Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը

Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը

Առաջին դարու քրիստոնէական ժողովքը

Մեր հասարակ դարաշրջանի 33–ի Պէնտէկոստէին, սուրբ հոգին թափուեցաւ Քրիստոսի 120 աշակերտներուն վրայ եւ անոնք շատ մը տարբեր լեզուներով սկսան Աստուծոյ մեծամեծ բաներու մասին խօսիլ։ Այս կերպով հաստատուեցաւ Քրիստոնէական ժողովքը։ Այդ օրը, շուրջ 3,000 նոր աշակերտներ մկրտուեցան։—Գործք գլուխ 2

Տարբեր շրջաններու ժողովքները թիւով կ’աւելնային, մինչ առաքեալները եւ ուրիշ աշակերտներ կը շարունակէին Աստուծոյ Խօսքը համարձակութեամբ խօսիլ։ Ըստ Գործք Առաքելոց գրքին, քարոզչութիւնը շուտով տարածուեցաւ Միջերկրականի շրջանը, Բաբելոնէն ու Հիւսիսային Ափրիկէէն մինչեւ Հռովմ եւ հաւանաբար մինչեւ Սպանիա։—Հռովմայեցիս 15։18–29. Կողոսացիս 1։23. Ա. Պետրոս 5։13

Ուր որ մարդիկ նոր աշակերտներ կ’ըլլային, հոն ժողովքներ կը կազմուէին։ Որակելի, հասուն այրեր կը նշանակուէին որպէս երէցներ, կամ տեսուչներ, ժողովքներուն մէջ շիտակ ուսուցումի եւ պատշաճ վարքի չափանիշները պահելու համար։ Բայց այս մարդիկը կղեր դասակարգ մը չէին, այլ Աստուծոյ Թագաւորութեան համար ծառաներ եւ գործակիցներ էին։—Գործք 14։22. 20։28. Ա. Կորնթացիս 3։5. 5։13. Կողոսացիս 4։11. Ա. Տիմոթէոս 3։1–15. Եբրայեցիս 13։17. Ա. Պետրոս 5։1–4

Առաքեալները եւ ուրիշ գործակիցներ սերտօրէն կը ծառայէին որպէս կառավարիչ մարմին։ Անոնք քարոզչութեան մէջ առաջնորդութիւնը առին եւ Երուսաղէմի ժողովքին մէջ յարուցուած խնդիրները լուծեցին։ Անոնք որակելի եղբայրներ Սամարիա եւ Անտիոք ղրկեցին այդտեղի նորահաւատները զօրացնելու համար։ Անոնք թլփատութեան մասին տեղի ունեցած վիճաբանութիւն մը լուծեցին եւ իրենց որոշումը բոլոր ժողովքներուն տեղեկացուցին, որպէսզի զայն պահեն։ Այսուհանդերձ, այս մարդիկը ուրիշներուն վրայ չէին տիրապետեր, այլ ամբողջ ժողովքին ծառաները եւ գործակիցներն էին։—Գործք 4։33. 6։1–7. 8։14–25. 11։22–24. 15։1–32. 16։4, 5. Ա. Կորնթացիս 3։5–9. 4։1, 2. Բ. Կորնթացիս 1։23

Նախկին աշակերտները Քրիստոնեաներ կոչուեցան աստուածային նախախնամութեամբ։ Անոնց ուսուցումներն ալ կը զատորոշէին զիրենք, ուսուցումներ որոնք կը կոչուէին առաքեալներուն վարդապետութիւնը կամ ողջամիտ խօսքերուն օրինակը։ Սուրբ գրային այս ուսուցումը նաեւ կը կոչուէր ճշմարտութիւնը։—Յովհաննու 17։17. Գործք 2։42. 11։26. Հռովմայեցիս 6։17. Ա. Տիմոթէոս 4։6. 6։1, 3. Բ. Տիմոթէոս 1։13. Բ. Պետրոս 2։2. Բ. Յովհաննու 1, 4, 9

Քրիստոնեաները սիրոյ մէջ միացած եղբայրներու համաշխարհային ընկերակցութիւն մըն էին։ Անոնք ուրիշ երկիրներու իրենց հաւատակիցներով կը հետաքրքրուէին։ Երբ օտար երկիր ճամբորդէին, անոնք իրենց հաւատակիցներուն տուները կ’ընդունուէին։ Անոնք բարոյական վարքի բարձր չափանիշ մը ունէին, աշխարհէն զատուած սուրբ ժողովուրդ մը ըլլալով։ Անոնք միշտ ի մտի ունէին Եհովայի ներկայութեան օրը եւ իրենց հաւատքին հանրային յայտարարութիւնը նախանձախնդրութեամբ կ’ընէին։—Յովհաննու 13։34, 35. 15։17–19. Գործք 5։42. 11։28, 29. Հռովմայեցիս 10։9, 10, 13–15. Տիտոս 2։11–14. Եբրայեցիս 10։23. 13։15. Ա. Պետրոս 1։14–16. 2։9–12. 5։9. Բ. Պետրոս 3։11–14. Գ. Յովհաննու 5–8

Սակայն, ինչպէս նախագուշակուած էր, մեծ հաւատուրացութիւն մը սկսաւ զարգանալ երկրորդ եւ երրորդ դարերուն։ Որպէս հետեւանք, եկեղեցական հսկայ դրութիւններ կազմուեցան, որոնք ուսուցումի, վարքի, կազմակերպութեան եւ աշխարհի հանդէպ իրենց դիրքին նկատմամբ նախկին Քրիստոնէական ժողովքին մաքրութիւնը չպահեցին։—Մատթէոս 13։24–30, 37–43. Բ. Թեսաղոնիկեցիս գլուխ 2

Այսուհանդերձ, Յիսուս նախագուշակեց որ ճշմարիտ պաշտամունքը պիտի վերահաստատուէր իրերու դրութեան վախճանին։ Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ այս վերահաստատումը ակներեւ է մեր օրերուն իրենց կատարած աշխարհածաւալ գործունէութիւններով, այսինքն, Յիսուսի մարգարէութենէն շուրջ 1,900 տարիներ ետք։ Յաջորդ էջերը պիտի բացատրեն ասոր պատճառը։

Քրիստոնէական ժողովքը ինչպէ՞ս հաստատուեցաւ, եւ ինչպէ՞ս աճեցաւ։

Այդ ժողովքը ինչպէ՞ս կը ղեկավարուէր։

Առաջին դարու Քրիստոնեաները ի՞նչ բաներով յստակօրէն կը զատորոշուէին միւսներէն։

[Քարտէս՝ էջ 7]

(Լման շարադրանքի համար, տե՛ս հրատարակութիւնը)

Սեւ Ծով

Կասպից Ծով

Մեծ Ծով

Կարմիր Ծով

Պարսից Ծոց

Շրջաններ ուր բարի լուրը հասաւ առաջին դարուն

ԻՏԱԼԻԱ

Հռովմ

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

ՄԵԼԻՏԷ

ԿՐԵՏԷ

ԿԻՊՐՈՍ

ԲԻՒԹԱՆԻԱ

ԳԱՂԱՏԻԱ

ԱՍԻԱ

ԿԱՊԱԴՈՎԿԻԱ

ԿԻԼԻԿԻԱ

ՍՈՒՐԻԱ

ՀՐԷԱՍՏԱՆ

Երուսաղէմ

ՄԻՋԱԳԵՏՔ

Բաբելոն

Այս շրջաններուն բնակիչներէն ոմանք հաւատացեալներ եղան

ԻԼԼԻՐԻԱ

ՄԱՐԱՍՏԱՆ

ԵՂԱՄ

ԱՐԱԲԻԱ

ԼԻՊԻԱ

ԵԳԻՊՏՈՍ

ԵԹՈՎՊԻԱ

ՊԱՐԹԵՒԱՍՏԱՆ

[Նկարներ՝ էջ 7]

Նախկին Քրիստոնեաները Աստուծոյ Խօսքը համարձակութեամբ կը քարոզէին

Երբ ճամբորդէին, Քրիստոնեաները իրենց հաւատակիցներուն տուները կ’ընդունուէին