Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիրք մը որ պէ՛տք է կարդացուի

Գիրք մը որ պէ՛տք է կարդացուի

Գիրք մը որ պէ՛տք է կարդացուի

«Աստուածաշունչը պէտք չէ լուրջի առնել», ըսաւ համալսարանի ուսուցիչ մը, համարձակախօս երիտասարդ կնկայ մը։

«Աստուածաշունչը բնաւ կարդացա՞ծ էք», հարցուց ան։

Անակնկալի գալով, ուսուցիչը ստիպուած եղաւ ընդունելու թէ չէր կարդացած։

«Ի՞նչպէս կրնաք այսքան զօրաւոր համոզում մը ունենալ գրքի մը մասին, զոր չէք կարդացած»։

Վաւերական էր կնոջ առարկութիւնը։ Ուսուցիչը որոշեց նախ կարդալ Աստուածաշունչը եւ ապա կարծիք մը կազմել անոր մասին։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ, որ 66 գրքերէ կը բաղկանայ, բնութագրուած է որպէս՝ «մարդկային պատմութեան մէջ հաւանաբար ամենէն ազդեցիկ գրքերու հաւաքածոն»։1 Արդարեւ, ան աշխարհի մեծագոյն արուեստներէն, գրականութիւններէն եւ երաժշտութիւններէն ոմանց ազդած է։ Անիկա օրէնսդրութեան վրայ յատկանշական անդրադարձ ունեցած է։ Անիկա իր գրական ոճին համար գովաբանուած է ու բարձր ուսում ունեցողներէն շատեր բարձր աչքով նայած են անոր։ Ամէն խաւի պատկանող մարդոց կեանքին վրայ անոր ձգած ազդեցութիւնը մասնաւորաբար խոր եղած է։ Անիկա իր ընթերցողներուն մէջ ներշնչած է աչքառու հաւատարմութիւն մը։ Ոմանք պարզապէս զայն կարդալու համար, մահուան վտանգը աչք առած են։

Միեւնոյն ատեն, Աստուածաշունչի նկատմամբ թերահաւատութիւն ալ կայ։ Կան անհատներ, որոնք անձնապէս կարդացած չըլլալով հանդերձ, անոր մասին հաստատ կարծիք մը ունին։ Անոնք կրնան ընդունիլ անոր գրական կամ պատմական արժէքը, բայց կ’առարկեն, ըսելով. Հազարաւոր տարիներ առաջ գրուած գիրք մը ի՞նչպէս կրնայ յարմարիլ այս արդի աշխարհին։ Մենք «տեղեկատուական դարաշրջանի» մը մէջ կ’ապրինք։ Ընթացիկ իրադարձութիւններու եւ արուեստագիտութեան մասին տեղեկութիւնները վայրկենական մատչելի են։ Արդի կեանքի բոլոր խնդիրներուն վերաբերեալ կարելի է արագօրէն «մասնագէտներու» կողմէ խրատներ ստանալ։ Աստուածաշունչը իրապէս տեղեկութիւններ կը պարունակէ՞, որոնք կրնան գործնական ըլլալ մեր օրերուն։

Այս գրքոյկը կը ջանայ այսպիսի հարցումներու պատասխանել։ Անոր նպատակը չէ կրօնական տեսակէտներ կամ հաւատալիքներ պարտադրել, այլ՝ ցոյց տալ թէ պատմականօրէն հեղինակաւոր այս գիրքը՝ Աստուածաշունչը՝ ձեր նկատողութեան արժանի գիրք մըն է։ 1994–ին հրատարակուած տեղեկագրութիւն մը նշեց, որ կարգ մը դաստիարակներ համոզուած են թէ Աստուածաշունչը ա՛յնքան զօրաւոր կերպով տեղ գրաւած է Արեւմտեան մշակոյթին մէջ, որ «ոեւէ մէկը՝ հաւատացեալ կամ անհաւատ՝ եթէ սուրբ գրային ուսուցումներուն եւ պատմութիւններուն ծանօթ չէ, մշակութային գետնի վրայ տգէտ է»։2

Հաւանաբար, այս նշուածները կարդալէ ետք՝ կրօնասէր ըլլաք թէ ոչ՝ պիտի համաձայնիք որ Աստուածաշունչը առնուազն գիրք մըն է, որ պէ՛տք է կարդացուի։

[Շրջանակ/Նկար՝ էջ 3]

«Ես իմ պայծառամտութիւնս պարզապէս կը պարտիմ գրքի մը, զոր կարդացած եմ։ Գրքի՞ մը։ Այո՛, եւ անիկա հին, պարզ գիրք մըն է, համեստ՝ բնութեան նման, եւ շա՛տ բնական . . . ։ Իսկ գրքին անունը պարզապէս՝ մատեան, Աստուածաշունչ է»։—Հայնրիխ Հայնը, ԺԹ. դարու Գերմանացի գրող մը։3