Շրջանային տեսուչները. ճշմարտութեան մէջ գործակիցներ
Շրջանային տեսուչները. ճշմարտութեան մէջ գործակիցներ
Առաջին դարու Քրիստոնէական ժողովքին մէջ, ճամբորդող տեսուչներ ժողովքներու կ’այցելէին զանոնք կերտելու համար։ Առանց անձնական շահու ետեւէ ըլլալու, անոնք իրենց անձերէն կու տային ժողովքի անդամներուն օգնելով, որ շարունակեն Աստուծոյ հաճելի եղածին պէս քալել։—Գործք 11։23, 24. 14։20, 21. 15։32. 20։2, 31-35. Փիլիպպեցիս 2։20–22, 29. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։5–12
Ներկայիս, Եհովայի Վկաներու ժողովքներն ալ ճամբորդող տեսուչներու այցելութենէն կ’օգտուին։ Այս անհատները Եհովայի Վկաներու քարոզելու գործունէութեան մէջ տարիներու փորձառութիւնը ունին որպէս տեսուչներ։ Անոնք աշխարհային գործերէ եւ ընտանեկան պատասխանատուութիւններէ ձերբազատուած են, որպէսզի կարենան իրենք զիրենք լիաժամ ծառայութեան նուիրել։ Անոնք որոնք ամուսնացած են, ընդհանրապէս անոնց կիներն ալ իրենց հետ լիաժամ ծառայութեան կը մասնակցին։
Շրջանային տեսուչ մը կը նշանակուի մօտ 18–էն 25 ժողովքներէ բաղկացող շրջանի մը հոգ տանելու համար։ Ան շրջանի իւրաքանչիւր ժողովքի կ’այցելէ տարին երկու անգամ եւ երկու կամ երեք տարի ետք, ուրիշ շրջանի մը համար կը նշանակուի։ Այս կերպով ժողովքները կրնան տարբեր շրջանային տեսուչներու փորձառութենէն եւ կարողութիւններէն օգտուիլ։
Շրջանային տեսուչը ժողովքին հոգեւոր վիճակին մասին կը մտահոգուի եւ անոր գործունէութիւնը կը քննէ։ Ան բազմաթիւ դասախօսութիւններ կու տայ ժողովքին, ինչպէս նաեւ երէցներուն ու օգնական ծառաներուն հետ կը տեսակցի, նկատի առնելու համար թէ անոնք ի՛նչպէս կրնան ժողովքին մէջ իրենց ծառայութիւնը բարելաւել։
Շաբթուան ընթացքին, ան եւ իր կինը, եթէ ամուսնացած է, տեղւոյն Վկաներուն կ’ընկերակցին, անոնց օգնելով, որ բարելաւեն իրենց տունէ տուն ծառայութիւնը։ Անոնք նաեւ կ’այցելեն նոր հետաքրքրուած անհատներու զանոնք հաւատքի մէջ քաջալերելու համար։ Դուք ալ կրնաք այսպիսի այցելութիւն մը խնդրել։
Նահանգային տեսուչը նոյնանման հոգեւոր որակումներ եւ փորձառութիւն ունի։ Ան շրջանէ շրջան կը ճամբորդէ, ամէն շաբաթ շրջանային համաժողովներուն ծառայութիւն մատուցանելով։
Ան եւ իր կինը քարոզչութեան ալ կը մասնակցին տեսուչին իր այցելած շրջանին մէջ գտնուող ժողովքի մը Վկաներուն հետ։ Ան շրջանային համաժողովի յայտագրին վերջին պատրաստութիւնը կը ղեկավարէ եւ համաժողովի ընթացքին բազմաթիւ դասախօսութիւններ կը ներկայացնէ, ի միջի այլոց՝ հանրային դասախօսութիւնը։Երբ ճամբորդող տեսուչները ժողովքի մը կամ շրջանի մը մէջ իրենց այցելութիւնը վերջացնեն, նոյն յայտագրով ուրիշ ժողովի մը կամ շրջանի մը կ’այցելեն մինչեւ որ բոլորն ալ այցելուին վեց ամսուայ ընթացքին. ապա անոնք կը վերսկսին իրենց այցելութիւնը։
Շատ մը երկիրներու մէջ, ճամբորդող տեսուչները ինքնաշարժով կը ճամբորդեն կամ հանրային փոխադրութեան միջոցներ կը գործածեն։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, անոնք հեծանիւ կը գործածեն կամ նոյնիսկ կը քալեն։ Ճամբորդող տեսուչին փոխադրութեան ծախքերը կը հոգացուին Ընկերութեան կողմէ, նաեւ անոր ու իր կնկան նիւթական չնչին օժանդակութիւն մը կը տրուի անոնց անձնական կարիքներուն համար։ Ընդհանրապէս, իւրաքանչիւր ժողովքի անդամները կը հայթայթեն ճամբորդող տեսուչին եւ իր կնկան բնակարանն ու ճաշերը։
Այս ծառայութիւնը անձնազոհ հոգի կը պահանջէ։ Ճամբորդող տեսուչներն ու անոնց կիները որոշած են իրենց ծառայութիւնը մատուցանել առանց ժողովքներուն վրայ ծանր բեռ մը դնելու։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 2։9
• Առաջին դարու Քրիստոնէական ժողովքին մէջ ճամբորդող տեսուչներուն նպատակը ի՞նչ էր։
• Ներկայիս, ճամբորդող տեսուչները ինչպէ՞ս որակելի եւ տրամադրելի են այս ծառայութեան համար։
• Նկարագրեցէք շրջանային եւ նահանգային տեսուչներուն ծառայութիւնը եւ անոնց ապրելակերպը։
[Նկար՝ էջ 20]
Նահանգային տեսուչ մը կը դասախօսէ շրջանային համաժողովի մը ընթացքին
[Նկարներ՝ էջ 21]
Շրջանային տեսուչները տունէ տուն քարոզչութեան մէջ կը սորվեցնեն, ժողովքի երէցներուն հետ կը տեսակցին, նոր հետաքրքրուած անհատներու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան կ’այցելեն եւ ժողովքներուն մէջ կը դասախօսեն