Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այս գիրքը գիտութեան հետ համաձա՞յն է

Այս գիրքը գիտութեան հետ համաձա՞յն է

Այս գիրքը գիտութեան հետ համաձա՞յն է

Կրօնքը միշտ բարեկամական աչքով չէ նայած գիտութեան։ Նախկին սերունդներուն, կարգ մը աստուածաբաններ ընդդիմացան գիտական յայտնագործութիւններուն, երբ խորհեցան որ անոնք Աստուածաշունչի մասին իրենց մեկնաբանութիւնը պիտի վտանգեն։ Բայց արդեօք գիտութիւնը իրապէս Աստուածաշունչի թշնամի՞ է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ գրողները եթէ իրենց օրերուն ծաւալուն եղող գիտական տեսակէտները հաստատէին, արդիւնքը պիտի ըլլար գիտական բացայայտ անճշգրտութիւններով լեցուն գիրք մը։ Սակայն, անոնք գիտական չեղող այսպիսի սխալ համոզումներու զարկ չտուին։ Ընդհակառակը, անոնք կարգ մը բաներու մասին գրեցին, որոնք ո՛չ միայն գիտականօրէն շիտակ են, այլ նաեւ այդ ժամանակուան ընդունուած կարծիքները ուղղակիօրէն կը հակասէին։

Ի՞նչ Է Երկրին Ձեւը

Այդ հարցումը հազարաւոր տարիներ մեծապէս հետաքրքրած է մարդիկը։ Անցեալին, ընդհանուր տեսակէտն էր, որ երկիրը տափակ էր։ Բաբելոնացիները, զոր օրինակ, կը հաւատային որ տիեզերքը տուփ մը կամ սենեակ մըն էր եւ երկիրը՝ անոր տանիքը։ Հնդկաստանի վետական քահանաները կ’երեւակայէին որ երկիրը տափակ էր եւ թէ անոր միայն մէկ մասը բնակուած էր։ Ասիոյ նախնական ցեղախումբ մը երկիրը կը պատկերացնէր որպէս հսկայ թէյի ափսէ մը։

Հ.Դ.Ա. վեցերորդ դարուն իսկ, յոյն իմաստասէր Պիւթագոր այն տեսութիւնը յայտնեց թէ, քանի որ լուսինը եւ արեւը կլոր են, երկիրն ալ պէտք է կլոր ըլլայ։ Արիստոտէլ (Հ.Դ.Ա. չորորդ դար) հետագային ասոր համաձայն գտնուեցաւ, բացատրելով որ լուսնային խաւարումները կը հաստատեն երկրին կլորութիւնը։ Լուսնին վրայ երկրին շուքը կոր է։

Սակայն, տափակ երկրի մը գաղափարը (միայն վերի մասը բնակուած) ամբողջովին չանյայտացաւ։ Ոմանք չկրցան ընդունիլ կլոր երկրի մը յարակից տրամաբանութիւնը՝ անոր հակոտնեայ ըլլալու գաղափարը։ * Լակթանթիոս, Հ.Դ. չորորդ դարու քրիստոնեայ ջատագով, այս գաղափարը հեգնեց։ Ան պատճառաբանեց. «Այդքան յիմար մէկը կա՞յ որ հաւատայ թէ կան մարդիկ որոնց ոտնահետքերը իրենց գլուխէն բարձր են. . . . թէ բերքերն ու ծառերը դէպի վար կը բուսնին, թէ անձրեւը, ձիւնը եւ կարկուտը դէպի վեր կը տեղան»։2

Հակոտնեայի գաղափարը կարգ մը աստուածաբաններու երկսայրի դժուարութիւն յարուց։ Կարգ մը տեսութիւններ կ’ըսէին, որ եթէ երկրին հակադիր մասերուն մէջ բնակողներ կան, անոնք ճանաչուած մարդոց հետ ոչ մէկ կապակցութիւն կրնան ունենալ, կա՛մ քանի որ ծովը այնքան ընդարձակ է որ կարելի չէ նաւարկել, եւ կամ, քանի որ հասարակածը շրջապատուած է անանցանելի այրեցեալ գօտիով։ Ուստի, հակոտնեայ շրջաններուն մէջ բնակողները ուրկէ՞ եկած կրնան ըլլալ։ Կարգ մը աստուածաբաններ շուարած՝ նախընտրեցին հաւատալ որ հակոտնեաներուն մէջ բնակողներ չկան, կամ նոյնիսկ, ինչպէս Լակթանթիոս պատճառաբանեց՝ երկիրը չէ՛ր կրնար կլոր ըլլալ։

Այսուհանդերձ, կլոր երկրի մը գաղափարը յաղթեց եւ վերջապէս ամենուն կողմէ ընդունուեցաւ։ Սակայն միայն անջրպետային այս Ի. դարուն էր որ մարդիկ կրցան անջրպետի մէջ հեռուները ճամբորդել եւ ուղղակիօրէն տեսնելով ստուգել որ երկիրը գունդ մըն է։ *

Իսկ այս հարցին մէջ ի՞նչ էր Աստուածաշունչին կեցուածքը։ Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, երբ այն տեսակէտը կը տիրէր որ երկիրը տափակ էր, երկիրը բոլորաձեւ ըլլալու յոյն իմաստասէրներու տեսութիւններէն դարեր առաջ եւ մարդիկ անջրպետէն երկրին կլոր ըլլալը տեսնելէն հազարաւոր տարիներ առաջ, Եբրայեցի Եսայի մարգարէն ուշագրաւ պարզութեամբ նշած էր. «Ի՛նքն է երկրի շրջանակին [«շրջան», Արարատ] վրայ նստողը»։ (Եսայեայ 40։22) Հոս «շրջան» թարգմանուած Եբրայերէն բառն է՝ հուղ, որ կը նշանակէ նաեւ «գունդ»։3 Աստուածաշունչի ուրիշ թարգմանութիւններ կը գործածեն՝ «երկրագունդ» (Տուէյ) եւ «կլոր երկիրը»։—Մոֆաթ *

Աստուածաշունչը գրող Եսային երկրի նկատմամբ ընդհանրացած առասպելներէն չազդուեցաւ։ Այլ, ան բան մը գրեց որ գիտական յառաջացած յայտնագործութիւններու կողմէ սպառնալիքի տակ չեկաւ։

Երկիրը Ի՞նչ Բանի Վրայ Յենուած Է

Անցեալին, մարդիկ տիեզերքին մասին ուրիշ հարցերով ալ շփոթութեան մէջ ինկան. Երկիրը ի՞նչ բանի վրայ յենուած է։ Ի՞նչ բան վեր կը պահէ արեւը, լուսինը եւ աստղերը։ Անոնք Իսահակ Նեւտոնի կողմէ բանաձեւուած ու 1687–ին հրատարակուած՝ տիեզերքի ձգողական օրէնքին մասին ոչ մէկ գիտութիւն ունէին։ Երկնային մարմիններուն պարապ անջրպետին մէջ կախուած ըլլալու գաղափարը անծանօթ էր անոնց։ Հետեւաբար, անոնց բացատրութիւնները յաճախ կը թելադրէին որ շօշափելի առարկաներ կամ մարմիններ, երկիրը եւ երկնային միւս մարմինները վեր կը բռնեն։

Օրինակի համար, վաղեմի տեսութիւն մը՝ հաւանաբար ծագում առած կղզիի մը վրայ բնակողներէն՝ կ’ըսէ որ երկիրը ջուրով շրջապատուած էր եւ թէ անիկա կը ծփար այդ ջուրերուն վրայ։ Պրահմանականները կ’երեւակայէին որ երկիրը բազմաթիւ հիմեր ունէր՝ մէկը միւսին վրայ։ Անիկա չորս փիղերու վրայ հանգչած էր, փիղերը վիթխարի կրիայի մը վրայ կանգնած էին եւ կրիան հսկայ օձի մը վրայ կեցած էր եւ գալարուած օձը՝ տիեզերական ջուրերուն վրայ կը ծփար։ Էմփէտոքլէս, Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դարու յոյն իմաստասէր մը, կը հաւատար որ երկիրը հանգչած է պտուտահովի մը վրայ եւ այս պտուտահովն էր որ կը պատճառէր երկնային մարմիններու շարժումը։

Ամենէն հեղինակաւոր տեսակէտներէն մէկը Արիստոտելինն էր։ Թէեւ ան այդ տեսութիւնը յայտնեց որ երկիրը բոլորաձեւ էր, բայց պարապ անջրպետի մը մէջ կախուած ըլլալու գաղափարը մերժեց։ Երկնքի Մասին իր բանագիտութեան մէջ, երբ կը հերքէր ջուրերու վրայ հանգչող երկրի մը ըմբռնումը, ան ըսաւ. «Ո՛չ ջուրին եւ ոչ ալ երկրին բնոյթին մէջ է օդին մէջ կենալ. անիկա պէտք է բանի մը վրայ հանգչած ըլլայ»։4 Արդ, երկիրը ի՞նչ բանի վրայ «հանգչած» է։ Արիստոտել սորվեցուց որ արեւը, լուսինը եւ աստղերը հաստատ ու թափանցիկ շրջանակներու մակերեսին կպած են։ Շրջանակ՝ շրջանակի մէջ, եւ երկիրը անշարժ կեցած է անոնց կեդրոնը։ Մինչ շրջանակները իրարու մէջ կը դառնան, անոնց վրայինները՝ արեւը, լուսինը եւ մոլորակները՝ երկնքի մէկ կողմէն միւս կողմը կ’երթան։

Արիստոտելի բացատրութիւնը տրամաբանական թուեցաւ։ Եթէ երկնային մարմիններ զօրաւոր կերպով բանի մը կպած չըլլային, ի՞նչպէս բարձրութեան վրայ պիտի մնային։ Մեծարուած Արիստոտելի տեսակէտները որպէս իրողութիւն ընդունուեցան շուրջ 2,000 տարի։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարան–ին համաձայն (Անգլերէն), անոր ուսուցումները ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերուն, եկեղեցիին աչքին «կրօնական վարդապետութեան աստիճանին բարձրացած» էին։5

Մեծ հեռադիտակներու հնարումով, աստղագէտները սկսան հարցի տակ դնել Արիստոտելի տեսութիւնը։ Բայց տակաւին պատասխանը չգտան, մինչեւ որ Սըր Իսահակ Նեւտոն բացատրեց որ մոլորակները պարապ անջրպետի մէջ կախուած են եւ անտեսանելի ձգողական ոյժով մը իրենց ուղեծիրերուն մէջ կը պահուին։ Ասիկա անհաւատալի թուեցաւ, եւ Նեւտոնի պաշտօնակիցներէն ոմանք չկրցան հաւատալ որ անջրպետը մարմիններէ զուրկ պարապութիւն մըն էր։ *6

Աստուածաշունչը ի՞նչ ունի ըսելիք այս մասին։ Մօտաւորապէս 3,500 տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը արտակարգ յստակութեամբ նշած է որ երկիրը «ոչնչին վրայ» կախուած է։ (Յոբայ 26։7) Բնագիր Եբրայերէնի մէջ, հոս գործածուած «ոչինչ» բառը (պէլի–մահ) բառացիօրէն կը նշանակէ «առանց որեւէ բանի»։7 Ժամանակակից Անգլերէն Թարգմանութիւն–ը կը գործածէ՝ «պարապ անջրպետին վրայ» արտայայտութիւնը։

Այդ ժամանակուան մարդոց մեծամասնութիւնը բնաւ չէր պատկերացներ երկրագունտը որպէս «պարապ անջրպետին վրայ» կախուած մոլորակ մը։ Սակայն, շա՜տ առաջուընէ, Աստուածաշունչը գրողը արձանագրեց նախադասութիւն մը որ գիտականօրէն շիտակ էր։

Աստուածաշունչը եւ Բժշկութիւնը Իրարու Հետ Ներդաշնա՞կ Են

Արդի բժշկութիւնը մեզի շատ բան սորվեցուցած է հիւանդութեան տարածման եւ կանխարգելման մասին։ ԺԹ. դարու բժշկական յառաջդիմութիւններու պատճառաւ, բժշկութեան մէջ հականեխիչներու գործածութեան՝ վարակումները նուազեցնող մաքրութեան՝ ձեռնարկեցին։ Արդիւնքը շշմեցուցիչ եղաւ. վարակումներու եւ կանխահաս մահերու ուշագրաւ նուազում մը։

Վաղեմի բժիշկները սակայն, լիովին չէին հասկցած թէ ախտերը ի՛նչպէս կը տարածուէին, ոչ ալ հիւանդութիւններուն առաջքը առնելու համար առողջապահական միջոցառումներու կարեւորութիւնը կը հասկնային։ Զարմանալի չէ որ արդի չափանիշներով, անոնց բժշկական կիրարկութիւնները բարբարոսական կը թուին։

Ամենահին բժշկական ձեռագիրը որ մատչելի է, Էպըրզի Պապիրոսն է, եգիպտական բժշկութեան գրաքաղութիւն մը, Հ.Դ.Ա. 1550–ական թուականներէն։ Այս գալարը կը պարունակէ շուրջ 700 դարմանումներ տարբեր ցաւերու համար, «կոկորդիլոսի խածուածքէն մինչեւ ոտնամատի եղունգին ցաւը»։8 Տը Ինթըրնէշընալ Սթէնտըրտ Պայպըլ Ինսայգլոբիտիա–ն (Անգլերէն) կը նշէ. «Այդ բժիշկներուն բժշկական գիտութիւնը զուտ փորձառական էր, մեծաւ մասամբ կախարդական եւ ամբողջովին ոչ–գիտական»։9 Դարմանները մեծաւ մասամբ անօգուտ էին, իսկ անոնցմէ ոմանք չափազանց վտանգաւոր։ Վէրք մը դարմանելու համար, դեղագիր մը յանձնարարեց զայն ծեփել մարդկային կղկղանքէ եւ այլ նիւթերէ բաղկացած խառնուրդով մը։10

Եգիպտական դեղագրերու այս բնագիրը գրուած էր, գրեթէ Աստուածաշունչի առաջին գրքերուն ժամանակ, որոնք կը բովանդակեն Մովսիսական Օրէնքը։ Մովսէս, որ Հ.Դ.Ա. 1593–ին ծնած էր, Եգիպտոս մեծցաւ։ (Ելից 2։1-10) Որպէս Փարաւոնի տան մէկ անդամը, ան «Եգիպտացիներուն բոլոր իմաստութիւնովը վարժուեցաւ»։ (Գործք 7։22) Ան Եգիպտոսի «բժիշկներ»ուն ծանօթ էր։ (Ծննդոց 50։1-3) Արդեօք անոնց անօգուտ կամ վտանգաւոր բժշկական վարժութիւնները իր գրութիւններուն ազդեցի՞ն։

Ո՛չ. ընդհակառակը, Մովսիսական Օրէնքը առողջապահական կանոններ կը պարունակէր, որոնք շատ յառաջդիմական էին։ Օրինակ, զինուորական բանակավայրի առնչութեամբ օրէնք մը կը պահանջէր որ կղկղանքը բանակավայրէն հեռու թաղէին։ (Բ. Օրինաց 23։13) Ասիկա շա՜տ յառաջացած կանխարգելման միջոց մըն էր։ Ասիկա ջուրը հեռու կը պահէր վարակուելէ եւ պաշտպանութիւն կը հայթայթէր ճանճերու կողմէ պատճառուած փորհարական հիւանդութիւններէ, որոնք մինչեւ հիմա ամէն տարի միլիոնաւոր կեանքեր կը խլեն առողջապահական խեղճ միջոցառումներ ունեցող երկիրներու մէջ։

Մովսիսական Օրէնքը կը պարունակէր առողջապահական ուրիշ կանոններ, որոնք Իսրայէլը պաշտպանեցին վարակիչ հիւանդութիւններու տարածման դէմ։ Անհատ մը որ վարակիչ հիւանդութիւն մը ունէր կամ կը կասկածուէր որ ունէր, կը մեկուսացուէր։ (Ղեւտացւոց 13։1-5) Ինքնիրմէ սատկած (թերեւս հիւանդութեան պատճառաւ) անասունի մը հետ շփման մէջ եկած հագուստներն ու ամանները, կա՛մ պէտք էր գործածուելէ առաջ լուացուէին, եւ կամ փճացուէին։ (Ղեւտացւոց 11։27, 28, 32, 33) Դիակի դպած ոեւէ անհատ անմաքուր կը նկատուէր եւ պէտք էր մաքրուէր, ի միջի այլոց, հագուստները լուար եւ լոգնար։ Անմաքրութեան եօթը օրերուն, ան ուրիշներուն հետ ֆիզիքական շփում պէտք չէր ունենար։—Թուոց 19։1-13

Առողջապահական այս կանոնագրութիւնը իմաստութիւն մը կը յայտնէր, որմէ զուրկ էին այդ ժամանակուան շրջակայ ազգերուն բժիշկները։ Ախտերու տարածման կերպերուն մասին բժշկութիւնը սորվելէն հազարաւոր տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը տրամաբանական կանխարգելիչ քայլեր կը յանձնարարէր, հիւանդութիւններու դէմ պաշտպանուելու համար։ Զարմանալի չէ որ Մովսէս կը խօսի որ իր օրերուն Իսրայելացիները 70 կամ 80 տարի կ’ապրէին։ *Սաղմոս 90։10

Հաւանաբար ընդունիք որ վերոյիշեալ սուրբ գրային խօսքերը գիտականօրէն ճշգրիտ են։ Բայց Աստուածաշունչին մէջ ուրիշ խօսքեր ալ կան որոնք գիտականօրէն կարելի չէ փաստել։ Ասիկա Աստուածաշունչը հակասութեան մէ՞ջ կը դնէ գիտութեան հետ։

Անփաստելին Ընդունիլ

Պայման չէ որ անփաստելի տեղեկութիւն մը անճիշդ ըլլայ։ Բաւարար ապացոյցներ յայտնագործելու ու տուեալները ճշգրտօրէն մեկնելու մարդուն կարողութեան պատճառաւ, գիտական փաստերը սահմանափակուած են։ Բայց կարգ մը ճշմարտութիւններ անփաստելի են, քանի որ ապացոյց մը պահպանուած չէ, ապացոյցը յստակ կամ յայտնաբերուած չէ, եւ կամ գիտական յարմարութիւններն կամ փորձագիտութիւնը բաւարար չեն անառարկելի եզրակացութեան մը յանգելու։ Կրնա՞յ ըլլալ որ պարագան այս է սուրբ գրային կարգ մը տեղեկութիւններու, որոնց համար ֆիզիքական անջատ ապացոյցներ կը պակսին։

Օրինակ, կարելի չէ գիտականօրէն փաստել՝ կամ հերքել՝ հոգեղէն արարածներու կողմէ բնակուած անտեսանելի ծիրը, որու կ’ակնարկէ Աստուածաշունչը։ Նոյնը կարելի է ըսել Աստուածաշունչին մէջ յիշուած հրաշալի դէպքերուն մասին։ Կարգ մը անհատներ գոհացնելու համար, երկրաբանական բաւարար յստակ ապացոյց չկայ Նոյի օրուան համերկրային Ջրհեղեղին մասին։ (Ծննդոց 7–րդ գլուխ) Պէ՞տք է եզրակացնենք որ անիկա տեղի չունեցաւ։ Ժամանակը եւ փոփոխութիւնը կրնան մթագնել պատմական դէպքերը։ Ուստի չի՞ կրնար ըլլալ որ հազարաւոր տարիներու երկրաբանական ներգործութիւնները Ջրհեղեղի ապացոյցներէն շատերը ջնջած ըլլան։

Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը կարգ մը տեղեկութիւններ կը պարունակէ, որոնք կարելի չէ փաստել կամ հերքել մատչելի եղող ֆիզիքական ապացոյցներով։ Բայց ասիկա պէ՞տք է մեզ զարմացնէ։ Աստուածաշունչը գիտութեան դասագիրք մը չէ։ Բայց անիկա ճշմարտութեան գիրք մըն է։ Արդէն բաւարար զօրաւոր ապացոյցներով տեսանք որ անոր գրագիրները ուղղամիտ եւ պարկեշտ մարդիկ էին։ Իսկ երբ անոնք գիտութեան հետ առնչուած նիւթեր կը շօշափեն, անոնց խօսքերը ճշգրիտ են եւ ամբողջովին զերծ վաղեմի «գիտական» վարկածներէն, որոնց պարզ առասպելներ ըլլալը փաստուած է։ Հետեւաբար, գիտութիւնը Աստուածաշունչի թշնամին չէ։ Ամէն պատճառ ունինք Աստուածաշունչին խօսքերը բաց մտքով կշռելու։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 7 «Հակոտնեայք . . . իրարու բոլորովին հակառակ երկրագունդի երկու վայրեր են։ Անոնց միջեւ ուղիղ գիծ մը՝ երկրին կեդրոնէն կ’անցնի։ Յունարէն հակոտնեայ (antipodes) բառը կը նշանակէ, ոտքը՝ ոտքին։ Երկու անհատ, որ հակոտնեայ կը կայնին, իրենց ոտքերուն ներբաններով իրարու ամենամօտիկ են»։1Տը Ուորլտ Պուք Ինսայգլոբիտիա (Անգլերէն)

^ պարբ. 9 Արուսետագիտականօրէն խօսելով, երկիրը բոլորաձեւ է, բեւեռները թեթեւ մը տափակցած։

^ պարբ. 10 Ասկէ զատ, միայն բոլորաձեւ առարկայ մըն է որ ամէն կողմէ կլոր կը տեսնուի։ Տափակ սկաւառակ մը շատ յաճախ պիտի տեսնուէր որպէս ձուաձեւ եւ ոչ թէ կլոր։

^ պարբ. 17 Նեւտոնի օրերուն գլխաւոր տեսութիւնը այդ էր որ տիեզերքը հեղուկով լեցուած էր՝ տիեզերական «ապուր»՝ եւ թէ հեղուկին յորձանքներով մոլորակները կը դառնային։

^ պարբ. 27 1900–ին, եւրոպական շատ մը երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ կեանքի երկարութիւնը 50–էն նուազ էր։ Անկէ ի վեր, ան շշմեցուցիչ կերպով աւելցաւ, ոչ միայն ախտերը հսկողութեան տակ առնող բժշկական յառաջդիմութեան շնորհիւ, այլ, քանի որ առողջապահական միջոցառումները եւ ապրելու պայմանները բարելաւուեցան։

[Մէջբերում՝ էջ 21]

Պայման չէ որ անփաստելի տեղեկութիւն մը անճիշդ ըլլայ

[Նկար՝ էջ 18]

Մարդիկ երկրին կլոր ըլլալը անջրպետէն տեսնելէն հազարաւոր տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը կը խօսի ‘երկրի շրջանին’ մասին

[Նկարներ՝ էջ 20]

Սըր Իսահակ Նեւտոն բացատրեց որ մոլորակները ձգողական ոյժով մը իրենց ուղեծիրերուն մէջ կը պահուին