Ուրախ ապագայ մը կրնաք ունենալ
Գլուխ 1
Ուրախ ապագայ մը կրնաք ունենալ
1, 2. Ստեղծիչը ի՞նչ կը փափաքի ձեզի համար։
ՍԻՐԵԼԻԻ մը կողմէ ջերմ ողջագուրում մը։ Սիրելի բարեկամներու հետ համադամ ճաշի մը ընթացքին սրտաբուխ խնդուք մը։ Ձեր երախաներուն զուարթ խաղը դիտելու հաճոյքը. այսպիսի վայրկեաններ կեանքի մէջ ուրախ պահեր են։ Սակայն, շատերուն համար՝ կեանքը լեցուն է իրար յաջորդող լուրջ խնդիրներով։ Եթէ ձեր պարագան այս է, մի՛ յուսահատիք։
2 Աստուծոյ կամքն է որ մնայուն ուրախութիւն վայելէք հոյակապ միջավայրի մը մէջ, լաւագոյն պայմաններու ներքեւ։ Ասիկա լոկ երազ մը չէ, քանի որ Աստուած ա՛յսպիսի ուրախ ապագայի մը բանալին կը հրամցնէ ձեզի։ Այս բանալին գիտութիւնն է։
3. Ո՞ր գիտութիւնը ուրախութեան բանալին է եւ ինչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած կրնայ այդ գիտութիւնը հայթայթել։
3 Մենք կը խօսինք մասնայատուկ գիտութեան մը մասին, որ մարդկային իմաստութենէն գերիվեր է։ Անիկա «Աստուծոյ գիտութիւնն է»։ (Առակաց 2։5) Շուրջ 2000 տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը գրողներէն մէկը ըսաւ. «Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է»։ (Եբրայեցիս 3։4) Խորհեցէք այս բոլոր բաները շինողին ունեցած գիտութեան մասին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Աստուած բոլոր աստղերը կը համրէ եւ զանոնք կ’անուանէ։ Ի՜նչ ապշեցուցիչ միտք մը, քանի որ միայն մեր հոյախումբին մէջ հարիւր միլիառաւոր աստղեր կան, իսկ աստղագէտներ կ’ըսեն որ հարիւր միլիառաւոր ուրիշ հոյախումբեր ալ կան։ (Սաղմոս 147։4) Աստուած մեր մասին ալ ամէն բան գիտէ. ուստի ուրիշ ո՞վ կրնայ կեանքի կարեւոր հարցերու մասին աւելի լաւ պատասխան մը հայթայթել։—Մատթէոս 10։30
4. Ինչո՞ւ պէտք է ակնկալենք որ Աստուած մեզ առաջնորդելու համար խրատներ տայ եւ ո՛ր գիրքը այդ կարիքը կը լեցնէ։
4 Մտապատկերացուցէք երկու անհատներ, որոնք իրենց ինքնաշարժները կը նորոգեն։ Անոնցմէ մէկը յուսախաբութեամբ զայրացած գործիքները գետին կը նետէ։ Իսկ միւսը հանդարտօրէն կը շտկէ խնդիրը, բանալին կը դարձնէ եւ մինչ շարժակը կը սկսի աշխատիլ եւ սահուն կերպով դառնալ, գոհունակութեան ժպիտ մը կը պատէ իր դէմքը։ Ձեզի համար դժուար պիտի չըլլլար ենթադրել թէ այս երկուքէն ո՛վ գործարանատիրոջ ուղեգիրքը ունէր։ Տրամաբանական չէ՞ որ Աստուած մեր կեանքը առաջնորդող հրահանգներ տայ մեզի։ Ինչպէս գիտէք, Աստուածաշունչը կը դաւանի ճիշդ այդ գիրքը ըլլալ. մեր սիրալիր Ստեղծիչին կողմէ հայթայթուած խրատի եւ առաջնորդութեան գիրք մը, որուն նպատակն է Աստուծոյ գիտութիւնը մատակարարել մեզի։—5. Աստուածաշունչի պարունակած գիտութիւնը ո՞րքան արժէքաւոր է։
5 Եթէ ինչ որ Աստուածաշունչը կը դաւանի ճիշդ է, խորհեցէք թէ այդ գիրքը գիտութեան ի՜նչպիսի գանձ մը պէտք է պարունակէ։ Առակաց 2։1–5–ի մէջ, անիկա մեզ կը յորդորէ որ իմաստութիւն փնտռենք, զայն գտնելու համար պահուած գանձի մը պէս փորենք. ո՛չ թէ մարդկային մտքի հողին մէջ, այլ՝ Աստուծոյ Խօսքին մէջ։ Եթէ անոր մէջ փնտռենք, «Աստուծոյ գիտութիւնը» պիտի գտնենք։ Քանի որ Աստուած մեր սահմանափակումներն ու կարիքները կը հասկնայ, ան մեզի խրատներ կու տայ, որոնք պիտի օգնեն խաղաղ եւ ուրախ կեանք մը վարելու։ (Սաղմոս 103։14. Եսայեայ 48։17) Ասկէ զատ, Աստուծոյ գիտութիւնը մեզ ոգեւորող բարի լուր մըն ալ կու տայ։
ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
6. Աստուծոյ գիտութեան նկատմամբ Յիսուս Քրիստոս ի՞նչ վստահեցուց։
6 Պատմական հանրածանօթ անձնաւորութիւն մը՝ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ գիտութեան այս երեսակը յստակ կերպով նկարագրեց։ Ան ըսաւ. «Այս կը նշանակէ յաւիտենական կեանք, որ գիտութիւն ստանան միմիայն ճշմարիտ Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, զոր դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3. ՆԱ) Երեւակայեցէ՜ք. գիտութիւն մը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։
7. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Աստուած մտադրած չէր որ մարդը մեռնէր։
7 Յաւիտենական կեանքը հապճեպով մի՛ մերժէք, որպէս լոկ երազ մը։ Ընդհակառակը, նայեցէք թէ մարդկային մարմինը ի՛նչպէս շինուած է։ Անիկա հոյակապ կերպով ծրագրուած է որպէսզի համտեսէ, լսէ, հոտոտայ, տեսնէ եւ զգայ։ Երկրի վրայ շատ բաներ կան, որոնք հաճոյք կը պատճառեն մեր զգայարանքներուն, ինչպէս համադամ կերակուրը, թռչունին հաճելի գեղգեղանքը, բուրումնաւէտ ծաղիկները, գեղեցիկ տեսարանները, հաճելի ընկերակցութիւնը։ Իսկ մեր ապշեցուցիչ ուղեղը գերհամակարգիչէ մը գերազանց կարողութիւն ունի, քանի որ մեզի կ’օգնէ որ այս բոլոր բաները գնահատենք եւ վայելենք։ Կը խորհի՞ք որ մեր Ստեղծիչը կ’ուզէ որ մեռնինք եւ այս բոլորը կորսնցնենք։ Աւելի տրամաբանական պիտի չըլլա՞ր եզրակացնել որ ան կ’ուզէ որ ուրախ ապրինք եւ կեանքը յաւիտեան վայելենք։ Այո, Աստուծոյ գիտութիւնը ա՛սիկա կրնայ նշանակել ձեզի համար։
ԿԵԱՆՔ՝ ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԷՋ
8. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ մարդկութեան ապագային մասին։
8 Ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ երկրին ու մարդկութեան ապագային մասին, կարելի է մէկ բառի մէջ ամփոփել. Դրա՛խտ։ Յիսուս Քրիստոս այս մասին խօսեցաւ, երբ մահուան սեմին գտնուող մարդու մը ըսաւ. «Դուն [այսօր] ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս»։ (Ղուկաս 23։43) Դրախտին ակնարկումը անկասկած այդ մարդուն յիշեցուց մեր առաջին ծնողքին՝ Ադամի եւ Եւայի՝ ուրախ վիճակը։ Երբ Աստուած ստեղծեց զանոնք, անոնք կատարեալ էին ու պարտէզի մը մէջ կ’ապրէին, որ Ստեղծիչին կողմէ ուրուագծուած եւ պատրաստուած էր։ Տեղին ըլլալով, ան կը կոչուէր Եդեմի՝ հաճոյքի՝ պարտէզ։
9. Կեանքը ի՞նչպէս էր սկզբնական Դրախտին մէջ։
9 Այդ պարտէզը ի՜նչ հաճելի էր։ Անիկա իրական դրախտ մըն էր։ Անոր գեղեցիկ ծառերուն մէջ կային համադամ պտղատու ծառեր։ Երբ Ադամն ու Եւան կը զննէին իրենց բնակավայրը, անոր քաղցր ջուրը կը խմէին ու անոր ծառերուն պտուղները կը քաղէին, մտահոգուելու կամ վախնալու պատճառ մը չունէին։ Նոյնիսկ անասունները չէին սպառնար իրարու, քանի որ Աստուած մարդն ու անոր կինը դրած էր որպէսզի այդ բոլորին սիրալիր կերպով տիրէին։ Ասկէ զատ, մարդկային առաջին զոյգը կայտառ առողջութիւն կը վայելէր։ Այնքան ատեն որ Աստուծոյ հնազանդ Ծննդոց 1։28
մնային, յաւիտեան ուրախ ապագայ մը կը սպասէր անոնց։ Հոյակապ դրախտ բնակարանին հոգ տանելու գոհացուցիչ գործ մը յանձնուած էր անոնց։ Ասկէ զատ, Աստուած Ադամին ու Եւային տուած էր ‘երկիրը լեցնելու եւ անոր տիրելու’ յանձնարարութիւնը։ Անոնք եւ իրենց սերունդը դրախտին սահմանները պիտի ընդարձակէին, մինչեւ որ մեր ամբողջ մոլորակը գեղեցիկ ու հաճոյալի վայր մը դառնար։—10. Երբ Յիսուս Դրախտին մասին խօսեցաւ, ան իր մտքին մէջ ի՞նչ ունէր։
10 Սակայն, երբ Յիսուս Դրախտին ակնարկեց, ան ըսել չուզեց որ մահամերձ մարդը հեռաւոր անցեալին մասին մտածէր։ Ո՜չ, Յիսուս ապագայի մասին կը խօսէր։ Ան գիտէր որ մեր ամբողջ երկրային բնակարանը դրախտ մը պիտի ըլլար։ Այսպիսով, Աստուած մարդկութեան եւ երկրին առնչութեամբ իր սկզբնական նպատակը պիտի իրագործէր։ (Եսայեայ 55։10, 11) Այո, Դրախտը պի՛տի վերահաստատուի։ Բայց անիկա ի՞նչ բանի պիտի նմանի։ Թոյլ տանք որ Աստուծոյ Խօսքը՝ Սուրբ Աստուածաշունչը՝ պատասխանէ մեզի։
ԿԵԱՆՔԸ՝ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԷՋ
11. Վերահաստատուած Դրախտին մէջ ի՞նչ պիտի պատահի հիւանդութեան, ծերութեան ու մահուան։
11 Այլեւս հիւանդութիւն, ծերութիւն եւ մահ պիտի չըլլայ։ «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։ (Եսայեայ 35։5, 6) «Աստուած ինք [մարդկութեան] հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը։ Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասնզի առաջուան բաները անցան»։—Յայտնութիւն 21։3, 4
12. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ ապագայ Դրախտին մէջ, այլեւս ոճիր, բռնութիւն եւ չարութիւն պիտի չըլլան։
12 Ոճիրը, բռնութիւնը եւ ամբարշտութիւնը յաւիտեան վերջ պիտի գտնեն։ «Չարագործները պիտի կորսուին, ... քիչ ժամանակէ յետոյ ամբարիշտը պիտի չքանայ ... Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը»։ (Սաղմոս 37։9–11) «Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուին ու անօրէնները անկէ պիտի մերժուին»։—Առակաց 2։22
13. Աստուած ինչպէ՞ս խաղաղութիւն պիտի բերէ։
Սաղմոս 46։9) «Արդարը պիտի ծաղկի ու շատ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ»։—Սաղմոս 72։7
13 Խաղաղութիւն պիտի տիրէ համայն երկրի վրայ։ «[Աստուած] պատերազմները կը դադրեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ»։ (14, 15. Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ վերահաստատուած Դրախտին մէջ բնակարանի, գործի եւ ուտելիքի մասին։
14 Ապահով բնակարան եւ գոհացուցիչ գործ պիտի ըլլայ։ «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, ... Անոնք պիտի չշինեն, որպէսզի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէսզի ուրիշները ուտեն. վասնզի իմ ժողովուրդիս օրերը ծառի օրերու չափ պիտի ըլլան եւ իմ ընտրածներս իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն։ Անոնք պարապ տեղ պիտի չաշխատին ու դժբախտութեան համար տղաքներ պիտի չծնանին»։—Եսայեայ 65։21–23
15 Սննդարար առատ ուտելիք պիտի ըլլայ։ «Ցորենի առատութիւն պիտի ըլլայ երկրի մէջ։ Լեռներուն գլուխը»։ (Սաղմոս 72։16) «Երկիր իր պտուղը պիտի տայ. ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ»։—Սաղմոս 67։6
16. Դրախտին մէջ ինչո՞ւ կեանքը հաճելի պիտի ըլլայ։
16 Դրախտ երկրին վրայ յաւիտենական կեանքը հաճելի պիտի ըլլայ։ «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին։ (Սաղմոս 37։29) «Անապատն ու չոր երկիրը պիտի ուրախանան եւ անբնակ երկիրը պիտի ցնծայ ու շուշանի պէս պիտի ծաղկի»։—Եսայեայ 35։1
ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՁԵՐ ԱՊԱԳԱՆ
17. (ա) Եթէ Դրախտային կեանքը կը հրապուրէ ձեզ, ի՞նչ պէտք է ընէք։ (բ) Ինչպէ՞ս գիտենք որ Աստուած մեծ փոփոխութիւններ պիտի բերէ երկրի վրայ։
17 Եթէ Դրախտին մէջ կեանքը կը հրապուրէ ձեզ, թոյլ մի տաք որ որե՛ւէ բան ձեզ ետ պահէ Աստուծոյ գիտութիւնը ստանալէ։ Աստուած կը սիրէ մարդկութիւնը եւ հարկ եղած փոփոխութիւնները պիտի ընէ, որպէսզի երկիրը դրախտի վերածէ։ Իրապէս, եթէ աշխարհի մէջ տիրող թշուառութեան ու անիրաւութեան վերջ մը դնելու զօրութիւնը ունենայիք՝ պիտի չընէի՞ք։ Կրնա՞նք ակնկալել որ Աստուած անկէ նուազ ընէ։ Դանիէլ 2։44) Բայց Աստուածաշունչը միայն այս բաներուն մասին խօսելով չգոհանար։ Անիկա մեզի ցոյց կու տայ թէ ինչպէս կրնանք վերապրիլ եւ Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհը մտնել։—Բ. Պետրոս 3։13 Ա. Յովհաննու 2։17
Արդարեւ, Աստուածաշունչը վառ կերպով կը խօսի ժամանակի մը մասին, երբ Աստուած պայքարով տիրակալուած այս դրութեան վերջ պիտի դնէ եւ զայն փոխարինէ կատարեալ, արդար իշխանութեամբ մը։ (18. Աստուծոյ գիտութիւնը հիմակուընէ իսկ ի՞նչ կրնայ ընել ձեզի համար։
18 Աստուծոյ գիտութիւնը հիմա իսկ մեծապէս օգտակար կրնայ ըլլալ ձեզի։ Կեանքի ամենէն խորունկ եւ մեծապէս շփոթեցուցիչ հարցումներուն պատասխանը կը գտնենք Աստուածաշունչին մէջ։ Անոր առաջնորդութիւնը ընդունիլը ձեզի պիտի օգնէ որ Աստուծոյ հետ բարեկամութիւն զարգացնէք. ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մը։ Իսկ ասիկա ձեզի այնպիսի խաղաղութիւն մը պիտի տայ, որ միմիայն Աստուած կրնայ տալ։ (Հռովմայեցիս 15։13, 33) Երբ սկսիք այս կենսական գիտութիւնը ստանալ, ձեր կեանքին ամենէն կարեւոր եւ վարձահատոյց իրագործումը ըրած կ’ըլլաք։ Բնա՛ւ պիտի չզղջաք որ յաւիտենական կեանքի առաջնորդող գիտութիւնը ձեռք ձգեցիք։
19. Յաջորդ գլուխին մէջ ի՞նչ հարցեր պիտի շօշափուին։
19 Մենք Աստուածաշունչին ակնարկեցինք, որպէս Աստուծոյ գիտութիւնը պարունակող գիրք մը։ Սակայն, ինչպէ՞ս գիտենք որ անիկա մարդկային իմաստութիւն պարունակող գիրք մը չէ, հապա անկէ շա՜տ աւելին է։ Այս կէտը պիտի շօշափենք յաջորդ գլուխին մէջ։
ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ
Ինչո՞ւ Աստուծոյ գիտութիւնը կրնայ յաւիտենական կեանքի առաջնորդել ձեզ։
Մօտալուտ երկրային Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ։
Աստուծոյ գիտութիւնը ստանալով, ինչո՞ւ հիմակուընէ իսկ կրնաք օգտուիլ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]