Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հալածուած՝ արդարութեան համար

Հալածուած՝ արդարութեան համար

Հալածուած՝ արդարութեան համար

Թերեւս ձեր բարեկամներէն եւ ազգականներէն լսած էք թէ Եհովայի Վկաները օրէնքին հետ խնդիրներ ունին, թէ կարգ մը երկիրներու մէջ անոնք արգիլումի ներքեւ են, կամ թէ անոնք գէշ անհատներ են։ Ինչո՞ւ անոնց մասին այսպիսի ներհակութիւններ կան։

Եհովայի Վկաները ոչ թէ անօրէններ են, այլ քանի որ անոնք Յիսուսի քայլերուն կը հետեւին։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ մարդիկ զիրենք պիտի նախատէին եւ հալածէին ու զրպարտութեամբ իրենց դէմ ամէն կերպ գէշ բաներ պիտի խօսէին։ Ասոր բուն պատճառը այն է թէ Աստուծոյ գլխաւոր հակառակորդը՝ Սատանան՝ այս աշխարհի աստուածն է, քանի որ ան կը փափաքի մարդիկը աստուածային ծառայութենէն հեռացնել։Մատթէոս 5։10–12. 10։16–22, 34–39. 24։9, 10. Յովհաննու 15։17–16։3. Բ. Տիմոթէոս 3։12. Ա. Պետրոս 5։8. Յայտնութիւն 12։17.

Երբ առաքեալները ձերբակալուեցան եւ ատեան տարուեցան, անոնք ոչ թէ ոճրագործներ, վայրագ անհատներ, կամ մոլորեցուցիչներ էին, այլ քանի որ անոնք բարի լուրը կը քարոզէին։ Երբ Պօղոս առաքեալ բարձրագոյն ատեանին բողոքեց, իր նպատակն էր բարի լուրը քարոզելու Քրիստոնեաներուն իրաւունքը պաշտպանել եւ օրինականօրէն հաստատել։Գործք 4։18–20. 5։28–32. Փիլիպպեցիս 1։7

Ներկայիս, Եհովայի Վկաները օրինապահ Քրիստոնեաներ են, որոնք իրենց տուրքերը կը վճարեն եւ հեղինակութիւններու հանդէպ յարգանք ցոյց կու տան։ Անոնք Կայսրին բաները Կայսրին կու տան, իսկ Աստուծոյ բաները՝ Աստուծոյ։ Եթէ անոնք որեւէ կառավարական հեղինակութիւններու հետ պայքար ունենան, պատճառը այդ է թէ այդ կառավարութիւնը կը մերժէ անոնց քարոզելու գործունէութիւնը ճանչնալ եւ կամ քանի որ անոնք ազգերու խնդիրներուն մէջ չէզոք դիրք մը կը բռնեն։ Բայց այս պարագաներուն մէջ, Եհովայի Վկաները պէտք է հետեւին առաքեալներուն օրինակին, որոնք ըսին. «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց»։Գործք 5։29. Մարկոս 12։17. Յովհաննու 18։36. Տիտոս 3։1, 2

Եհովայի Վկաները հալածանք չեն փնտռեր, այլ կը նախընտրեն խաղաղ եւ հանդարտ կեանք մը վարել։ Սակայն, եթէ Աստուծոյ օրէնքին եւ Յիսուս Քրիստոսին հետեւելնուն համար հալածուին, անոնք ուրախութեամբ կը տոկան անոր։Մատթէոս 5։10–12. Գործք 5։40, 41. Ա. Կորնթացիս 4։12. Ա. Տիմոթէոս 2։2. Ա. Պետրոս 3։14, 15. 4։12–16

Եհովայի ծառաները ինչո՞ւ կը նախատուին եւ կը հալածուին։

Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ երբեմն կառավարական հեղինակութիւններու հետ պայքար կ’ունենան, ինչպէս Քրիստոսի առաքեալները ունեցան։

Եհովայի ծառաները ինչպէ՞ս կը նկատեն հալածանքը։

[Նկարներ՝ էջ 29]

Յիսուս Պիղատոսի առջեւ տարուեցաւ, իսկ Պօղոս առաքեալ բանտ նետուեցաւ, քանի որ անոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը քարոզեցին