Մարգարէական գիրք մը
Մարգարէական գիրք մը
Մարդիկ ապագայով հետաքրքրուած են։ Անոնք վստահելի գուշակութիւններ կը փնտռեն բազմաթիւ նիւթերու շուրջ, օդի մասին տեղեկանքէն մինչեւ տնտեսական զեկուցումներ։ Սակայն, երբ անոնք այսպիսի տեղեկանքներու վրայ հիմնուելով կը գործեն, յաճախ յուսախաբութեան կը մատնուին։ Աստուածաշունչը բազմաթիւ գուշակութիւններ կամ մարգարէութիւններ կը պարունակէ։ Այդ մարգարէութիւնները ո՞րքան ճշգրիտ են։ Արդեօք անոնք կանխաւ գրուած տեղեկութիւննե՞ր, թէ ոչ որպէս մարգարէութիւն ծպտուած պատմութիւններ են։
ՀՌՈՎՄԷԱՑԻ դիւանագէտ մը՝ Գաթօ՝ (Հ.Դ.Ա. 234-149) ըսած է. «Կը զարմանամ որ գուշակող մը չի ծիծաղիր, երբ ուրիշ գուշակող մը տեսնէ»։1 Արդարեւ, մինչեւ օրս, շատեր կասկածանքով կը նային բախտագուշակներուն, աստղաբաշխներուն եւ այլ գուշակողներուն։ Յաճախ անոնց գուշակութիւնները տարտամ են եւ շատ այլազան մեկնաբանութիւններու ենթակայ։
Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուածաշունչի մարգարէութեանց մասին։ Կասկածանքով նայելու պատճառ ունի՞նք, թէ ոչ կրնանք վստահիլ անոնց։
Անոնք Պարզապէս Սրամիտ Ենթադրութիւններ Չեն
Տեղեակ անհատներ կրնան նկատելի հոսանքներու վրայ հիմնուելով փորձել ճշգրիտ ենթադրութիւններ ընել ապագայի նկատմամբ, բայց անոնք միշտ շիտակ չեն ելլեր։ Ապագայի Ցնցում գիրքը (Անգլերէն) կը նշէ. «Մարդկային ամէն ընկերութիւն կը դիմագրաւէ ո՛չ միայն հաւանական ապագաներու յաջորդականութիւն, այլ, շարք մը կարելի ապագաներ եւ նախընտրելի ապագաներու մասին՝ պայքար»։ Ան կ’աւելցնէ. «Անշուշտ, ոեւէ մէկը չի կրնար բացարձակ կերպով ‘գիտնալ’ ապագան։ Միայն կրնանք դասաւորել եւ խորացնել ապագայի մեր ենթադրութիւնները եւ փորձել անոնց հաւանականութիւններ նշանակել»։2
Բայց Աստուածաշունչի գրագիրները ապագայի շուրջ «ենթադրութիւններ»ու ‘հաւանականութիւններ չնշանակեցին’։ Ո՛չ ալ իրենց նախագուշակութիւնները կարելի է մերժել որպէս այլազան մեկնութիւններու բաց եղող մութ տեղեկութիւններ։ Ճիշդ հակառակը, ընդհանրապէս անոնց մարգարէութիւնները ըսուած են արտակարգ յստակութեամբ եւ արտասովոր կերպով մասնայատուկ էին եւ յաճախ ակնկալուածին ճիշդ հակառակը կը նախատեսէին։ Որպէս օրինակ առէք, վաղեմի Բաբելոն քաղաքին մասին Աստուածաշունչի նախատեսութիւնը։
‘Կորստեան Աւելով Պիտի Աւլուէր’
Վաղեմի Բաբելոնը «Թագաւորութիւնների զարդը» դարձած էր։ (Եսայեայ 13։19, Արարատ) Այս տարածուն քաղաքը, որ Պարսից Ծոցէն՝ Միջերկրական Ծով տանող առեւտրական ճամբուն վրայ ռազմավարական դիրք մը կը գրաւէր, Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ, թէ ցամաքային եւ թէ ծովային առեւտուրի համար որպէս վաճառականական մթերանոց կը ծառայէր։
Հ.Դ.Ա. եօթներորդ դարուն, Բաբելոն երեւութապէս Բաբելոնական Կայսրութեան անառիկ մայրաքաղաքն էր։ Եփրատ Գետը կ’անցնէր քաղաքին մէջէն, գետին ջուրերը կը գործածուէին լայն, խորունկ խրամատ մը եւ ջրանցքներու ցանց մը կազմելու համար։ Ասկէ զատ, քաղաքը պաշտպանուած էր կրկնակի պարիսպներու վիթխարի դրութեամբ մը, որոնց վրայ պաշտպանութեան բազմաթիւ աշտարակներ բարձրացած էին։ Զարմանալի չէ որ անոր բնակիչները իրենք զիրենք ապահով կը զգային։
Այսուհանդերձ, Հ.Դ.Ա. ութերորդ դարուն, Բաբելոն իր փառքի զենիթին հասնելէն առաջ, Եսայի մարգարէն մարգարէացաւ որ Բաբելոնը ‘կորստեան աւելով պիտի աւլուի’։ (Եսայեայ 13։19. 14։22, 23) Եսային նկարագրեց նաեւ թէ Բաբելոնը ի՛նչ կերպով պիտի իյնար։ Ներխուժողները անոր գետերը՝ խրամատային պաշտպանութեան աղբիւրը՝ ‘պիտի ցամքեցնէին’, քաղաքը անպաշտպան թողնելով։ Եսային նուաճողին անունն իսկ տուաւ՝ Պարսիկ հզօր թագաւոր մը, «Կիւրոս», ‘որու առջեւ դռներուն փեղկերը պիտի բացուէին’։—Եսայեայ 44։27–45։2
Ասոնք յանդուգն գուշակութիւններ էին։ Սակայն կատարուեցա՞ն։ Ձգենք որ պատմութիւնը պատասխանէ։
‘Առանց Կռուելու’
Եսային իր մարգարէութիւնը արձանագրելէն երկու դար ետք, Հ.Դ.Ա. 5 Հոկտեմբեր 539–ի գիշերը, Մեծն Կիւրոսի հրամանատարութեան ներքեւ եղող Մարա–Պարսկական բանակները, Բաբելոնի մօտակայքը բանակեցան։ Բայց Բաբելոնացիները շատ ապահով կը զգային։ Յոյն պատմաբան՝ Հերոդոտոսի (Հ.Դ.Ա. հինգերորդ դար) համաձայն, անոնք տարիներ տեւող բաւարար պաշար ունէին։3 Նաեւ՝ Եփրատ Գետին եւ Բաբելոնի հզօր պարիսպներու պաշտպանութիւնը կը վայելէին։ Այսուհանդերձ, Նաբունիտոսի Քրոնիկագրին համաձայն, այդ նոյն գիշերը, «Կիւրոսի զօրքերը Բաբելոն մտան առանց կռուելու»։4 Ասիկա ի՞նչպէս կարելի էր։
Հերոդոտոս կը բացատրէ որ քաղաքին մէջը «տօնախմբութիւն մը կը կատարուէր եւ [մարդիկ] կը շարունակէին պարել եւ զուարճանալ»։5 Սակայն, դուրսը, Կիւրոս Եփրատ Գետին ջուրերը շեղել տուաւ։ Երբ ջուրը ցածցաւ, իր բանակը գետին հունէն ճղփալով անցաւ, ջուրը մինչեւ իրենց ազդրը հասնելով։ Անոնք աշտարակեայ պարիսպներուն քովէն անցնելով մտան Հերոդոտոսի ըսած «գետին նայող դռներէն», որոնք անհոգ կերպով բաց ձգուած էին։6 (Բաղդատել՝ Դանիէլ 5։1-4. Երեմեայ 50։24. 51։31, 32։) Ուրիշ պատմաբաններ, ինչպէս՝ Քսենոփոն (շուրջ Հ.Դ.Ա. 431-352), եւ հնախոյզներուն կողմէ գտնուած սեպագիր սալիկներ կը հաստատեն Բաբելոնի յանկարծակի նուաճումը՝ Կիւրոսի կողմէ։7
Բաբելոնի մասին Եսայիի յիշած մարգարէութիւնը այս կերպով կատարուեցաւ։ Կրնա՞նք ըսել որ ասիկա մարգարէութեան կատարումն էր։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ասիկա գուշակութիւն մը չէր, այլ իրողութիւնը կատարուելէն ետք արձանագրուած էր։ Արդարեւ, Աստուածաշունչի մնացեալ մարգարէութիւններուն մասին ալ կարելի է նոյն հարցումը ուղղել։
Պատմութիւնը Որպէս Մարգարէութի՞ւն Ծպտուած
Եթէ Աստուածաշունչի մարգարէները՝ մէջը ըլլալով Եսային՝ պատմութիւնը յերիւրած են որպէսզի անիկա մարգարէութեան նմանի, ուրեմն այդ մարդիկը պարզապէս սրամիտ զեղծարարներ են։ Բայց այսպիսի խաբէութիւն ընելու համար, ի՞նչ կրնար ըլլալ անոնց շարժառիթը։ Ճշմարիտ մարգարէները բացայայտօրէն գիտցուցին որ իրենք չէին կաշառուեր։ (Ա. Թագաւորաց 12։3. Դանիէլ 5։17) Իսկ արդէն նկատի առինք այն հետաքրքրական ապացոյցը, թէ Աստուածաշունչը գրողները (որոնք գլխաւորաբար մարգարէներ էին) արժանահաւատ տղամարդիկ էին, որոնք նոյնիսկ զիրենք նեղի մատնող սխալներն անգամ յայտնելու կամեցողութիւնը ունէին։ Շատ անհաւանական կը թուի որ այսպիսի անհատներ ճարտար խարդախութիւններ ընէին, պատմութիւնը որպէս մարգարէութիւն ծպտելով։
Ուրիշ բան մըն ալ պէտք է նկատի առնել։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններէն շատեր, մարգարէին պատկան ժողովուրդին՝ մէջը ըլլալով քահանաներուն եւ իշխաններուն՝ դէմ կծու ազդարարութիւններ կը պարունակէին։ Եսային, զոր օրինակ, իր օրուան Իսրայելացիներուն՝ թէ՛ առաջնորդներուն եւ թէ ժողովուրդին՝ բարոյական ողբալի վիճակին հանդէպ իր տհաճութիւնը ցոյց տուաւ։ (Եսայեայ 1։2-10) Ուրիշ մարգարէներ ուժգին կերպով քահանաներուն մեղքերը քօղազերծեցին։ (Սոփոնեայ 3։4. Մաղաքեայ 2։1-9) Անոնք ինչո՛ւ մարգարէութիւններ պիտի շինէին, որոնք իրենց իսկ ժողովուրդին դէմ երեւակայելի ամենէն սուր մեղադրանքները պարունակէին, իսկ քահանաները ինչո՛ւ այս խորամանկութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերէին. այս գաղափարը ընդունիլը դժուար է։
Ասկէ զատ, եթէ մարգարէները պարզապէս խաբեբաներ էին, ինչպէ՞ս կրցան այսպիսի զեղծարարութեան մը մէջէն յաջող կերպով դուրս գալ։ Իսրայէլի մէջ գրագիտութիւնը քաջալերուած էր։ Երախաներուն պզտիկ հասակէն գրել–կարդալ կը սորվեցնէին։ (Բ. Օրինաց 6։6-9) Քաջալերութիւն տրուած էր որ անձնապէս կարդան Սուրբ Գրութիւնները։ (Սաղմոս 1։2) Ամէն Շաբաթ օրերը, ժողովարաններուն մէջ Սուրբ Գրութիւնները հանրապէս կը կարդացուէին։ (Գործք 15։21) Շատ անհաւանական կը թուի որ գրագէտ ու Սուրբ Գրութիւններու հմուտ ամբողջ ազգ մը, այսպիսի զեղծարարութեամբ խաբուէր։
Բաբելոնի անկումին մասին Եսայիի մարգարէութիւնը այսքանով չի վերջանար։ Անոր մէջ մանրամասնութիւն մը կայ, զոր կարելի չէր գրել անոր կատարումէն ետք։
«Հոն Յաւիտեան Բնակութիւն Պիտի Չըլլայ»
Իր անկումէն ետք, Բաբելոնի ի՞նչ պիտի պատահէր։ Եսային նախագուշակեց. «Հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ եւ ազգէ ազգ մարդ պիտի չբնակի։ Հոն Արաբացիները վրան պիտի չկանգնեցնեն եւ հովիւները իրենց հօտը հոն պիտի չպառկեցնեն»։ (Եսայեայ 13։20) Առնուազն տարօրինակ պիտի հնչէր գուշակել, որ այսպիսի նպաստաւոր դիրք ունեցող քաղաք մը մնայուն կերպով անբնակ պիտի մնար։ Եսային կրնա՞ր Բաբելոնի ամայացումը տեսնելէն ետք գրել իր խօսքերը։
Կիւրոսի կողմէ նուաճուելէ ետք, բնակուած Բաբելոն մը դարերով գոյատեւեց, թէեւ՝ նուազ կարեւոր։ Մի՛ մոռնաք որ Մեռեալ Ծովու Մագաղաթներուն մէջ կար Եսայիի գրքին լրիւ պատճեն մը, Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարէն։ Այդ մագաղաթի ընդօրինակութեան ժամանակները, Բաբելոնը Պարթեւներու ձեռքը ինկաւ։ Հ.Դ. առաջին դարուն, Բաբելոնի մէջ հրէական գաղութ մը կար եւ Աստուածաշունչը գրողներէն Պետրոս, հոն այցելեց։ (Ա. Պետրոս 5։13) Այդ ժամանակ, Եսայիի Մեռեալ Ծովու Մագաղաթը գրեթէ երկու դարէ ի վեր գոյութիւն ունէր։ Ուստի, Հ.Դ. առաջին դարուն, Բաբելոնը տակաւին ամբողջովին ամայացած չէր, իսկ Եսայեայ գիրքը անկէ շա՜տ առաջ արդէն ամբողջացած էր։ *
Ինչպէս նախագուշակուած էր, Բաբելոնը վերջապէս «աւերակի դէզեր» եղաւ։ (Երեմեայ 51։37) Եբրայերէնի ուսումնական Ժերոմի (Հ.Դ. չորորդ դար) համաձայն, իր օրերուն, Բաբելոն որսորդութեան վայր մըն էր, ուր «ամէն տեսակ անասուններ» կը թափառէին։9 Մինչեւ օրս, Բաբելոն ամայի է։
Եսային չապրեցաւ, տեսնելու համար Բաբելոնի անբնակելի վիճակը։ Բայց Պաղտատէն շուրջ 80 քմ. դէպի հարաւ, արդի Իրաքի մէջ գտնուող վաղեմի այդ հզօր քաղաքին աւերակները, անխօս վկայութիւն մըն են իր խօսքերուն կատարման, թէ՝ «հոն յաւիտեան բնակութիւն պիտի չըլլայ»։ Զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը գրաւելու համար Բաբելոնի վերակառուցումը կրնայ այցելուներ հրապուրել, սակայն, Բաբելոնի «զաւակն ու սերունդը» յաւիտեան բնաջնջուած է։—Եսայեայ 13։20. 14։22, 23
Հետեւաբար, Եսայի մարգարէն տարտամ գուշակութիւններ չըրաւ, զորս կարելի էր յարմարցնել ապագայ որեւէ պատահարի. ո՛չ ալ փորձեց պատմութիւնը գրել որպէս մարգարէութիւն։ Պահ մը խորհեցէք. Խաբեբայ մը ինչո՞ւ պիտի համարձակէր «մարգարէութիւն» մը գրել, որու վրայ ինք բացարձակապէս հեղինակութիւն չունէր, ըսելով թէ Բաբելոն անգամ մը եւս բնակելի պիտի չդառնար։
Բաբելոնի անկումին մասին այս մարգարէութիւնը, տակաւին միայն մէկ օրինակ մըն է Աստուածաշունչէն։ * Շատերու համար անոր մարգարէութեանց կատարումները կը մատնանշեն որ Աստուածաշունչը մարդէն աւելի բարձր աղբիւրէ մը եկած ըլլալու է։ Թերեւս պիտի համաձայնիք, որ մարգարէական այս գիրքը, առնուազն հետազօտութեան արժանի է։ Բան մը որոշ է. Հսկայ տարբերութիւն մը կայ արդի գուշակներուն աղօտ կամ զգայացունց գուշակութիւններուն եւ Աստուածաշունչի յստակ, լուրջ եւ մասնայատուկ մարգարէութեանց միջեւ։
[Ստորանիշներ]
^ պարբ. 24 Հաստատ ապացոյցներ կան որ Եբրայերէն Գրութիւններու գրքերը՝ մէջը ըլլալով Եսայեան՝ Հասարակ Դարաշրջան առաջին դարէն շատ առաջ գրուած էին։ Պատմաբան Յովսեպոս (Հ.Դ. առաջին դար) նշած է որ Եբրայերէն Գրութիւններու կանոնագիրքը իր օրուընէ շատ առաջ հաստատուած էր։8 Աւելին ըլլալով, Յունարէն Եօթանասնից–ը, որ Եբրայերէն Գրութիւններու Յունարէն թարգմանութիւնն է, Հ.Դ.Ա. երրորդ դարուն սկսուած եւ Հ.Դ.Ա. երկրորդ դարուն ամբողջացած էր։
^ պարբ. 28 Աստուածաշունչի մարգարէութեանց մասին յաւելեալ տեղեկութեանց եւ անոնց կատարման պատմական իրողութիւններու տուեալներուն համար, հաճեցէք կարդալ՝ Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, էջ 117-133, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։
[Մէջբերում՝ էջ 28]
Աստուածաշունչը գրողները ճշգրիտ մարգարէնե՞ր էին թէ՝ սրամիտ զեղծարարներ
[Նկար՝ էջ 29]
Վաղեմի Բաբելոնի աւերակները