Անցնիլ բովանդակութեան

Հիմա կեանքս նպատակ ունի

Հիմա կեանքս նպատակ ունի

Թագաւորութիւնը ծանուցանողները կը տեղեկագրեն

Հիմա կեանքս նպատակ ունի

ՅԻՍՈՒՍ կ’ըսէ, որ ինքը կը ճանչնայ իր ոչխարները (Յովհաննէս 10։14)։ Եթէ անհատի մը սիրտը բարի է եւ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը կը սիրէ, պիտի ճանչնայ Յիսուսին ոչխարները, այսինքն՝ հետեւորդները, եւ ինքն ալ Յիսուսին պիտի հետեւի։ Այսպիսով անոր կեանքը նպատակ մը պիտի ունենայ։ Պելճիքայի մէջ կին մը ճիշդ այս փորձառութիւնը ունեցաւ։

Երբ որ Եհովայի վկաները դուռս զարկին, շատ անտրամադիր էի եւ կ’ուզէի անձնասպան ըլլալ։ Իրենք ինծի բացատրեցին այս աշխարհի խնդիրներուն լուծումներուն մասին։ Սիրեցի ինչ որ ըսին։ Բայց չսիրեցի այն գաղափարը, թէ Աստուած թոյլ տուած է որ այս խնդիրները ունենանք։ Ես ութ տարիէ ի վեր եկեղեցի չէի երթար, քանի որ հոն կեղծաւորութիւն տեսած էի։ Բայց տեսայ որ Վկաները ճիշդ բաներ կը խօսին, եւ անդրադարձայ որ ես Աստուծոյ պէ՛տք ունիմ իմ կեանքիս մէջ։

Բայց ցաւօք սրտի, Վկաներուն հետ կապս կտրուեցաւ։ Ես շատ նեղուեցայ եւ սկսայ օրական երկու տուփ ծխախոտ ծխել, եւ նոյնիսկ սկսայ թմրեցուցիչ գործածել։ Ասկէ զատ, սկսայ ոգեհարցութեամբ ալ զբաղիլ, քանի որ կ’ուզէի մահացած մեծ հօրս հետ խօսիլ։ Իրիկունները շատ կը վախնայի, երբ որ դեւերը վրաս կը յարձակէին։ Եւ ասիկա քանի մը ամիս տեւեց։ Շատ կը վախնայի իրիկունները մինակս մնալու։

Օր մը, քալելու ելայ եւ ճամբայ մը բռնեցի, որ ընդհանրապէս չէի բռներ։ Ճամբուն վրայ հասայ շինարարութեան հսկայ տեղ մը, եւ հոն մեծ խումբով մարդիկ տեսայ։ Աւելի մօտեցայ եւ տեսայ որ անոնք Եհովայի վկաներ են եւ Թագաւորութեան սրահ մը կը շինեն։ Յիշեցի ինչպէս անցեալին Վկաները ինծի կ’այցելէին եւ մտածեցի որ ինչ լաւ պիտի ըլլար, եթէ ամբողջ աշխարհը իրենց պէս ապրէր։

Ես շատ ուզեցի որ Վկաները նորէն ինծի այցելեն։ Անոր համար գացի եւ խօսեցայ շինարարութեան մասնակցողներէն ոմանց հետ, եւ Աստուծոյ աղօթեցի։ Տասը օր վերջ, այն անձը որ ժամանակին առաջին անգամ իմ դուրս զարկած էր, ինծի այցելեց։ Ան առաջարկեց որ շարունակէ հետս Սուրբ Գիրքը սերտել, եւ ես սիրով ընդունեցի։ Շուտով ինծի ժողովներուն հրաւիրեց եւ իր հրաւէրը ընդունեցի։ Աչքերուս չհաւատացի որ հոն ինչ տեսայ։ Ես միշտ կը փնտռէի մարդիկ որ իրար կը սիրեն եւ ուրախ են։ Եւ վերջապէս զանոնք գտայ։

Ատկէ վերջ սկսայ բոլոր ժողովներուն ներկայ ըլլալ։ Շուրջ երեք շաբաթ վերջ, ծխելը ձգեցի։ Թափեցի աստղաբաշխութեան հետ կապ ունեցող գիրքերս եւ սատանայական երգերու ձայնագրութիւններս։ Եւ զգացի որ երթալով սատանայական ազդեցութիւնը թեթեւցաւ վրայէս։ Սկսայ Եհովայի՛ն ուզած կերպով ապրիլ, եւ երեք ամիս վերջ սկսայ բարի լուրը քարոզել։ Ատկէ վեց ամիս վերջ մկրտուեցայ, եւ մկրտութենէս երկու օր վերջ օժանդակ ռահվիրայութեան սկսայ։

Եհովային շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր այն բաներուն համար, որ ինծի համար ըրած է։ Հիմա վերջապէս իմ կեանքս նպատակ մը ունի։ Ինչպէս որ համարը կ’ըսէ, Եհովային անունը ամուր աշտարակ է, ուր ես ապահով ապաստանարան գտայ (Առակաց 18։10)։ Կը զգամ ինչ որ Սաղմոս 84։10–ը գրողը զգաց. «Քու սրահներուդ մէջ մէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է։ Աւելի նախընտրեցի իմ Աստուծոյս տանը շեմին վրայ կենալ, քան թէ ամբարիշտներու վրաններուն մէջ բնակիլ»։

Այս հեզ կնոջ կեանքը նպատակ մը ունեցաւ։ Եւ ամէն ով որ Եհովան կը փնտռէ եւ բարի սիրտ ունի, իր կեանքն ալ նպատակ մը պիտի ունենայ։