Սիրոյ եւ բարեգործութեան մղող ժողովներ
Սիրոյ եւ բարեգործութեան մղող ժողովներ
Նախկին Քրիստոնեաները սովորաբար անձնական տուներու մէջ կը հաւաքուէին ուսուցում ստանալու եւ կերտիչ ընկերակցութիւն վայելելու համար։ Ներկայիս, Եհովայի Վկաներու ժողովքները շաբաթը երեք անգամ կը հաւաքուին։ Դուք ալ հրաւիրուած էք այս ժողովներէն որեւէ մէկուն ներկայ ըլլալու։ Այս ժողովներուն ընթացքին, արարողութիւններ չեն ըլլար, այլ անոնք աստուածային դաստիարակչութեան վրայ կը կեդրոնանան։ Ժողովքին ժողովները երգեցողութեամբ ու աղօթքով կը բացուին եւ կը փակուին։ Մուտքը ձրի է եւ հանգանակութիւն չկայ։—Գործք 4։23–31. 14։21. 15։32, 35. Հռովմայեցիս 16։5. Կողոսացիս 4։15
Թերեւս առաջին անգամ 45 վայրկեան տեւող հանրային դասախօսութեան ներկայ ըլլաք, որ սուրբ գրային ուսուցումներ, մարգարէութիւններ, կամ Քրիստոնէական ապրելակերպի առնչութեամբ խրատներ կը շօշափէ։ Այդ դասախօսութեան կը յաջորդէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը, հիմնուած՝ Դիտարանի յօդուածի մը վրայ, որ մասնաւորաբար ծրագրուած է ժողովքին կողմէ ուսումնասիրուելու համար։ Ուսումնասիրութիւնը հետեւեալ կերպով կ’ընթանայ. Դիտարանէն պարբերութիւն մը կը կարդացուի, ապա վարիչը հարցումներ կ’ուղղէ այդ նիւթին շուրջ եւ ունկնդիրներուն մէջ ան որ կը փափաքի պատասխանել, ձեռքը կը բարձրացնէ։ Ընդհանրապէս, բազմաթիւ պատասխաններ կը տրուին իւրաքանչիւր պարբերութեան վրայ։ Այս ժողովը մէկ ժամ կը տեւէ։
Ապա, շաբթուան մէջ երկու ուրիշ ժողովներ տեղի կ’ունենան, իւրաքանչիւրը՝ 45 վայրկեան։ Նախ՝ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը։ Անիկա կը մարզէ մեզ որ սուրբ գրային նիւթերու մասին ի՛նչպէս կրնանք տեղեկութիւն քաղել եւ ազդու կերպով ուրիշներուն սորվեցնել։ 21 վայրկեան տեւող մասնաւոր ուսուցումէ մը ետք, նախապէս որոշուած աշակերտներ հակիրճ նիւթեր կը ներկայացնեն։ Իւրաքանչիւր ներկայացումէ ետք, դպրոցի վարիչը խրատներ կու տայ, ցոյց տալով թէ աշակերտը ի՛նչպէս կրնայ բարելաւումներ ընել։ Այս դպրոցին համար տարբեր դասագրքեր պատրաստուած են։ Այս ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ եղողները կրնան արձանագրուիլ, պայմանաւ որ Քրիստոնէական սկզբունքներուն համաձայն ապրելակերպ մը ունենան։
Անոր կը յաջորդէ Ծառայութեան Ժողովը։ Անիկա երեք կամ չորս բաժիններէ կը բաղկանայ, որոնք կը շօշափեն տունէ տուն բարի լուրը ներկայացնելը,
ինչպէս նաեւ ծառայութեան ուրիշ երեսակներ։ Այս բաժինները կը ներկայացուին դասախօսութիւններու, խօսակցութիւններու, կամ ցուցադրութիւններու ձեւով, երբեմն ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ։ Յայտագրին մեծամասնութիւնը հիմնուած է Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին նիւթերու վրայ, չորս էջերէ բաղկացած դաստիարակիչ թերթիկ մը՝ որ ամէն ամիս կը հրատարակուի Դիտարանի Ընկերութեան կողմէ։Երրորդ ժողովը շաբաթական ուսումնասիրութիւն մըն է, որ աւելի փոքր խումբերով եւ սովորաբար անձնական տուներու մէջ տեղի կ’ունենայ ժողովքին թաղամասին մէջ։ Այս ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է Աստուածաշունչին եւ Ընկերութեան վերջերս հրատարակուած գրքի մը վրայ։ Քանի որ խումբը աւելի փոքր է, ներկայ եղողները աւելի լաւ առիթ մը ունին խօսակցութեան մասնակցելու եւ իրարու աւելի լաւ ճանչնալու։
Ժողովքներուն մեծամասնութիւնը իր ժողովները կ’ունենայ Եհովայի Վկաներու կողմէ կառուցուած Թագաւորութեան Սրահի մը մէջ։ Անոր ծախքերը կը հոգացուին Վկաներուն յօժարակամ նուիրատուութիւններով, իսկ շատ մը պարագաներու, աշխատանքն ալ կամաւորներու կողմէ կը կատարուի, առանց վճարումի։ Բոլոր ժողովներուն ընթացքին, նուիրատուութեան տուփեր դրուած են, նուիրատուութիւն ընել փափաքողներուն համար։
Այս ժողովները կ’օգնեն Եհովայի Վկաներուն որ հետեւին Եբրայեցիս 10։24, 25–ի խրատին. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ ու բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որքան այն օրուան մօտենալը կը [տեսնենք]»։
• Նախկին Քրիստոնէական ժողովներու ի՞նչ երեսակներ կը տեսնենք այսօր Եհովայի Վկաներու ժողովներուն մէջ։
• Բացատրեցէք Վկաներուն կողմէ կանոնաւորաբար տեղի ունեցող հինգ ժողովները։
• Վկաները ինչպէ՞ս ձեռք կը ձգեն իրենց ժողովի սրահները։
[Նկարներ՝ էջ 14]
Դիտարանի ուսումնասիրութիւն վարող երէց մը՝ Միացեալ Նահանգներ
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցէն տեսարան մը՝ Ֆէրօ Կղզիներ
Անձնական տան մը մէջ խումբով ուսումնասիրութիւն՝ Եափ
Եհովայի Վկաներու կողմէ երկու օրուայ մէջ կառուցուած Թագաւորութեան Սրահ մը՝ Նիւ Պրաունֆէլզ, Թէքսաս, Ա.Մ.Ն.
[Նկարներ՝ էջ 15]
Թագաւորութեան Սրահներ տարբեր երկիրներու մէջ
Ճափոն
Աւստրալիա
Աւստրիա
Սպանիա