Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սխալ ներկայացուած գիրք մը

Սխալ ներկայացուած գիրք մը

Սխալ ներկայացուած գիրք մը

«Իր առանցքին վրայ եւ արեւուն շուրջ երկրին զոյգ շարժումի վարդապետութիւնը սխալ է, եւ ամբողջովին հակառակ է Սուրբ Գրութիւններուն»։ Այսպէս կ’ըսէր՝ Հռովմէական Կաթողիկէ Եկեղեցիին Գրաքննական Յանձնաժողովը, 1616–ին լոյս տեսած կոնդակով մը։1 Աստուածաշունչը գիտական իրողութիւններուն հետ համաձայն չէ՞, թէ ոչ անիկա սխալ ներկայացուած է։

ԳԱԼԻԼԷՈՍ Գալիլէ 1609/10–ի ձմրան, իր նոր սարքած հեռադիտակը երկինք դարձուց եւ Լուսնթագի շուրջ դարձող չորս լուսիններ գտաւ։ Ինչ որ տեսաւ, խախտեց այն ատեն տիրապետող կարծիքը, թէ՝ երկնային բոլոր մարմինները պէտք է երկրին շուրջ դառնան։ Անկէ առաջ, 1543–ին, Լեհ աստղագէտ Նիքոլաուս Կոպեռնիկոս այդ տեսութիւնը յայտնած էր թէ մոլորակները կը թաւալին արեւուն շուրջ։ Գալիլէոս գիտական այս ճշմարտութիւնը ստուգեց։

Սակայն, Կաթողիկէ աստուածաբաններուն համար, ասիկա հերետիկոսութիւն էր։ Երկար ատեն եկեղեցին ընդունած էր որ երկիրը տիեզերքին կեդրոնն էր։2 Այս տեսակէտը հիմնուած էր սուրբ գրային համարներու բառացի մեկնաբանութեան վրայ, ուր երկիրը պատկերացուած է որպէս հաստատուած «իր հիմերուն վրայ, որպէս զի յաւիտեանս յաւիտենից չխախտի»։ (Սաղմոս 104։5) Հռովմ կանչուելով, Գալիլէոս Հաւատաքննութեան առջեւ բերուեցաւ։ Խիստ քննութեան ենթարկուելով, ան ստիպուեցաւ հերքել իր գիւտերը, իր կեանքին մնացեալ մասը անցընելով արգելատան մը մէջ։

1992–ին, Գալիլէոսի մահէն շուրջ 350 տարի ետք, Կաթողիկէ Եկեղեցին վերջապէս ընդունեց որ իրականութեան մէջ ան իրաւունք ունէր։3 Բայց եթէ Գալիլէոս շիտակ էր, ուրեմն Աստուածաշո՞ւնչը կը սխալէր։

Սուրբ Գրային Համարներուն Շիտակ Իմաստը Գտնենք

Գալիլէոս կը հաւատար Աստուածաշունչի ճշմարտութեան։ Երբ իր գիտական գիւտերը կը հակասէին Աստուածաշունչի կարգ մը համարներու այդ ժամանակուան բացատրութեան հետ, ան տրամաբանեց որ աստուածաբանները այդ համարները սխալ կը հասկնային։ Վերջապէս, «երկու ճշմարտութիւններ բնաւ չեն կրնար իրար հակասել», գրեց ան։4 Ան թելադրեց որ գիտութեան ճշգրիտ սահմանումները չեն հակասեր Աստուածաշունչի խօսքերուն։ Բայց աստուածաբանները անդրդուելի մնացին։ Անոնք պնդեցին որ երկրի մասին ըսուած սուրբ գրային բոլոր արտայայտութիւնները պէտք է բառացի առնել։ Ասոր պատճառաւ, անոնք ո՛չ միայն մերժեցին Գալիլէոսի գիւտերը, այլ նաեւ, սուրբ գրային այդ համարներուն շիտակ իմաստը չհասկցան։

Իրապէս, տրամաբանութիւնը պէտք է մեզի ըսէ թէ երբ Աստուածաշունչը «երկրին չորս անկիւն»ներուն մասին կը խօսի, չի նշանակեր որ զայն գրողներուն համար երկիրը բառացիօրէն քառակուսի էր։ (Յայտնութիւն 7։1) Աստուածաշունչը հասարակ ժողովուրդին լեզուով գրուած է, յաճախ վառ ոճ մը գործածելով։ Ուստի, երբ կը խօսի որ երկիրը «չորս անկիւն»ներ, «հիմեր», ու «անկիւնի քար» ունի, ասով Աստուածաշունչը երկրին մասին գիտական նկարագրութիւն մը չէ որ կու տայ. յստակօրէն, անիկա փոխաբերական առումով կը խօսի, ինչպէս մենք ալ կ’ընենք մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ։ *Եսայեայ 51։13. Յոբայ 38։6

Կենսագրագիր Կէյմոնաթ, Գալիլէոս Գալիլէ խորագրով իր գրքին մէջ (Անգլերէն), նշեց. «Նեղմիտ աստուածաբաններ, որոնք ուզեցին գիտութիւնը սահմանափակել սուրբ գրային պատճառաբանութեան հիման վրայ, իրականութեան մէջ ուղղակիօրէն վարկաբեկեցին Աստուածաշունչը»։5 Իրապէս ալ այս էր պարագան։ Արդարեւ, Աստուածաշունչի մասին աստուածաբաններուն տուած մեկնութիւնը եւ ո՛չ թէ Աստուածաշունչն էր որ գիտութեան վրայ անտրամաբանական սահմանափակումներ դրաւ։

Նմանապէս այսօր, Աստուածաշունչի տառացի մեկնաբանները զայն կը խեղաթիւրեն, երբ կը պնդեն որ երկիրը ստեղծուած է 24 ժամէ բաղկացած վեց օրուան մէջ։ (Ծննդոց 1։3-31) Այս տեսակէտը ո՛չ գիտութեան հետ համաձայն է, ո՛չ ալ՝ Աստուածաշունչին հետ։ Աստուածաշունչին, ինչպէս նաեւ առօրեայ խօսակցութեան մէջ, «օր» բառը բազմիմաստ արտայայտութիւն մըն է եւ տարբեր երկարութիւն ունեցող ժամանակի միաւորներ կ’արտայայտէ։ Ծննդոց 2։4–ի մէջ, ստեղծագործական վեց օրերուն միասնաբար ակնարկուած է որպէս ամէն բան բովանդակող մէկ «օր»։ Աստուածաշունչին մէջ «օր» թարգմանուած Եբրայերէն բառը կրնայ պարզապէս նշանակել՝ «երկար ժամանակ մը»։6 Ուստի, սուրբ գրային պատճառ մը չկայ պնդելու թէ ստեղծագործութեան օրերուն իւրաքանչիւրը 24 ժամերէ կը բաղկանայ։ Այլ կերպով ուսուցանելով, տառացի մեկնաբաններ Աստուածաշունչը սխալ կը ներկայացնեն։—Տես նաեւ՝ Բ. Պետրոս 3։8։

Ամբողջ պատմութեան տեւողութեան, աստուածաբանները յաճախ խեղաթիւրած են Աստուածաշունչը։ Նկատի առնենք թէ Քրիստոնեայ Աշխարհի կրօնքները ուրիշ ի՛նչ կերպերով սխալ ներկայացուցած են Աստուածաշունչի ըսածը։

Կրօնքներու Կողմէ Սխալ Ներկայացուած

Աստուածաշունչին հետեւիլ դաւանողներուն արարքները, յաճախ կ’արատաւորեն իրենց մեծարել դաւանած գրքին վարկը։ Այդպէս կոչուած Քրիստոնեաներ Աստուծոյ անունով իրարու արիւն թափած են։ Մինչդեռ Աստուածաշունչը կը խրատէ որ Քրիստոսի հետեւորդները ‘մէկզմէկ սիրեն’։—Յովհաննու 13։34, 35. Մատթէոս 26։52

Կարգ մը կղերականներ իրենց ծուխերուն դժուարութեամբ շահած դրամը կը կողոպտեն. ինչ որ շա՜տ տարբեր է Աստուածաշունչի հետեւեալ յորդորէն՝ «ձրի առեր էք, ձրի տուէք»։—Մատթէոս 10։8. Ա. Պետրոս 5։2, 3

Որոշ է ուրեմն, որ չենք կրնար Աստուածաշունչը դատել պարզապէս անկէ մէջբերումներ ընող, կամ անոր համաձայն ապրիլ դաւանող անհատներու խօսքերով եւ արարքներով։ Լայնախոհ անհատ մը ուրեմն, թերեւս փափաքի անձամբ գաղափար մը կազմել Աստուածաշունչին մասին եւ տեսնել թէ անիկա ինչո՛ւ այսքան արտակարգ գիրք մըն է։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 8 Օրինակ, ամենէն բառացի–մտայնութիւն ունեցող աստղագէտներն իսկ այսօր արեւուն, աստղերուն եւ համաստեղութիւններուն «ելլել»ուն ու «մտնել»ուն մասին կը խօսին, թէեւ իրականութեան մէջ երկրին թաւալումին պատճառաւ այնպէս կը թուի որ անո՛նք կը շարժին։

[Նկար՝ էջ 4]

Գալիլէոսի երկու հեռադիտակները

[Նկար՝ էջ 5]

Գալիլէոս հաւատաքննիչներուն դիմաց