Միշտ սուրբգրային պատուէրի մը պէտք ունի՞ս
Միշտ սուրբգրային պատուէրի մը պէտք ունի՞ս
ԵՐԲ պզտիկ էիր, ծնողներդ քեզմէ կը պահանջէին, որ շատ մը օրէնքներու հետեւէիր։ Երբ մեծցար, հասկցար որ անոնք այդ օրէնքները քու լաւութեանդ համար դրած էին։ Եւ թէեւ այլեւս ստիպուած չես ծնողներուդ օրէնքներով ապրիլ, հաւանաբար ատոնցմէ ոմանք տակաւին կը պահես։
Մեր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան, Սուրբ Գիրքին միջոցով մեզի կու տայ կարգ մը ուղղակի պատուէրներ։ Օրինակ, ան կ’արգիլէ կռապաշտութիւնը, պոռնկութիւնը, շնութիւնը եւ գողութիւնը (Ելից 20։1-17. Գործք 15։28, 29)։ Ո՛րքան հոգեւորապէս աւելի աճինք, ա՛յդքան աւելի կը հասկնանք, որ իր պատուիրանները մեր օգտին համար են եւ մեզ կը պաշտպանեն (Եփեսացիս 4։15. Եսայի 48։17, 18. 54։13)։
Սակայն, կան շատ մը պարագաներ, որոնց մասին Սուրբ Գիրքը ուղղակի պատուէր չի տար։ Անոր համար, կարգ մը մարդիկ կը մտածեն, որ իրենց ուզածը կրնան ընել, ըսելով. «Եթէ այս հարցը Աստուծոյ համար կարեւոր ըլլար, ասոր շուրջ անպայման օրէնք մը պիտի դնէր»։
Ասանկ մտածողները յաճախ անմիտ որոշումներ կ’առնեն եւ ետքը կը զղջան։ Անոնք չեն տեսներ որ Սուրբ Գիրքը ոչ միայն օրէնքներ կը յիշէ, հապա նաեւ Աստուծոյ մտածելակերպը ցոյց կու տայ։ Երբ Սուրբ Գիրքը կը սերտենք, կը գիտնանք թէ Եհովայի աչքին ի՛նչը ճիշդ է եւ ի՛նչը սխալ է։ Ատիկա մեր խիղճը կը մարզէ եւ կ’օգնէ, որ լաւ որոշումներ առնենք։ Այդպէս ընելով, թէ՛ Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնենք եւ թէ մե՛նք ուրախ կ’ըլլանք, քանի որ ճիշդ որոշումներ կ’առնենք (Եփեսացիս 5։1)։
Սուրբգրային լաւ օրինակներ
Սուրբ Գիրքը կը խօսի Աստուծոյ շատ մը ծառաներու մասին, որոնք լաւ որոշումներ առին, նոյնիսկ երբ որոշ պատուէր մը չկար, որ իրենց կ’ըսէր թէ ի՛նչ ընէին։ Նկատի առ Յովսէփին օրինակը։ Երբ Պետափրէսի կինը ուզեց իրեն հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ, Եհովային կողմէ օրէնք մը չկար, որ կ’ըսէր թէ ատիկա սխալ էր։ Հակառակ ատոր, Յովսէփ գիտէր թէ շնութիւնը սխալ էր եւ «Աստուծոյ դէմ» մեղք գործել էր (Ծննդոց 39։9)։ Յովսէփ գիտցած ըլլալու էր, որ Եհովան Ադամին ու Եւային ըսած էր որ ամուսնացողները պէտք է իրարու հաւատարիմ ըլլան (Ծննդոց 2։24)։
Նկատի առ ուրիշ օրինակ մը։ Գործք 16։3–էն կը գիտնանք, որ Պօղոս Տիմոթէոսը իրեն հետ միսիոնարական ճամբորդութիւններու տանելէ առաջ, զինք թլփատեց։ Ետքը, ինչպէս որ 4–րդ համարին մէջ կը կարդանք, Պօղոս ու Տիմոթէոս շատ մը վայրեր գացին եւ «Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները» ըսին եղբայրներուն։ Բայց հետաքրքրական է, որ այդ հրամաններուն մէջ չկար թէ քրիստոնեան պէտք է թլփատուի (Գործք 15։5, 6, 28, 29)։ Լաւ, Պօղոս ինչո՞ւ պէտք տեսաւ, որ Տիմոթէոս թլփատուէր։ «Այն տեղերը եղած Հրեաներուն համար, վասն զի ամէնքն ալ գիտէին թէ [Տիմոթէոսին] հայրը Յոյն էր»։ Պօղոս չուզեց մէկը նեղացնել։ Ան կ’ուզէր, որ քրիստոնեաները շարունակէին ‘անձերնին ներկայացնել մարդոց խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ’ (Բ. Կորնթացիս 4։2. Ա. Կորնթացիս 9։19-23)։
Պօղոս եւ Տիմոթէոս ուրիշ պարագաներու մէջ ալ նոյն կերպով կը մտածէին։ Երբ կը կարդանք համարներ, ինչպէս՝ Հռովմայեցիս 14։15, 20, 21 եւ Ա. Կորնթացիս 8։9-13. 10։23-33, կը տեսնենք որ Պօղոս պատրաստ էր չընելու որեւէ բան,– նոյնիսկ եթէ սխալ չէր,– որ կրնար պատճառ ըլլալ որ մէկը գայթակղէր, կամ՝ նեղանար, եւ իրեն համար Եհովային ծառայելը դժուար ըլլար։ Իսկ Տիմոթէոսին մասին Պօղոս գրեց. «Անոր նման սրտակից մէկը չունիմ, որ մտերմաբար ձեր վրայ հոգ տանի։ Քանզի ամէնքը իրենցը կը փնտռեն՝ ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը։ Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց» (Փիլիպպեցիս 2։20-22)։ Այս երկու քրիստոնեայ տղամարդիկը շա՜տ աղուոր օրինակ մըն են մեզի համար այսօր։ Երբ յստակ օրէնք մը չկար, իրենց ուզածը ընելու փոխարէն՝ անոնք առին որոշումներ, որոնք մարդոց պիտի օգնէին Եհովային ծառայելու։
Նկատի առ Յիսուս Քրիստոս՝ մեր գլխաւոր օրինակը։ Ան իր Լերան քարոզին մէջ յստակօրէն բացատրեց, որ պէտք է Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդելէ աւելին ընենք. պէտք է մտածենք թէ Եհովան ինչո՛ւ այդ օրէնքները տուաւ։ Այսպէս, կրնանք լաւ որոշումներ առնել նման հարցերու շուրջ (Մատթէոս 5։21, 22, 27, 28)։ Յիսուս, Պօղոս, Տիմոթէոս եւ Յովսէփ չմտածեցին որ, եթէ մասնայատուկ աստուածային օրէնք մը չկայ, կրնան իրենց ուզածը ընել։ Աստուծոյ մտածելակերպին համաձայն որոշումներ առին, որոնք ցոյց տուին թէ կը հնազանդէին ամենամեծ երկու պատուիրաններուն՝ Աստուած սիրել եւ ընկերը սիրել (Մատթէոս 22։36-40)։
Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնել
Սուրբ Գիրքը չի նմանիր օրինական փաստաթուղթերու, ուր մանրամասնութեամբ կը գրուի, թէ անհատը ճիշդ ի՛նչ պէտք է ընէ։ Եհովան կ’ուրախանայ, երբ կը ջանանք իր ուզածը ընել, նոյնիսկ եթէ մասնաւոր օրէնք մը չկայ։ Ուրիշ խօսքով, փոխանակ միշտ ուղղակի պատուէր մը ստանալու Աստուծմէ, կրնանք հասկնալ թէ ի՛նչ է «Տէրոջը կամքը» (Եփեսացիս 5։17. Հռովմայեցիս 12։2)։ Ասիկա ինչո՞ւ Եհովան կ’ուրախացնէ։ Քանի որ ցոյց կու տայ, թէ մեզի համար զինք ուրախացնելը աւելի կարեւոր է, քան մեր նախընտրութիւններուն եւ իրաւունքներուն ետեւէ ըլլալը։ Նաեւ ցոյց կու տայ, որ այնքա՛ն շնորհակալ ենք իր սիրոյն համար, որ կ’ուզենք այդ նոյն սէրը ցոյց տալ ուրիշներուն հանդէպ (Առակաց 23։15. 27։11)։ Ասկէ զատ, երբ Սուրբ Գիրքը գործածելով կը հասկնանք թէ Եհովան մեզմէ ի՛նչ կ’ուզէ, իրեն հետ մտերիմ փոխյարաբերութիւն պիտի ունենանք եւ յաճախ աւելի լաւ առողջութիւն պիտի վայելենք։
Տեսնենք թէ այս սկզբունքը ինչպէ՛ս կրնանք գործադրել անձնական հարցերու մէջ։
Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ ժամանց ընտրել
Սեպենք թէ երիտասարդ մը կ’ուզէ երգիչի մը երաժշտական ալպոմը գնել։ Ան կը սիրէ անոր երաժշտութիւնը, բայց կը գիտնայ որ երգերուն բառերուն մէջ անբարոյ արտայայտութիւններ եւ հայհոյանքներ կան։ Ատկէ զատ, ան գիտէ որ երգիչին երգերը սովորաբար վայրագութիւն կը քաջալերեն։ Երիտասարդը Եհովան կը սիրէ. ուստի կ’ուզէ գիտնալ հարցին շուրջ Եհովայի զգացումներն ու մտածումները։ Ան ինչպէ՞ս կրնայ հասկնալ, թէ այս հարցին շուրջ Աստուծոյ կամքը ի՛նչ է։
Գաղատացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ յիշեց մարմինին գործերը եւ Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղը։ Հաւանաբար գիտես, որ Աստուծոյ սուրբ հոգիին պտուղն է՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատք (ՆԱ), հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն։ Իսկ մարմնին գործերուն նկատմամբ առաքեալը ըսաւ. «Մարմնին գործերը յայտնի են, որոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն, կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւններ, կռիւներ, նախանձներ, բարկութիւններ, կամ հակառակութիւններ, երկպառակութիւններ, բաժանումներ, չար նայուածքներ, մարդասպանութիւններ, գինովութիւններ, անառակութիւններ ու ինչ որ ասոնց նման են. զոր հիմակուընէ ես ձեզի կ’ըսեմ, ինչպէս առաջուընէ ալ կ’ըսէի, որ այսպիսի բաներ գործողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Գաղատացիս 5։19-23)։
Նկատէ թէ Պօղոս իր խօսքին վերջաւորութեան կ’ըսէ՝ «ինչ որ ասոնց նման են»։ Ան չնշեց ամէն բան, որ մարմնի գործ կը սեպուի։ Ուրեմն, տրամաբանական չէ որ մէկը ըսէ. ‘Սուրբ Գիրքը ինծի կ’արտօնէ որ ընեմ ամէն ինչ որ Պօղոս չէ նշած մարմնին գործերուն մէջ’։ Փոխարէնը, պէտք է մեր մտային կարողութիւնը գործածենք տեսնելու համար, թէ ի՛նչ բաներ «ասոնց նման են»։ Մէկը, որ դիտմամբ Պօղոսի նշած գործերուն «նման» գործեր կ’ընէ եւ կը մերժէ փոխուիլ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի չժառանգէ։
Ուրեմն, պէտք է ըմբռնենք թէ ի՛նչ բան Եհովան չ’ընդունիր։ Այս մէկը դժուա՞ր է։ Երեւակայէ թէ բժիշկդ քեզի կ’ըսէ, որ աւելի պտուղ եւ բանջարեղէն ուտես ու հեռու մնաս անուշեղէնէ, պաղպաղակէ եւ ատոնց նման բաներէ։ Քեզի համար դժուար պիտի ըլլա՞յ գիտնալ, թէ կրնա՛ս կարկանդակ ուտել կամ ոչ։ Հիմա նորէն աչքէ անցուր հոգիին պտուղը եւ մարմնին գործերը։ Այն երաժշտութիւնը, որ երիտասարդը կ’ուզէ մտիկ ընել, ընդունելի՞ է։ Անիկա վստահաբար չի քաջալերեր սէր, բարութիւն, ժուժկալութիւն կամ Աստուծոյ հոգիին պտուղին միւս յատկութիւնները։ Ուստի, երիտասարդը մասնաւոր օրէնքի պէտք չունի, որպէսզի հասկնայ թէ Եհովան այս տեսակի երաժշտութիւն չի սիրեր։ Նոյն բանը կրնանք ըսել գիրքերու, ֆիլմերու, հեռատեսիլի յայտագիրներու, համակարգչային խաղերու, համացանցի կայքերու եւ ուրիշ ժամանցներու մասին։
Ինչպէ՞ս գիտնալ ընդունելի հագուելակերպը
Սուրբ Գիրքը նաեւ կու տայ սկզբունքներ, որոնք կապ ունին հագուելակերպին եւ յարդարանքին հետ։ Անոնք քրիստոնեային կ’օգնեն, որ պատշաճ արտաքին երեւոյթ ունենայ։ Քրիստոնեան ասիկա առիթ կը սեպէ, որ ոչ թէ ընէ ի՛նչ որ զինք կը հաճեցնէ, հապա ընէ ի՛նչ որ Եհովան կ’ուրախացնէ։ Ինչպէս որ տեսանք, երբ Եհովան որոշ հարցի մը շուրջ մասնաւոր օրէնք մը չէ տուած, չի նշանակեր որ իրեն համար կարեւոր չէ թէ իր ծառաները ի՛նչ կ’ընեն։ Մարդոց հագուելակերպը շրջանէ շրջան կը տարբերի, եւ նորոյթը միշտ փոփոխական է։ Միւս կողմէ, Աստուած հիմնական սկզբունքներ կու տայ, որոնք իր ծառաները կ’առաջնորդեն որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ։
Օրինակ, Ա. Տիմոթէոս 2։9, 10–ը կ’ըսէ. «Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով, հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն»։ Ուրեմն, եղբայրներն ու քոյրերը պէտք է մտածեն, թէ իրենց շրջանին մէջ ապրող մարդիկը «աստուածպաշտութիւնը յանձն առած» անհատներէն ի՛նչ երեւոյթ կ’ակնկալեն։ Մանաւանդ կարեւոր է որ քրիստոնեան նկատի առնէ, թէ իր հագուելակերպին պատճառաւ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի հակազդեն իր քարոզած պատգամին (Բ. Կորնթացիս 6։3)։ Կ’ուզենք լաւ օրինակ ըլլալ։ Անոր համար, չենք ընտրեր հագնիլ բան մը, որ կրնայ ուրիշները նեղացնել կամ անտեղիօրէն անոնց ուշադրութիւնը գրաւել (Մատթէոս 18։6. Փիլիպպեցիս 1։10)։
Եթէ կը նկատենք, որ մեր հագուելակերպին մէջ բան մը ուրիշները կը նեղացնէ, Պօղոսին պէս ըլլանք եւ փոփոխութիւններ ընենք, օգնելով որ մարդիկ Եհովային ծառայեն։ Պօղոս ըսաւ. «Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին» (Ա. Կորնթացիս 11։1)։ Իսկ Յիսուսին մասին ան գրեց, որ ‘Քրիստոս իր անձին հաճոյ չեղաւ’։ Առաքեալը յստակ ուղղութիւն տուաւ բոլոր քրիստոնեաներուն. «Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլալու համար, հապա մեզմէ ամէն մէկը շինութեան համար իր ընկերին հաճոյ ըլլայ՝ բարի բաներու մէջ» (Հռովմայեցիս 15։1-3)։
Ինչպէ՞ս աւելի լաւ որոշումներ առնել
Ինչպէ՞ս կրնանք աւելի սորվիլ, թէ ինչպէ՛ս Եհովան հաճեցնենք ու աւելի լաւ որոշումներ առնենք, երբ ան մասնայատուկ օրէնք մը չէ տուած որոշ հարցի մը շուրջ։ Իր Խօսքը ամէն օր կարդալով, զայն կանոնաւորաբար սերտելով եւ մեր կարդացածին վրայ խոկալով։ Այս յառաջդիմութիւնը արագօրէն տեղի չ’ունենար։ Ինչպէս մանուկին աճումը աստիճանաբար կ’ըլլայ, հոգեւոր աճումն ալ ժամանակ կ’առնէ եւ անմիջապէս նկատելի չ’ըլլար։ Ատոր համար, պէտք է համբերող ըլլանք։ Բայց ինքնին շատ ժամանակ անցնիլը չի նշանակեր թէ կը յառաջդիմենք։ Պէ՛տք է Աստուածաշունչը սերտենք եւ մեր լաւագոյնը ընենք, որ Եհովան հաճեցնենք (Եբրայեցիս 5։14)։
Կրնանք ըսել, որ Աստուծոյ օրէնքները մեր հնազանդութիւնը կը փորձեն, իսկ իր սկզբունքները կը յայտնեն, թէ զինք որքա՛ն կը սիրենք եւ որքա՛ն կը փափաքինք զինք հաճեցնել։ Ո՛րքան աւելի Եհովային ծառայենք եւ իրեն մօտենանք, ա՛յնքան աւելի պիտի ուզենք զինք եւ Յիսուսը ընդօրինակել։ Պիտի ուզենք Սուրբ Գիրքին օգնութեամբ առնել այնպիսի որոշումներ, որոնք Աստուած կը հաճեցնեն։ Երբ ամէն բանի մէջ մեր երկնաւոր Հայրը ուրախացնենք, մեր ուրախութիւնն ալ պիտի աւելնայ։
[Նկարներ]
Հագուելակերպը շրջանէ շրջան կը տարբերի, բայց քրիստոնեան պէտք է առաջնորդուի սուրբգրային սկզբունքներով