Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Այս գիրքը ի՛նչ կը պարունակէ

Այս գիրքը ի՛նչ կը պարունակէ

Այս գիրքը ի՛նչ կը պարունակէ

Անհատ մը որ առաջին անգամ գրադարան մը մտնէ, թերեւս գիրքերուն դարանները տեսնելով շփոթի։ Բայց երբ քիչ մը բացատրութիւն ստանայ գրքերու դասաւորման մասին, անմիջապէս կը սորվի զանոնք գտնելու կերպը։ Նոյն կերպով, Աստուածաշունչին մէջ բան մը փնտռելը կրնայ դիւրանալ, երբ հասկնաք անոր պարունակութեան դասաւորումը։

ԱՆԳԼԵՐԷՆ «Աստուածաշունչ» բառը ծագում առած է Յունարէն պի·պլիա բառէն, որ կը նշանակէ «պապիրոսի գալարներ» կամ «գիրքեր»։1 Արդարեւ, Աստուածաշունչը գրքերու հաւաքածոյ մը՝ գրադարան մըն է. 66 անջատ գրքեր, որոնց գրութիւնը տեւեց շուրջ 1,600 տարիներ՝ Հ.Դ.Ա. 1513–էն մինչեւ Հ.Դ. 98։

Աստուածաշունչին գրեթէ երեք քառորդը՝ 39 գրքերը, ծանօթ են որպէս Եբրայերէն Գրութիւններ, քանի որ մեծաւ մասամբ այդ լեզուով գրուած են։ Այս գրքերը ընդհանրապէս կարելի է բաժնել երեք խումբերու. (1) Պատմական՝ Ծննդոցէն մինչեւ Եսթերայ, 17 գրքեր. (2) Բանաստեղծական՝ Յոբայէն մինչեւ Երգ Երգոց, 5 գրքեր եւ (3) Մարգարէական՝ Եսայեայէն մինչեւ Մաղաքեայ, 17 գրքեր։ Եբրայերէն Գրութիւնները՝ երկրին ու մարդկութեան սկզբնական պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ, վաղեմի Իսրայէլ ազգին պատմութիւնը կու տան, անոր ծագումէն մինչեւ Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դար։

Մնացեալ 27 գրքերը, ծանօթ են որպէս Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ, քանի որ Յունարէնով գրուած են, որ այդ ժամանակ միջազգային լեզուն էր։ Անոնք հիմնականօրէն դասաւորուած են իրենց նիւթերուն համաձայն. (1) պատմական 5 գրքերը՝ Աւետարանները եւ Գործք Առաքելոցը, (2) 21 նամակները եւ (3) Յայտնութիւնը։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները՝ Հ.Դ. առաջին դարուն, Յիսուս Քրիստոսի եւ իր աշակերտներուն ուսուցումներուն ու գործունէութիւններուն վրայ կը կեդրոնացնեն իրենց ուշադրութիւնը։