Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ներկայ կեանքին համար գործնական գիրք մը

Ներկայ կեանքին համար գործնական գիրք մը

Ներկայ կեանքին համար գործնական գիրք մը

Խրատ տուող գրքեր շատ ժողովրդականութիւն գտած են ներկայ աշխարհին մէջ։ Սակայն անոնք ժամանակավրէպ կը դառնան եւ շատ չանցած վերատեսութեան կ’ենթարկուին, կամ կը փոխարինուին։ Ի՞նչ կրնանք ըսել Աստուածաշունչին մասին։ Անիկա շուրջ 2,000 տարի առաջ ամբողջացաւ, սակայն անոր նախնական պատգամը բնաւ չէ բարեփոխուած կամ՝ ժամանակավրէպ դարձած։ Այսպիսի գիրք մը կրնա՞յ մեր օրերուն համար գործնական ուղղութիւններ պարունակել։

ՈՄԱՆՔ ո՛չ կ’ըսեն։ Տոքթ. Էլի Չէսսըն, բացատրելով թէ ինչո՛ւ Աստուածաշունչը ժամանակավրէպ կը նկատէր, գրեց. «Քիմիաբանութեան արդի դասարանի մը մէջ գործածուելու համար, ոեւէ մէկը քիմիաբանութեան դասագրքի մը 1924–ի հրատարակութեան գործածութիւնը պիտի չպաշտպանէր»։1 Երեւութապէս՝ այս պատճառաբանութիւնը տրամաբանական կը հնչէ։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչը գրուելէն ի վեր մարդը շատ բան սորված է մտային առողջութեան եւ մարդկային վարուելակերպի մասին։ Ուստի, այսքան հին գիրք մը ի՞նչպէս կրնայ յարմարիլ ներկայ կեանքին։

Անվախճան Սկզբունքներ

Թէեւ ճիշդ է որ ժամանակները փոխուած են, բայց մարդուն հիմնական կարիքները նոյնը մնացած են։ Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, մարդիկ միշտ պէտք ունեցած են սիրոյ եւ գուրգուրանքի։ Անոնք ուզած են ուրախ ըլլալ ու իմաստալից կեանք մը վարել։ Անոնք տնտեսական ճնշումներուն հետ գլուխ ելլելու, յաջող ամուսնութիւն մը ունենալու, եւ իրենց զաւակներուն մէջ բարոյական լաւ արժէքներ քանդակելու կերպերուն մասին խրատներու պէտք ունեցած են։ Աստուածաշունչը այս հիմնական պէտքերուն մասին խրատներ կը պարունակէ։—Ժողովողի 3։12, 13. Հռովմայեցիս 12։10. Կողոսացիս 3։18-21. Ա. Տիմոթէոս 6։6-10

Աստուածաշունչի խրատները կը յայտնեն որ անիկա մարդկային բնոյթին մօտէն ծանօթ է։ Անոր մասնայատուկ, անվախճան սկզբունքներէն քանի մը հատը նկատի առնենք, որոնք ներկայ կեանքին համար գործնական են։

Ամուսնութեան Համար Գործնական Առաջնորդութիւն

ՄԱԿ–ի Քրոնիկագիր–ը (Անգլերէն) կ’ըսէ որ ընտանիքը «մարդկային կազմակերպութեան ամենահին եւ ամենէն հիմնական միաւորն է՝ սերունդներու միջեւ եղող ամենէն ճակատագրական օղակը»։ Սակայն, այս «ճակատագրական օղակը» կ’անջատուի վախազդու տարողութեամբ։ «Ներկայ աշխարհին մէջ», կը նշէ Քրոնիկագիր–ը, «բազմաթիւ ընտանիքներ վախազդու խնդիրներ կը դիմագրաւեն, որոնք իրենց ընթացքը շարունակելու, եւ նոյնիսկ՝ իրենց գոյատեւման կը սպառնան»։2 Աստուածաշունչը ի՞նչ խրատներ կը մատուցանէ, որոնք կրնան օգնել որ ընտանեկան միաւորը գոյատեւէ։

Նախ եւ առաջ, Աստուածաշունչը շատ բան ունի ըսելիք ամուսինի եւ կնոջ իրարու հանդէպ ունեցած վերաբերմունքին մասին։ Օրինակ, ամուսիններուն ան կ’ըսէ. «Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ. վասն զի մէկը բնաւ իր անձը չ’ատեր, հապա կը սնուցանէ ու կը խնամէ զանիկա»։ (Եփեսացիս 5։28, 29) Կնոջ խրատ տրուած է, որ «իր այրէն ակնածի»։—Եփեսացիս 5։33

Նկատի առէք այսպիսի խրատներ գործադրելուն արդիւնքը։ Ամուսին մը որ իր կինը ‘իր մարմնին պէս’ կը սիրէ, զայն չ’ատեր կամ անոր հետ բիրտ կերպով չի վարուիր։ Ան ո՛չ ֆիզիքական հարուած կու տայ անոր, ոչ ալ՝ բերանացի կամ զգացական կերպով կը չարչարէ։ Ընդհակառակը, անոր հանդէպ յարգանքով ու նկատառութեամբ կը վարուի, ինչպէս՝ իր անձին հետ։ (Ա. Պետրոս 3։7) Այս կերպով, կինը սիրուած՝ եւ իր ամուսնութեան մէջ ապահով կը զգայ։ Այսպիսով, ամուսինը կիներու հանդէպ վերաբերմունքի նկատմամբ իր զաւակներուն լաւ օրինակ կը հանդիսանայ։ Իսկ միւս կողմէ, կին մը որ իր ամուսնոյն հանդէպ ‘ակնածութիւն’ ունի, զինք անդադար քննադատելով կամ նսեմացնելով անոր արժանապատուութիւնը ոտնակոխ չ’ըներ։ Քանի որ կը յարգէ զինք, ամուսինը կը զգայ որ ինք վստահելի, ընդունելի եւ գնահատուած է։

Այսպիսի խրատ մը գործնակա՞ն է մեր ներկայ աշխարհին մէջ։ Հետաքրքրական է, որ ընտանեկան կեանքի արդի մասնագէտները նոյն եզրակացութեան յանգած են։ Ընտանեկան խրատ տալու ծրագրի մը տնօրէնուհին նշեց. «Ամենէն կայուն ընտանիքները զորս ճանչցած եմ, անոնք են ուր հայրը եւ մայրը իրարու հետ զօրաւոր, սիրալիր փոխյարաբերութիւն մը ունին։ . . . Կը թուի թէ այս զօրաւոր հիմնական յարաբերութիւնը երախաներուն մէջ ապահովութեան զգացում մը կը զետեղէ»։3

Տարիներու ընթացքին, ամուսնութեան շուրջ Աստուածաշունչի տուած խրատները փաստացիօրէն շատ աւելի վստահելի եղած են, քան ընտանեկան խորհրդատուներու լաւ միտումով տուած անհամար խրատները։ Արդարեւ, տակաւին մինչեւ վերջերս մասնագէտներէն շատեր ամուսնալուծումը կը ջատագովէին, որպէս անհաճոյ ամուսնութեան մը համար արագ ու դիւրին լուծում մը։ Ներկայիս, անոնցմէ շատեր մարդոց կը յորդորեն, որ եթէ կարելի է, ամէն բան ընեն, որպէսզի իրենց ամուսնութեան գոյատեւման նպաստեն։ Բայց այս փոփոխութիւնը կատարուած է, բազմաթիւ վնասներ հասցուելէ ետք։

Ասոր հակառակը, Աստուածաշունչը վստահելի, հաւասարակշռուած խրատ մը կու տայ ամուսնական նիւթի շուրջ։ Անիկա կ’ընդունի որ կարգ մը ծայրայեղ պարագաներու՝ ամուսնալուծումը կրնայ թոյլատրուիլ։ (Մատթէոս 19։9) Միեւնոյն ատեն, անիկա կը դատապարտէ առանց լուրջ պատճառի եղող ամուսնալուծումները։ (Մաղաքեայ 2։14-16) Անիկա նաեւ ամուսնական անհաւատարմութիւնը կը դատապարտէ։ (Եբրայեցիս 13։4) Ըստ Աստուածաշունչի, ամուսնութիւնը պարտաւորութիւններ կը դնէ անհատին վրայ. «Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ *Ծննդոց 2։24. Մատթէոս 19։5, 6

Ամուսնութեան շուրջ Աստուածաշունչի խրատը նոյնքան յարմար է ներկայիս, որքան որ էր՝ երբ Աստուածաշունչը գրուեցաւ։ Երբ ամուսին ու կին իրարու հետ սիրով ու յարգանքով կը վարուին եւ ամուսնութիւնը կը նկատեն որպէս բացարձակ յարաբերութիւն մը, շատ հաւանական է որ ամուսնութիւնը գոյատեւէ եւ անոր հետ՝ ընտանիքն ալ։

Ծնողներու Համար Գործնական Ուղղութիւն

Տասնեակ տարիներ առաջ, զաւակ մարզելու շուրջ «նոր գաղափարներ»ով դրդուած, կարգ մը ծնողներ խորհեցան որ «արգիլուած է՝ արգիլել»։8 Անոնք վախցան որ երախաներուն սահմաններ դնելը հոգեկան խանգարում եւ յուսախաբութիւն կը պատճառէ։ Երախայ մեծցնելու շուրջ խրատներ տուող անհատներ լաւ միտումով պնդեցին, որ ծնողներ միմիայն թեթեւ սրբագրութիւններ պէտք է տան իրենց զաւակներուն։ Բայց այդ խրատատուներէն շատեր հիմա կրթութեան դերը վերաքննութեան կ’ենթարկեն, իսկ հոգածու ծնողներ այս հարցին շուրջ յստակ բացատրութիւն մը կը փնտռեն։

Սակայն, երախայ մեծցնելու շուրջ Աստուածաշունչը միշտ յստակ ու տրամաբանական խրատներ տուած է։ Շուրջ 2,000 տարի առաջ, անիկա ըսաւ. «Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը»։ (Եփեսացիս 6։4) «Վարժութիւն» թարգմանուած Յունարէն գոյականը կը նշանակէ «մեծցնել, մարզել, դաստիարակել»։9 Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ այսպիսի վարժութիւն կամ կրթութիւն մը, ծնողական սիրոյ ապացոյց մըն է։ (Առակաց 13։24) Զաւակները կը բարգաւաճին պարզ ու յստակ բարոյական ուղեգծերով եւ իրենց մէջ զարգացնելով շիտակի ու սխալի զգացումը։ Կրթութիւնը կը յայտնէ որ իրենց ծնողքը կը մտածէ իրենց մասին եւ հետաքրքրուած է թէ ի՛նչպիսի անհատ մը պիտի ըլլան։

Բայց ծնողական հեղինակութիւնը՝ «խրատի գաւազանը»՝ բնաւ չարաչար պէտք չէ գործածուի։ * (Առակաց 22։15. 29։15) Աստուածաշունչը ծնողներուն կը զգուշացնէ. «Ձեր որդիները չափազանց մի՛ պատժէք, ապա թէ ոչ զիրենք պիտի յուսահատեցնէք»։ (Կողոսացիս 3։21, Ֆիլլիբս) Անիկա կ’ընդունի նաեւ, որ ընդհանրապէս ֆիզիքական պատիժը՝ սորվեցնելու ամենէն ազդու կերպը չէ։ Առակաց 17։10–ն կ’ըսէ. «Մէկ յանդիմանութիւնը խոհեմ մարդուն աւելի կ’ազդէ, քան թէ հարիւր գաւազանի հարուած՝ յիմարին»։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կանխարգելիչ կրթութիւնը կը յանձնարարէ։ Երկրորդ Օրինաց 11։19 ծնողները կը յորդորէ որ ոչ–պաշտօնական առիթներէն օգտուին, իրենց զաւակներուն մէջ բարոյական արժէքներ զետեղելու համար։—Տես նաեւ՝ Բ. Օրինաց 6։6, 7։

Ծնողներու տուած Աստուածաշունչի անվախճան խրատը յստակ է։ Երախաները յարատեւ եւ սիրալիր կրթութեան պէտք ունին։ Գործնական փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ այսպիսի խրատներ իրապէս օգտակար են։ *

Մարդիկը Բաժանող Արգելքները Յաղթահարել

Ներկայիս մարդիկ ցեղային, ազգային եւ ազգատոհմային արգելքներով բաժանուած են։ Այսպիսի արուեստական պատեր, համայն երկրի վրայ պատերազմներու մէջ անմեղ անհատներու սպանդին նպաստած են։ Նկատի առնելով անցեալի դէպքերը, տարբեր ցեղի եւ ազգի պատկանող այրերու եւ կիներու համար, իրարու հաւասար աչքով նայելու հեռանկարը՝ իսկապէս պայծառ չէ։ Ափրիկեցի պետական անձնաւորութիւն մը կ’ըսէ. «Լուծումը՝ մեր սրտին մէջ է»։11 Բայց դիւրին չէ մարդոց սրտերը փոխել։ Սակայն, նկատի առէք թէ Աստուածաշունչի պատգամը ի՛նչպէս կոչ կ’ընէ սրտին եւ հաւասարութեան զգացումը կը սնուցանէ։

Աստուած «միակ մարդէ մը ամբողջ մարդկութիւնը յառաջ բերաւ» Աստուածաշունչի ուսուցումը, գերակայութեան որեւէ գաղափար կը վանէ։ (Գործք 17։26ՆԱԹ) Անիկա ցոյց կու տայ որ միայն մէկ ցեղ կայ՝ մարդկային ցեղը։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ «Աստուծոյ նմանող» ըլլանք, քանի որ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ (Եփեսացիս 5։1. Գործք 10։34, 35) Անոնք որոնք Աստուածաշունչը լուրջի կ’առնեն եւ իրապէս անոր ուսուցումներուն համաձայն ապրիլ կ’ուզեն, այս գիտութիւնը միացնող ազդեցութիւն մը կ’ունենայ իրենց վրայ։ Անիկա շա՜տ խորունկը կ’իջնէ, մարդուն սրտին վրայ կը ներգործէ, մարդիկը բաժանող մարդակերտ խոչընդոտները մէջտեղէն վերցնելով։ Օրինակ մը նկատի առէք։

Երբ Հիթլէր ամբողջ Եւրոպայի մէջ պատերազմ կը մղէր, Քրիստոնեաներու միայն մէկ խումբ կար՝ Եհովայի Վկաներ, որ անխախտօրէն մերժեց անմեղ մարդոց սպանութեան մասնակից ըլլալ։ Անոնք ‘սուր չվերցուցին’ իրենց ընկեր արարածներուն դէմ։ Անոնք այս կեցուածքը առին, քանի որ կը փափաքէին Աստուած հաճեցնել։ (Եսայեայ 2։3, 4. Միքիայ 4։3, 4) Անոնք իրապէս կը հաւատային ինչ որ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէր, թէ որեւէ ազգ կամ ցեղ միւսէն գերադաս չէ։ (Գաղատացիս 3։28) Իրենց խաղաղասէր կեցուածքին պատճառաւ, Եհովայի Վկաները կեդրոնացման ճամբարներ ղրկուողներուն մէջ առաջիններէն եղան։—Հռովմայեցիս 12։18

Բայց Աստուածաշունչի հետեւիլ դաւանողներուն բոլորը չեն որ այսպիսի կեցուածք մը որդեգրեցին։ Երկրորդ Աշխարհամարտէն քիչ ետք, Մարթին Նիմէօլըր, Գերմանացի բողոքական կղեր մը, գրեց. «Ան որ [պատերազմներու] համար կ’ուզէ Աստուած այպանել, Աստուծոյ Խօսքը չի գիտեր կամ չ’ուզեր գիտնալ։ . . . Քրիստոնեայ եկեղեցիները ամէն դարերու մէջ, իրենք անձամբ օրհնած են պատերազմները, բանակները եւ զէնքերը եւ . . . շատ հակա–քրիստոնէավայել կերպով աղօթած են պատերազմի մէջ իրենց թշնամիներուն կործանման համար։ Այս բոլորը մեր եւ մեր նախահայրերուն սխալներն են, հետեւաբար բնաւ չենք կրնար Աստուած այպանել։ Իսկ մենք, ներկայ Քրիստոնեաներս, ամօթով կը մնանք այդպէս կոչուած աղանդի մը, Աստուածաշունչի Ջանադիր Աշակերտներուն [Եհովայի Վկաներ] դիմաց, որոնցմէ հարիւրաւորներ եւ հազարաւորներ կեդրոնացման ճամբարներ գացած եւ [նոյնիսկ] մեռած են, քանի որ զինուորական սպասարկութիւնը եւ մարդ արարածներուն վրայ կրակ բանալը մերժած են»։12

Մինչեւ օրս, Եհովայի Վկաները հանրածանօթ են իրենց եղբայրական սիրոյն համար, որու միջոցաւ Արաբներն ու Հրեաները, Խրուաթներն ու Սերպերը, Հութուները եւ Թութցիները միացած են։ Սակայն, Վկաները կ’ընդունին որ այսպիսի միութիւն մը կարելի է, ո՛չ թէ անոր համար որ իրենք ուրիշներէ լաւ են, այլ, քանի որ Աստուածաշունչի պատգամին զօրութեամբ ասիկա ընելու դրդուած կը զգան։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։13

Մտային Առողջութիւն Հրահրող Գործնական Առաջնորդութիւն

Անհատի մը մտային եւ զգացական վիճակը յաճախ ազդեցութիւն ունի իր ֆիզիքական առողջութեան վրայ։ Օրինակ, գիտական ուսումնասիրութիւններ հաստատած են բարկութեան վնասակար ըլլալը։ «Մատչելի եղող ապացոյցները մեծաւ մասամբ կը թելադրեն որ շատ մը տարբեր պատճառներով, կռուազան անհատներու քով սրտանօթային հիւանդութեան (ինչպէս նաեւ ուրիշ հիւանդութիւններու) վտանգը աւելի բարձր է, մէջը ըլլալով ընկերակցութեան նուազումը, բարկութեան ընթացքին ֆիզիքական հակազդեցութիւններու յաւելումը, եւ առողջութեան վնասող վտանգաւոր սովորութիւնները», կ’ըսէ Տիուգ Համալսարանի Բժշկական Կեդրոնի մէջ, Վերաբերմունքի Հետազօտութեան Տնօրէն՝ Տոքթ. Ռէտֆորտ Ուիլիըմս, եւ իր տիկինը՝ Վըրճինիա Ուիլիըմս, իրենց գրքին մէջ, որու խորագիրն է՝ Բարկութիւնը կը Սպաննէ (Անգլերէն)։13

Գիտական այսպիսի ուսումնասիրութիւններէն հազարաւոր տարիներ առաջ, պարզ՝ բայց յստակ բառերով, Աստուածաշունչը ցոյց տուած է որ մեր զգացական վիճակին եւ ֆիզիքական առողջութեան միջեւ կապ մը կայ. «Հանդարտ սիրտը մարմնին կեանք է, բայց նախանձը ոսկորներուն փտտութիւն է»։ (Առակաց 14։30. 17։22) Իմաստուն կերպով, Աստուածաշունչը կը խրատէ. «Դադարէ՛ բարկութենէ ու սրդողիլը վերջացուր», եւ «Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու»։—Սաղմոս 37։8. Ժողովողի 7։9

Աստուածաշունչը նաեւ բարկութիւնը զսպելու շուրջ խոհեմ խրատներ կը պարունակէ։ Օրինակ, Առակաց 19։11–ը կ’ըսէ. «Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է»։ Եբրայերէն «խոհեմութիւն» բառը ծագում առած է բայէ մը, որ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ բանի մը «պատճառի գիտութեան»։14 Իմաստուն խրատն է՝ «Խորհէ՝ գործելէ առաջ»։ Երբ ջանանք հասկնալ թէ ուրիշներ ինչո՛ւ այս կամ այն կերպով կը խօսին կամ կը վարուին, ասիկա մեզի կ’օգնէ որ աւելի հանդուրժող՝ եւ նուազ բարկացկոտ, ըլլանք։—Առակաց 14։29

Գործնական խրատի ուրիշ մէկ օրինակը կը գտնենք Կողոսացիս 3։13–ի մէջ, ուր կ’ըսէ. «Շարունակեցէք իրարու համբերել եւ իրարու ներել» (ՆԱ)։ Պզտիկ ջղագրգռութիւնները կեանքի մէկ մասն են։ «Շարունակեցէք իրարու համբերել» արտայայտութիւնը կը թելադրէ, ուրիշներուն մէջ մեր չհաւնած բաներուն հանդուրժել։ «Ներել» կը նշանակէ՝ դժգոհութիւնը վանել։ Երբեմն իմաստութիւն է մեր սրտէն վանել դառն զգացումներ, փոխանակ զանոնք սնուցանելու. բարկութիւն սնուցանելը միմիայն մեր բեռը պիտի ծանրացնէ։—Տես շրջագիծը՝ «Մարդկային Յարաբերութեանց Համար Գործնական Ուղղութիւն»։

Ներկայիս, խրատի եւ ուղղութեան շատ աղբիւրներ կան։ Սակայն Աստուածաշունչը անզուգական է։ Անոր խրատը պարզ տեսութիւն մը չէ, ո՛չ ալ որեւէ կերպով կը վնասէ մեզ։ Ընդհակառակը, անոր իմաստութեան «շատ վստահելի» ըլլալը փաստուած է։ (Սաղմոս 93։5) Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի խրատը անվախճան է։ Թէեւ անիկա շուրջ 2,000 տարիներ առաջ ամբողջացած է, սակայն անոր խօսքերը տակաւին կիրարկելի են։ Իսկ մեր մորթին գոյնը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, կամ ո՛ր երկրին մէջ ալ բնակինք, անոնք բոլորիս հաւասարապէս կիրարկելի են։ Աստուածաշունչի խօսքերը նաեւ ազդու են. անոնք մարդիկը բարեփոխելու զօրութիւն ունին։ (Եբրայեցիս 4։12) Այդ գիրքը կարդալը եւ անոր սկզբունքները կիրարկելը կրնայ ձեր կեանքին որակն ալ բարելաւել։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 13 Եբրայերէն տա·վագ բառը, որ հոս «յարիլ» թարգմանուած է, «մէկու մը խանդաղատանքով ու հաւատարմութեամբ կառչելու իմաստը կը կրէ»։4 Մատթէոս 19։5–ի մէջ գործածուած «պիտի յարի» բառը Յունարէնին մէջ, «փակիլ», «շաղախուիլ», «զօրաւոր կերպով իրարու կպչիլ» իմաստը ունի։5

^ պարբ. 18 Աստուածաշունչի ժամանակներուն, «գաւազան» բառը (Եբրայերէն շէվէթ) կը նշանակէր «ցուպ» կամ «նեցուկ»՝ հովիւի մը գործածածին նման։10 Այս համարին մէջ հեղինակութեան գաւազանը կը թելադրէ սիրալիր առաջնորդութիւն, ո՛չ թէ՝ բրտութիւն։—Բաղդատել՝ Սաղմոս 23։4։

^ պարբ. 19 Տես՝ «Ձեր Զաւակները Իրենց Մանկութենէն Մարզեցէք», «Ձեր Զաւակներուն Օգնեցէք որ Բարգաւաճին», «Տան Մէջ Ըմբոստ մը Կա՞յ» եւ «Ձեր Ընտանիքը Պաշտպանեցէք Քանդիչ Ազդեցութիւններէ» գլուխները, Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը գրքէն, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 24]

Աստուածաշունչը յստակ ու տրամաբանական խրատներ կու տայ ընտանեկան կեանքի մասին

[Շրջանակ՝ էջ 23]

Առողջ ընտանիքներու յատկանիշները

Տարիներ առաջ, դաստիարակուհի եւ ընտանեկան մասնագիտուհի մը, ծաւալուն փորձագիտանք մը կատարեց. ընտանիքներու հետ շփում ունեցող 500 մասնագէտներու հարցուեցաւ որ «առողջ» ընտանիքներու մէջ յատկանշական ի՛նչ գծեր նկատած են։ Հետաքրքրականօրէն, անոնց թուած ամենէն սովորական յատկանիշներուն մէջ կային, այն բաները զորս Աստուածաշունչը շատոնց յանձնարարած է։

Լաւ հաղորդակցութեան սովորութիւնը առաջին տեղը կը գրաւէր, մէջը ըլլալով անհամաձայնութիւնները լուծելու ազդու կերպեր։ Առողջ ընտանիքներու մէջ հասարակաց եղած բանը այդ էր, որ «ոեւէ մէկը միւսէն նեղուած անկողին չերթար», նշեց փորձագիտանքին հեղինակուհին։6 Սակայն, աւելի քան 1,900 տարիներ առաջ, Աստուածաշունչը խրատած էր. «Եթէ բարկանաք՝ մեղք մի՛ գործէք, արեւը ձեր բարկութեանը վրայ մարը թող չմտնէ»։ (Եփեսացիս 4։26) Աստուածաշունչի ժամանակներուն, օրը կը հաշուըւէր արեւնամուտէ՝ արեւնամուտ։ Ուստի, արդի մասնագէտներ ընտանիքները ուսումնասիրելէն շա՜տ առաջ, Աստուածաշունչը իմաստուն կերպով կը խրատէր. Ձեր թիւրիմացութիւնները շուտով՝ օրը վերջանալէն եւ ուրիշ օր մը սկսելէն առաջ՝ լուծեցէք։

Հեղինակը յայտնաբերեց որ առողջ ընտանիքներ, «վիճելու հակամիտեալ նիւթերու մասին չեն խօսիր տունը ձգելէն, կամ անկողին երթալէն ճիշդ առաջ»։ «Կրկին ու կրկին լսեցի՝ ‘շիտակ ժամանակ’ արտայայտութիւնը»։7 Այսպիսի ընտանիքներ անգիտակցաբար կ’արձագանգէին աւելի քան 2,700 տարիներ առաջ արձանագրուած սուրբ գրային առակ մը. «Յարմար ժամանակին խօսուած խօսքը ոսկի խնձորներ են արծաթի զարդերի մէջ»։ (Առակաց 15։23. 25։11, Արարատ) Այս համեմատութիւնը կրնայ ակնարկել խնձորի ձեւով ոսկեղէն զարդերու, որոնք փորագրուած արծաթէ ափսէներու վրայ կը դրուէին. արժէքաւոր եւ գեղեցիկ ստացուածք մը՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն։ Անիկա յարմար ժամանակին ըսուած խօսքի մը գեղեցկութիւնը եւ արժէքը կը հաղորդէ։ Երբ լարուած վիճակի մէջ ենք, յարմար խօսքը՝ յարմար ժամանակին ըսելը, անգին է։—Առակաց 10։19

[Շրջանակ՝ էջ 26]

Մարդկային յարաբերութեանց համար գործնական ուղղութիւն

«Դողացէ՛ք [«բարկացէք», ՆԱ] ու մեղք մի՛ գործէք. խօսեցէ՛ք սրտերնուդ հետ ձեր անկողիններուն վրայ ու լռեցէ՛ք»։ (Սաղմոս 4։4) Պզտիկ վշտացումներու պարագային, շատ անգամ իմաստութիւն պիտի ըլլայ ձեր խօսքերը ետ պահել, զգացական բախումէ խուսափելու համար։

«Մարդիկ կան, որոնց անմիտ խօսքերը սուրի պէս կը խոցոտեն, բայց իմաստուններուն լեզուն բժշկութիւն է»։ (Առակաց 12։18) Խօսելէ առաջ՝ խորհեցէք։ Անխոհեմ խօսքերը կրնան ուրիշները վիրաւորել եւ բարեկամութիւնը խզել։

«Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գրգռէ»։ (Առակաց 15։1) Մեղմութեամբ պատասխանելը ժուժկալութիւն կը պահանջէ, սակայն այսպիսի ընթացք մը յաճախ խնդիրները կը նուազեցնէ եւ խաղաղ յարաբերութիւններ կը յառաջացնէ։

«Կռիւին սկզբնաւորութիւնը ջուրին արձակմանը կը նմանի, ուրեմն վէճը չբռնկած ետ քաշուէ»։ (Առակաց 17։14) Ձեր հանդարտութիւնը կորսնցնելէ առաջ, իմաստութիւն է խուսափիլ պոռթկումի առաջնորդող կացութենէ մը։

«Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու, քանզի բարկութիւնը յիմարներուն ծոցին մէջ կը հանգչի»։ (Ժողովողի 7։9) Զգացումները յաճախ կը կանխեն արարքները։ Շուտ նեղուող անհատ մը յիմար է, քանի որ իր ընթացքը բիրտ խօսքերու կամ արարքներու կրնայ առաջնորդել։

[Նկար՝ էջ 25]

Եհովայի Վկաները կեդրոնացման ճամբարներ ղրկուողներուն մէջ առաջիններէն էին