Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա իր ժողովուրդը կը հաւաքէ եւ կը պատրաստէ գործունէութեան համար

Եհովա իր ժողովուրդը կը հաւաքէ եւ կը պատրաստէ գործունէութեան համար

Եհովա իր ժողովուրդը կը հաւաքէ եւ կը պատրաստէ գործունէութեան համար

Դարերու ընթացքին, հաւատուրացութիւնը տարածուեցաւ ամբողջ երկրի վրայ։ Շատ մը եկեղեցիներ Աստուածաշունչի կարգ մը ուսուցումները պահած էին, բայց գլխաւորաբար կը հետեւէին մարդկային աւանդութիւններու եւ հեթանոսական ծագում ունեցող շատ մը սովորութիւններու։ Քրիստոսի վերադարձին ակնկալութիւնը ընդհանուր առմամբ շուքի մէջ ձգուած էր։—Բաղդատել Մատթէոս 13։24–30, 37–43։

Սակայն Յիսուս ըսած էր որ արթուն կենանք իր վերադարձին համար։ Խումբ մը անհատներ ասիկա կ’ընէին Ա.Մ.Ն.–ու Փէնսիլվանիա նահանգի Ալէկընի քաղաքին մէջ։ 1870–ական թուականներուն սկիզբը, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ եւ իր բարեկամներէն ոմանք սկսան Քրիստոսի վերադարձին նկատմամբ Աստուածաշունչի խոր եւ անկողմնակալ ուսումնասիրութիւն մը ընել։ Անոնք ուրիշ հիմնական ուսուցումներու շուրջ ալ սկսան սուրբ գրային ճշմարտութիւնը փնտռել։ Այս կերպով սկսան Եհովայի Վկաներու այժմու գործունէութիւնները։—Մատթէոս 24։42

Այս խումբը հասկցաւ թէ Երրորդութեան վարդապետութիւնը սուրբ գրային հիմ մը չունի, թէ Եհովա միակ ամենակալ Աստուածն ու Ստեղծիչն է, թէ Յիսուս իր առաջին ստեղծագործութիւնն ու միածին Որդին է եւ թէ սուրբ հոգին Աստուծոյ անտեսանելի գործօն ոյժն է, ոչ թէ՝ անձ մը։ Անոնք հասկցան թէ հոգին մահկանացու է, ոչ թէ՝ անմահ, թէ մեռելներուն համար յոյսը յարութիւնն է եւ թէ անզեղջ մեղաւորներուն պատիժը բնաջնջում է, ոչ թէ՝ յաւիտենական տանջանք։

Մարդկութեան համար Յիսուս իր կեանքը որպէս փրկանք տալը նկատուեցաւ որպէս սուրբ գրային հիմնական ուսուցում մը։ Նախ, 144,000 այրեր եւ կիներ, ընտրուած՝ առաջին դարէն մինչեւ մեր օրերը, երկրէն պէտք է առնուին երկնային Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսին հետ ժառանգակիցներ ըլլալու համար։ Ապա, Յիսուսի փրկանքին շնորհիւ, միլիառաւոր մարդիկ, մեծամասնութիւնը յարուցեալներ, մարդկային կատարելութեան պիտի հասնին այս Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանքի հեռանկարը ունենալով։

Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները նաեւ հասկցան որ Քրիստոսի ներկայութիւնը անտեսանելի, հոգեղէն պիտի ըլլար։ Հեթանոսաց Ժամանակները, շրջան մը որու ընթացքին երկրի վրայ ոչ մէկ կառավարութիւն Աստուծոյ գերիշխանութիւնը պիտի ներկայացնէր, վերջ պիտի գտնէին 1914–ին։ Ապա Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի հաստատուէր երկնքի մէջ։ Այս ուսուցումները Եհովայի Վկաներուն յատուկ են ներկայիս։

Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները այս ճշմարտութիւնները ամէնուրեք ծանուցանեցին դասախօսութիւններու եւ տպագրուած էջերու միջոցաւ։ Յուլիս 1879–ին, Ռասըլ հրատարակեց Սիօնի Դիտարանը (ներկայիս՝ Դիտարան)։ Ան որոշեց որ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն քարոզչութիւնը ամբողջովին յօժարակամ նուիրատուութիւններէ կախեալ պիտի ըլլար, առանց հանգանակութեան։ Ասկէ զատ, պատգամը հաւատացեալներուն անվճար, յօժարակամ ջանքերով պիտի շրջաբերուէր։ Ռասըլ անձամբ նիւթական նուիրատուութիւն ըրաւ զոր ցարդ շահած էր առեւտուրի մէջ։

Աստուածաշունչի Աշակերտները դասարաններ կը կազմէին, ինչպէս անոնց ժողովքները կը կոչուէին այն ատեն։ Անոնք շաբաթը երեք անգամ կը հաւաքուէին դասախօսութիւններ լսելու, Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելու եւ վկայութիւններու ժողովներ ունենալու համար։ Անոնք կանոնաւորաբար պատասխանատու այրեր կ’ընտրէին որպէս երէցներ իւրաքանչիւր դասարանի հոգեւոր գործունէութիւնները ղեկավարելու համար։

1884–ին, Փէնսիլվանիոյ մէջ, Սիօնի Դիտարանի, Թերթիկի Ընկերութիւնը կազմուեցաւ որպէս անշահաբեր ընկերակցութիւն մը։ Այս ընկերակցութեան նախագահը պէտք էր ընտրուէր ամէն տարի։ Այս օրինական գործիքը, որ ոչ մէկ կերպով անհատի մը կեանքէն կախեալ էր, սուրբ գրային դաստիարակչութիւնը պիտի յառաջացնէր։ Չարլզ Թ. Ռասըլ նախագահ ընտրուեցաւ եւ իր գրասենեակը նկատուեցաւ որպէս այս ընկերակցութեան կեդրոնատեղին։

Մեծ ջանքեր թափուեցան այս գործունէութիւնը ուրիշ երկիրներու մէջ ընդլայնելու համար։ Անիկա Գանատա եւ Անգլիա հասաւ 1880–ական թուականներուն սկիզբը։ Իսկ 1891–ին, Ռասըլ դէպի Եւրոպա եւ Մերձաւոր Արեւելք շրջապտոյտ մը կատարեց, որպէսզի տեսնէ ճշմարտութիւնը ի՛նչպէս տարածել այդ հողամասերուն մէջ։ 1900–ական թուականներուն սկիզբը, Դիտարանի Ընկերութիւնը մասնաճիւղեր կը բանար Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Աւստրալիոյ մէջ։

1909–ին, Դիտարանի Ընկերութեան կեդրոնատեղին փոխադրուեցաւ Պրուքլին, Նիւ Եորք, քարոզչութեան միջազգային բնոյթ տալու համար։ Անհրաժեշտ եղաւ օժանդակ ընկերակցութիւն մը կազմել, ըստ Նիւ Եորք Նահանգի օրէնքին, որ ներկայիս կը ճանչցուի որպէս Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւն։ 1914–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտներու Միջազգային Ընկերակցութիւնը կազմուեցաւ Լոնտոնի մէջ, ամբողջ Բրիտանական Հասարակապետութեան մէջ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն գործունէութիւնները յառաջ տանելու համար։ Ներկայիս, համայն աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ, շուրջ 70 օրինական ընկերակցութիւններ կը ծառայեն ի նպաստ Դիտարանի Ընկերութեան շահերուն։ Այս բոլոր ընկերակցութիւնները մարդասիրական են, որոնք յօժարակամ նուիրատուութիւններով եւ կամաւոր աշխատաւորներով կ’ընթանան։

1916–ին, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ մահացաւ։ Ժոզէֆ Ֆրէնգլին Ռատըրֆորտ անոր յաջորդեց որպէս Դիտարանի Ընկերութեան նախագահ։ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին վերջաւորութեան, Աստուածաշունչի Աշակերտները բրտօրէն փորձի ենթարկուեցան հալածանքով որ իր գագաթնակէտին հասաւ Ամերիկայի մէջ Ընկերութեան կեդրոնատեղիին պատասխանատու ութը եղբայրներու անիրաւ բանտարկութեամբ։ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն գործունէութիւնը վտանգի մէջ էր։ Սակայն, 1919–ին, այս եղբայրները ազատ արձակուեցան եւ անպարտ յայտարարուեցան. այն ատեն, քարոզչութիւնը սկսաւ աւելի մեծ վերելք մը ունենալ։

Ընկերութեան կեդրոնատեղիին միջոցաւ, Աստուածաշունչի օծեալ Քրիստոնեայ Աշակերտներուն միացած մարմինը շարունակեց ատենին հոգեւոր կերակուր հայթայթել բոլոր անոնց որոնք կազմակերպութեան հետ կ’ընկերակցէին։ Ինչպէս որ առաջին դարու օծեալ Քրիստոնեաներու ժողովքը կը կազմէր Յիսուսի յիշած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», նոյնպէս Աստուածաշունչի աշակերտներու օծեալ խումբը, որոնք Թագաւորութեան գործունէութեան նուիրուած են, կը կազմէ մեր օրերու «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ» դասակարգը։ Երբ ժողովքը քննելու եկաւ, Յիսուս այս դասակարգը գտաւ, որ տան ծառաներուն կերակուր կը հայթայթէր. այն ատեն, ան իր ամբողջ ունեցածին վրայ դրաւ զայն։—Մատթէոս 24։45–47. Ղուկաս 12։42

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմէն քիչ ետք, բացայայտ եղաւ որ Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնքի մէջ հաստատուած էր 1914–ին։ Արդ, Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը կրնային լիովին կատարուիլ. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ»։ Ժոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ նախաձեռնութիւնը առաւ այս Թագաւորութեան պատգամը աւելի մեծ թիւով մարդոց մատչելի ընելու համար։—Մատթէոս 24։14

Ուստի, Ընկերութիւնը որոշեց իր անձնական տպարանը ունենալ, ուր պիտի աշխատէին նուիրուած եւ կամաւոր այրեր, աւելի նուազ արժողութեամբ սուրբ գրային գրականութիւններ շարունակաբար արտադրելու համար։ Աստուածաշունչի բոլոր Աշակերտներուն քաջալերութիւն տրուեցաւ Թագաւորութեան բարի լուրի քարոզչութեան կանոնաւորաբար մասնակցիլ։ Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ձայնասփիւռէն սուրբ գրային դասախօսութիւններ սփռուեցան։

1918–էն առաջ, Աստուածաշունչի Աշակերտները հասկցած էին որ իրենց քարոզչութեան նպատակն էր երկնքի մէջ Քրիստոս Յիսուսին հետ ըլլալու համար ընտրեալներու մնացորդը հաւաքել եւ Աստուծոյ մօտալուտ դատաստանին համար աշխարհը ազդարարել։ Երկրի վրայ ապրելու համար ներկայ չար դրութեան վախճանէն վերապրողները հաւաքելու մասին խօսք իսկ չկար։ Բայց 1918–էն ի վեր, «Հիմա Ապրող Միլիոնաւորներ Բնաւ Պիտի Չմեռնին» բնաբանով դասախօսութիւնը լայն տարածում մը ունեցաւ։

1923–ին, Մատթէոս 25։31–46–ին մէջ յիշուած Յիսուսի ոչխարներու եւ այծերու առակին ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ որ Արմագեդոնէն առաջ երկնային Թագաւորութեան մէջ չհրաւիրուած արդարամիտ անհատներ ալ Աստուծոյ հաճութիւնը ձեռք պիտի ձգէին եւ Արմագեդոնէն պիտի վերապրէին։ 1935–ին, յաւելեալ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուաւ որ այս ոչխարանման անհատները եւ Յայտնութիւն 7։9–17–ին մէջ նկարագրուած անհամար մեծ բազմութիւնը նոյն դասակարգն են։ Անոնք, բոլոր ազգերէն հաւաքուելով, Մեծ Նեղութենէն վերապրելու եւ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու հեռանկարը պիտի ունենային։ Այս հասկացողութիւնը մեծ թափ մը տուաւ քարոզչութեան։—Յովհաննու 10։16

1931–ին, Աստուածաշունչի Աշակերտները Եհովայի Վկաներ անունը որդեգրեցին։ Անկէ առաջ, անոնք կը ճանչցուէին որպէս Աստուածաշունչի Աշակերտներ, Աստուածաշունչի Միջազգային Աշակերտներ, Հազարամեայի Արշալոյսի Քարոզիչներ եւ Դիտարանի Մարդիկ։ Անոնց նոյնիսկ տրուեցաւ Ռասըլականներ եւ Ռատըրֆորտականներ մակդիրը։ Այս անուններէն ո՛չ մէկը շիտակ կերպով կը ներկայացնէր զիրենք։ Թէեւ աստուածային նախախնամութեամբ տրուած Քրիստոնեայ անունը լաւ կը կիրարկուէր առաջին դարու Յիսուսի աշակերտներուն, բայց սուտ ուսուցումներու հետեւող շատ մը խումբեր ալ այդ անունով կը կոչուէին։ Միլիոնաւոր անուանակոչեալ Քրիստոնեաներէն զատորոշուելու համար, անոնց անուն մը պէտք էր, որ զիրենք յստակօրէն բնորոշէր որպէս մեր օրերու Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդներ։

Սուրբ Գրութիւններու խոր ուսումնասիրութիւն մը յստակ ըրաւ թէ ինչպէս որ Եհովա Իսրայէլ ժողովուրդը իր վկաները կոչած էր, նոյնպէս իրերու դրութեան վախճանին, իր անունն ու նպատակը գիտցնելու նուիրուած իր ժողովուրդը Եհովայի Վկաներ անունով պէտք էր կոչուէր։ Այս անունը յստակօրէն զատորոշեց Եհովայի ճշմարիտ Քրիստոնեայ երկրպագուները ներկայիս բոլոր իրենք զիրենք Քրիստոնեայ դաւանողներէն։—Սաղմոս 83։18. Եսայեայ 43։10–12

1942–ին, Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, Ժոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ մահացաւ։ Նաթան Հ. Նոր անոր յաջորդեց որպէս Դիտարանի Ընկերութեան նախագահ։ Մարգարէութիւնները յստակօրէն ցոյց կու տային որ պատերազմէն ետք, յարաբերական խաղաղութեան եւ ազատութեան շրջան մը պիտի բացուէր, որու ընթացքին քարոզչութիւնը մեծ ընդլայնում մը պիտի ունենար այս դրութեան վախճանէն առաջ։ Փետրուար 1943–ին, Դիտարանի Ընկերութիւնը Գաղաադու Սուրբ Գրոց Դպրոցը հիմնեց օտար երկիրներու մէջ միսիոնարական գործունէութեան համար լիաժամ ծառաներ մարզելու նպատակով։ Նոյն տարին, բայց աւելի ուշ, Եհովայի Վկաներու շաբաթական ժողովներու յայտագրին վրայ աւելցուեցաւ ծառայութեան մասնաւոր մարզումի յայտագիր մը։

1950–ին, Ընկերութիւնը սկսաւ պարբերաբար հրատարակել Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը՝ բնագիրներէն արդի Անգլերէնի թարգմանութիւն մը։ Ճշգրտօրէն թարգմանուած, դիւրահասկնալի այս Աստուածաշունչը, որ Ընկերութեան տպագրամեքենաներով արտադրուեցաւ աւելի նուազ արժողութեամբ, մեծապէս օժանդակեց քարոզչութեան։ Ցարդ, շուրջ 70 միլիոն օրինակներ հրատարակուած են 12 լեզուներով։

1991–ի վերջաւորութեան, աւելի քան չորս միլիոն Եհովայի Վկաներ կը մասնակցէին քարոզչութեան, 210–է աւելի երկիրներու եւ կղզիներու մէջ։ Նոյն տարին, շուրջ 60,000 ժողովքներուն մէջ, առաջին անգամ ըլլալով 10,650,159 անհատներ ներկայ եղան Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին։

Շատ մը իրողութիւններ կ’ապացուցանեն որ ներկայիս Աստուած ի՛րապէս կը գործածէ Եհովայի Վկաները. իր ծառայութեան մէջ անոնց եռանդը, անոնց համաշխարհային միութիւնը, Եհովայի անուան եւ իր Թագաւորութեան քարոզչութեան թիկունք կանգնելու մէջ անոնց նախանձախնդրութիւնը, անոնց բարոյական մաքուր չափանիշները, անոնց ամբողջ Աստուածաշունչը ընդունիլը որպէս Աստուծոյ անթերի Խօսքը եւ աւելորդապաշտութենէ ու ոգեհարցութենէ անոնց ազատագրուած ըլլալը։

Յաջորդ մասերը ցոյց պիտի տան թէ ի՛նչպէս կրնաք Աստուծոյ ճշմարիտ պաշտամունքին վերահաստատումէն օգտուիլ։

Ո՞ր հիմնական ուսուցումները զատորոշեցին Աստուածաշունչի Աշակերտները միւս Եկեղեցիներէն։

Մինչեւ 1918, Աստուածաշունչի Աշակերտները կազմակերպչական ի՞նչ տարբեր հանգրուաններէ անցան։

Ինչպէ՞ս կարելի է ըսել որ Աստուածաշունչի օծեալ Աշակերտներու այս խումբը կազմեց Մատթէոս 24։45–47–ին մէջ նկարագրուած «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»։

Աստուծոյ նպատակին ո՞ր հասկացողութիւնը մեծ թափ մը տուաւ քարոզչութեան։

Եհովայի Վկաներ անունը ի՞նչ նպատակի կը ծառայէ։

Ի՞նչ իրողութիւններ կ’ապացուցանեն որ Եհովա իրապէս կը գործածէ Եհովայի Վկաները։

[Նկարներ՝ էջ 8]

Չ. Թ. Ռասըլ՝ 1879–ին

Յուլիս 1879–ի թիւը

Առաջին խումբը՝ Փիթցպըրկ, Փէն.

[Նկարներ՝ էջ 9]

Կեդրոնատեղին՝ 1889–1909, Փիթցպըրկ, Փէն.

Գլխաւոր գրասենեակները՝ 1909–1918, Պրուքլին, Ն.Ե.

Կեդրոնատեղիի բնակարանը՝ 1909–1926, Պրուքլին, Ն.Ե.

[Նկարներ՝ էջ 10]

Եհովայի Վկաներու համաշխարհային կեդրոնատեղին՝ Պրուքլին, Նիւ Եորք, Ա.Մ.Ն.

Վերը՝ ձախին. Գրասենեակները

Վերը՝ աջին. Բնակարանները

Վարը՝ ձախին. Գործարանը

Վարը՝ աջին. Առաքումի սպասարկութիւնը

[Նկարներ՝ էջ 11]

Ձայնասփռում՝ Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտի կողմէ

Դիտարանի Ընկերութեան կամաւորներու կողմէ աշխատցուած առաջին թաւալուն տպագրամեքենան

Աստուածաշունչի Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւնը այժմ հրատարակուած՝ 12 լեզուներով