Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած փառաբանելու համար սուրբ գրային գրականութիւններ արտադրել

Աստուած փառաբանելու համար սուրբ գրային գրականութիւններ արտադրել

Աստուած փառաբանելու համար սուրբ գրային գրականութիւններ արտադրել

Եհովայի Վկաները քաջածանօթ են թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը քարոզեն տպագրուած էջերով։ 1920–էն ի վեր, Դիտարանի Ընկերութիւնը Վկաներու մէջէն կամաւոր աշխատաւորներ գործածած է ցրուելու նպատակով պարբերաթերթեր եւ գրքեր տպագրելու համար։ Այս կերպով կարելի եղած է աւելի նուազ արժողութեամբ գրականութիւններու վստահելի արտադրութիւն մը ապահովել։

Շուրջ 70 տարիներէ ի վեր, Ընկերութիւնը սուրբ գրային գրականութիւններու իր արտադրութիւնը զարգացուցած եւ ընդլայնած է, նախ Պրուքլինի եւ ապա՝ ուրիշ երկիրներու մէջ։ Այս ամբողջ աշխատանքը կատարուած է հետզհետէ աւելցող կամաւորներու անձնակազմի մը կողմէ։

1970–ական թուականներուն վերջաւորութեան, տողաշարութեան եւ տպագրութեան աւանդական կերպերը փոխարինուեցան համակարգիչի աշխատանքով, լուսագրաշարութեամբ եւ բազմատիպ տպագրութեամբ։ Սակայն խնդիրը այդ էր որ շուկայի մէջ մատչելի եղող սարքը միայն սահմանափակ թիւով լեզուներու համար գործածելի էր։ Բայց Ընկերութիւնը արդէն շուրջ 160 լեզուներով գրականութիւններ կը տպագրէր եւ տակաւին շատ աւելիին կարիք մը կար։

Ուստի, կոչ եղաւ կամաւորներու որ բազմալեզու լուսագրաշարութեան ելեկտրոնական դրութիւն մը պատրաստեն։ Շատ գոհացուցիչ արդիւնքներ ձեռք ձգուեցան։ Գիտարուեստական բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարուեցան եւ գրաներմուծման, էջադրումի ու լուսագրաշարութեան դրութիւնը (MEPS) զարգացաւ։ Ասիկա կրնայ աւելի քան 200 լեզուներով գործել եւ կարելի է անոր վրայ աւելցնել։

Ներկայիս, թարգմանուած յօդուածները MEPS–ի դրութեամբ կը գրաներմուծուին աւելի քան 100 երկիրներու մէջ եւ տակաւին յայտագրուած է որ շատեր ալ անով օժտուին։ Այս երկիրներէն եկած կամաւոր աշխատաւորներ մարզուած են այս սարքը աշխատցնելու եւ անոր հոգ տանելու համար։ Այժմ Ընկերութիւնը 40 երկիրներու մէջ աւելի քան 110 լեզուներով պարբերաթերթեր կ’արտադրէ եւ 8 երկիրներ կազմուած գիրքեր եւ Աստուածաշունչեր ալ կը տպագրեն։

Այս աշխատանքը անձնակազմ կը պահանջէ. խմբագիրներ, թարգմանիչներ, սրբագրողներ, տպագրիչներ, կազմարարներ եւ առաքողներ։ Ոմանք ժողովքներուն հետ թղթակցութեամբ կը զբաղին, իսկ ուրիշներ՝ ուտեստեղէն արտադրելով, ճաշեր պատրաստելով, մաքրութիւն եւ լուացք ընելով, եւայլն։ Այս բոլորը կամաւոր աշխատաւորներու կողմէ կը կատարուի, որոնք տարբեր երկիրներու մէջ իրենք զիրենք կը տրամադրեն։ 1991–ին, համայն աշխարհի մէջ Ընկերութեան տարբեր գրասենեակներուն, գործարաններուն, բնակարաններուն եւ ագարակներուն մէջ 12,068 կամաւորներ կը ծառայէին։

Որո՞նք են այս կամաւորները։ Անոնք այրեր ու կիներ, ամուրիներ ու ամուսնացածներ, երիտասարդներ ու տարիքոտներ են. բոլորն ալ Եհովայի նուիրուած Վկաներ։ Ոմանք այս գործունէութեան մէջ են 40, 50 եւ նոյնիսկ 60 տարիէ ի վեր։ Անոնք շաբաթը առնուազն 44 ժամ կ’աշխատին իրենց նշանակուած գործին մէջ եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ յաւելեալ ժամեր ալ։ Անոնք երեկոները եւ շաբաթավերջերը կը յատկացնեն տունէ տուն բարի լուրի քարոզչութեան եւ ժողովքին ուրիշ գործունէութիւններուն։

Համայն աշխարհի մէջ, Ընկերութիւնը Պէթէլ կոչուած բնակարաններուն մէջ այս աշխատաւորներուն համեստ սենեակներ եւ ճաշեր կը հայթայթէ։ Ասկէ զատ, անոնք իրենց ծառայութեան մէջ երթեւեկի ծախսերուն եւ անձնական կարիքներուն համար նիւթական չնչին օժանդակութիւն մը կը ստանան։

1920–էն ի վեր, այս կամաւոր աշխատաւորները համայն աշխարհի մէջ ցրուելու համար աւելի քան ինը միլիառ Աստուածաշունչեր, գրքեր, պարբերաթերթեր եւ գրքոյկներ արտադրած են, աւելի քան 200 լեզուներով։ Անոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, որպէսզի յաւիտենական բարի լուրը բոլոր ազգերուն, ցեղերուն, լեզուներուն եւ ժողովուրդներուն ծանուցուի որպէս աւետիս։Յայտնութիւն 14։6, 7

Դիտարանի Ընկերութիւնը տպագրական ի՞նչ սարք ունի եւ ինչո՞ւ։

Այս ամբողջ աշխատանքը որո՞նք կը կատարեն, եւ անոնք ինչպէ՞ս կ’ապրին։

[Նկարներ՝ էջ 24]

Պրուքլինի եւ Ուոլգիլի գործարանին, բնակարանին, գրասենեակին եւ ագարակին մէջ սուրբ գրային գրականութիւններու արտադրութեան հետ կապակցաբար աշխատանք կատարող կամաւորներ՝ Նիւ Եորք, Ա.Մ.Ն.

[Նկարներ՝ էջ 25]

Աստուածաշունչերու եւ սուրբ գրային գրականութիւններու արտադրութեան հետ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կապակցաբար տարբեր աշխատանք կատարող կամաւորներ

Սպանիա

Գերմանիա

Ֆինլանտա

Գանատա

Տանըմարքա

Շուէտ

Հարաւային Ափրիկէ

Պրազիլիա

Հոլանտա

Աւստրալիա