Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիրք մը որ կենդանի լեզուներու թարգմանուած է

Գիրք մը որ կենդանի լեզուներու թարգմանուած է

Գիրք մը որ կենդանի լեզուներու թարգմանուած է

Երբ լեզու մը մեռնի, այդ լեզուով գրուած գիրքն ալ կը մեռնի։ Ներկայիս շատ քիչ անհատներ կրնան կարդալ այն հին լեզուները, որով գրուեցաւ Աստուածաշունչը։ Սակայն Աստուածաշունչը կենդանի է։ Անիկա վերապրեցաւ, քանի որ մարդկութեան կենդանի լեզուներով «սորվեցաւ խօսիլ»։ Այն թարգմանիչները, որոնք անոր ուրիշ լեզուներ խօսիլ «սորվեցուցին», երբեմն երեւութապէս անյաղթահարելի խոչընդոտներու հանդիպեցան։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ աւելի քան 1,100 գլուխներն ու 31,000 համարները թարգմանելը՝ վիթխարի գործ մըն է։ Սակայն, դարերու տեւողութեան, անձնուէր թարգմանիչներ ուրախութեամբ ստանձնեցին այս մարտահրաւէրը։ Անոնցմէ շատեր յօժարեցան տառապիլ եւ նոյնիսկ՝ իրենց գործին համար մեռնիլ։ Աստուածաշունչը մարդոց խօսած լեզուներուն թարգմանելու պատմութիւնը, յարատեւութեան եւ հանճարեղութեան աչքառու արձանագրութիւն մըն է։ Հիացում առթող այդ արձանագրութենէն միայն մաս մը նկատի առնենք։

Թարգմանիչներուն Դիմագրաւած Դժուարութիւնները

Գիրք մը ի՞նչպէս կրնաք թարգմանել լեզուի մը, որ ձեռագիր չունի։ Աստուածաշունչի թարգմանիչներէն շատեր ճիշդ այսպիսի դժուարութեան դիմաց գտնուեցան։ Օրինակ, Հ.Դ. չորրորդ դարուն, Ուլֆիլաս ուզեց Աստուածաշունչը թարգմանել այդ ատեն արդիական եղող եւ սակայն գրութիւն չունեցող լեզուի մը՝ Գոթերէնի։ Ուլֆիլաս այս դժուարութիւնը յաղթահարեց 27 տառերէ բաղկացած Գոթերէն այբուբենը հնարելով, գլխաւորաբար հիմնուելով՝ Յունարէն եւ Լատիներէն այբուբենին վրայ։ Գրեթէ ամբողջ Աստուածաշունչը Գոթերէն լեզուի այս թարգմանութիւնը ամբողջացաւ Հ.Դ. 381–էն առաջ։ Շուրջ 20 տարի ետք, Մեսրոպ Մաշտոց հայ այբուբենը յօրինեց, որպէսզի Աստուածաշունչը եւ քրիստոնէական գրականութիւնները Հայերէնի թարգմանուին։

Իններորդ դարուն, յունախօս երկու եղբայրներ, Սիրիլ (որու բուն անունն էր Կոստանդին) եւ Մեթոտիուս, երկուքն ալ կարկառուն ուսումնականներ եւ լեզուագէտներ, ուզեցին Աստուածաշունչը թարգմանել սլաւախօս ժողովուրդին համար։ Բայց Սլաւոներէնը՝ որ ներկայ Սլաւերէն լեզուին նախակարապետն էր՝ գրութիւն չունէր։ Ուստի երկու եղբայրները այբուբենը հնարեցին, որպէսզի Աստուածաշունչը թարգմանեն։ Այսպիսով, Աստուածաշունչը կրնար սլաւական աշխարհին մէջ գտնուող շատերուն «խօսիլ»։

Տասնըվեցերորդ դարուն, Ուիլիըմ Թինտէյլ գործի լծուեցաւ, որպէսզի Աստուածաշունչը բնագիր լեզուներէն Անգլերէնի թարգմանէ, սակայն խիստ հակառակութեան հանդիպեցաւ Եկեղեցիին ու Պետութեան կողմէ։ Թինտէյլ, որ իր ուսումը Օքսֆորտ Համալսարանին մէջ ստացած էր, ուզեց թարգմանութիւն մը պատրաստել որ «արտը հերկող տղան» անգամ կարենայ հասկնալ զայն։1 Բայց ասիկա իրագործելու համար, ան ստիպուեցաւ Գերմանիա փախչիլ, ուր Անգլերէն լեզուով իր «Նոր Կտակարան»ը տպուեցաւ 1526–ին։ Երբ այս Աստուածաշունչէն օրինակներ գաղտագողի Անգլիա մտան, հեղինակութիւնները ա՛յնքան զայրացան որ սկսան զանոնք հրապարակաւ այրել։ Հետագային Թինտէյլ մատնուեցաւ։ Խեղդամահ ըլլալէ ու իր մարմինը հրկիզուելէ ճիշդ առաջ, ան հետեւեալ խօսքերը բարձրաձայն արտասանեց. «Տէ՛ր, Անգլիոյ Թագաւորին աչքերը բա՛ց»։2

Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը շարունակուեցաւ. թարգմանիչները իրենց գործը դադրեցնելու մտադիր չէին։ 1800–ի ատենները, Աստուածաշունչէն առնուազն կարգ մը մասեր 68 լեզուներով «սորված էին խօսիլ»։ Ապա, Աստուածաշունչի Ընկերութիւններու կազմումով՝ մասնաւորաբար, 1804–ին Աստուածաշունչի Բրիտանական եւ Օտար Ընկերութեան կազմումով՝ Աստուածաշունչը տակաւին ուրիշ նոր լեզուներ ալ «սորվեցաւ»։ Հարիւրաւոր երիտասարդներ յօժարեցան օտար երկիրներ երթալ որպէս միսիոնարներ, շատերուն գլխաւոր նպատակը ըլլալով՝ Աստուածաշունչը թարգմանել։

Ափրիկեան Լեզուներու կը Թարգմանուի

1800–ին, Ափրիկէի մէջ միմիայն տասնեակ մը գրաւոր լեզուներ կային։ Խօսուած միւս հարիւրաւոր լեզուները պէտք էր սպասէին որ անհատ մը գրութեան կերպ մը հնարէր։ Միսիոնարները եկան ու այդ լեզուները սորվեցան, առանց այբենարանի կամ բառարանի։ Ապա տքնաջան աշխատեցան, որպէսզի գրելու ձեւ մը զարգացնեն եւ անկէ ետք ժողովուրդին սորվեցուցին այդ գրութիւնը կարդալ։ Անոնք ասիկա ըրին, որպէսզի օր մը ամէն մարդ իր մայրենի լեզուով կարենայ Աստուածաշունչը կարդալ։3

Սկովտիացի Ռոպէրթ Մոֆաթ այսպիսի միսիոնար մըն էր։ 1821–ին, 25 տարեկան հասակին, Մոֆաթ միսիոնարական դպրոց մը հիմնեց հարաւային Ափրիկէի ցուանախօս ժողովուրդին մէջ։ Գրութիւն չունեցող անոնց լեզուն սորվելու համար, ան ժողովուրդին խառնուեցաւ, երբեմն երկրին խորքերը ճամբորդելով, որպէսզի անոնց մէջ ապրի։ Ան հետագային գրեց. «Մարդիկ ազնիւ էին եւ իմ լեզուական սխալներս շատ անգամ խնդուքի պոռթկումներու պատճառ կ’ըլլային։ Ո՛չ մէկ անգամ անոնցմէ մէկը բառ մը կամ նախադասութիւն մը կը սրբագրէր, քանի որ անոնք այնքան լաւ կերպով կը միմոսէին սխալներս որ ուրիշներու մեծ հաճոյք կը պատճառէին»։4 Մոֆաթ յարատեւեց եւ վերջապէս տիրապետեց լեզուին, անոր գրական ձեւն ալ հնարելով։

1829–ին, ութ տարի Ցուանա ժողովուրդին մէջ աշխատելէ ետք, Մոֆաթ Ղուկասու Աւետարանին թարգմանութիւնը աւարտեց։ Զայն տպել տալու համար, ան սայլով մը շուրջ 600 մղոն ճամբորդեց մինչեւ ծովափ եւ ապա նաւ առաւ Քէբ Թաուն երթալու համար։ Հոն կառավարիչը թոյլ տուաւ որ ան կառավարական տպարանը գործածէ, բայց Մոֆաթ գրաշարութիւնը անձամբ պէտք էր ընէր ու տպէր. ան վերջապէս տպեց Աւետարանը՝ 1830–ին։ Առաջին անգամ ըլլալով, Ցուանա ժողովուրդը կրնար Աստուածաշունչէն մաս մը կարդալ իր մայրենի լեզուով։ Մոֆաթ ամբողջ Աստուածաշունչը Ցուաներէնի իր թարգմանութիւնը աւարտեց՝ 1857–ին։

Մոֆաթ Ղուկասու Աւետարանը առաջին անգամ Ցուանա ժողովուրդին մատչելի դարձնելէ ետք, անոնց հակազդեցութիւնը նկարագրեց։ Ան նշեց. «Անհատներ գիտեմ որոնք հարիւրաւոր մղոններէ եկան Սբ. Ղուկասու գիրքէն օրինակներ առնելու համար . . . Տեսայ անհատներ որոնք Սբ. Ղուկասէն մասեր ստացան եւ լացին անոր համար, զանոնք իրենց ծոցը դրին ու երախտագիտութեան արցունքներ թափեցին, մինչեւ անգամ քանի մը հոգիին ըսի. ‘Արցունքներովդ գիրքը պիտի փճացնես’»։5

Մոֆաթի նման անձնուէր թարգմանիչներ այս կերպով շատ մը Ափրիկեցիներու պատեհութիւնը տուին որ առաջին անգամ ըլլալով գրութեան հետ շփում ունենան, որոնցմէ ոմանք նախապէս գրուած լեզուի մը կարիքը չէին տեսած։ Սակայն, թարգմանիչները կը հաւատային որ Ափրիկեցի ժողովուրդին ասկէ աւե՛լի արժէքաւոր նուէր մը կու տային՝ իրենց լեզուով Աստուածաշունչը։ Ներկայիս, ամբողջութեամբ կամ մասամբ, Աստուածաշունչը ափրիկեան աւելի քան 600 լեզուներով «կը խօսի»։

Ասիական Լեզուներու կը Թարգմանուի

Մինչ Ափրիկէի մէջ թարգմանիչներ կը պայքարէին որ խօսուած լեզուները գրաւորի վերածեն, աշխարհի միւս մասին մէջ, ուրիշ թարգմանիչներ շատ աւելի տարբեր խոչընդոտներ կը դիմագրաւէին, թարգմանելով այն լեզուներու, որոնք արդէն բարդ գրութիւն մը ունէին։ Աստուածաշունչը ասիական լեզուներու թարգմանողները այսպիսի դժուարութեան հանդիպեցան։

ԺԹ. դարու սկիզբը, Ուիլիըմ Գէրէ եւ Ճոշուա Մարշմէն Հնդկաստան գացին եւ անոր բազմաթիւ գրաւոր լեզուներուն տիրապետեցին։ Տպագրիչ Ուիլիըմ Ուորտի օգնութեամբ, շուրջ 40 լեզուներով Աստուածաշունչի առնուազն կարգ մը մասերը թարգմանեցին։6 Ուիլիըմ Գէրէի մասին, Հէրպըրթ Գէյն գրողը հետեւեալը կ’ըսէ. «Ան [Պենկալերէն լեզուին] գեղեցիկ, դիւրասահ խօսակցական ոճ մը հնարեց, որ նախկին դասականին տեղը առաւ, այս կերպով արդի ընթերցողներուն աւելի դիւրըմբռնելի եւ գրաւիչ դարձնելով զայն»։7

Ատոնիրամ Ճիւտսըն, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ծնած ու մեծցած էր, Պուրմա ճամբորդեց եւ 1817–ին սկսաւ Աստուածաշունչը Պուրմայերէնի թարգմանել։ Աստուածաշունչը թարգմանելու համար հարկ եղած չափով Արեւելեան լեզուի մը տիրապետելու դժուարութիւնը նկարագրելով, ան գրեց. ‘Երբ երկրին միւս կողմը գտնուող ժողովուրդի մը խօսած լեզուն կը սորվինք, որու մտածելակերպը բոլորովին տարբեր է մերինէն, եւ որու արտայայտութեան կերպերը ամբողջովին նոր են, եւ որու տառերն ու բառերը մեր հանդիպած լեզուներուն հետ ո՛չ մէկ նմանութիւն ունին. երբ ո՛չ բառարան ունինք եւ ոչ մեզի օգնող թարգմանիչ մը եւ պէտք է լեզուէն գոնէ բան մը գիտնանք, մինչեւ որ տեղացի ուսուցիչի մը օժանդակութիւնը կարենանք ձեռք ձգել. . . ասի՛կա է գործը’։8

Ճիւտսընի պարագային, ատիկա 18 տարի տքնաջան աշխատանք նշանակեց։ Պուրմայերէն Աստուածաշունչի վերջին մասը տպուեցաւ 1835–ին։ Սակայն Պուրմայի մէջ իր մնալը սուղի նստեցաւ իր վրայ։ Մինչ թարգմանութեան վրայ կ’աշխատէր, ան որպէս լրտես ամբաստանուեցաւ, եւ մօտ երկու տարի մժեղներով վխտացող բանտի մը մէջ անցուց։ Ազատ արձակուելէն քիչ ետք, իր կինը եւ երիտասարդ աղջիկը տենդէ մահացան։

Երբ 25 տարեկան Ռոպէրթ Մորիսըն Չինաստան հասաւ 1807–ին, ան Աստուածաշունչը Չինարէնի՝ ամենաբարդ գրութիւնը ունեցող լեզուներէն մէկուն, թարգմանելու չափազանց դժուար գործին ձեռնարկեց։ Ան Չինարէն լեզուին մասին շատ սահմանափակ տեղեկութիւն ունէր, զոր սկսած էր սերտել միայն երկու տարի առաջ։ Մորիսըն չինական օրէնքին դէմ ալ պէտք էր պայքարէր, որ կը ջանար Չինաստանը մեկուսացած պահել։ Չինացիներուն արգիլուած էր իրենց լեզուն օտարներուն սորվեցնել, մահապատիժի արժանի յանցանք նկատուելով։ Օտարի մը համար մահացու յանցանք էր Աստուածաշունչը Չինարէնի թարգմանել։

Մորիսըն քաջաբար՝ բայց զգուշութեամբ, շարունակեց լեզուն սերտել, եւ արագօրէն զայն սորվեցաւ։ Երկու տարուան մէջ ան Արեւելեան Հնդկաստանի Ընկերութեան մէջ գործ մը գտաւ որպէս թարգմանիչ։ Օրուան ընթացքին, ան ընկերութեան համար կ’աշխատէր, բայց գաղտնաբար՝ եւ յարատեւ սպառնալիքի ներքեւ՝ Աստուածաշունչի թարգմանութեան վրայ կ’աշխատէր։ 1814–ին, Չինաստան գալէն եօթը տարի ետք, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները պատրաստ էր տպուելու։9 Հինգ տարի ետք, Ուիլիըմ Միլընի օգնութեամբ, ան ամբողջացուց Եբրայերէն Գրութիւնները։

Ասիկա վիթխարի իրագործում մըն էր. արդ Աստուածաշունչը կրնար «խօսիլ» աշխարհի ամենէն բազմանդամ ժողովուրդին լեզուով։ Շնորհիւ ատակ թարգմանիչներու, ասիական ուրիշ լեզուներով ալ թարգմանութիւններ կատարուեցան։ Ներկայիս, Աստուածաշունչէն մասեր մատչելի են ասիական աւելի քան 500 լեզուներով։

Ինչո՞ւ Թինտէյլի, Մոֆաթի, Ճիւտսընի եւ Մորիսընի նման մարդիկ տարիներ տքնաջան աշխատեցան, ոմանք իրենց կեանքն ալ վտանգելով՝ իրենց չճանչցած եւ երբեմն գրաւոր լեզու իսկ չունեցող մարդոց համար գիրք մը թարգմանելու սիրոյն։ Վստահաբար փառքի, կամ նիւթական շահու համար չէր։ Անոնք կը հաւատային որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, եւ թէ ան պէ՛տք է ամէն տեսակ մարդոց «խօսի» իրենց անձնական լեզուով։

Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքը ըլլալուն հաւատաք կամ ոչ, թերեւս պիտի համաձայնիք որ այս անձնուէր թարգմանիչներուն ցուցաբերած անձնազոհ հոգին շատ դժուար է գտնել ներկայ աշխարհին մէջ։ Այսքան անձնուրացութիւն ներշնչող գիրք մը հետազօտուելու արժանի չէ՞։

[Ցուցակ՝ էջ 12]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

Այսքան լեզուներով Աստուածաշունչի կարգ մը մասեր տպուած են 1800–էն ի վեր

68 107 171 269 367 522 729 971 1,199 1,762 1,123

1800 1900 1995

[Նկար՝ էջ 10]

Թինտէյլ՝ մինչ Աստուածաշունչը կը թարգմանէ

[Նկար՝ էջ 11]

Ռոպէրթ Մոֆաթ

[Նկար՝ էջ 12]

Ատոնիրամ Ճիւտսըն

[Նկար՝ էջ 13]

Ռոպէրթ Մորիսըն