Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Վե՛րջին օրերուն մէջ ենք

Վե՛րջին օրերուն մէջ ենք

Գլուխ 11

Վե՛րջին օրերուն մէջ ենք

1. Ոմանք աշխարհի վիճակը տեսնելով ինչո՞ւ կը շփոթին, բայց այս մասին ո՛ւր կարելի է վստահելի բացատրութիւն մը գտնել։

ՄԵՐ խառնաշփոթ աշխարհը ինչպէ՞ս այս վիճակին հասաւ։ Ո՞ւր կ’երթանք։ Այսպիսի հարցումներ հարցուցա՞ծ էք։ Շատեր երբ աշխարհի վիճակը կը դիտեն՝ կորսուած կը զգան։ Պատերազմը, հիւանդութիւնը եւ ոճիրը պատճառ կ’ըլլան որ մարդիկ հարց տան թէ ի՛նչ ապագայ կը սպասէ իրենց։ Կառավարական առաջնորդներ շատ յոյս չեն ներշնչեր։ Սակայն, այս ճնշիչ օրերուն մասին Աստուած վստահելի բացատրութիւն կու տայ իր Խօսքին մէջ։ Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ գիտնալու թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր կը գտնուինք։ Անիկա ցոյց կու տայ որ մենք իրերու ներկայ դրութեան «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։—Բ. Տիմոթէոս 3։1

2. Աշակերտները ի՞նչ հարցուցին Յիսուսի եւ ան ինչպէ՞ս պատասխանեց։

2 Նկատի առէք, օրինակի համար, աշակերտներուն իրեն ուղղած կարգ մը հարցումներուն Յիսուսի տուած պատասխանը։ Յիսուսի մահուընէ երեք օր առաջ, անոնք հարցուցին իրեն. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ * (Մատթէոս 24։3) Յիսուս պատասխանելով, աշխարհի մասնայատուկ դէպքերու մասին խօսեցաւ, որոնք յստակօրէն պիտի ապացուցանէին որ այս չար աշխարհը իր վերջին օրերուն մէջ մտած էր։

3. Յիսուս իշխելու սկսելէ ետք, երկրի վիճակները ինչո՞ւ վատթարացան։

3 Ինչպէս ցոյց տրուած է նախորդ գլուխին մէջ, Աստուածաշունչի ժամանակագրութիւնը այն եզրակացութեան կը յանգեցնէ, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արդէն սկսած է իշխել։ Բայց ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է։ Աշխարհի հարցերը վատթարացած են, փոխանակ բարելաւուելու։ Իրականութեան մէջ, ա՛սիկա ինքնին ապացոյց մըն է որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սկսած է իշխել։ Ինչո՞ւ։ Սաղմոս 110։2–ը կը մատնանշէ որ ժամանակ մը, Յիսուս ‘իր թշնամիներուն մէջտեղը’ պիտի տիրէր։ Արդարեւ, որպէս երկնային Թագաւոր իր առաջին արարքը պիտի ըլլար Սատանան ու իր դեւերը երկրի շրջակայքը նետել։ (Յայտնութիւն 12։9) Ի՞նչ հետեւանքով։ Ճիշդ ինչպէս Յայտնութիւն 12։12–ը կ’ըսէ. «Վա՜յ երկրին ու ծովուն, վասնզի Բանսարկուն ձեզի իջաւ, որ շատ բարկացած է, գիտնալով որ քիչ ժամանակ պիտի կենայ»։

4. Վերջին օրերու կարգ մը երեւոյթները ի՞նչ են եւ անոնք ի՞նչ կը մատնանշեն։ (Տես շրջագիծը)։

4 Ուստի, զարմանալի չէ որ երբ Յիսուսի հարցուեցաւ թէ իր ներկայութեան եւ իրերու դրութեան վախճանին նշանը ի՛նչ պիտի ըլլար, ան այնպիսի պատասխան մը տուաւ, որ մտածել կու տայ։ Նշանին տարբեր երեսակները կը գտնուին 102–րդ էջի շրջագծին մէջ։ Ինչպէս կրնաք տեսնել, Պօղոս, Պետրոս եւ Յովհաննէս առաքեալները վերջին օրերուն մասին մեզի յաւելեալ մանրամասնութիւններ կու տան։ Ճիշդ է որ նշանին եւ վերջին օրերուն հետ առնչութիւն ունեցող շատ մը երեւոյթներ՝ նեղացուցիչ վիճակներ են։ Սակայն, այս մարգարէութիւններուն կատարումը մեզ պէտք է համոզէ որ այս չար դրութեան վախճանը մօտ է։ Հիմա, վերջին օրերու կարգ մը գլխաւոր երեւոյթները մօտէն քննենք։

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԸ

5, 6. Պատերազմի ու սովի մասին մարգարէութիւնները ինչպէ՞ս կը կատարուին։

5 «Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ»։ (Մատթէոս 24։7. Յայտնութիւն 6։4) Հեղինակ մը, Էրնէստ Հէմինկուէյ, Ա. Աշխարհամարտը կոչեց «ցարդ երկրի վրայ կատարուած ամենէն հսկայական, ամենէն մարդասպան եւ ամենէն անկազմակերպ սպանդը»։ Գրքի մը համաձայն, (The World in the Crucible—1914-1919) անիկա «պատերազմի նոր տարողութիւն մը, առաջին ամբողջական պատերազմ մըն էր մարդկային պատմութեան մէջ։ Անոր տեւողութիւնը, ուժգնութիւնը եւ տարողութիւնը նախապէս գիտցուածէն, կամ ընդհանրապէս ակնկալուածէն շատ աւելին էր»։ Անոր յաջորդեց Բ. Աշխարհամարտը, որ Առաջինէն աւելի կործանարար եղաւ։ Ուսուցչապետ Հիւկ Թոմաս կ’ըսէ. «Քսաներորդ դարը ինքնագործ զէնքերով, հրասայլով, B-52 տիպի օդանաւերով, կորիզային ռումբով եւ վերջապէս հրաձիգերով տիրապետուած է։ Անիկա միւս դարաշրջաններէն աւելի արիւնարբու եւ աւելի կործանարար պատերազմներով յատկորոշուած է»։ Ճիշդ է որ Պաղ Պատերազմի վախճանէն ետք, շատ խօսուեցաւ ապազինման մասին։ Սակայն տեղեկագրութեան մը համաձայն, զէնքերը նուազեցնելու առաջարկէն ետք, 10,000–էն 20,000 կորիզային ռազմագլուխներ մնացած պիտի ըլլային. Բ. Աշխարհամարտին գործածուած կրակոցներէն 900 անգամ աւելի։

6 «Տեղ տեղ սովեր»։ (Մատթէոս 24։7. Յայտնութիւն 6։5, 6, 8) 1914–էն ի վեր, առ նուազն 20 մեծ սովեր եղած են։ Անկէ վնասուած շրջաններն են Պանկլատէշ, Պուրունտի, Գամպոտիա, Չինաստան, Եթովպիա, Յունաստան, Հնդկաստան, Նիկերիա, Ռուսիա, Ռուանտա, Սոմալ եւ Սուտան։ Բայց սովին պատճառը միշտ ուտելիքի պակասը չէ։ «Վերջին տասնամեակներուն, աշխարհի ուտելիքի հասոյթը, բնակչութենէն աւելի արագ աճած է», եզրակացուցին հողագէտներ եւ տնտեսագէտներ։ «Բայց քանի որ առ նուազն 800 միլիոն մարդ չափազանց աղքատութեան մէջ է, ... անոնք չեն կրնար բաւական ուտելիք գնել, մնայուն թերի սննդառութենէն դուրս գալու համար»։ Ուրիշ պարագաներուն՝ պատճառը քաղաքական է։ Թորոնթոյի Համալսարանէն Տոքթ. Ապտըլկալիլ Էլմէգգի երկու երկիր կը թուէ, ուր հազարաւորներ սովամահ կ’ըլլան, մինչ իրենց երկիրները հսկայական քանակութեամբ ուտելիք կ’արտածեն։ Կառավարութիւնները շատ աւելի հետաքրքրուած են իրենց պատերազմներուն դրամ հասցնելու համար օտար դրամանիշներ շահելով, քան՝ իրենց քաղաքացիները կերակրելով։ Տոքթ. Էլմէգգիի եզրակացութիւնը ի՞նչ է։ Սովը յաճախ «բաշխումի եւ կառավարական քաղաքականութեան հարց է»։

7. Մահտարաժամներու մասին ի՞նչ է իրողութիւնը ներկայիս։

7 «Մահտարաժամներ»։ (Ղուկաս 21։11. Յայտնութիւն 6։8) 1918–19–ի Սպանական ինֆլուէնզան, առ նուազն 21 միլիոն կեանքեր խլեց։ «Պատմութեան մէջ բնաւ չէ եղած որ աշխարհ քանդուի սպաննիչի մը կողմէ որ այսքան մեծ թիւով մարդկային կեանքեր խլէ, այսքան արագ կերպով», կը գրէ Ա. Հէօլինկ իր գրքին մէջ (The Great Epidemic)։ Ներկայիս մահտարաժամները սաստկացած են։ Ամէն տարի, խլիրդէն հինգ միլիոն մարդ կը մեռնի, փորհարական հիւանդութիւնները կը խլեն աւելի քան երեք միլիոն մանուկներու ու երախաներու կեանքերը, իսկ թոքախտը կը սպաննէ երեք միլիոն մարդ։ Շնչառական գործարաններու բորբոքումները, գլխաւորաբար թոքատապը, ամէն տարի հինգ տարեկանէն վար 3.5 միլիոն երախաներ կը սպաննէ։ Իսկ ապշեցուցիչ կերպով, 2.5 միլիառ մարդ՝ աշխարհի բնակչութեան կէսը՝ կը տառապի հիւանդութիւններէ, որոնք ծագում կ’առնեն ջուրի պակասէ կամ վարակումէ եւ մաքրութեան անբաւարար միջոցառումներէ։ ԱԴԱ–ն [AIDS] անգամ մը եւս կը յիշեցնէ մարդուն, որ հակառակ բժշկական յատկանշական իրագործումներու, մահտարաժամները արմատախիլ ընելու կարող չէ։

8. Մարդիկ ինչպէ՞ս կ’ապացուցանեն որ «արծաթասէր» են։

8 «Մարդիկ պիտի ըլլան ... արծաթասէր»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։2) Համայն աշխարհի մէջ, մարդիկ անյագ կերպով աւելի մեծ հարստութեան կը տենչան։ Յաճախ «յաջողութիւնը» կը չափուի անհատին ամսավճարով, իսկ «արդիւնաբերութիւնը»՝ ստացուածքով։ «Նիւթապաշտութիւնը Ամերիկեան ընկերութեան մղիչ ոյժը պիտի շարունակէ ըլլալ ... եւ երթալով աւելի կարեւոր ոյժ մը նաեւ՝ ուրիշ մեծ շուկաներու մէջ», ըսաւ ծանուցման գործակալութեան մը փոխ նախագահուհին։ Ձեր ապրած շրջանին մէջ ալ պարագան նո՞յնն է։

9. Ծնողներու անհնազանդութեան մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։

9 «Ծնողներու անհնազանդ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։2) Ներկայիս ծնողները, ուսուցիչները եւ ուրիշներ շատ լաւ գիտեն որ շատ երախաներ անյարգալից եւ անհնազանդ են։ Այդ պատանիներէն ոմանք կամ իրենց ծնողքին գէշ վարմունքին կը հակազդեն եւ կամ զանոնք կ’ընդօրինակեն։ Երթալով աւելի մեծ թիւով զաւակներ իրենց վստահութիւնը կը կորսնցնեն եւ կ’ըմբոստանան դպրոցին, օրէնքին, կրօնքին եւ իրենց ծնողներուն դէմ։ Փորձառու ուսուցիչ մը կ’ըսէ. «Ընդհանրապէս որեւէ բանի հանդէպ մասնաւոր հետաքրքրութիւն չունին»։ Բարեբախտաբար, սակայն, բազմաթիւ աստուածավախ զաւակներ օրինակելի վարք մը ունին։

10, 11. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ մարդիկ դաժանաբարոյ եւ անգութ են։

10 «Դաժանաբարոյ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։3) «Դաժանաբարոյ» թարգմանուած Յունարէն բառը կը նշանակէ ‘չընտելացած, վայրի, մարդկային կարեկցութիւն եւ զգացում չունեցող’։ Ասիկա որքա՜ն կը յարմարի ներկայիս բռնութիւն գործողներուն։ «Կեանքը այնքան ահաւոր ու այնքան սարսափով արատաւորուած է որ օրուան լուրերը կարդալու համար անհատ մը չարքաշ ստամոքս պէտք է ունենայ», ըսաւ հրապարակագիր մը։ Բնակարանի պահակ մը նշեց որ շատ մը պատանիներ իրենց արարքներուն հետեւանքները կ’անտեսեն։ Ան ըսաւ. «Անոնց զգացումն է. ‘Վաղը ի՛նչ պիտի բերէ չեմ գիտեր։ Այսօր իմ ուզածս ձեռք ձգեմ»։

11 «Անգութ»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։3) Ասիկա թարգմանուած է Յունարէն բառէ մը որ կը նշանակէ «անսիրտ, անմարդկային» եւ «բնական, կամ ընտանեկան սիրոյ՝ պակաս» կը նշէ։ (The New International Dictionary of New Testament Theology) Այո, յաճախ սէր գոյութիւն չունի հո՛ն ուր անիկա պէտք է ծաղկի, այսինքն՝ տան մէջ։ Մտահոգուելու աստիճան սովորական դարձած է կողակիցներու, զաւակներու եւ նոյնիսկ տարեցներու հետ անգութ վերաբերմունքը։ Այս մասին հետազօտող անձնակազմ մը ըսաւ. «Մարդկային բռնութիւնը՝ անիկա ըլլայ ապտակել կամ հրել, դանակել կամ վրան կրակել՝ շատ աւելի յաճախ կը պատահի ընտանիքին մէջ, քան ընկերութեան մէջ որեւէ այլ տեղ»։

12. Ինչո՞ւ կարելի է ըսել որ մարդիկ միայն աստուածպաշտութեան կերպարանք ունին։

12 «Աստուածապաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։5) Աստուածաշունչը մարդոց կեանքը բարեփոխելու զօրութիւնը ունի։ (Եփեսացիս 4։22–24) Սակայն, ներկայիս շատեր իրենց կրօնքը կը գործածեն որպէս պաստառ, որու ետին Աստուած տհաճեցնող անիրաւ գործունէութիւններ կը կատարեն։ Յաճախ կրօնական առաջնորդներ աչք կը խփեն ստութեան, գողութեան եւ սեռային անկարգութեան վրայ։ Քարոզիչներէն շատեր սէր կը քարոզեն, բայց պատերազմի թիկունք կը կանգնին։ Պարբերաթերթի մը (India Today) խմբագրականը դիտել տուաւ. «Գերագոյն Ստեղծիչին անունով, մարդիկ ամենէն զզուելի վայրագութիւնները կատարած են իրենց նմաններուն հանդէպ»։ Իրականութեան մէջ, վերջին տարիներու երկու ամենէն արիւնարբու պատերազմները՝ Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերը՝ Քրիստոնեայ Աշխարհի սրտին մէջ պայթեցան։

13. Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ երկիրը ապականած է։

13 «Երկիրը ապականողները»։ (Յայտնութիւն 11։18) Աւելի քան 1,600 գիտնականներ, մէջը ըլլալով համայն աշխարհի 104 Նոպէլի մրցանակակիրներ, Մտահոգ Գիտնականներու Միութեան [UCS] կողմէ հրատարակուած ազդարարութիւն մը երկրորդեցին, որ կ’ըսէր. «Մարդ արարածները եւ բնական աշխարհը բախումի ընթացքի մը մէջ են։ ... Քանի մը տասնամեակներ ետք այս սպառնալիքէն խուսափելու պատեհութիւնը կորսուած պիտի ըլլայ»։ Տեղեկագրութիւնը կ’ըսէր որ մարդուն կեանքին սպառնացող սովորութիւնները «ա՛յնքան կրնան փոխել աշխարհը ուր կարելի չըլլայ կեանքը գոյատեւել մեր գիտցած կերպով»։ Օզոնի սպառումը, ջուրի ապականութիւնը, անտառահատութիւնը, հողին արդիւնաբերութեան նուազումը եւ անասնական ու բուսական տեսակներու բնաջնջումը, լուծումի կարօտող ամենէն ստիպողական հարցերուն մէջ յիշուած են։ «Կեանքի ընդելուզուած հիւսուածքին հետ չարամտօրէն խաղալը, կրնայ համատարած ազդեցութիւններ ունենալ, մէջը ըլլալով կենսաբանական դրութեան փլուզումը, որու ուժականութիւնը տակաւին լաւ կերպով չենք հասկնար», ըսաւ վերոյիշեալ աղբիւրը։

14. Ինչպէ՞ս կրնաք փաստել որ Մատթէոս 24։14–ը կը կատարուի մեր օրերուն։

14 «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի»։ (Մատթէոս 24։14) Յիսուս նախագուշակեց որ Թագաւորութեան բարի լուրը համայն աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի, բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու համար։ Աստուածային օգնութեամբ եւ օրհնութեամբ, միլիոնաւոր Եհովայի Վկաներ միլիառաւոր ժամեր կը տրամադրեն քարոզելու ու աշակերտելու այս գործին։ (Մատթէոս 28։19, 20) Այո, Վկաները կը գիտակցին որ եթէ բարի լուրը չքարոզեն, արիւնապարտ պիտի ըլլան։ (Եզեկիէլ 3։18, 19) Բայց անոնք ուրախ են որ ամէն տարի հազարաւորներ երախտագիտութեամբ կ’ընդառաջեն Թագաւորութեան պատգամին եւ դիրք կը բռնեն որպէս ճշմարիտ Քրիստոնեաներ, այսինքն, Եհովայի Վկաներ։ Անգի՛ն առանձնաշնորհում մըն է Եհովայի ծառայել եւ այս կերպով Աստուծոյ գիտութիւնը տարածել։ Իսկ երբ այս բարի լուրը քարոզուի բովանդակ աշխարհի մէջ, այս ամբարիշտ դրութեան վախճանը պիտի գայ։

ԱՊԱՑՈՅՑԸ ՏԵՍՆԵԼՈՎ՝ ԸՆԴԱՌԱՋԵՆՔ

15. Ներկայ ամբարիշտ դրութիւնը ե՞րբ վերջ պիտի գտնէ։

15 Այս դրութիւնը ինչպէ՞ս վերջ պիտի գտնէ։ Աստուածաշունչը կը նախագուշակէ «մեծ նեղութիւն» մը, որ պիտի սկսի քաղաքական տարրերուն «Մեծն Բաբելոն»ի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ վրայ կատարելիք յարձակումով։ (Մատթէոս 24։21. Յայտնութիւն 17։5, 16) Յիսուս ըսաւ որ այդ շրջանին «արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան ու երկնքի զօրութիւնները պիտի շարժին»։ (Մատթէոս 24։29) Ասիկա երկնային բառացի պատահարներ կրնայ նշել։ Ամենայնդէպս, կրօնական աշխարհին շողշողուն լոյսերը պիտի մերկացուին եւ պիտի բնաջնջուին։ Ապա Սատանան՝ ‘Մագոգի երկրի Գոգը’՝ ապականած մարդիկը պիտի գործածէ որպէսզի ամբողջական յարձակում մը կատարեն Եհովայի ժողովուրդին վրայ։ Բայց Սատանան պիտի չյաջողի, քանի որ Աստուած օգնութեան պիտի հասնի իր ժողովուրդին։ (Եզեկիէլ 38։1, 2, 14–23) «Մեծ նեղութիւնը» իր գագաթնակէտին պիտի հասնի Արմագեդոնին՝ «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուան պատերազմ»ին։ Անիկա պիտի բնաջնջէ Սատանայի երկրային կազմակերպութեան վերջին բեկորները, վերապրող մարդկութեան վրայ անվերջ օրհնութիւններ թափուելու համար ճամբան հարթելով։—Յայտնութիւն 7։9, 14. 11։15. 16։14, 16. 21։3, 4

16. Ինչպէ՞ս գիտենք որ վերջին օրերուն համար մարգարէացուած երեւոյթները մեր օրերուն կը կիրարկուին։

16 Վերջին օրերը նկարագրող մարգարէութիւններուն կարգ մը երեսակները պատմութեան ուրիշ շրջաններուն ալ կը կիրարկուին։ Բայց երբ բոլորը միատեղ բերուին, անոնք մեր օրերը կը մատնանշեն։ Օրինակ մը տանք. Անհատի մը մատնահետքերը կազմող գծերը ինքնատիպ են եւ չեն կրնար ուրիշի մը պատկանիլ։ Նմանապէս, վերջին օրերը ինքնատիպ երեսակներ կամ պատահարներ ունին։ Անոնք «մատնահետքեր» կը կազմեն որ չեն կրնար պատկանիլ ուրիշ ժամանակաշրջանի։ Երբ զանոնք կցենք Աստուածաշունչի այն փաստին հետ թէ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը հիմա կ’իշխէ, զօրաւոր ապացոյցներ կունենանք եզրակացնելու որ արդարեւ վերջին օրերուն մէջ ենք։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը բացայայտօրէն կը նշէ որ ներկայ չար դրութիւնը շուտով պիտի կործանի։

17. Վերջին օրերու մասին այս գիտութիւնը մեզ ի՞նչ ընելու պէտք է մղէ։

17 Երբ վերջին օրերու ապացոյցները տեսնէք, ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջէք։ Հետեւեալը նկատի առէք. Եթէ շատ կործանարար փոթորիկ մը սպառնայ, անյապաղ քայլեր կ’առնենք։ Ուրեմն, ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ ներկայ դրութեան մասին, մեզ գործի պէտք է լծէ։ (Մատթէոս 16։1–3) Յստակօրէն կրնանք տեսնել որ մենք ներկայ աշխարհի դրութեան վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Ասիկա մեզ պէտք է մղէ որ Աստուծոյ հաճութիւնը շահելու համար հարկ եղած բարեփոխութիւնները ընենք։ (Բ. Պետրոս 3։3, 10–12) Ինքզինքին ակնարկելով որպէս փրկութեան գործակալը, Յիսուս ստիպողական կոչ մը ըրաւ. «Զգուշացէք ձեր անձերուն, չըլլայ որ սրտերնիդ կերուխումով ու գինովութիւնով եւ աշխարհային զբաղմունքներով ծանրանայ ու յանկարծակի այն օրը ձեր վրայ հասնի. վասնզի բոլոր երկրին երեսը բնակողներուն ամենուն վրայ որոգայթի մը պէս պիտի հասնի։ Ուստի արթուն կեցէք ու ամէն ատեն աղօթք ըրէք, որ այս բոլոր նեղութիւններէն ազատիք եւ Որդին մարդոյ առջեւ կայնելու արժանի ըլլաք»։—Ղուկաս 21։34–36

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 2 Կարգ մը թարգմանութիւններ «իրերու դրութեան» տեղ՝ «աշխարհ» բառը կը գործածեն։ Վայնի Բացատրական Բառարանը (Expository Dictionary of New Testament Words) կ’ըսէ որ Յունարէն այոն բառը «կը նշանակէ անորոշ տեւողութեան շրջան մը, կամ ժամանակ մը, որ յարակցութիւն ունի այդ ժամանակաշրջանին պատահելիք բաներուն հետ»։ Փարգհըրսթի (Greek and English Lexicon to the New Testament) բառագիրքը (էջ 17), «իրերու այս դրութիւնը» արտայայտութիւնը կը գործածէ, երբ կը խօսի Եբրայեցիս 1։2–ի մէջ գործածուած յոգնակի այոնէս բառին գործածութեան մասին։ Ուստի, «իրերու դրութիւն» արտայայտութեան գործածութիւնը Յունարէն բնագրին հետ ներդաշնակ է։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Քրիստոսի իշխանութեան սկիզբը պատահելիք ո՞ր համաշխարհային դէպքերը գուշակած էր Աստուածաշունչը։

Վերջին օրերուն կարգ մը երեսակները ի՞նչ են։

Ի՞նչ բան ձեզ կը համոզէ որ վերջին օրերուն մէջ ենք։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ՝ էջ 102]

ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒՆ ԿԱՐԳ ՄԸ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐԸ

Աննախընթաց պատերազմ։—Մատթէոս 24։7. Յայտնութիւն 6։4

Սով։—Մատթէոս 24։7. Յայտնութիւն 6։5, 6, 8

Մահտարաժամներ։—Ղուկաս 21։11. Յայտնութիւն 6։8

Անօրէնութեան շատնալը։—Մատթէոս 24։12

Երկրի ապականութիւն։—Յայտնութիւն 11։18

Երկրաշարժներ։—Մատթէոս 24։7

Դժուար ժամանակներ։—Բ. Տիմոթէոս 3։1

Դրամի հանդէպ արտակարգ սէր։—Բ. Տիմոթէոս 3։2

Ծնողներու անհնազանդութիւն։—Բ. Տիմոթէոս 3։2

Անգութ։—Բ. Տիմոթէոս 3։3

Աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր։—Բ. Տիմոթէոս 3։4

Անժուժկալ։—Բ. Տիմոթէոս 3։3

Բարին չսիրող։—Բ. Տիմոթէոս 3։3

Մօտալուտ վտանգը անտեսել։—Մատթէոս 24։39

Ծաղրողներ պիտի մերժեն վերջին օրերու փաստը։—Բ. Պետրոս 3։3, 4

Աստուծոյ Թագաւորութեան համերկրային քարոզչութիւնը։—Մատթէոս 24։14

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 101]