Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարի լուրը՝ զոր կ’ուզեն որ լսէք

Բարի լուրը՝ զոր կ’ուզեն որ լսէք

Բարի լուրը՝ զոր կ’ուզեն որ լսէք

ՅԻՍՈՒՍ երբ երկրի վրայ էր, իր աշակերտները իրեն եկան ու հարցուցին. «Քու գալուստիդ [«ներկայութեանդ», ՆԱ] ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ»։ Առ ի պատասխան ան ըսաւ որ շատ ազգեր պարփակող պատերազմներ, սովեր, մահտարաժամներ, երկրաշարժներ պիտի ըլլային, անօրէնութիւնը պիտի շատնար, իր ճշմարիտ հետեւորդները պիտի ատուէին ու հալածուէին, եւ շատերուն մէջ արդարութեան սէրը պիտի պաղէր։ Երբ այս բաները սկսէին պատահիլ, անիկա պիտի նշէր որ Քրիստոսի անտեսանելի ներկայութիւնը տեղի ունեցած էր եւ թէ երկնային Թագաւորութիւնը մօտ էր։ Ասիկա բարի՛ լուր մը պիտի ըլլար։ Ուստի Յիսուս հետեւեալը աւելցուց, որպէս նշանին մէկ մասը. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»։—Մատթէոս 24։3-14

Եթէ աշխարհի վերջին իրադարձութիւնները նկատի առնենք, անոնք ինքնին գէշ են, բայց ինչ որ անոնք կը ներկայացնեն, այսինքն՝ Քրիստոսի ներկայութիւնը՝ բարի է։ Վերոյիշեալ վիճակները սկսան բացայայտ ըլլալ շատ ծանուցանուած 1914 տարուան մէջ։ Անիկա Հեթանոսաց Ժամանակներու վախճանը եւ մարդկային իշխանութենէն Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան փոխանցումի շրջանին սկիզբը նշեց։

Սաղմոս 110։1 եւ 2–րդ համարները եւ Յայտնութիւն 12։7-12–ը կը նշեն որ փոխանցումի շրջան մը պիտի ըլլար։ Այդ համարներուն մէջ ցոյց տրուած է որ Քրիստոս երկնքի մէջ Աստուծոյ աջ կողմը պիտի նստէր, մինչեւ իր Թագաւոր ըլլալու ժամանակը գար։ Ապա երկնքի մէջ պատերազմ պիտի ըլլար եւ որպէս հետեւանք Սատանան երկիր պիտի նետուէր, անոր վրայ վայեր բերելով, եւ Քրիստոս իր թշնամիներուն մէջտեղ պիտի իշխէր։ Չարութիւնը ամբողջովին վերջ պիտի գտնէր «մեծ նեղութիւն»ով, որուն բարձրակէտը պիտի ըլլար Արմագեդոնի պատերազմը եւ անոր պիտի յաջորդէր Քրիստոսի Հազարամեայ խաղաղ Իշխանութիւնը։—Մատթէոս 24։21, 33, 34. Յայտնութիւն 16։14-16

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար [«դժուար», Անթիլիաս] ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են եւ դուն անոնցմէ մէկդի՛ կեցիր»։—Բ. Տիմոթէոս 3։1-5

Ոմանք կրնան առարկել որ այս բաները նախապէս պատահած են մարդկային պատմութեան մէջ, բայց իրողութիւնը այն է թէ անոնք բնա՛ւ այս տարողութեամբ եղած չեն։ Ինչպէս պատմաբաններ եւ մեկնաբաններ կ’ըսեն, 1914–էն ի վեր եղած բաները, երկրի վրայ որեւէ ժամանակ չեն եղած։ (Տես՝ էջ 7) Վայերը որեւէ ժամանակէ աւելի սաստիկ եղած են։ Ասկէ զատ, վերջին օրերու մասին Քրիստոսի տուած նշանին միւս երեսակներուն նկատմամբ հետեւեալ իրողութիւնները նկատի պէտք է առնուին. Քրիստոսի ներկայութեան ու Թագաւորութեան համերկրային ծանուցումը պատմութեան մէջ աննախընթաց կերպով կատարուած է։ Քարոզչութեան պատճառով Եհովայի Վկաներուն վրայ եկած հալածանքը անհամեմատելի եղած է։ Անոնցմէ հարիւրաւորներ սպաննուեցան Նացի կեդրոնացման ճամբարներու մէջ։ Մինչեւ օրս Եհովայի Վկաները տակաւին արգելքի տակ դրուած են կարգ մը վայրերու մէջ, իսկ կարգ մը տեղեր ալ անոնք ձերբակալուած, բանտարկուած, չարչարուած եւ սպաննուած են։ Այս բոլորը Յիսուսի տուած նշանին մաս կը կազմեն։

Ինչպէս նախագուշակուած է Յայտնութիւն 11։18–ի մէջ, «ազգերը բարկացան» Եհովայի հաւատարիմ Վկաներուն դէմ եւ ասիկա ինքնին կը նշէ որ այդ ազգերուն վրայ Եհովայի ‘բարկութիւն’ը գալու վրայ է։ Այս նոյն համարը կ’ըսէ թէ Աստուած «պիտի ապականէ երկիրը ապականողները»։ Մարդկային պատմութեան մէջ որեւէ ժամանակ, կեանքը գոյատեւելու երկրի կարողութիւնը սպառնալիքի ներքեւ եղած չէ։ Բայց հիմա տարբեր է։ Շատ գիտնականներ զգուշացուցած են որ եթէ մարդը շարունակէ երկիրը ապականել, անիկա անբնակելի պիտի դառնայ։ Բայց Եհովա երկիրը «բնակութեան համար կազմեց», եւ ինք ապականողները մէջտեղէն պիտի վերցնէ, նախ քան որ անոնք երկիրը ամբողջովին աւերեն։—Եսայեայ 45։18

ԵՐԿՐԱՅԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐՔԵՒ

Երկրի վրայ որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներ ապրելու գաղափարը կրնայ տարօրինակ հնչել շատ մը հաւատացեալներու, որոնք կը խորհին թէ բոլոր փրկուածները երկինք կ’երթան։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ միայն սահմանափակ թիւով անհատներ երկինք կ’երթան եւ թէ երկրի վրայ յաւիտեան ապրող մեծ բազմութեան թիւը սահմանափակ պիտի չըլլայ։ (Սաղմոս 37։11, 29. Յայտնութիւն 7։9. 14։1-5) Աստուածաշունչի Դանիէլ գրքի մարգարէութիւններէն մէկը ցոյց կու տայ թէ Քրիստոսի ներքեւ եղող Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկիրը պիտի լեցնէ եւ անոր տիրէ։

Հոն՝ Քրիստոսի Թագաւորութիւնը ներկայացուած է որպէս քար մը, որ Եհովայի լեռնանման գերիշխանութենէն կը կտրուի։ Անիկա կը հարուածէ ու կը կործանէ երկրին զօրաւոր ազգերը ներկայացնող արձանը եւ «արձանին զարնող քարը մեծ լեռ մը եղաւ ու բոլոր երկիրը լեցուց»։ Մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս Թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր Թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։—Դանիէլ 2։34, 35, 44

Եհովայի Վկաները կը փափաքին ձեզի հետ խօսիլ ա՛յս Թագաւորութեան եւ մաքրուած ու գեղեցկացուած երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի սուրբ գրային յոյսին մասին։ Հիմա ապրողներէն միլիոնաւորներ եւ գերեզմաններուն մէջ եղող բազմամիլիոն անհատներ պատեհութիւնը պիտի ունենան անոր մէջ ապրելու։ Այն ատեն, Քրիստոսի Հազարամեայ Իշխանութեան ներքեւ, երկիրը ստեղծելու եւ մարդկային առաջին զոյգը անոր վրայ դնելու Եհովայի սկզբնական նպատակը պիտի իրագործուի։ Այս երկրային դրախտը բնաւ ձանձրացուցիչ պիտի չըլլայ։ Ճիշդ ինչպէս որ Ադամի գործ նշանակուած էր Եդեմի պարտէզին մէջ, մարդկութիւնը երկրին եւ բուսական ու անասնական կեանքին հոգ տանելու համար խրախուսիչ ծրագիրներ պիտի ունենայ։ Անոնք «իրենց ձեռքերուն գործերը պիտի հինցնեն»։—Եսայեայ 65։22. Ծննդոց 2։15

Կարելի է բազմաթիւ համարներով ցոյց տալ, թէ ի՛նչ վիճակներ պիտի տիրեն, երբ պատասխանուի Յիսուսի սորվեցուցած աղօթքը՝ «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ (Մատթէոս 6։10) Սակայն հիմակուհիմա այս մէկը բաւարար է. «Երկնքէն մեծ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր. ‘Ահա՛ Աստուծոյ խորանը մարդոց մէջ։ Անիկա հոն պիտի բնակի եւ անոնք անոր ժողովուրդը պիտի ըլլան եւ Աստուած ինք անոնց հետ պիտի ըլլայ իբրեւ անոնց Աստուածը։ Եւ ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան’։ Ան որ աթոռին վրայ կը նստէր, ըսաւ. ‘Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ’ ու ըսաւ ինծի. ‘Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են’»։—Յայտնութիւն 21։3-5

[Մէջբերում՝ էջ 15]

«Դժուար ժամանակներ»,

ԲԱՅՑ՝ «անկէ յետոյ Վերջը պիտի գայ»

[Նկար՝ էջ 18]

Հոլանտա

[Նկար՝ էջ 18]

Նիկերիա