Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաներու հաւատալիքները ի՞նչ են

Եհովայի վկաներու հաւատալիքները ի՞նչ են

Եհովայի վկաներու հաւատալիքները ի՞նչ են

«Կ’աղաչենք, որ քեզմէ լսենք թէ դուն ի՞նչ մտքի վրայ ես. վասնզի մենք այդ աղանդին վրայով տեղեկացած ենք, որ ամէն տեղ ատոր դէմ կը խօսին»։ (Գործք 28։22) Առաջին դարու Հռովմի Հրէական համայնքին առաջնորդները լաւ օրինակ հանդիսացան։ Անոնք կ’ուզէին ուղղակի աղբիւրէն լսել, փոխանակ միայն դրսեցիներու քննադատութիւնները ընդունիլ։

Նմանապէս այսօր, յաճախ Եհովայի Վկաներու դէմ կը խօսուի եւ սխալ պիտի ըլլար ակնկալել անոնց մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ նախապաշարեալ մարդոց քով։ Ուստի, ուրախ ենք ձեզի բացատրելու մեր գլխաւոր հաւատալիքներէն քանի մը հատը։

Աստուածաշունչը, Յիսուս Քրիստոս եւ Աստուած

Մենք կը հաւատանք որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Եւ թէեւ ոմանք պնդած են թէ մենք իրապէս Քրիստոնեաներ չենք, սակայն ասիկա պարզապէս սխալ է։ Մենք ամբողջովին կը հաստատենք Յիսուս Քրիստոսի մասին Պետրոս առաքեալին հետեւեալ վկայութիւնը. «Անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկնքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարող ըլլանք փրկուիլ»։—Գործք 4։12

Սակայն, քանի որ Յիսուս ըսաւ որ ինք «Աստուծոյ Որդի»ն է եւ որ «Հայրը զիս ղրկեց», Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ Աստուած Յիսուսէ աւելի մեծ է։ (Յովհաննու 10։36. 6։58) Յիսուս անձամբ ընդունեց. «Հայրս ինծմէ մեծ է»։ (Յովհաննու 14։28. 8։28) Հետեւաբար, չենք հաւատար որ Յիսուս Աստուծոյ հաւասար է, ինչպէս Երրորդութեան վարդապետութիւնը կ’ըսէ։ Այլ՝ կը հաւատանք որ ան Աստուծոյ կողմէ ստեղծուեցաւ եւ Անկէ ստորադաս է։—Կողոսացիս 1։15. Ա. Կորնթացիս 11։3

Հայերէն լեզուով, Աստուծոյ անունը Եհովա է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Միայն դո՛ւն, որուն անունը ԵՀՈՎԱ է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ (Սաղմոս 83։18) Այս յայտարարութեան համաձայն ըլլալով, Յիսուս մեծ շեշտ դրաւ Աստուծոյ անուան վրայ, իր հետեւորդներուն սորվեցնելով, որ աղօթեն. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ»։ Իսկ ան անձամբ աղօթեց Աստուծոյ. «Քու անունդ յայտնի ըրի այն մարդոց, որոնք ... ինծի տուիր»։—Մատթէոս 6։9. Յովհաննու 17։6

Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ Յիսուսի պէտք է նմանին Աստուծոյ անունը եւ նպատակները ուրիշներուն յայտնելով։ Հետեւաբար, Եհովայի Վկաներ անունը առած ենք, քանի որ Յիսուսը՝ ‘Հաւատարիմ Վկան’ կ’ընդօրինակենք։ (Յայտնութիւն 1։5. 3։14) Տեղին ըլլալով, Եսայեայ 43։10–ն զԱստուած ներկայացնող ժողովուրդին կ’ըսէ. «‘Իմ վկաներս դուք էք’, կ’ըսէ Տէրը [Եհովա (ՆԱ)], ‘նաեւ իմ ընտրած ծառաս’»։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ» եւ ան այդ թագաւորութիւնը իր ուսուցման գլխաւոր բնաբանը ըրաւ։ (Մատթէոս 6։10. Ղուկաս 4։44) Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ Թագաւորութիւնը իրական երկնային կառավարութիւն մըն է, որ անիկա երկրի վրայ պիտի իշխէ եւ որ Յիսուս Քրիստոս անոր անտեսանելի Թագաւորն է։ «Իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ «Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ»։—Եսայեայ 9։6, 7

Բայց Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ կառավարութեան միակ թագաւորը պիտի չըլլայ։ Ան երկնքին մէջ իրեն հետ շատ մը իշխանակիցներ պիտի ունենայ։ «Եթէ համբերենք», գրեց Պօղոս առաքեալ, «անոր հետ պիտի թագաւորենք ալ»։ (Բ. Տիմոթէոս 2։12) Աստուածաշունչը կը նշէ որ երկնքի մէջ Քրիստոսին հետ թագաւորելու համար յարուցուող մարդոց սահմանափակ թիւը «հարիւր քառասունըչորս հազար» է, «որոնք երկրէն գնուած էին»։—Յայտնութիւն 14։1, 3

Անշուշտ, ամէն կառավարութիւն հպատակներ պէտք է ունենայ, իսկ Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ այս երկնային կառավարիչներէն զատ, միլիառաւորներ ալ յաւիտենական կեանք պիտի ստանան։ Վերջապէս, երկիրը՝ գեղեցիկ դրախտի մը վերածուած, Աստուծոյ Թագաւորութեան այս արժանաւոր հպատակներով պիտի լեցուի, որոնք բոլորն ալ Քրիստոսի եւ իր իշխանակիցներուն իշխանութեան պիտի ենթարկուին։ Հետեւաբար, Եհովայի Վկաները հաստատօրէն համոզուած են որ երկիրը բնաւ պիտի չկործանի եւ որ Աստուածաշունչի հետեւեալ խոստումը պիտի կատարուի. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։29. 104։5

Բայց Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս պիտի գայ։ Բոլոր մարդիկ յօժարակամօրէն Աստուծոյ կառավարութեան ենթարկուելո՞վ։ Ընդհակառակը, Աստուածաշունչը իրապաշտօրէն ցոյց կու տայ որ Թագաւորութեան գալը պիտի պահանջէ Աստուծոյ ուղղակի միջամտութիւնը երկրի խնդիրներուն մէջ։ Անիկա կ’ըսէ. «Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ... այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշռէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Դանիէլ 2։44

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ։ Աստուածաշունչի ներկայիս կատարուող մարգարէութիւններուն վրայ հիմնուելով, Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ անիկա շուտով պիտի գայ։ Ձեզ կը հրաւիրենք որ իրերու այս ամբարիշտ դրութեան «վերջին օրեր»ուն կարգ մը երեսակները նախագուշակող մարգարէութիւններէն քանի մը հատը նկատի առնէք։ Անոնք արձանագրուած են Մատթէոս 24։3–14–ի, Ղուկաս 21։7–13, 25–31–ի եւ Բ. Տիմոթէոս 3։1–5–ի մէջ։

Քանի որ ‘մեր Եհովա Աստուածը կը սիրենք մեր բոլոր սրտով, անձով, մտքով եւ զօրութիւնով եւ որ մեր ընկերը կը սիրենք մեր անձին պէս’, մենք ազգային, ցեղային եւ ընկերային գետնի վրայ չենք բաժանուած։ (Մարկոս 12։30, 31) Մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն ցուցաբերած սէրը հանրածանօթ է, որոնք կը գտնուին բոլոր ազգերուն մէջ։ (Յովհաննու 13։35. Ա. Յովհաննու 3։10–12) Ուստի, չէզոք դիրք մը կը պահենք այս ազգերուն քաղաքական գործերուն նկատմամբ։ Կը ջանանք Յիսուսի նախկին աշակերտներուն նման ըլլալ, որոնց մասին ան ըսաւ. «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ»։ (Յովհաննու 17։16) Կը հաւատանք որ աշխարհէն զատուած մնալը կը նշանակէ ներկայիս շատ սովորական եղող անբարոյ վարքէ հեռու կենալ, մէջը ըլլալով՝ ստութիւնը, գողութիւնը, պոռնկութիւնը, շնութիւնը, միասեռականութիւնը, արիւնի սխալ գործածութիւնը, կռապաշտութիւնը եւ Աստուածաշունչին մէջ դատապարտուած այսպիսի ուրիշ բաներ։—Ա. Կորնթացիս 6։9–11. Եփեսացիս 5։3–5. Գործք 15։28, 29

Ապագային Համար Յոյս մը

Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ այս աշխարհին մէջ մեր ներկայ կեանքով ամէն բան չվերջանար։ Անոնք կը հաւատան որ Եհովա Քրիստոսը երկիր ղրկեց իր կենսարար արիւնը թափելու որպէս փրկագին, որպէսզի մարդիկ կարենան արդար կեցուածք մը ունենալ Աստուծոյ առջեւ եւ յաւիտենական կեանք ստանան իրերու նոր դրութեան մը մէջ։ Ինչպէս Յիսուսի առաքեալներէն մէկը ըսաւ. «Իր արիւնով արդարացանք»։ (Հռովմայեցիս 5։9. Մատթէոս 20։28) Եհովայի Վկաները մեծապէս երախտապարտ են Աստուծոյ եւ իր Որդւոյն, ապագայ կեանք մը կարելի դարձնող այս փրկանքի կարգադրութեան համար։

Եհովայի Վկաները ամբողջական վստահութիւն ունին ապագայ կեանքի մը համար, հիմնուած՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ մեռելներու յարութեան վրայ։ Ինչպէս Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, անոնք կը հաւատան որ երբ անհատ մը մեռնի, ան իրապէս գոյութենէ կը դադրի եւ թէ «նոյն օրը անոր խորհուրդները կը կորսուին»։ (Սաղմոս 146։3, 4. Եզեկիէլ 18։4. Ժողովողի 9։5) Այո, մեռելներուն համար ապագայ կեանքը հիմնուած է այն իրողութեան վրայ թէ Աստուած պիտի յիշէ եւ յարուցանէ զանոնք։—Յովհաննու 5։28, 29

Սակայն, Եհովայի Վկաները համոզուած են որ հիմա ապրողներէն շատեր պիտի վերապրին երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վերջ մը դնէ բոլոր ներկայ կառավարութիւններուն, ինչպէս որ Նոյ եւ իր ընտանիքը վերապրեցան Ջրհեղեղէն. անոնք պիտի շարունակեն յաւիտեան ապրիլ մաքրագործուած երկրի մը վրայ կեանքը վայելելով։ (Մատթէոս 24։36–39. Բ. Պետրոս 3։5–7, 13) Անոնք կը հաւատան որ այս վերապրումը Եհովայի պահանջներուն գոհացում տալէն կախեալ է, ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի .... բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17. Սաղմոս 37։11. Յայտնութիւն 7։9, 13–15. 21։1–5

Անշուշտ, դիւրութեամբ պիտի հասկնաք որ կարելի չէ հոս Եհովայի Վկաներու բոլոր հաւատալիքները նկատի առնել, բայց ձեզ կը հրաւիրենք որ յաւելեալ տեղեկութիւն ձեռք ձգէք անոնց մասին։

Եթէ յիշեցում չըլլայ, Աստուածաշունչի բոլոր մէջբերումները Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Աշխարհաբար Թարգմանութենէն են։

[Մէջբերում՝ էջ 4]

Եհովայի Վկաներ անունը առած ենք, քանի որ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք