Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ հօտը արածել միութեան մէջ

Աստուծոյ հօտը արածել միութեան մէջ

Աստուծոյ հօտը արածել միութեան մէջ

Ոմանք կը հարցնեն. Եհովայի Վկաներու համաշխարհային ժողովքը ինչպէ՞ս կը կառավարուի։ Կը պատասխանենք. Առաջին դարու Քրիստոնէական ժողովքին կառավարելու կարգադրութեան օրինակին համաձայն։

1870–ական թուականներուն, Չարլզ Թ. Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները Աստուածաշունչի իրենց կատարած ուսումնասիրութեան արդիւնքները դասախօսութիւններու եւ տպագրուած էջերու միջոցաւ տարածելու նախաձեռնութիւնը առին։ Ամբողջ երկրին մէջ, անոնք՝ որոնք ընտրեցին այս գործունէութեան հետ ընկերակցիլ, Ռասըլն ու իր մօտիկ գործակիցները կը նկատէին որպէս Տէրոջը գործը ընելու մէջ շատ փորձառու եղող խումբ մը մարդիկ, որոնցմէ կրնային իրենց գործունէութեան մասին խրատ հայցել։

1884–ին, Սիօնի Դիտարանի, Թերթիկի Ընկերութիւնը կազմուեցաւ, Փէնսիլվանիոյ Հասարակապետութեան օրէնքներուն համաձայն։ Ռասըլ եւ իր պատասխանատու ընկերակիցները մօտէն կ’առաջնորդէին այս Ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն գործունէութիւնները։ 1909–ին, անոնք իրենց կեդրոնատեղին փոխադրեցին Պրուքլին, Նիւ Եորք։ Տարիներու ընթացքին, Դիտարանի Ընկերութեան տնօրէնները եւ անոնց հետ մօտէն ընկերակցող, հոգեւոր որակումներ ունեցող, օծեալ մարդիկ ծառայած են որպէս Եհովայի Վկաներու կառավարիչ մարմին մը։

Կառավարիչ Մարմինը կը բաղկանայ խումբ մը օծեալ Քրիստոնեայ մարդոցմէ (1991–ին՝ 12 հոգի), որոնցմէ եօթն կը ծառայեն Դիտարանի Ընկերութեան վարչական խորհուրդին մէջ։ Անոնք Եհովայի Վկաներու համաշխարհային գործունէութիւններուն վրայ վերատեսչութիւն կ’ընեն։ Անոնք Աստուծոյ կողմէ չեն ներշնչուիր եւ հետեւաբար թերի են, բայց Աստուծոյ անթերի Խօսքին կ’ապաւինին որպէս երկրի վրայ մեծագոյն հեղինակութիւնը եւ Աստուծոյ կամքին ենթարկուելու մէջ ամբողջ կեանքի մը փորձառութիւնը ունին։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը 50 տարի, կամ աւելի, Եհովայի Վկաներուն հետ լիաժամ ծառայութեան մէջ կեանք մը վարած է։

Կառավարիչ Մարմինը կը ղեկավարէ ինչ որ Ընկերութիւնը կը հրատարակէ։ Նիւթերը կը հիմնուին հօտին հոգեւոր կարիքներուն վրայ եւ յօդուածները կը պատրաստուին աղօթքով Աստուծոյ Խօսքը խորէն ուսումնասիրելով եւ փնտռտուքներ կատարելով։ Մինչ այս անհատները կը շարունակեն Աստուածաշունչը ուսումնասիրել, Աստուծոյ նպատակներուն աստիճանաբար յայտնաբերումը, աշխարհի դէպքերուն մէջ մարգարէութիւններուն կատարումը եւ աշխարհի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդին վիճակը նկատել, անոնք երբեմն անհրաժեշտ կը գտնեն կարգ մը ուսուցումներու հասկացողութեան մէջ լուսաւորուած վերաճշդումներ ընել։ Այս կերպով, ճշմարտութեան գիտութիւնը աւելի կը շատնայ։Սաղմոս 97։11. Առակաց 4։18. Դանիէլ 12։4

Համայն աշխարհի շուրջ 100 մասնաճիւղերուն մէջ, Կառավարիչ Մարմինը հոգեւոր որակումներ ունեցող երեք կամ աւելի այրեր նշանակած է որպէս Մասնաճիւղի Յանձնախումբ, աւելի քան 200 երկիրներու եւ կղզիներու մէջ գործունէութիւնները ղեկավարելու համար։ Մասնաճիւղերը իրենց պատասխանատուութեան ներքեւ եղող ժողովքներուն հետ կապ կը պահեն։ Կանոնաւոր հաղորդակցութիւն գոյութիւն ունի Կառավարիչ Մարմինին եւ Մասնաճիւղի Յանձնախումբերուն միջեւ, իսկ Կառավարիչ Մարմինին անդամները ամէն տարի անձնապէս շատ մը մասնաճիւղերու կ’այցելեն, հոն տիրող վիճակներէն տեղեակ մնալու համար։

Այս մարդիկը ուրիշներու հաւատքին վրայ չեն տիրապետեր, այլ ծառաներ են, որոնք ծանր կ’աշխատին, որպէսզի շատ մը ուրիշներ կարենան Աստուծոյ Խօսքը գիտնալ։ Անոնք նիւթական շահու համար չեն ծառայեր, այլ անոնց նիւթական կարիքները կը հոգացուին Պէթէլի ընտանիքներու միւս անդամներուն նման։ Անոնց նախանձախնդրութիւնը, միութիւնը, բարձր բարոյականութիւնը եւ համայն աշխարհի Եհովայի Վկաներուն նման Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հանդէպ անոնց ցուցաբերած հաւատարմութիւնը կը փաստեն որ անոնք հաւատարմութեամբ կը ծառայեն։Ա. Կորնթացիս 3։5–9. 4։1, 2. Բ. Կորնթացիս 1։23. 3։1–3. Ա. Պետրոս 5։2, 3

Կառավարելու ի՞նչ կարգադրութիւն եղած է։

Ներկայիս որո՞նք կը ծառայեն որպէս Կառավարիչ Մարմին, եւ անոնց պատասխանատուութիւնները ի՞նչ են։

Ուրիշ երկիրներու մէջ գործունէութիւնը ինչպէ՞ս կը ղեկավարուի։

[Քարտէս՝ էջ 26]

(Լման շարադրանքի համար, տե՛ս հրատարակութիւնը)

Շրջաններ ուր Եհովայի Վկաները Աստուծոյ կամքը կը կատարեն

[Նկարներ՝ էջ 26]

Դիտարանի Ընկերութեան նախագահներ՝

Չ. Թ. Ռասըլ՝ 1884–1916

Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ՝ 1916–1942

Ն. Հ. Նոր՝ 1942–1977

Ֆ. Ու. Ֆրանզ՝ 1977–1992

[Նկարներ՝ էջ 27]

Շուրջ 100 մասնաճիւղերէն քանի մը հատը, որոնց միջոցաւ Եհովայի Վկաներուն համաշխարհային գործունէութիւնները կը ղեկավարուին

Գանատա

Զամպիա

Գերմանիա

Ճափոն

Աւստրալիա

Պրազիլիա