Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
ԻՆՉՈ՞Ւ համար կին մը որ իր վաթսունական տարիքին մէջ էր, դադրեցաւ արձան պաշտելէ։ Ի՞նչը քաջալերեց Շինթօ քահանայ մը, որ իր գործը ձգէ տաճարին մէջ եւ Եհովայի վկայ մը դառնայ։ Ի՞նչը օգնեց պզտիկուց որդեգրուած կնոջ մը, որ իր ժխտական զգացումները յաղթահարէ։ Տե՛ս թէ անոնք ինչ պիտի ըսեն։
«Այլեւս արձաններու գերին չեմ»։ ԱՊԱ ՏԱՆՍՈՒ
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1938
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ՊԵՆԻՆ
ՆԱԽԱՊԷՍ։ ԱՐՁԱՆ ՊԱՇՏՈՂ
ԱՆՑԵԱԼՍ։ Ես մեծցած եմ Սօ–Չահուէի մէջ, որ գիւղ մըն է լիճի մը մօտ։ Հոն գիւղացիները ձուկ կ’որսան եւ արջառ, այծ, ոչխար, խոզ եւ թռչուն կը մեծցնեն։ Այս շրջանին մէջ ճամբաներ չկան, անոր համար մարդիկ նաւեր եւ նաւակներ կը գործածեն, որ տեղէ տեղ փոխադրուին։ Անոնք ընդհանրապէս իրենց տուները փայտէ եւ խոտէ կը շինեն։ Իսկ ոմանք աղիւսով կը շինեն։ Հակառակ անոր որ մարդիկ ընդհանրապէս աղքատ են, այս շրջանին մէջ քաղաքներուն չափ ոճիր չկայ։
Երբ որ պզտիկ էի, պապաս ինծի եւ քրոջս ճգնարան ղրկեց, որ հոն սորվինք կուռքերու պաշտամունքի մասին։ Երբ որ մեծցայ, սկսայ պաշտել եորուպա մշակոյթի Տուտուա չաստուածը։ Ես այս չաստուծոյն համար խորան մը շինեցի, եւ իրեն կանոնաւորաբար արմաւենիի իւղ, խխունջներ, հաւեր, աղաւնիներ եւ ուրիշ անասուններ կը զոհէի։ Այս զոհերը շատ սուղի կը նայէին։ Անոր համար, իմ ամբողջ դրամս գրեթէ հոն կ’երթար։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Երբ որ սկսայ Աստուածաշունչը սերտել, սորվեցայ թէ Եհովան միակ ճշմարիտ Աստուածն է, եւ թէ չ’ընդունիր որ պաշտամունքի մէջ արձաններ եւ կուռքեր գործածենք (Ելից 20։4, 5. Ա. Կորնթացիս 10։14)։ Անդրադարձայ ինչ պէտք է ընեմ։ Անոր համար տունէս ամէն տեսակ կուռք եւ արձան մաքրեցի։ Եւ այլեւս բաղդ նայողներու քով չգացի եւ կրօնական արարողութիւններու չմասնակցեցայ։
Ինծի համար դիւրին չէր փոփոխութիւններ ընելը, քանի որ վաթսունական տարիքիս մէջ էի։ Ընկերուհիներս, ազգականներս եւ դրացուհիներս դէմս ելան եւ վրաս խնդացին։ Բայց ես Եհովային աղօթեցի որ ինծի ոյժ տայ որ ճիշդ բանը ընեմ։ Շատ մխիթարուեցայ Առակաց 18։10-ի խօսքերով, որ կ’ըսէ. «Տէրոջը անունը ամուր աշտարակ է, արդարը անոր կը դիմէ ու ապահով ապաստանարան կ’ունենայ»։
Եհովայի վկաներու ժողովներուն ներկայ ըլլալն ալ ինծի օգնեց։ Հոն տեսայ թէ քրիստոնեաները ինչպէս իրար կը սիրեն։ Եւ տպաւորուեցայ, երբ տեսայ որ ինչպէս անոնք ջանք կ’ընեն, որ Աստուածաշունչէն սորվածնին գործադրեն։ Ասանկով, համոզուեցայ որ Եհովայի վկաները ճշմարիտ կրօնքին կը հետեւին։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Քանի՛ որ սկսայ Աստուածաշունչէն սորվածներս տունին մէջ գործադրել, հիմա պզտիկներուս հետ աւելի մտերիմ եմ։ Եւ կը զգամ որ վրայէս մեծ բեռ մը իջաւ, քանի որ այլեւս ունեցածս–չունեցածս չեմ ծախսեր արձաններու վրայ, որոնք ինծի օգուտ չեն բերեր։ Հիմա կը պաշտեմ Եհովան, որ մնայուն լուծում կու տայ մեր բոլոր խնդիրներուն (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Շատ ուրախ եմ որ այլեւս արձաններուն գերին չեմ, հապա Եհովային ծառան եմ։ Իրեն հետ, կը զգամ որ իրապէս ապահով եւ պաշտպանուած եմ։
«Պզտիկութենէս Աստուած կը փնտռէի»։ ՇԻՆՃԻ ՍԱԹՕ
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1951
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ՃԱՓՈՆ
ՆԱԽԱՊԷՍ։ ՇԻՆԹՕ ՔԱՀԱՆԱՅ
ԱՆՑԵԱԼՍ։ Ես մեծցած եմ Ճափոնի մէկ գիւղաքաղաքին մէջ։ Ծնողքս շատ կրօնասէր էր։ Պզտիկութենէս ինծի սորվեցուցին, որ շինթօ չաստուածները պաշտեմ։ Երբ որ պատանի էի, շատ անգամ կը մտածէի աւելի լաւ ապագայի մասին, եւ խոր փափաք ունէի որ օգնեմ մարդոց, որոնք խնդիրներու մէջ ինկած են։ Կը յիշեմ, օր մը, երբ նախակրթարան էի, ուսուցիչս դասարանին հարցուց, որ ի՛նչ կ’ուզենք ընել երբ որ մեծնանք։ Դասընկերներս շատ յստակ նպատակակէտեր ունէին։ Օրինակ՝ ոմանք կ’ուզէին գիտնական ըլլալ։ Ես ըսի, որ իմ երազս է Աստուծոյ ծառայել։ Լման դասարանը վրաս խնդաց։
Բարձրագոյն վարժարանէն ետք, գացի դպրոց մը, որ կրօնական ուսուցիչներ կը մարզէ։ Մարզումի ժամանակ, ծանօթացայ շինթօ քահանայի մը, որ իր ազատ ժամանակին սեւ կողքով գիրք մը կը կարդար։ Օր մը ինծի հարցուց. «Սաթօ, գիտե՞ս ասիկա ո՛ր գիրքն է»։ Ես նկատած էի գիրքին կողքը, եւ իրեն պատասխանեցի. «Աստուածաշունչը»։ Ան ըսաւ. «Ան որ կ’ուզէ շինթօ քահանայ ըլլալ, պէտք է այս գիրքը կարդայ»։
Շատ արագ գացի եւ Աստուածաշունչ մը գնեցի։ Ատիկա գրադարանիս ամէնէն աչքառու տեղը դրի եւ անոր լաւ հոգ կը տանէի։ Բայց ժամանակ չտրամադրեցի Աստուածաշունչը կարդալու, քանի որ դպրոցական կեանքս զիս շատ զբաղած պահեց։ Երբ որ դպրոցը աւարտեցի, սկսայ ծառայել տաճարին մէջ որպէս շինթօ քահանայ։ Վերջապէս, պզտիկութեան երազս իրականացաւ։
Բայց վերջը անդրադարձայ, որ շինթօ քահանայ ըլլալը ակնկալածիս պէս չէր։ Քահանաներուն մեծամասնութիւնը ուրիշներուն հանդէպ շատ սէր չունէին։ Եւ անոնցմով շատ քիչ հետաքրքրուած էին։ Շատեր ալ հաւատք չունէին։ Պատասխանատուներէս մէկը նոյնիսկ ինծի ըսաւ. «Եթէ կ’ուզես հոս յաջողիլ, պէտք է միայն փիլիսոփայական նիւթերու մասին խօսիս։ Հաւատքի մասին խօսիլը արգիլուած է»։
Ասանկ խօսքեր լսելէ ետք, շինթոյականութիւնը աչքէս ինկաւ։ Հակառակ անոր որ տաճար կ’երթայի ծառայելու, բայց սկսայ ուրիշ կրօնքներ պրպտել։ Բայց, աւելի լաւ կրօնք մը չգտայ։ Ո՛րքան աւելի կրօնքները քննէի, ա՛յնքան աւելի յուսահատ կը դառնայի։ Զգացի որ կրօնք մը չկայ, որ ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ 1988-ին, պուտտայական մը զիս քաջալերեց, որ Աստուածաշունչը կարդամ։ Այդ վայրկեանը յիշեցի, որ շինթօ քահանան տարիներ առաջ ինծի ըսած որ նոյն բանը ընեմ։ Որոշեցի կարդալ։ Երբ որ սկսայ Աստուածաշունչը կարդալ, ատիկա շատ սիրեցի։ Կ’ըլլային օրեր, որ Աստուածաշունչը կը կարդայի լման գիշերը, մինչեւ յաջորդ առտու։
Կարդացածէս քաջալերուեցայ որ Աստուածաշունչի Աստուծոյն աղօթեմ։ Սկսայ Տէրունական աղօթքը ըսել, որ արձանագրուած է Մատթէոս 6։9-13-ին մէջ։ Երկու ժամ անգամ մը այս աղօթքը կը կրկնէի, նոյնիսկ տաճարին մէջ ծառայած ժամանակ։
Կարդացածներուս մասին շատ հարցումներ ունէի։ Մինչ այդ, այդ ժամանակ ամուսնացած էի եւ գիտէի որ Եհովայի վկաները Աստուածաշունչին մասին կը սորվեցնեն մարդոց, քանի որ անցեալին կնոջս այցելած էին։ Եհովայի վկաներէն մէկը փնտռեցի, եւ իրեն շատ հարցումներ հարցուցի։ Շատ տպաւորուեցայ երբ որ Աստուածաշունչը գործածեց ամէն մէկ հարցումիս պատասխանելու համար։ Յետոյ ան կարգադրութիւններ ըրաւ Վկաներուն հետ, որ սկսին Աստուածաշունչը հետս սերտել։
Անկէ քիչ ետք, սկսայ Եհովայի վկաներու ժողովներուն ներկայ ըլլալ։ Այդ ժամանակ, չանդրադարձայ որ Եհովայի վկաներուն մէջ կան ոմանք, որոնց հետ անցեալին շատ կոշտ կերպով վարուած էի։ Հակառակ ասոր, ինծի ջերմ բարեւ տուին եւ հանգիստ զգացուցին։
Այդ ժողովներուն ժամանակ, սորվեցայ որ Աստուած ամուսիններէն կ’ակնկալէ, որ իրենց ընտանիքի անդամները սիրեն եւ յարգեն։ Բայց ես, մինչեւ այդ ժամանակ, ա՛յնքան կեդրոնացած էի գործիս վրայ որպէս քահանայ, որ անտեսած էի կինս եւ երկու զաւակներս։ Սկսայ անդրադառնալ, որ ես ուշի–ուշով մտիկ կ’ընէի մարդոց, որոնք պաշտամունքի համար կու գային տաճար, բայց բնա՛ւ ականջ չէի տար կնոջս խօսքերուն։
Ժամանակի ընթացքին, սորվածներս ձգեցին որ Եհովան շատ սիրեմ։ Սրտիս դպան շատ մը համարներ։ Օրինակ՝ Հռովմայեցիս 10։13–ը կ’ըսէ. «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի»։ Ես պզտիկութենէս Աստուած կը փնտռէի, եւ հիմա վերջապէս Աստուած գտայ։
Սկսայ զգալ որ տաճարը իմ տեղս չէր։ Սկիզբը մտահոգ էի, որ ուրիշները ինչ պիտի մտածեն, եթէ կրօնքս ձգեմ։ Բայց միշտ ես ինծի ըսած էի, որ պիտի ձգեմ–քալեմ, եթէ ճշմարիտ Աստուածը ուրիշ տեղ գտնեմ։ Անոր համար 1989-ի գարնան, տաճարը ձգեցի եւ իմ անձս Եհովային ձեռքերուն մէջ դրի։
Տաճարը ձգելը դիւրին չէր։ Պատասխանատուները զիս քննադատեցին եւ փորձեցին ճնշել որ մնամ։ Ասկէ զատ, ինծի համար դժուար էր որոշումս ծնողքիս փոխանցել։ Իրենց տունը գացած ժամանակ, զգացի որ ա՛յնքան մտահոգութեամբ լեցուն եմ, որ կուրծքս կը ցաւէր եւ ոտքերս շատ թոյլ էին։ Ճամբան քանի մը անգամ կեցայ, Եհովային աղօթելու համար որ ինծի ոյժ տայ։
Երբ որ ծնողքիս տունը հասայ, սկիզբը շատ վախցայ նիւթը բանալու։ Ժամեր անցան։ Յետոյ, շատ աղօթելէ ետք, ամէն բան հօրս բացատրեցի։ Իրեն ըսի որ ես ճշմարիտ Աստուածը գտայ, եւ շինթոյականութիւնը պիտի ձգեմ, որպէսզի այդ Աստուծոյ ծառայեմ։ Հայրս շատ ցնցուեցաւ եւ տխրեցաւ։ Ազգականներս եկան եւ փորձեցին միտքս փոխել։ Չէի ուզեր ընտանիքիս անդամներէն մէկը վիրաւորել։ Բայց միեւնոյն ժամանակ գիտէի, որ Եհովային ծառայելը ճիշդ բանն է։ Ժամանակի ընթացքին, ընտանիքս յարգեց որոշումս։
Ճիշդ է որ դադրեցայ տաճար երթալէ, բայց պէտք էր մտածելակերպս ալ ճշդէի։ Վարժուած էի քահանայական կեանքին։ Շատ ջանք ըրի որ մոռնամ։ Բայց ուր որ նայէի, ամէն բան ինծի այդ ապրելակերպը կը յիշեցնէր։
Երկու բան ինծի օգնեցին։ Նախ, լման տունիս մէջ նայեցայ, որ առաջուան կրօնքիս պատկանող ապրանքներ ունի՞մ։ Յետոյ, ատոնք բոլորը այրեցի. ըլլա՛ն գիրքեր, պատկերներ եւ նոյնիսկ սուղ բաներ։ Անկէ ետք, ամէն առիթ օգտագործեցի, որ կարելի եղածին չափ վկաներուն հետ ընկերակցիմ։ Իրենց ընկերակցութիւնը ինծի շատ օգնեց։ Կամաց–կամաց սկսայ մոռնալ անցեալի ապրելակերպս։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Առաջ կինս եւ զաւակներս կ’անտեսէի եւ անոնք շատ առանձին կը զգային։ Բայց երբ սկսայ անոնց հետ ժամանակ անցընել, ինչպէս որ Աստուածաշունչը ամուսիններուն կը սորվեցնէ որ ընեն, իրարու հետ մտերմացանք։ Ժամանակի ընթացքին, կինս ալ սկսաւ Եհովային ծառայել։ Հիմա, ես, կինս, տղաս, աղջիկս եւ իր ամուսինը, միասնաբար ճշմարիտ Աստուածը կը պաշտենք։
Երբ յիշեմ որ պզտիկութենէս երազ ունէի Աստուծոյ ծառայելու եւ ուրիշներուն օգնելու, կ’անդրադառնամ որ իմ նպատակիս հասայ, եւ աւելի։ Չկան բառեր որոնք կրնան արտայայտել ո՛րքան երախտապարտ եմ Եհովային։
«Զգացի որ կեանքիս մէջ բան մը պակաս է»։ ԼԻՆԷԹ ՀԱՈՒԹԻՆԿ
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1958
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷ
ՆԱԽԱՊԷՍ։ ԵՐԵՍԻ ՎՐԱՅ ՁԳՈՒԱԾ ԿԸ ԶԳԱՐ
ԱՆՑԵԱԼՍ։ Ես ծնած եմ Ճերմիսթըն, որ միջին դասակարգի պատկանող գիւղաքաղաք մըն էր, ուր շատ ոճիր չկար։ Երբ ծնայ, ծնողքս զգաց, որ պիտի չկարենար ինծի հոգ տանիլ։ Անոր համար որոշեց զիս որդեգրութեան տալ։ Ծնելէս 14 օր վերջ, սիրալիր զոյգ մը զիս որդեգրեց։ Ճիշդ է որ ինծի համար, իրենք իմ մայրս եւ հայրս էին, բայց երբ որ իրականութիւնը գիտցայ, զգացի որ երեսի վրայ ձգուած եմ, մինակ եմ եւ իրենց չեմ պատկանիր։ Զգացի զիս չեն հասկնար։
Երբ մօտ 16 տարեկան էի, սկսայ ընկերուհիներուս հետ երթալ խմելու եւ պարելու։ 17 տարեկանիս, սկսայ ծխել։ Կ’ուզէի ծխախոտի ծանուցումներուն մէջի աղջիկներուն պէս նիհար ըլլալ։ Երբ 19 տարեկան եղայ, սկսայ Ճօհանէսպըրկի մէջ աշխատիլ։ Եւ հոն, սխալ անձերու ընկերակցեցայ։ Շատ չանցած սկսայ հայհոյել, շատ ծխել եւ շաբաթավերջերուն շատ խմել։
Բայց նոյն ատեն շատ աշխոյժ մէկն էի. ֆութպոլ կը խաղայի եւ ուրիշ մարզանքներ կ’ընէի։ Ասկէ զատ, ես շատ կ’աշխատէի եւ լաւ անուն ունէի գործիս մէջ։ Ասոր համար, վիճակով լաւ էի եւ ուրիշներուն աչքին յաջող կեանք մը ունէի։ Բայց իրականութեան մէջ, տխուր ու յուսախաբ էի, կորսուած կը զգայի։ Մէջէս գիտէի որ պակաս բան մը կայ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։ Երբ սկսայ Սուրբ Գիրքը սերտել, սորվեցայ որ Եհովան մեզ կը սիրէ։ Եւ իր այս սէրը արտայայտած է իր Խօսքին՝ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ։ Ինքը կարծես թէ մեզի նամակ մը գրած է, որ մեզի օգնէ մեր կեանքին մէջ (Եսայի 48։17, 18)։ Անդրադարձայ որ ես պէտք է կեանքիս մէջ մեծ փոփոխութիւններ ընեմ, որպէսզի Եհովային սէրէն եւ խրատներէն օգտուիմ։
Օրինակ, պէտք էր ընկերուհիներուս հետ կապս կտրէի։ Խոկացի Առակաց 13։20-ին վրայ, որ կ’ըսէ. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ’ըլլայ»։ Այս սկզբունքը ինծի օգնեց, որ հին ընկերուհիներէս հեռանամ եւ նոր ընկերուհիներ ունենամ, որոնք Եհովայի վկայ են։
Ինծի համար ամէնէն դժուարը ծխելը կեցնելն էր, քանի որ շատ մոլի էի։ Կամաց–կամաց կրցայ ծխելը կեցնել։ Բայց ասիկա ձգեց որ ուրիշ խնդիր մը ունենամ։ Կշիռքիս վրայ աւելի քան 13 քկ. դրի։ Ասիկա ինծի շատ անարժէք զգացուց։ Բայց ես գիտէի, որ պէտք է ծխելը կեցնեմ։ Անոր համար միշտ Եհովային կ’աղօթէի, եւ ինքը ինծի օգնեց որ ծխելը կեցնեմ։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։ Հիմա առողջութիւնս աւելի լաւ է, եւ ես կեանքէս գոհ եմ, քանի որ չեմ փորձեր գործիս, դիրքիս կամ դրամին միջոցաւ ուրախութիւն գտնել։ Ընդհակառակը, ես կ’ուրախանամ երբ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւններուն մասին կը խօսիմ ուրիշներուն։ Հիմա, ամուսինս, ես եւ առաջուան գործակիցներէս երեքը, Եհովային կը ծառայենք։ Ասկէ զատ, ես կրցայ յարութեան յոյսը տալ զիս որդեգրող ծնողքիս, առաջ որ մահանան։
Եհովային մօտենալը ինծի օգնած է, որ երեսի վրայ ձգուած եւ մինակ չզգամ։ Ես հիմա կը զգամ, որ համաշխարհային ընտանիքի մը կը պատկանիմ։ Այս ընտանիքին մէջ, ես ունիմ շատ մը մայրեր, հայրեր, եղբայրներ եւ քոյրեր (Մարկոս 10։29, 30)։
[Նկար]
Եհովայի վկաները ինծի սիրուած զգացուցած են
[Նկար]
Շինթօ տաճարը ուր ժամանակին կը ծառայէի