Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ նպատակը հիմա իր յանգումին կը հասնի

Աստուծոյ նպատակը հիմա իր յանգումին կը հասնի

Աստուծոյ նպատակը հիմա իր յանգումին կը հասնի

Երկիրը ստեղծելով, Աստուծոյ նպատակն էր որ անիկա բնակուի արդար վիճակներու ներքեւ ապրող ուրախ մարդոցմով։ Իրենց կեանքը շարունակելու համար, մարդիկ պէտք էր հնազանդէին Աստուծոյ օրէնքներուն։ Սակայն անհնազանդ գտնուելով, մարդկային առաջին զոյգը մեղաւորներ եղաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ։ Այս կերպով, մեղքն ու մահը անոր ամբողջ սերունդին վրայ տարածուեցան։—Ծննդոց 1։27, 28. 2։16, 17. 3։1–19. Հռովմայեցիս 5։12

Աստուած, որու անունը Եհովա է, որոշեց երկրի վրայէն սրբել անհնազանդութեան եւ մեղքին ազդեցութիւնները։ Օր մը, ան երկրի վրայ մարդոց նայեցաւ եւ նկատեց հաւատարիմ մարդ մը՝ Աբրամը՝ որու անունը Աբրահամի փոխեց։ Աստուած անոր խոստացաւ որ իր սերունդը մեծ ազգ մը պիտի ըլլար եւ որ այդ ազգէն սերունդ մը պիտի հանէր, որու միջոցաւ երկրի բոլոր ընտանիքները իրենք զիրենք պիտի օրհնէին։—Ծննդոց 12։1–3. 18։18, 19. 22։18. Սաղմոս 83։18. Եբրայեցիս 11։8–16

Մեր հասարակ դարաշրջանէն առաջ ԺԶ. դարու վերջաւորութեան, Աբրահամի թոռան՝ Յակոբի կամ Իսրայէլի՝ սերունդը 12 ցեղերու կազմուած էր, որոնք Եգիպտոսի մէջ գերիներ էին։ Եհովա Եգիպտոսէն ազատագրեց այդ Իսրայելացիները եւ զանոնք կազմակերպեց որպէս ազգ մը։ Սինա Լերան վրայ, ան, Մովսէսի միջնորդութեամբ, անոնց Օրէնքը տուաւ որպէս ազգային սահմանադրութիւն մը։ Եհովա անոնց Թագաւորը, Դատաւորը եւ Օրէնսդիրն էր։ Իսրայէլ ազգը Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը եղաւ. անոնք իր վկաները եղան եւ իր նպատակը իրագործելու համար կազմակերպուեցան։ Անոնցմէ պիտի գար Մեսիան որ յաւիտենական Թագաւորութիւն մը պիտի հաստատէր բոլոր ազգերէն մարդոց օրհնութեան համար։—Ելից 19։5, 6. Ա. Մնացորդաց 17։7–14. Գ. Թագաւորաց 4։20, 25. Եսայեայ 33։22. 43։10–12. Հռովմայեցիս 9։4, 5

Շուրջ 2,000 տարիներ առաջ, կամ 15 դար ետք, Աստուած իր միածին որդին երկնքէն երկիր ղրկեց Մարիամ կոչուած Հրեայ երիտասարդուհի կոյսէ մը ծնանելու համար։ Ան Յիսուս կոչուեցաւ եւ պիտի ժառանգէր այն Թագաւորութիւնը զոր Աստուած իր նախահօր՝ Դաւիթի՝ խոստացած էր։ Երբ 30 տարեկան եղաւ, Յիսուս մկրտուեցաւ Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ եւ սկսաւ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ծանուցանել։ Հիւանդները բուժելով, ան ցոյց տուաւ թէ այդ գալիք Թագաւորութիւնը ի՛նչպէս պիտի օրհնէր մարդկութիւնը։ Առակներու միջոցաւ, ան բացատրեց թէ ի՛նչ պիտի պահանջուէր բոլոր անոնցմէ որոնք յաւիտենական կեանքի կը տենչային։ Յետոյ, Յիսուս ցիցի մը վրայ սպաննուեցաւ, իր կատարեալ մարմինը ծառայելով որպէս փրկանք մարդկութեան համար։—Մատթէոս 1։18–24. 3։13–16. 4։17–23. 6։9, 10. գլուխ 13. 20։28. Ղուկաս 1։26–37. 2։14. 4։44. 8։1. Յովհաննու 3։16. Գործք 10։37–39

Յիսուս ըսած էր որ Մեսիական Թագաւորութիւնը պիտի հաստատուէր հեռու ապագային՝ իրերու դրութեան վախճանին։ Այդ ժամանակ, ինք երկնքի մէջ անտեսանելիօրէն ներկայ պիտի ըլլար որպէս իշխող Թագաւոր եւ իր ներկայութիւնը պիտի գիտցնէր իր ուշադրութիւնը երկրին դարձնելով։ Աշխարհի դէպքերը ցոյց կու տան որ մենք այս ժամանակին մէջ կ’ապրինք 1914–էն ի վեր։ Ինչպէս Յիսուս նախագուշակեց, Թագաւորութեան բարի լուրը բովանդակ աշխարհի մէջ կը քարոզուի որպէս վկայութիւն բոլոր ազգերուն։ Որպէս արդիւնք, բոլոր ազգերէն անհատներ կը հաւաքուին Աստուծոյ Թագաւորութեան կողմը։ Անոնք իրերու ներկայ դրութեան վախճանէն պիտի վերապրին եւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ձեռք պիտի ձգեն Մեսիական Թագաւորութեան ներքեւ։—Մատթէոս գլուխներ 24 եւ 25. Յայտնութիւն 7։9–17

Ներկայիս, շատ մը եկեղեցիներ կը դաւանին Աստուծոյ կամքը ընել։ Բայց ինչպէ՞ս կրնաք Քրիստոնէական ճշմարիտ ժողովքը բնորոշել։ Առաջին դարու Քրիստոնէական ժողովքը նկարագրող Սուրբ Գրութիւնները քննելով եւ ապա տեսնելով որ այսօր որո՛նք նոյն օրինակին կը հետեւին։

Աստուծոյ նպատակին իրագործման մէջ ի՞նչ դեր խաղցան Աբրահամ եւ Իսրայէլ։

Յիսուս ի՞նչ կատարեց իր ծառայութիւնով եւ իր մահով։

Մեր ներկայ ժամանակը նշող ի՞նչ դէպքեր մարգարէացուած էին։