Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզելու համար կազմակերպուած ժողովքներ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզելու համար կազմակերպուած ժողովքներ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզելու համար կազմակերպուած ժողովքներ

Երբ երկրի վրայ էր, Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզեց գիւղէ գիւղ եւ քաղաքէ քաղաք երթալով։ Ան նաեւ իր աշակերտները մարզեց եւ զանոնք ղրկեց նոյն գործունէութիւնը կատարելու։ Երկինք համբառնալէ առաջ, ան իր հետեւորդներուն պատուիրեց բոլոր ազգերէ մարդիկ աշակերտել։ Սկիզբէն իսկ, նախկին Քրիստոնէական ժողովքը բարի լուրը քարոզելու համար կազմակերպուեցաւ։ Ո՛ւր որ երթային, աշակերտները կը սկսէին Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզել։—Մատթէոս 4։17, 23. 10։1–16. 28։19, 20. Ղուկաս 4։44,45. 8։1. 10։1–9. Գործք 1։8. 4։31. 5։42. 8։12. 19։8. 28։23, 3032. Հռովմայեցիս 10։9, 10, 14

Իրերու դրութեան վախճանին մասին իր տուած մարգարէութեան մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ Այս քարոզչութիւնը Քրիստոնէական ժողովքին գլխաւոր պարտականութիւնն է ներկայիս։—Մատթէոս 24։14. Մարկոս 13։10

Համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի Վկաներու բոլոր ժողովքները կազմակերպուած են Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով իրենց շրջանի թաղամասը կանոնաւորաբար այցելելու համար։ Ասիկա կարգապահութեամբ կատարելու համար, իւրաքանչիւր երկրի մէջ, Դիտարանի Ընկերութեան մասնաճիւղի գրասենեակը ամէն ժողովքի կը յատկացնէ վկայելու շրջան մը։ Ժողովքը այս թաղամասը աւելի պզտիկ մասերու կը բաժնէ, ապա անոնք կը վստահուին պատասխանատու անհատներու որոնք հոգ կը տանին որ հոն ապրող մարդիկը վկայութիւնը ստանան։—Ա. Կորնթացիս 14։33, 40

Ընդհանրապէս, Վկաները մարդոց հետ շփման մէջ կու գան տունէ տուն այցելելով։ Իրենց ժողովներուն մէջ, Եհովայի Վկաները մարզում ստացած են Թագաւորութեան պատգամը դռնէ դուռ հակիրճ կերպով ներկայացնելու, իրենց Աստուածաշունչերը գործածելով։ Անոնք իրենց հետ սուրբ գրային գրականութիւններ կը կրեն Աստուծոյ Խօսքէն յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ փափաքողներուն տալու համար։

Թաղամասին մէջ գտնուող ամէն անհատի Թագաւորութեան կարեւոր պատգամը լսելու պատեհութիւն տալու համար, երբ տունէ տուն կ’երթան, Վկաները մանրամասն նօթեր կ’առնեն, նշելով բացակաները եւ անոնք որոնք, պատճառով մը, չկրցան պատգամը լիովին լսել։ Անոնց ուրիշ ատեն մը այցելութիւն պիտի տրուի։ Երբ անհատ մը հետաքրքրութիւն ցոյց տայ, Վկաները կը նոթագրեն դարձեալ այցելելու եւ սուրբ գրային յաւելեալ տեղեկութիւններ տալու համար։ Եթէ անհատը փափաքի, տան մէջ սուրբ գրային կանոնաւոր ուսումնասիրութիւն մը կը վարուի։ Այս բոլորը ձրիաբար կը կատարուի։

Կարգ մը երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները ճամբէն անցնողներուն պարբերաթերթ կը մատուցանեն։ Այս կերպով, անոնք կրնան շատերուն հետ շփման մէջ գալ, որոնք տունը պիտի չգտնուէին։ Իրական ջանք կը թափուի, ամէն մտիկ ընել փափաքողի հասնելու համար։—Գործք 17։17. Յայտնութիւն 14։6, 7. 22։17

Վկաները ինչո՞ւ կը շարունակեն մարդոց այցելել, երբ մեծամասնութիւնը ոչ մէկ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ։ Նկատուած է թէ մարդոց պարագան յաճախ կը փոխուի եւ ուրիշ այցելութեան մը ընթացքին, ոմանք դրականօրէն կ’ընդառաջեն, կամ տան դուռը բացող ուրիշ մէկ անդամը կը հետաքրքրուի պատգամով։

Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Բայց առաջ խնդրեցէք [փնտռեցէք (ՆԱ)] Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը»։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզելը նախ Թագաւորութիւնը փնտռելու անհրաժեշտ մէկ մասն է, անոր համար Եհովայի Վկաները ասիկա իրենց կեանքին գլխաւոր նպատակակէտը կ’ընեն։—Մատթէոս 6։33. Բ. Տիմոթէոս 4։2

Յիսուսի եւ նախկին Քրիստոնեաներուն կատարած ո՞ր գործունէութիւնը պիտի կատարուէր մեր օրերուն ալ, ինչպէս նախագուշակուած էր։

Եհովայի Վկաներուն քարոզելու գործունէութիւնը ինչպէ՞ս կազմակերպուած է։

Վկաները ինչո՞ւ կը շարունակեն մարդոց այցելել, երբ մեծամասնութիւնը հետաքրքրութիւն ցոյց չի տար։

[Նկարներ՝ էջ 16, 17]

Եհովայի Վկաները Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը քարոզեն տարբեր երկիրներու մէջ

Թայլանտ

Մեքսիկա

Հոլանտա

Քորէա

Գուրասօ

Կանա

Անգլիա

Աւստրալիա