Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նիւթապէս նպաստել յօժարակամ նուիրատուութիւններով

Նիւթապէս նպաստել յօժարակամ նուիրատուութիւններով

Նիւթապէս նպաստել յօժարակամ նուիրատուութիւններով

Նախապէս նկարագրուած ամբողջ գործունէութիւնը կը կատարուի կամաւոր աշխատաւորներու կողմէ եւ ասոր համար նուազ արժողութեամբ գրականութիւններ մատչելի են։ Տունէ տուն ծառայութիւնը եւ գրականութիւններու ցրուումը յօժարակամօրէն կը կատարուին Եհովայի Վկաներու կողմէ։ Անոնք անձնապէս իրենց ծախսերը կը հոգան։ Ժողովքները ղեկավարող երէցները, որոնց կ’օգնեն օգնական ծառաները, իրենց ծառայութիւններուն համար վճարում չեն ստանար։ Անոնք իրենց անձնական ծախսերը կը հոգան։

Նոյնիսկ Կառավարիչ Մարմինին անդամները, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչերու եւ սուրբ գրային գրականութիւններու պատրաստութեան ու արտադրութեան համար բոլոր լիաժամօրէն աշխատողները միայն բնակարան, ուտելիք եւ իրենց ծախսերը հոգալու համար նիւթական չնչին օժանդակութիւն մը կը ստանան։ Պարագան նոյնն է ճամբորդող տեսուչներուն որոնք լիաժամօրէն կը ծառայեն։

Գրականութիւնները կ’առաջարկուին այն անհատներուն որոնք անկեղծօրէն կը փափաքին կարդալ զանոնք, առանց փոխարէն նուիրատուութիւն մը պահանջուելու։ Գործածուած գործիքներու, արտադրութեան եւ առաքումի ծախքերը կը հոգացուին մեր պատգամով հետաքրքրուող անհատներու յօժարակամ նուիրատուութիւններով որոնց վրայ կ’աւելցուին Եհովայի Վկաներու նուիրատուութիւնները, ընծաները կամ կտակները զորս անոնք կրնան ընել, այն երկիրներուն մէջ, ուր օրէնքը կը թոյլատրէ։

Եհովայի Վկաներու բոլոր ժողովներու կամ համաժողովներու վայրերուն մէջ, նուիրատուութիւններու համար տուփեր կան, այնպէս որ փափաքողը կրնայ նուիրատուութիւն մը ընել։ Հանգանակութիւն չկայ։ Ոչ տասանորդ, ոչ ալ պարտադիր վճարում կը պահանջուի։ Ինչպէս Սուրբ Գրութիւնները կ’ըսեն, ամէն մէկը կրնայ նպաստել ինչպէս որոշած է իր սրտովը։—Բ. Կորնթացիս 8։12. 9։7, ՆԱ։

Եհովայի Վկաներուն ամբողջ գործունէութիւնը նիւթապէս ինչպէ՞ս կը հոգացուի։