Դժոխքի կրակ. աստուածային արդարութեան մաս կը կազմէ՞
Դժոխքի կրակ. աստուածային արդարութեան մաս կը կազմէ՞
Անհատի մը տանջանքին ականատես եղա՞ծ էք։ Կը յուսանք որ՝ ոչ։ Դիտաւորեալ տանջանքը նողկալի ու զզուելի է։ Արդ, ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Աստուծոյ կողմէ պարտադրուած տանջանքին մասին։ Կրնա՞ք այսպիսի բան մը երեւակայել։ Սակայն, շատ մը կրօնքներու պաշտօնական վարդապետութիւնը եղող դժոխքի կրակի ուսուցումը ճիշդ ա՛յս է որ կը թելադրէ։
Պահ մը երեւակայեցէք հետեւեալ սարսռազդեցիկ տեսարանը. Կիզիչ երկաթէ սալի մը վրայ անհատը կը խորովուի։ Իր սաստիկ ցաւին մէջ կ’աղաղակէ որ իրեն ողորմին, բայց մտիկ ընող չկայ։ Տանջանքը կը շարունակուի ժամերո՜վ, օրերո՜վ՝ առա՛նց դադարի։
Անհատին գործած ոճիրը ի՛նչ որ ալ եղած ըլլայ, անոր պիտի չխղճայի՞ք։ Իսկ այդ տանջանքը հրամայողը կրնա՞ր սիրալիր անհատ մը ըլլալ։ Վստահաբար ո՛չ։ Սէրը ողորմած է եւ կը գթայ։ Սիրալիր հայր մը կրնայ պատժել իր զաւակները, բայց բնա՛ւ չի տանջեր զանոնք։
Այսուհանդերձ, շատ կրօնքներ կը սորվեցնեն թէ Աստուած մեղաւորները կը տանջէ յաւիտենական դժոխքի մը մէջ. եւ զայն կը կոչեն աստուածային արդարութիւն։ Եթէ ասիկա ճիշդ է, ո՞վ ստեղծեց յաւիտենական տանջանքի այդ վայրը։ Իսկ ո՞վ պատասխանատու է հոն պարտադրուած տանջալից ցաւերուն։ Այս հարցումներուն պատասխանները բացայայտ են։ Եթէ այսպիսի վայր մը իրապէս գոյութիւն ունի, ուրեմն Աստուած է անոր ստեղծիչը եւ հոն տեղի ունեցած բաներուն ի՛նքն է պատասխանատուն։
* կ’ըսէ. «Աստուած սէր է»։ (Ա. Յովհաննու 4։8) Սիրոյ Աստուած մը կրնա՞յ այնպիսի տանջանք պարտադրել, որ նոյնիսկ քիչ մը պարկեշտութիւն ունեցող անհատի մը համար ընդվզեցուցիչ է։ Վստահաբար ո՛չ։
Կրնա՞ք այսպիսի բան մը ընդունիլ։ ԱստուածաշունչըԱնտրամաբանական Ուսուցում մը
Այսուհանդերձ, շատեր կը հաւատան որ չարերը կրակոտ դժոխք մը պիտի երթան ուր յաւիտեան պիտի չարչարուին։ Այս ուսուցումը տրամաբանակա՞ն է։ Մարդկային կեանքին երկարութիւնը 70 կամ 80 տարի է։ Եթէ նոյնիսկ անհատ մը իր ամբողջ կեանքի տեւողութեան չափազանց չարութիւն ըրած ըլլայ, յաւիտենական չարչարանք մը արդար պատիժ մը պիտի ըլլա՞ր։ Ո՛չ։ Արդարեւ, շատ մեծ անարդարութիւն պիտի ըլլար մարդ մը յաւիտեան չարչարել, իր կեանքի տեւողութեան գործած սահմանափակ թիւով մեղքերուն համար։
Ո՞վ ճշմարտութիւնը գիտէ թէ մահուընէ ետք ի՛նչ կը պատահի։ Միայն Աստուած կրնայ այս տեղեկութիւնը տալ եւ ասիկա արդէն ըրած է իր գրաւոր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ, որու ակնարկեցինք վերեւը։ Ահաւասիկ թէ ի՛նչ կ’ըսէ Աստուածաշունչը. «[Անասունը] ինչպէս կը մեռնի, [մարդն] ալ այնպէս կը մեռնի։ Ամենուն շունչը նոյնն է։ . . . Ամէնքը նոյն տեղը կ’երթան։ Ամէն բան հողէն եղաւ ու ամէն բան հող կը դառնայ»։ (Ժողովողի 3։19, 20) Հոս դժոխքի կրակ յիշուած չէ։ Մահուան ժամանակ, մարդիկ հողին կը վերադառնան, այսինքն՝ չգոյութեան։
Տանջուելու համար, անհատ մը գիտակից պէտք է ըլլայ։ Մեռելները գիտակի՞ց են։ Ո՛չ։ «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր ու ալ վարձք մը չեն առներ. վասն զի անոնց յիշատակը Ժողովողի 9։5) Անկարելի է որ ‘բան մը չգիտցող’ մեռելները դժոխքի կրակի տանջանքը զգան։
մոռցուեցաւ»։ (Վնասակար Վարդապետութիւն մը
Ոմանք կը դաւանին որ դժոխքի կրակի ուսուցումը օգտակար է, անիկա շիտակ ըլլայ կամ ոչ։ Ինչո՞ւ։ Անոնք կ’ըսեն որ անիկա անհատը ետ կը պահէ յանցագործութենէ։ Ասիկա ճի՞շդ է։ Արդեօք դժոխքի հաւատացող մարդոց շրջաններուն մէջ ոճիրը ուրիշ տեղերէն նուա՞զ է։ Բնա՛ւ երբեք։ Իրականութեան մէջ, դժոխքի վարդապետութիւնը շա՛տ վնասակար է։ Արդեօք մարդիկը չարչարող Աստուծոյ մը հաւատացողներ, տանջելը զզուելի բան մը պիտի նկատե՞ն։ Ի՞նչ պատճառ պիտի ունենան այդպէս նկատելու։ Անգութ աստուծոյ մը հաւատացողները ընդհանրապէս իրենց աստուծոյն նման, իրենք ալ անգութ կը դառնան։
Տրամաբանող անհատ մը ի՛նչ կերպով ալ դիտէ այս հարցը, չի կրնար ընդունիլ տանջալի դժոխքի մը գոյութիւնը։ Անիկա տրամաբանութեան հակառակ է։ Մարդկային բնոյթը կը մերժէ զայն։ Ամենէն կարեւորը, Աստուծոյ Խօսքը չ’ըսեր թէ այդպիսի վայր մը գոյութիւն ունի։ Երբ անհատ մը կը մեռնի, «անիկա իր հողը կը դառնայ։ Նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։—Սաղմոս 146։4
Ի՞նչ Է Մեղքին Պատիժը
Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ մեր մեղքերուն համար պիտի չպատժուինք։ Այս չէ պարագան։ Մեր սուրբ Աստուածը կը պատժէ մեղաւորները, բայց չի՛ չարչարեր զանոնք։ Իսկ երբ մեղաւորները զղջան, կը ներէ անոնց։ Մեղքին պատիժը ի՞նչ է։ Աստուածաշունչը հետեւեալ բացայայտ պատասխանը կու տայ. «Մեղքին վարձքը մահ է»։ (Հռովմայեցիս 6։23) Կեանքը Աստուծմէ պարգեւ մըն է։ Երբ մեղանչենք, այլեւս այդ պարգեւին արժանի չենք ըլլար, հետեւաբար կը մեռնինք։
Բայց կրնաք հարցնել. ‘Ասիկա ի՞նչպէս արդար պատիժ մըն է. արդէն ամէ՛ն մարդ կը մեռնի’։ Ասիկա ճիշդ է, քանի որ բոլորս ալ մեղաւոր ենք։ Արդարեւ, ոեւէ մէկս կեանքի արժանի չենք։ «Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին»։—Հռովմայեցիս 5։12
Հռովմայեցիս 12։2) Այս ճշմարտութիւնները հոյակապ յոյսի մը հիմը կը կազմեն։
Այժմ, թերեւս խորհիք. ‘Եթէ բոլորս ալ կը մեղանչենք՝ հետեւաբար կը մեռնինք, ինչո՞ւ ջանալ առաքինի ըլլալ, երբ ամբարիշտը եւ Աստուծոյ ծառայելու ջանք թափողը նոյն վերաբերմունքին կ’արժանանան’։ Բայց պարագան այս չէ։ Թէեւ բոլորս ալ մեղաւոր ենք, Աստուած կը ներէ անոնց՝ որոնք անկեղծօրէն կը զղջան եւ կը փորձեն իրենց ճամբաները փոխել։ Ան ‘մեր միտքը նորոգելու’ եւ շիտակը ընելու մեր ջանքերը կը վարձատրէ։ (Բարիներուն Վարձատրութիւն
Երբ մեռնինք՝ գոյութենէ կը դադրինք։ Բայց անիկա չի նշանակեր որ ամէն բան վերջ կը գտնէ։ Հաւատարիմ Յոբ գիտէր թէ երբ մեռնէր՝ գերեզման պիտի երթար։ Բայց Աստուծոյ մատուցած իր խնդրանքը մտիկ ըրէք. «Երանի՜ թէ մինչեւ քու բարկութեանդ անցնիլը՝ գերեզմանին մէջ ծածկէիր ու պահէիր զիս։ Ինծի ժամանակ մը որոշէիր ու ետքը զիս միտքդ բերէիր։ Եթէ մարդը մեռնի, պիտի կենդանանա՞յ արդեօք։ . . . Պիտի կանչես ու ես քեզի պատասխան պիտի տամ»։—Յոբայ 14։13-15
Յոբ կը հաւատար որ եթէ մինչեւ մահ հաւատարիմ մնար, Աստուած զինք պիտի յիշէր ու յարուցանէր։ Աստուծոյ բոլոր վաղեմի ծառաները ասոր կը հաւատային։ Յիսուս ինք ալ այս յոյսը վաւերացուց, երբ ըսաւ. «Ժամանակ պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները [Աստուծոյ] ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան։ Անոնք որ բարի գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար եւ անոնք որ չար գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»։—Յովհաննու 5։28, 29
Յարութիւնը ե՞րբ պիտի սկսի։ Ըստ Աստուածաշունչին, անիկա շատ շուտով պիտի սկսի։ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնները կը նշեն որ 1914–ին, այս աշխարհը իր «վերջին օրեր»ուն մէջ մտաւ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ինչ որ շատերը ‘աշխարհի վերջը’ կը կոչեն, անով Աստուած շատ շուտով ամբարշտութիւնը պիտի վերցնէ եւ երկնային իշխանութեան ներքեւ նոր աշխարհ մը պիտի հաստատէ։—Մատթէոս, գլուխ 24. Մարկոս, գլուխ 13. Ղուկաս, գլուխ 21. Յայտնութիւն 16։14
Սաղմոս 37։10, 11–ի մէջ կը կարդանք. «Ամբարիշտը պիտի չքանայ, անոր տեղը պիտի փնտռես ու պիտի չգտնես։ Սակայն հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան»։
Ասոր հետեւանքը պիտի ըլլայ համերկրային դրախտ մը, բնակուած այն մարդոցմով, որոնք անկեղծօրէն կը ջանային Աստուծոյ ծառայել։ Ամբարիշտները դժոխքի կրակին մէջ պիտի չայրին, բայց մօտալուտ Դրախտին մէջ տեղ պիտի չունենան։Այս բոլորը պարզ երա՞զ մըն է։ Ո՛չ, այլ՝ Աստուծոյ խոստումը։ Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք. «Երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան’»։—Յայտնութիւն 21։3, 4
Այս խօսքերուն կը հաւատա՞ք։ Պէ՛տք է հաւատաք։ Աստուծոյ խօսքը միշտ կը կատարուի։ (Եսայեայ 55։11) Կը քաջալերենք ձեզ որ մարդկութեան համար Աստուծոյ նպատակին մասին աւելի տեղեկութիւն ստանաք։ Եհովայի Վկաները ուրախութեամբ պիտի օգնեն ձեզի։ Եթէ կը փափաքիք այս օգնութիւնը ստանալ, հաճեցէք ստորեւ տրուած հասցէներէն մէկուն գրել։
Աստուածաշունչի գործածուած թարգմանութիւնը Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Թարգմանութիւն–ն է, եթէ ոչ՝ նշուած է։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 6 Իսլամական աշխարհին համար, Աստուածաշունչը կը բաղկանայ որպէս Թորա, Սաղմոսներ եւ Աւետարան ճանչցուած գիրքերէ։ Գուրանին մէջ առնուազն 64 համարներ կ’ըսեն թէ այս գրքերը Աստուծոյ Խօսքն են եւ կը շեշտեն թէ պէտք է զանոնք կարդալ եւ անոնց պատուիրած բաներուն հետեւիլ։ Ոմանք կը խորհին որ Թորան, Սաղմոսները եւ Աւետարանը աղաւաղուած են։ Այսպէս դաւանողները ըսել կ’ուզեն թէ Աստուած իր Խօսքը պահպանելու անկարող է։