծնար։ Որպէս հնազանդ որդի մը, ան կը շարունակէր «զարգանա[լ] իմաստութիւնով ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով»։—Ղուկաս 2։51, 52

17. Ծնողներուն ի գործ դրած հեղինակութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ երախաներուն վրայ։

17 Իրենց պատասխանատուութիւնները ձեռք առնելու ծնողներուն կերպը, որոշ չափով կորոշէ որ իրենց զաւակները հեղինակութիւնը պիտի յարգե՞ն թէ անոր դէմ պիտի ըմբոստանան։ (Առակաց 22։6) Ուստի, լաւ է որ ծնողներ իրենք իրենց հարցնեն. Ես իմ հեղինակութիւնս սիրալի՞ր կերպով թէ կոշտութեամբ ի գործ կը դնեմ։ Արդեօք թո՞յլ եմ։ Աստուածապաշտ ծնողէ մը կ’ակնկալուի որ սիրալիր եւ փափկանկատ ըլլայ, սակայն, աստուածային սկզբունքներու կառչելու մէջ՝ հաստատ։ Տեղին ըլլալով, Պօղոս գրեց. «Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։—Եփեսացիս 6։4. Կողոսացիս 3։21

18. Ծնողական կրթութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է տրուի։

18 Ծնողներ պէտք է զննեն դաստիարակելու իրենց կերպերը, մանաւանդ երբ կը փափաքին որ իրենց զաւակները հնազանդ ըլլան եւ իրենց ուրախութիւն պատճառեն։ (Առակաց 23։24, 25) Աստուածաշունչին մէջ կրթութիւնը գլխաւորաբար դաստիարակելու կերպ մըն է։ (Առակաց 4։1. 8։33) Անոր կ’ընկերակցի սէրն ու մեղմութիւնը եւ ոչ թէ ցասումը կամ բրտութիւնը։ Հետեւաբար, Քրիստոնեայ ծնողներ պէտք է իմաստութեամբ վարուին եւ անձնազսպում ունենան, երբ իրենց զաւակները կը կրթեն։—Առակաց 1։7

ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ ԺՈՂՈՎՔԻՆ ՄԷՋ

19. Քրիստոնէական ժողովքին մէջ կարգ ու կանոնը պահուելու համար Աստուած ի՞նչ կարգադրութիւն ըրած է։

19 Քանի որ Եհովա կարգապահ Աստուած մըն է, տրամաբանական է որ իր ժողովուրդին հեղինակաւոր եւ լաւ կազմակերպուած առաջնորդութիւն մը հայթայթէ։ Անոր համար, ան Յիսուսը նշանակած է որպէս Քրիստոնէական ժողովքին Գլուխը։ (Ա. Կորնթացիս 14։33, 40. Եփեսացիս 1։20–23) Քրիստոսի անտեսանելի առաջնորդութեան ներքեւ, Աստուած կարգադրութիւն մը արտօնած է, որպէսզի իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ նշանակուած երէցներ ջանադրութեամբ, յօժարութեամբ եւ սիրով հօտը հովուեն։ (Ա. Պետրոս 5։2, 3) Օգնական ծառաները տարբեր կերպերով անոնց օգտակար կըլլան եւ ժողովքին մէջ արժէքաւոր ծառայութիւն կը մատուցանեն։—Փիլիպպեցիս 1։1

20. Նշանակուած Քրիստոնեայ երէցներուն ինչո՞ւ հնազանդ պէտք է ըլլանք եւ ասիկա ինչո՛ւ օգտակար է։

20 Քրիստոնեայ երէցներուն առնչութեամբ Պօղոս գրեց. «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասնզի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէսզի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասնզի այն ձեզի օգտակար չէ»։ (Եբրայեցիս 13։17) Իմաստուն կերպով, Աստուած Քրիստոնեայ տեսուչներու վստահած է ժողովքի անդամներուն հոգեւոր կարիքներուն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը։ Այդ երէցները կղեր դաս մը չեն կազմեր։ Անոնք Աստուծոյ ծառաները կամ գերիներն են, իրենց հաւատակիցներու կարիքներուն սպասարկութիւն ընելով, ինչպէս մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ ըրաւ։ (Յովհաննու 10։14, 15) Երբ գիտակցինք որ Սուրբ Գրայինօրէն որակելի եղող այդ մարդիկը, մեր յառաջդիմութեամբ եւ հոգեւոր աճումով հետաքրքրուած են, անիկա մեզ պիտի քաջալերէ որ համագործակցինք եւ հնազանդ ըլլանք։—Ա. Կորնթացիս 16։16

21. Նշանակուած երէցները ինչպէ՞ս կը ջանան իրենց Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն օգնել հոգեւոր գետնի վրայ։

21 Երբեմն, ոչխարներ կրնան մոլորիլ եւ աշխարհային վնասակար տարրերու պատճառաւ վտանգի մէջ ըլլալ։ Գլխաւոր Հովիւին առաջնորդութեան ներքեւ, երէցները, որպէս ենթահովիւներ, իրենց հոգածութեան ներքեւ եղողներուն կարիքներուն հանդէպ արթուն են եւ ջանադրութեամբ անոնց անձնական ուշադրութիւն կ’ընծայեն։ (Ա. Պետրոս 5։4) Անոնք ժողովքի անդամներուն այցելութիւն կու տան եւ զանոնք կը քաջալերեն։ Գիտնալով որ Բանսարկուն կը ջանայ Աստուծոյ ժողովուրդին խաղաղութիւնը խանգարել, երէցները որեւէ հարց ձեռք առնելու ատեն վերին իմաստութիւնը ի գործ կը դնեն։ (Յակոբու 3։17, 18) Անոնք ծանր կ’աշխատին որպէսզի հաւատքի միութիւնը պահեն, որու համար Յիսուս աղօթեց։—Յովհաննու 17։20–22. Ա. Կորնթացիս 1։10

22. Յանցագործութեան մը պարագային երէցները ի՞նչ օգնութիւն կը մատուցանեն։

22 Ի՞նչ կը պատահի, երբ Քրիստոնեայ մը չարիքի մը հանդիպած, կամ մեղք մը գործած ըլլալով՝ յուսահատի։ Աստուածաշունչի հանգստացնող խրատները եւ իրեն ի նպաստ եղած երէցներուն սրտանց աղօթքները, կրնան օգնել որ իր հոգեւոր առողջութիւնը վերագտնէ։ (Յակոբու 5։13–15) Այս մարդիկը, որոնք սուրբ հոգիին կողմէ նշանակուած են, հեղինակութիւն ունին կրթելու կամ յանդիմանելու ոեւէ մէկը որ սխալ ընթացք մը կը հետապնդէ եւ կամ ժողովքին հոգեւոր ու բարոյական մաքրութեան վտանգ մը կը սպառնայ։ (Գործք 20։28. Տիտոս 1։9. 2։15) Ժողովքը մաքուր պահելու համար, անհրաժեշտ է որ լուրջ յանցագործութիւն մը անոնց ուշադրութեան յանձնուի։ (Ղեւտացւոց 5։1) Եթէ լուրջ մեղք գործած Քրիստոնեայ մը սուրբ գրային կրթութիւնն ու յանդիմանութիւնը ընդունի եւ ապացուցանէ որ իրապէս զղջացած է, անոր օգնութիւն պիտի տրուի։ Անշուշտ, ան որ Աստուծոյ օրէնքը բռնաբարելու մէջ կը յարատեւէ ու չի զղջար՝ կը վտարուի։—Ա. Կորնթացիս 5։9–13

23. Քրիստոնեայ երէցները ժողովքի բարօրութեան համար ի՞նչ կը հայթայթեն։

23 Աստուածաշունչը նախագուշակած էր որ Յիսուս Քրիստոս Թագաւորի իշխանութեան ներքեւ, հոգեւորապէս հասուն այրեր պիտի նշանակուէին, Աստուծոյ ժողովուրդը մխիթարելու, պաշտպանելու եւ հանգստացնելու համար։ (Եսայեայ 32։1, 2) Անոնք որպէս աւետարանիչներ, հովիւներ եւ ուսուցիչներ առաջնորդութիւն պիտի ստանձնէին, հոգեւոր աճման նպաստելու համար։ (Եփեսացիս 4։11, 12, 16) Թէեւ Քրիստոնեայ տեսուչները երբեմն իրենց հաւատակիցները կը յանդիմանեն, կը սաստեն եւ կը յորդորեն, սակայն Աստուծոյ Խօսքին վրայ հիմնուած, երէցներուն օգտակար ուսուցումը կիրարկելը կ’օգնէ որ բոլորս ալ կեանքի ճամբուն մէջ մնանք։—Առակաց 3։11, 12. 6։23. Տիտոս 2։1

ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԵՀՈՎԱՅԻ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑԷՔ

24. Ամէն օր ո՞ր հարցով փորձի կ’ենթարկուինք։

24 Հեղինակութեան հնազանդելու հարցով, առաջին մարդն ու կինը փորձի ենթարկուեցան։ Զարմանալի չէ որ նոյնանման փորձ մը կը դիմագրաւենք ամէն օր։ Բանսարկու Սատանան մարդոց մէջ ըմբոստութեան հոգին կը քաջալերէ։ (Եփեսացիս 2։2) Անկախ ընթացքը այնպէս մը ներկայացուած է որ անիկա շատ աւելի հրապուրիչ եւ գերակայ կը թուի, քան հնազանդութեան ընթացքը։

25. Աշխարհի ըմբոստ հոգին մերժելուն եւ Աստուծոյ դրած կամ թոյլատրած հեղինակութիւներու ենթարկուելուն օգուտները ի՞նչ են։

25 Սակայն, պէտք է մերժենք աշխարհային ըմբոստ հոգին։ Երբ այսպէս ընենք, պիտի տեսնենք որ աստուածապաշտ հնազանդութիւնը ճոխ վարձատրութիւններ կը բերէ։ Օրինակ, հեղինակութիւններու հետ խնդիրներ ունեցողներուն համար սովորական եղող մտավախութիւններէն եւ վրդովումներէն զերծ պիտի ըլլանք։ Շատ մը ընտանիքներէն նուազ ընտանեկան բախումներ պիտի ունենանք։ Իսկ մեր Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հետ ջերմ, սիրալիր ընկերակցութիւն պիտի վայելենք։ Բայց աւելի կարեւորը, մեր աստուածապաշտ հնազանդութեան արդիւնքը պիտի ըլլայ Եհովայի՝ Գերագոյն Հեղինակութեան հետ լաւ յարաբերութիւն մը։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Եհովա իր հեղինակութիւնը ինչպէ՞ս ի գործ կը դնէ։

Որո՞նք են ‘վերին իշխանութիւնները’ եւ անոնց ինչպէ՛ս հնազանդ կ’ըլլանք։

Գլխաւորութեան սկզբունքը ի՞նչ պատասխանատուութիւն կը դնէ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին վրայ։

Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ի՞նչպէս հնազանդութիւն ցոյց կու տանք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 134]

ԱՆՈՆՔ ՀՆԱԶԱՆԴ ԵՆ ԵՒ ՈՉ՝ ՔԱՆԴՈՂ

Իրենց հանրային քարոզչութեամբ, Եհովայի Վկաները Աստուծոյ Թագաւորութեան կը մատնանշեն որպէս մարդկութեան միակ յոյսը՝ իրական խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար։ Բայց Աստուծոյ Թագաւորութեան այս եռանդուն քարոզիչները որեւէ սպառնալիք մը չեն այն կառավարութիւններուն, որոնց ներքեւ կ’ապրին։ Ընդհակառակը, Վկաները ամենէն յարգալից եւ օրինապահ քաղաքացիներն են։ «Եթէ կրօնական բոլոր յարանուանութիւնները Եհովայի վկաներուն նման ըլլային», ըսաւ Ափրիկեան երկրի մը պաշտօնեաներէն մէկը, «սպանութիւններ, գողեր, յանցագործներ, բանտարկեալներ եւ հիւլէական ռումբեր պիտի չունենայինք։ Դռները միշտ կղպելու կարիքը պիտի չունենայինք»։

Ասոր գիտակցելով, շատ մը երկիրներու պաշտօնեաներ թոյլ տուած են որ Վկաները իրենց քարոզչութիւնը անարգել շարունակեն։ Ուրիշ երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաներու ունեցած լաւ ազդեցութեան անդրադառնալով, հեղինակութիւններ անոնց վրայէն արգելքը վերցուցած են։ Ինչպէս Պօղոս առաքեալ վերին իշխանութիւններու հնազանդելու մասին գրեց. «Բարիք գործէ ու անկէ գովութիւն պիտի ընդունիս»։—Հռովմայեցիս 13։1, 3