Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնց արդի բարգաւաճումը

Անոնց արդի բարգաւաճումը

Անոնց արդի բարգաւաճումը

ԵՀՈՎԱՅԻ Վկաներու արդի պատմութիւնը սկսաւ աւելի քան հարիւր տարի առաջ։ 1870–ական թուականներուն սկիզբը, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան աննշան խումբ մը սկսաւ Էլիկէնիի մէջ, Փէնսիլվանիա (Ա.Մ.Ն.), որ ներկայիս Փիթցպըրկի մաս կը կազմէ։ Չարլզ Թէյզ Ռասըլ խումբին շարժիչ ուժն էր։ 1879–ի Յուլիսին, Սիօնի Դիտարանը եւ Քրիստոսի Ներկայութեան Մունետիկը պարբերաթերթին առաջին թիւը լոյս տեսաւ։ 1880–ին, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան այդ փոքր խումբէն տասնեակ ժողովքներ տարածուած էին մօտակայ նահանգներուն մէջ։ 1881–ին, Սիօնի Դիտարանի եւ Թերթիկի Ընկերութիւնը կազմուեցաւ, իսկ 1884–ին՝ անիկա օրինաւոր ընկերութիւն մը եղաւ՝ որուն նախագահն էր Ռասըլ։ Ընկերութեան անունը հետագային փոխուեցաւ, ըլլալով՝ Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութիւն։ Շատեր տունէ տուն կը վկայէին ու գրականութիւն կը ներկայացնէին։ 1888–ին, յիսուն անհատներ ասիկա կ’ընէին լման ժամանակով. ներկայիս համայն աշխարհի մէջ անոնց միջին թիւն է շուրջ 700,000։

1909–ի ատենները, գործը միջազգային դարձած էր եւ Ընկերութեան կեդրոնատեղին փոխադրուած էր իր ներկայ վայրը՝ Պրուքլին, Նիւ Եորք։ Տպուած քարոզներ կը ղրկուէին գործակալներու, որոնք տարբեր օրաթերթերու կը յղուէին եւ 1913–ի ատենները, անոնք միաժամանակ չորս լեզուներով կը հրատարակուէին Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Եւրոպայի հազարաւոր լրագիրներուն մէջ։ Հարիւր միլիոնաւոր գրքեր, գրքոյկներ եւ թերթիկներ բաշխուեցան։

1912–ին՝ «Ստեղծագործութեան Պատկերատրամ»–ին վրայ աշխատանքը սկսաւ։ Լուսապատկերներով եւ ձայնաւոր շարժուն պատկերներով, անիկա երկրի ստեղծագործութենէն մինչեւ Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան վախճանը կը ծածկէր։ 1914–ին սկսաւ ցուցադրուիլ, օրական 35,000 հանդիսատեսներով։ Անիկա ձայնով շարժուն պատկերներուն նախակարապետը եղաւ։

1914 ՏԱՐԻՆ

Ճակատագրական ժամանակ մը կը մօտենար։ 1876–ին, Աստուածաշունչի աշակերտ Չարլզ Թէյզ Ռասըլ՝ «Հեթանոսաց Ժամանակներ. Ե՞րբ կը Վերջանան» խորագրով յօդուած մը գրեց, Պրուքլինի (Նիւ Եորք) Պայպըլ Էկզէմինըր–ին մէջ, որ իր Հոկտեմբերի թիւին 27–րդ էջին վրայ կ’ըսէր. «Եօթը ժամանակը պիտի վերջանայ Ք.Թ. 1914–ին»։ Հեթանոսաց Ժամանակները այն ժամանակաշրջանն է որ ուրիշ թարգմանութեան մը մէջ կոչուած է՝ «ազգերուն սահմանուած ժամանակները»։ (Ղուկաս 21։24, ՆԱ) 1914–ին ակնկալուած բոլոր բաները տեղի չունեցան, բայց անիկա Հեթանոսաց Ժամանակներուն վախճանը նշեց եւ մասնայատուկ նշանակութիւն ունեցող տարի մը եղաւ։ Շատ պատմաբաններ ու մեկնաբաններ կը համաձայնին որ 1914–ը մարդկային պատմութեան մէջ դարձակէտ մը եղաւ։ Հետեւեալ մէջբերումները ասիկա ցոյց կու տան.

«Վերջին ‘բնական’ տարին եղաւ 1913–ը, Ա. Աշխարհամարտին նախորդող տարին»։—Թայմզ–Հէրըլտ–ի խմբագրականը, Ուաշինկթըն Տի.Սի., 13 Մարտ 1949։

«1914-1989–ը՝ 75 տարուան շրջանը, որ երկու համաշխարհային պատերազմներ եւ պաղ պատերազմը տեսած է, հետզհետէ աւելի շատ պատմաբաններու կողմէ կը նկատուի որպէս աննախընթաց, անջատ ու մասնայատուկ ժամանակաշրջան մը, որու ընթացքին աշխարհի մեծ մասը պատերազմի մէջ, պատերազմէն նոր դուրս եկած, կամ պատերազմի պատրաստուելու վրայ էր»։—Տը Նիու Եորք Թայմզ, 7 Մայիս 1995։

«Ամբողջ աշխարհը իրապէս բռնկեցաւ Ա. Աշխարհամարտի ատենները եւ տակաւին չենք գիտեր թէ ինչո՛ւ։ Անկէ առաջ, մարդիկ խորհեցան որ երազային աշխարհը իրենց դիմաց էր։ Խաղաղութիւն ու բարգաւաճութիւն կար։ Ապա ամէն բան ցնդեցաւ։ Անկէ ի վեր ժամանակաւորապէս առկախուած վիճակի մէջ ենք . . . Այս դարուս շատ աւելի մարդ սպաննուած է՝ քան ամբողջ պատմութեան ընթացքին»։—Բժ. Ուոգըր Փըրսի, Ամերիկեան Բժշկական Լրաբեր, 21 Նոյեմբեր 1977։

1914–էն աւելի քան 50 տարիներ ետք, Գերմանացի քաղաքագէտ Գոնրատ Ատէնաուըր գրեց. «1914–էն ի վեր ապահովութիւնն ու հանդարտութիւնը անհետացած են մարդոց կեանքէն»։—Տը Ուէսթ Փարգըր, Քլիվլէնտ, Օհայօ, 20 Յունուար 1966։

Ընկերութեան առաջին նախագահը՝ Չ. Թ. Ռասըլ մեռաւ 1916–ին եւ յաջորդ տարին անոր յաջորդեց Ճոզէֆ Ֆ. Ռատըրֆորտ։ Շատ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։ Դիտարան–ին առընթեր պարբերաթերթ մը՝ Ոսկեդարը ներկայացուեցաւ։ (Ներկայիս կը կոչուի Զարթի՛ր եւ աւելի քան 20,000,000 շրջաբերութիւն ունի, 80–է աւելի լեզուներով։) Տունէ տուն ծառայութեան աւելի զարկ տրուեցաւ։ Քրիստոնեայ Աշխարհի յարանուանութիւններէն զատորոշուելու համար, 1931–ին այս Քրիստոնեաները Եհովայի Վկաներ անունը որդեգրեցին։ Այս անունը հիմնուած է Եսայեայ 43։10-12–ի վրայ։

1920–ական եւ 1930–ական տարիներուն լայն կերպով գործածուեցաւ ձայնասփիւռը։ 1933–ին Ընկերութիւնը արդէն 403 ձայնասփիւռի կայաններ կը գործածէր, սուրբ գրային դասախօսութիւններ ձայնասփռելու համար։ Հետագային, ձայնասփիւռի գործածութիւնը մեծաւ մասամբ փոխարինուեցաւ. աւելի զարկ տրուեցաւ որ Վկաներ դիւրատար ֆոնոկրաֆներով եւ ձայնագրուած սուրբ գրային դասախօսութիւններով տունէ տուն երթան։ Աստուածաշունչի ճշմարտութեամբ հետաքրքրուողներուն հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ սկսուեցան։

ԴԱՏԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ

1930–ական եւ 1940–ական տարիներուն, բազմաթիւ Վկաներ ձերբակալուեցան այս գործին պատճառաւ. խօսքի, մամուլի, հաւաքումի եւ պաշտամունքի ազատութիւնը պահպանելու սիրոյն ատեաններու դիմեցին։ Միացեալ Նահանգներու մէջ, դատերու վերաքննութիւն պահանջելու որպէս արդիւնք Միացեալ Նահանգներու Բարձրագոյն Ատեանին տարուած 43 դատեր շահուեցան։ Այլ երկիրներու մէջ ալ բարձրագոյն ատեաններէն նպաստաւոր վճիռներ ձեռք ձգուեցան։ Այս ատեանի յաղթանակներուն նկատմամբ, Ուսուցչապետ Չ. Ս. Պրէյտըն, Ասոնք Ալ կը Հաւատան խորագրով իր գրքին մէջ (Անգլերէն), Վկաներուն մասին կ’ըսէ. «Անոնք արտակարգ ծառայութիւն մը մատուցանեցին ժողովրդավարութեան, քաղաքացիական իրաւունքները պաշտպանելու իրենց պայքարով, քանի որ իրենց պայքարով անոնք Ամերիկայի բոլոր փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները ապահովելու մէջ մեծ բաժին բերին»։

ՄԱՐԶՈՒՄԻ ՄԱՍՆԱՅԱՏՈՒԿ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ

Ճ. Ֆ. Ռատըրֆորտ մահացաւ 1942–ին եւ նախագահութեան պաշտօնը ստանձնեց Ն. Հ. Նոր։ Մարզումի համադրեալ ծրագիր մը սկսաւ։ 1943–ին միսիոնարներուն համար մարզումի մասնաւոր դպրոցը հաստատուեցաւ, որ կոչուեցաւ՝ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադու Դպրոց։ Այդ ժամանակէն ի վեր, այս դպրոցէն շրջանաւարտներ ղրկուած են աշխարհի տարբեր երկիրները։ Բնաւ ժողովք չեղող երկիրներու մէջ նոր ժողովքներ ծաղկեցան եւ միջազգային գետնի վրայ ներկայիս աւելի քան 100 մասնաճիւղեր հաստատուած են։ Ժամանակ առ ժամանակ մասնայատուկ դասընթացքներ տեղի կ’ունենան ժողովքի երէցները, մասնաճիւղերու կամաւոր աշխատաւորները եւ վկայութեան գործին մէջ եղող լիաժամ քարոզիչները (ռահվիրաները) մարզելու համար։ Մասնագիտական որոշ դասընթացքներ կը մատուցուին քարոզիչներու, Փէթըրսընի մէջ (Նիւ Եորք) գործող կրթական կեդրոնին մէջ։

Ն. Հ. Նոր մեռաւ 1977–ին, իր մահուընէ առաջ վերջին կազմակերպչական փոփոխութիւնը որու մասնակցեցաւ՝ Պրուքլինի կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող Կառավարիչ Մարմինին ընդլայնումն էր։ 1976–ին, վարչական պատասխանատուութիւնները բաժնուեցան եւ տարբեր յանձնախումբերու նշանակուեցան, որոնք Կառավարիչ Մարմինի անդամներէ բաղկացած էին, որոնցմէ իւրաքանչիւրը որպէս քարոզիչ տասնեակ տարիներու փորձառութիւն ունի։

ՏՊԱԳՐԱԿԱՆ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԴԼԱՅՆՈՒՄ

Եհովայի Վկաներու արդի պատմութիւնը իրադարձութիւններով լեցուն եղած է։ 1870–ին Փէնսիլվանիոյ մէջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան փոքր խումբը, 2000 թուականին համայն աշխարհի մէջ հասած է շուրջ 90,000 ժողովքներու։ Սկիզբը ամբողջ գրականութիւնը կը տպուէր առեւտրական հաստատութիւններու կողմէ. ապա 1920–ին, Վկաները կարգ մը գրականութիւններ արտադրեցին վարձուած գործարաններու մէջ։ Բայց 1927–էն ասդին, շատ աւելի մեծ թիւով գրականութիւն արտադրուեցաւ Պրուքլինի (Նիւ Եորք) ութ յարկանի տպագրատան մէջ, որ կը պատկանէր Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան։ Անիկա հիմա ընդլայնուած է՝ ընդգրկելով ուրիշ տպագրատուներ եւ գրասենեակներու համալիր մը։ Պրուքլինի մօտակայքը ուրիշ շէնքեր ալ կան, որոնք որպէս բնակարան կը ծառայեն տպագրատան մէջ աշխատող կամաւորներուն։ Ասկէ զատ, ագարակ մը եւ տպարան մը կը գործեն Նիւ Եորքի հիւսիսը գտնուող Ուոլգիլին մօտ։ Անիկա ստանձնած է Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի տպագրութիւնը, եւ կերակուր կը հայթայթէ տարբեր վայրերու մէջ ծառայող քարոզիչներու։ Իւրաքանչիւր կամաւոր աշխատաւոր ամսական չնչին գումար մը կը ստանայ իր անմիջական ծախսերուն համար։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐ

1893–ին առաջին մեծ համաժողովը տեղի ունեցաւ Շիքակոյի մէջ, Իլլինօ (Ա.Մ.Ն.)։ 360 անհատներ ներկայ գտնուեցան եւ 70 նորեկներ մկրտուեցան։ Վերջին աննախընթաց միջազգային համաժողովը տեղի ունեցաւ 1958–ին, Նիւ Եորք Սիթիի մէջ։ Անիկա գործածեց թէ՛ Եանգի Սթէտիումը եւ թէ այն ատեն գոյութիւն ունեցող Փոլօ Կրաունտզը։ Ներկաներուն բարձրագոյն թիւը եղաւ 253,922 եւ 7,136 հոգի մկրտուեցաւ։ Անկէ ի վեր միջազգային համաժողովներու շարքեր տեղի ունեցած են բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ամբողջ երկրագունդին շուրջ հազարի հասնող այսպիսի համաժողովներու շարքեր ընդգրկելով։

[Մէջբերում՝ էջ 8]

Քաղաքացիական ազատութիւններու ի նպաստ արտակարգ ծառայութիւն մը

[Նկար՝ էջ 6]

«Դիտարան»ը՝ մէկ լեզուով 6,000 օրինակէն հասած է աւելի քան 132 լեզուներով՝ 22,000,000–է աւելի օրինակներու

[Նկար՝ էջ 7]

Մարդկային պատմութեան մէջ անկիւնադարձ մը

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 10]