Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիրք մը որ ձեզի համար է

Գիրք մը որ ձեզի համար է

Գիրք մը որ ձեզի համար է

Շուրջ 3,000 տարիներ առաջ, Սողոմոն ըսաւ. «Շատ գիրք շինելը ծայր չունի»։ (Ժողովողի 12։12) Այս նկատողութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի վաւերական է այսօր։ Դասական գրքերէն զատ, ամէն տարի հազարաւոր նոր գրքեր կը տպուին։ Գրքերու այսքան ընտրութիւն ունենալով, ինչո՞ւ Աստուածաշունչը պէտք է կարդաք։

ՇԱՏԵՐ գրքեր կը կարդան կա՛մ զբաղելու եւ կամ տեղեկութիւն քաղելու համար. թերեւս ալ այս երկու պատճառներով։ Նոյնը կրնայ ճիշդ ըլլալ Աստուածաշունչի պարագային։ Անիկա կրնայ տրամադրութիւնը բարձրացնել, նոյնիսկ հաճելի ընթերցանութիւն մը ըլլալ։ Բայց Աստուածաշունչը անկէ աւելին է։ Անիկա գիտութեան անզուգական աղբիւր մըն է։—Ժողովողի 12։9, 10

Աստուածաշունչը այնպիսի հարցումներու կը պատասխանէ, որոնց մասին մարդիկ յաճախ խորհած են. մեր անցեալին, մեր ներկային եւ մեր ապագային մասին։ Շատեր հարց կու տան. Ուրկէ՞ եկած ենք։ Ի՞նչ է կեանքին նպատակը։ Ի՞նչպէս կրնանք ուրախութիւն գտնել կեանքի մէջ։ Երկրի վրայ միշտ կեանք գոյութիւն պիտի ունենա՞յ։ Ապագան ի՞նչ վերապահած է մեզի։

Այս գրքոյկին մէջ ներկայացուած բոլոր ապացոյցներու հաւաքական զօրութիւնը, յստակօրէն կը հաստատէ թէ Աստուածաշունչը ճշգրիտ եւ հարազատ է։ Արդէն նկատի առինք որ անոր գործնական խրատները ի՛նչպէս կրնան օգնել մեզի որ իմաստալից եւ ուրախ կեանք մը վարենք։ Քանի որ ներկայի մասին անոր տուած պատասխանները գոհացուցիչ են, վստահաբար անցեալի մասին տուած պատասխանները եւ ապագայի մասին անոր տուած մարգարէութիւնները խիստ ուշադրութեան արժանի են։

Ի՛նչպէս Լաւագոյնս Օգտուիլ

Շատեր սկսած են Աստուածաշունչ կարդալ, սակայն զայն դադրեցուցած են, երբ դժուարիմաց մասերու հանդիպած են։ Եթէ դուք ալ այս փորձառութիւնը ունեցած էք, կարգ մը բաներ կրնան ձեզի օգտակար ըլլալ։

Արդիական լեզուով արժանահաւատ թարգմանութիւն մը ընտրեցէք, ինչպէս՝ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը։ * Ոմանք կը սկսին Աւետարաններէն կարդալ Յիսուսի կեանքին պատմութիւնը, որու իմաստուն ուսուցումները՝ Լերան Քարոզին բովանդակութեան նման՝ սուր կերպով կը գիտակցին մարդկային բնոյթին եւ մեր ապրելակերպը բարելաւելու մասին ուրուագիծ մը կու տան։—Տես՝ Մատթէոս 5-7–րդ գլուխները։

Աստուածաշունչը կարդալէ զատ, շատ լաւ տեղեկութիւն կրնանք քաղել նիւթ առ նիւթ սերտելով։ Այսինքն, մասնայատուկ նիւթ մը առնել եւ քննել թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ այդ մասին։ Պիտի զարմանաք, երբ գիտնաք թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կ’ըսէ հոգիի, երկնքի, երկրի, կեանքի եւ մահուան մասին, ինչպէս նաեւ՝ թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ է եւ թէ ի՛նչ պիտի իրագործէ։ * Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչի նիւթ առ նիւթ ուսումնասիրութեան ծրագիր մը ունին, որ ձրի է։ Եթէ կը փափաքիք, կրնաք իրենցմէ խնդրել, երկրորդ էջին վրայի հասցէներէն մէկը գործածելով։

Ապացոյցները քննելէ ետք, շատեր եզրակացուցած են որ Աստուածաշունչը տրուած է Աստուծմէ, որու Սուրբ Գրութիւնները կը կոչեն՝ «Եհովա»։ (Սաղմոս 83։18) Թերեւս դուք համոզուած չէք որ Աստուածաշունչը աստուածային ծագում ունի։ Բայց ինչո՞ւ անձամբ չքննէք զայն։ Վստահ ենք որ սորվելէն, խորհրդածելէն եւ թերեւս անոր անվախճան իմաստութեան գործնական արժէքին փորձառութիւնը ունենալէն ետք, պիտի զգաք որ Աստուածաշունչը ի՛րապէս գիրք մըն է բոլոր մարդոց՝ մանաւանդ, ձեզի համար։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

^ պարբ. 9 Գիրք մը՝ որ շատերուն օգնած է որ նիւթ առ նիւթ Աստուածաշունչը ուսումնասիրեն, Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքն է, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։