Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիրքը ի՞նչպէս վերապրեցաւ

Գիրքը ի՞նչպէս վերապրեցաւ

Գիրքը ի՞նչպէս վերապրեցաւ

Հին գրութիւնները բնական թշնամիներ ունէին. կրակը, խոնաւութիւնը եւ բորբոսումը։ Աստուածաշունչը այս փորձանքներէն զերծ չէր։ Ժամանակին գործած աւերներէն անոր վերապրումին եւ աշխարհի ամենէն մատչելի գիրքը դառնալուն մասին անոր արձանագրութիւնը՝ յատկանշական է հին գրութիւններուն մէջ։ Անոր պահպանման պատմութիւնը սուր հետաքրքրութեան արժանի է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ գրողները իրենց խօսքերը ժայռերու վրայ չփորագրեցին. ոչ ալ զանոնք գրեցին կաւէ դիմացկուն տախտակներու վրայ։ Բացայայտ է որ անոնք իրենց խօսքերը գրեցին փճացուելիք նիւթերու՝ պապիրոսի (նոյն անունը կրող եգիպտական բոյսէ շինուած) եւ մագաղաթի (անասունի մորթէ շինուած) վրայ։

Ի՞նչ պատահեցաւ այդ նախնական գրութիւններուն։ Հաւանաբար անոնք շատոնց փճացան, մեծամասնութիւնը՝ վաղեմի Իսրայէլի մէջ։ Ուսումնական Օսգար Փարէթ կը բացատրէ. «Խոնաւութիւնը, բորբոսումը եւ ցեցի տեսակներ, նոյն չափով վտանգի ենթարկած են գրութեան այս երկու միջոցները [պապիրոսը եւ կաշին]։ Առօրեայ փորձառութենէն գիտենք թէ թուղթը եւ նոյնիսկ հաստատուն կաշին որքա՛ն դիւրութեամբ կը փճանան բացօդեայ վայրի մը կամ խոնաւ սենեակի մը մէջ»։1

Եթէ բնագիրները շատոնց գոյութիւն չունին, այդ պարագային Աստուածաշունչը գրողներուն խօսքերը ի՞նչպէս հասան մինչեւ մեր օրերը։

Բծախնդիր Արտագրողներու Կողմէ Պահպանուած

Բնագիրները գրուելէն անմիջապէս ետք, գրչագիրներ սկսան արտադրուիլ։ Սուրբ Գրութիւնները ընդօրինակելը իրապէս արհեստ մը դարձաւ վաղեմի Իսրայէլի մէջ։ (Եզրասայ 7։6. Սաղմոս 45։1) Սակայն այս պատճեններն ալ փճացուելիք նիւթերու վրայ գրուած էին։ Վերջապէս հարկ տեսնուեցաւ անոնք ալ փոխարինուիլ նոր ձեռագիրներով։ Երբ բնագիրները չքացան, այս պատճենները ապագայ ձեռագիրներու հիմը կազմեցին։ Պատճենները գրչագրելը դարե՜ր շարունակուեցաւ։ Արդեօք գրչագիրներուն սխալները դարերու ընթացքին Աստուածաշունչի բովանդակութեան մէջ հիմնական փոփոխութիւններ մտցուցի՞ն։ Իրողութիւնները կը հերքեն այս միտքը։

Արհեստավարժ արտագրողներ իրենց գործին շատ նուիրուած էին։ Անոնք իրենց ընդօրինակած բառերուն հանդէպ խոր ակնածութիւն ունէին։ Անոնք բծախնդիր ալ էին։ «Արտագրող» թարգմանուած Եբրայերէն բառը՝ սօ·փեր է, որ հաշուելու եւ արձանագրելու կ’ակնարկէ։ Արտագրողներուն ճշգրտութիւնը բացատրելու համար՝ Մազօրէթները նկատի առէք։ * Անոնց մասին ուսումնական Թոմաս Հարթուէլ Հորն կը բացատրէ. «Անոնք . . . գիտէին Հնգամատեանին [Աստուածաշունչի առաջին հինգ գիրքերուն] միջանցիկ տառը, իւրաքանչիւր գրքին մէջտեղի նախադասութիւնը եւ թէ [Եբրայերէն] այբուբենի իւրաքանչիւր տառ քանի անգամ կը գտնուի ամբողջ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ»։3

Հետեւաբար, ճարտար արտագրողները ստուգումի բազմաթիւ կերպեր կը գործածէին։ Աստուածաշունչի բովանդակութենէն նոյնիսկ բառ մը զանց չընելու համար, անոնք ո՛չ միայն բառերը կը համրէին, այլ նաեւ՝ տառերը։ Նկատի առէք թէ ասիկա ի՜նչ մեծ հոգածութիւն կը պահանջէր. տեղեկագրուած է որ անոնք Եբրայերէն Գրութիւններու մէջ ընդամէնը 815,140 տառ հաշուած են։4 Այսպիսի տքնաջան աշխատանք մը բարձրորակ ճշգրտութիւն կ’երաշխաւորէր։

Այսուհանդերձ, արտագրողները անսխալական չէին։ Որեւէ ապացոյց կա՞յ թէ դարերով կրկնօրինակելէ ետք, Աստուածաշունչի բնագիրը վստահելի կերպով վերապրած է։

Վստահութեան Զօրաւոր Հիմ մը

Լաւ պատճառ ունինք հաւատալու թէ Աստուածաշունչը ճշգրտօրէն փոխանցուած է մինչեւ մեր օրերը։ Փաստը՝ ներկայիս գոյութիւն ունեցող ձեռագիրներն են. Եբրայերէն Գրութիւններէն շուրջ 6,000, ամբողջութեամբ կամ մասամբ, իսկ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններէն՝ շուրջ 5,000։ Անոնց մէջ կը գտնուի 1947–ին յայտնաբերուած Եբրայերէն ձեռագիր մը, որ ցոյց կու տայ թէ Սուրբ Գրութիւններու ընդօրինակութիւնը որքա՜ն ճշգրիտ էր։ Անկէ ի վեր, ան կոչուած է «արդի ժամանակներուն ձեռագրի մեծագոյն յայտնագործութիւնը»։5

Այդ տարուան սկիզբը, երիտասարդ պետեվի մը մինչ իր հօտին հսկողութիւն կ’ընէր, Մեռեալ Ծովուն մօտերը քարայր մը գտաւ։ Անոր մէջ խեցեղէն կուժեր գտաւ, որոնց մեծամասնութիւնը դատարկ էր։ Սակայն բերանը լաւ կնքուած կուժերէն մէկուն մէջ, ան կաշիէ մագաղաթ մը գտաւ, որ ուշադիր կերպով կտաւի մէջ փաթթուած էր եւ կը պարունակէր Աստուածաշունչի Եսայիի գիրքը՝ ամբողջութեամբ։ Այս լաւ պահպանուած՝ բայց մաշուած՝ մագաղաթը նորոգուած ըլլալու հետքեր ցոյց կու տար։ Երիտասարդ հովիւը չգիտցաւ որ իր ձեռքին մէջ բռնած մագաղաթը վերջապէս համայն աշխարհի ուշադրութեան պիտի արժանանար։

Այս մասնայատուկ ձեռագիրը յատկանշական ի՞նչ ունի։ 1947–ին, Եբրայերէն Գրութիւններու ամենահին մատչելի ձեռագիրը Հ.Դ. տասներորդ դարէն էր։ * Բայց այս մագաղաթը՝ Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարէն՝ աւելի քան հազար տարի առաջուընէ էր։ * Ուսումնականները շատ հետաքրքիր էին գիտնալու թէ այս մագաղաթը շատ աւելի վերջ արտադրուած ձեռագիրներուն հետ բաղդատած ինչպէս էր։

Ուսումնասիրութեան մը մէջ, ուսումնականներ Մեռեալ Ծովու Մագաղաթին Եսայեայ 53–րդ գլուխը բաղդատեցին հազար տարի ետք արտադրուած մազօրէթական բնագրին հետ։ Գիրք մը՝ Աստուածաշունչի Ընդհանուր Ներածական մը (Անգլերէն), կը բացատրէ տուեալ ուսումնասիրութեան արդիւնքը. «Եսայեայ 53–րդ գլուխի 166 բառերէն, միայն 17 տառեր կան, որոնք հարցական են։ Այդ տառերէն տասն պարզապէս ուղղագրական հարցեր են, որոնք իմաստին չեն ազդեր։ Չորս ուրիշ տառեր ոճային չնչին փոփոխութիւններ են, ինչպէս՝ շաղկապները։ Մնացեալ երեք տառերը ‘լոյս’ բառը կը կազմեն, որ 11–րդ համարին վրայ աւելցուած է, առանց մեծ ազդեցութիւն մը ունենալու իմաստին վրայ։ . . . Հետեւաբար, 166 բառերէ բաղկացած մէկ գլուխին մէջ, միմիայն մէկ բառ (երեք տառ) հարցական է հազար տարուան փոխանցումէն ետք, իսկ այս բառը հատուածին իմաստը մասնաւոր փոփոխութեան մը չ’ենթարկեր»։7

Ուսուցչապետ Միլըր Պըրոզ, որ տարիներ այս մագաղաթներուն վրայ աշխատեցաւ, անոնց բովանդակութիւնը վերլուծելով, նման եզրակացութեան մը յանգեցաւ. «Եսայիի մագաղաթին եւ մազօրէթական բնագրին . . . միջեւ եղող շատ մը տարբերութիւնները կարելի է բացատրել որպէս ընդօրինակութեան սխալներ։ Ասոնցմէ դուրս, ընդհանուր առմամբ յատկանշական ներդաշնակութիւն մը կայ միջնադարեան ձեռագիրներու հետ։ Այդքան հին ձեռագրի մը հետ այս ներդաշնակութիւնը, կ’երաշխաւորէ աւանդական գրութեան ընդհանուր ճշգրտութիւնը»։8

‘Երաշխաւորող վկայութիւն մը’ կրնայ տրուիլ նաեւ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու ընդօրինակութեան մասին։ Օրինակի համար, ԺԹ. դարուն յայտնաբերուած Գոտէքս Սինայիթիգուսը՝ նուրբ մագաղաթ մը, որ կը կարծուի Հ.Դ. չորրորդ դարէն ըլլալ՝ դարեր ետք արտադրուած Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու ճշգրտութիւնը հաստատելու նպաստեց։ Յովհաննէսի Աւետարանէն պապիրոսի բեկոր մը՝ որ Եգիպտոսի Ֆայում նահանգին մէջ գտնուեցաւ, Հ.Դ. երկրորդ դարու առաջին կիսուն գրուած ըլլալու է, բնագիրը գրուելէն գրեթէ 50 տարի ետք։ Անիկա դարերով չոր աւազի մէջ պահպանուած էր։ Անոր բովանդակութիւնը կը համաձայնի շատ աւելի ուշ գտնուած ձեռագիրներուն հետ։9

Ուստի, ապացոյցները կը հաստատեն, որ արտագրողները իրականութեան մէջ շատ ճշգրիտ կերպով կ’աշխատէին։ Ասով հանդերձ, անոնք սխալներ ըրին։ Ո՛չ մէկ ձեռագիր սխալէ զերծ է, մէջը ըլլալով Մեռեալ Ծովու Եսայիի Մագաղաթը։ Այսուհանդերձ, ուսումնականներ կրցած են գտնել եւ սրբագրել բնագրէն դուրս եղող այսպիսի տարբերակներ։

Արտագրողներու Սխալները Սրբագրել

Ենթադրենք որ 100 հոգիէ խնդրուի որ երկար գրութիւն մը ընդօրինակեն։ Անկասկած ընդօրինակողներէն առնուազն ոմանք սխալներ պիտի ընեն։ Սակայն, բոլորն ալ նոյն սխալը պիտի չընեն։ Եթէ այդ 100 պատճենները առնէիք եւ ուշադրութեամբ իրարու հետ բաղդատէիք, պիտի կարենայիք սխալները գտնել եւ նախնական արձանագրութեան ճշգրիտ բովանդակութիւնը որոշել, նոյնիսկ երբ բնաւ զայն տեսած չէք։

Աստուածաշունչը արտագրողներուն բոլորն ալ նոյն սխալը չըրին։ Ներկայիս, բաղդատական վերլուծման համար Աստուածաշունչի բառացիօրէն հազարաւոր ձեռագիրներ մատչելի ըլլալով, բնագրի մասնագէտներ կրցած են սխալները գտնել, անոնց նախնական գրութիւնը որոշել եւ հարկ եղած սրբագրութիւնները կատարել։ Այսպիսի ուշադիր ուսումնասիրութեան որպէս արդիւնք, բնագրի մասնագէտներ տիպար բնագիրներ արտադրած են, նախնական լեզուներով։ Եբրայերէն եւ Յունարէն բնագիրներու այս զտուած հրատարակութիւնները, որդեգրած են այն բառերը որոնք միաձայնութեամբ ընդունուած են որպէս նախնական, յաճախ ստորանշումներուն մէջ դնելով կարգ մը ձեռագիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող տարբերակները։ Բնագրի մասնագէտներ այս զտուած հրատարակութիւններն են որ կը գործածեն, Աստուածաշունչը արդի լեզուներու թարգմանելու համար։

Ուստի, երբ Աստուածաշունչի արդի թարգմանութիւն մը կ’առնէք ձեր ձեռքը, ամէն պատճառ ունիք վստահ ըլլալու որ Եբրայերէն եւ Յունարէն բնագիրները՝ որոնց վրայ հիմնուած է ան՝ Աստուածաշունչի սկզբնական գրողներուն գործածած բառերը աչքառու հաւատարմութեամբ ներկայացուցած են։ * Հազարաւոր տարիներ վերարտագրուելով, Աստուածաշունչը ի՛նչպէս իր գոյութիւնը պահպանած ըլլալուն տեղեկագրութիւնը իրապէս արտակարգ է։ Հետեւաբար, Սըր Ֆրետերիք Քէնյըն, որ երկար ժամանակ Բրիտանական Թանգարանի ընդհանուր պատասխանատուն էր, կրցաւ ըսել. «Կարելի չէ աւելի զօրաւոր կերպով հաստատել թէ Աստուածաշունչի ընդհանուր բովանդակութեան ճշգրիտ ըլլալը ստոյգ է . . . ։ Այս բանը կարելի չէ ըսել աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող ուրիշ որեւէ հին գրքի մասին»։10

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Մազօրէթները (որ կը նշանակէ՝ «Աւանդութեան Վարպետներ») Եբրայերէն Գրութիւններու արտագրողներն էին, որոնք Հ.Դ. վեցէն՝ տասներորդ դարերու միջեւ կ’ապրէին։ Անոնց արտադրած ձեռագիր պատճենները կը կոչուին մազօրէթական բնագիրներ։2

^ պարբ. 14 Հ.Դ.Ա. կը նշանակէ՝ «Հասարակ Դարաշրջանէն Առաջ». իսկ Հ.Դ. կը նշանակէ՝ «Հասարակ Դարաշրջան», որ յաճախ կը գրուի Յ.Ք., որ կը նշանակէ «Յամի Տեառն»։

^ պարբ. 14 Էմանուէլ Թովի կողմէ գրուած գիրք մը՝ Եբրայերէն Աստուածաշունչի Բնագրի Քննադատութիւնը (Անգլերէն), կը նշէ. «Բնածուխ 14–ի փորձարկութեան օգնութեամբ, Մեռեալ Ծովու Եսայիի Մագաղաթին [1QIsaa] թուականը որոշուած է Հ.Դ.Ա. 202–էն 107–ի միջեւ (հնագրական թուական. Հ.Դ.Ա. 125-100) . . . ։ Յիշուած հնագրական մեթոտը, յարաբերաբար վաւերական մեթոտ մը եղած է, որ վերջին տարիներուն բարելաւուած է, եւ որ թոյլ կու տայ բացարձակ թուական մը տալու, բաղդատելով տառերուն ձեւն ու դիրքը դուրսի աղբիւրներու, ինչպէս՝ թուագրուած մետաղադրամներու եւ գրութիւններու, հետ»։6

^ պարբ. 22 Անշուշտ, անհատապէս թարգմանիչներ, Եբրայերէն ու Յունարէն բնագիրներուն կառչելու մէջ կրնան խստապահանջ կամ թոյլ ըլլալ։

[Նկար՝ էջ 8]

Աստուածաշունչը պահպանուեցաւ հմուտ արտագրողներու կողմէ

[Նկարներ՝ էջ 9]

Եսայիի Մեռեալ Ծովու Մագաղաթը (նմանագիրը ցոյց տրուած) գրեթէ ճիշդ նման է հազար տարի ետք արտադրուած մազօրէթական բնագրին