Անոնք Սուրբ Ծնունդէն աւելի արժէքաւոր բան մը գտան
ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ քրիստոնեաներ Սուրբ Ծնունդը չեն տօներ։ Արդեօք անոնք կը զգա՞ն որ իրենց վրայէն բան մը կ’երթայ կամ իրենց պզտիկները կը զգա՞ն որ աղուոր առիթէ մը զրկուած են։ Տես թէ աշխարհի չորս կողմը գտնուող Եհովայի վկաներ ի՛նչ կ’ըսեն այս նիւթին մասին։
Յիսուս Քրիստոսը յիշել։ «Առա՛ջ որ Եհովայի վկայ ըլլամ, շատ քիչ եկեղեցի կ’երթայի. միայն Սուրբ Ծնունդին կամ Զատիկին կ’երթայի։ Բայց, նոյնիսկ այդ առիթներուն, ես Յիսուս Քրիստոսի մասին չէի մտածեր։ Ես այլեւս Սուրբ Ծնունդը չեմ տօներ, բայց շաբաթը երկու օր քրիստոնէական ժողովներու կ’երթամ եւ նոյնիսկ ուրիշներուն կը սորվեցնեմ, որ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Յիսուսին մասին»։ ԻՎ, ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ։
Տալով ուրախանալ։ «Շա՛տ կ’ուրախանամ, երբ որ մարդիկ ինծի անակնկալ նուէր տան։ Անակնկալներ շա՛տ կը սիրեմ։ Եւ կը սիրեմ քարտեր պատրաստել, նկարներ գծել եւ ներկել ուրիշներուն համար, քանի որ ասանկով քիչ մը այդ անհատները կ’ուրախացնեմ եւ ես ալ կ’ուրախանամ»։ ՌՈՒՊԸՆ, ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԼԱՆՏԱ։
Օգնութեան պէտք ունեցողներուն ձեռք տալ։ «Մենք կ’ուրախանանք, երբ որ հիւանդներուն ճաշ կ’եփենք։ Երբեմն անոնց կը բերենք ծաղիկներ, կարկանդակ կամ պզտիկ նուէր մը։ Ասիկա մեզ կ’ուրախացնէ, քանի որ կրնանք տարուան մէջ որեւէ ժամանակ այս մարդոց այցելել»։ ԷՄԻԼԻ, ԱՒՍՏՐԱԼԻԱ։
Ընտանեկան հաւաքոյթներ։ «Ընտանեկան հաւաքոյթներուն մեր պզտիկները հանդարտ միջավայրի մէջ կը ծանօթանան իրենց հօրեղբայրներուն, քեռիներուն, հօրաքոյրներուն, մօրաքոյրներուն, մեծ հայրերուն, մեծ մայրերուն եւ զարմիկներուն։ Քանի՛ որ այս հանդիպումները կ’ընենք տարուան մէջ որեւէ ժամանակ, ճնշումի տակ չենք ըլլար եւ մեր ընտանիքը կը զգայ որ սէրէ մղուած կ’երթանք իրենց քով»։ ՈՒԵՆՏԻ, ԳԱՅՄԱՆԻ ԿՂԶԻՆԵՐ։
Խաղաղութիւն։ «Սուրբ Ծնունդին ա՛յնքան ընելիք կայ որ քիչեր խաղաղութեան մասին կը մտածեն։ Ես սորվեցայ այն ինչ որ Աստուածաշունչը կը խոստանայ մարդոց համար։ Եւ ասիկա շատ կը հանգստացնէ։ Գիտեմ որ զաւակներս ուրախ ապագայ պիտի վայելեն»։ ՍԱՆՏՐԱ, ՍՊԱՆԻԱ։