Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելու համար իրենց գործածած կերպերը

Բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելու համար իրենց գործածած կերպերը

Բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելու համար իրենց գործածած կերպերը

ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ պատուէր տրուած է որ ‘բոլոր ազգերը աշակերտեն’, բայց ասիկա չի նշանակեր որ ճնշում պիտի բանեցնեն կամ բռնի ուժով մարդիկը դարձի պիտի բերեն։ Յիսուսի պարտականութիւնն էր «աղքատներուն աւետիս տալ», «կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկել» եւ «բոլոր սգաւորները մխիթարել»։ (Մատթէոս 28։19. Եսայեայ 61։1, 2. Ղուկաս 4։18, 19) Եհովայի Վկաները կը ջանան ասիկա ընել, Աստուածաշունչէն բարի լուրը ծանուցանելով։ Վաղեմի Եզեկիէլ մարգարէին նման, ներկայիս Եհովայի Վկաները կը ջանան «եղած բոլոր պղծութիւններուն համար հառաչող ու ողբացող» անհատները գտնել։—Եզեկիէլ 9։4

Ներկայ կացութիւններուն պատճառով ընկճուած անհատները գտնելու համար, անոնց գործածած լաւագոյն կերպն է տունէ տուն երթալ։ Այս կերպով անոնք հանրութեան հասնելու համար դրական ջանք մը կը թափեն, ճիշդ ինչպէս Յիսուս ըրաւ, երբ «քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր»։ Իր նախկին աշակերտները նոյնը ըրին։ (Ղուկաս 8։1. 9։1-6. 10։1-9) Ներկայիս, ուր որ կարելի է, Եհովայի Վկաները կը փորձեն տարին քանի մը անգամ մարդոց տուները այցելել, ջանալով տանտիրոջ հետ մի քանի վայրկեան խօսիլ շրջանին մէջ կամ համաշխարհային գետնի վրայ հետաքրքրական, կամ մտահոգիչ նիւթի մը մասին։ Թերեւս մէկ կամ երկու սուրբ գրային համար նկատի կ’առնեն եւ եթէ տանտէրը հետաքրքրութիւն ցոյց տայ, Վկան կարգադրութիւն կ’ընէ որ յարմար ժամու մը վերայցելէ զրոյցը շարունակելու համար։ Սուրբ Գրքեր եւ Աստուածաշունչը բացատրող գրականութիւններ մատչելի են եւ եթէ տանտէրը փափաքի, ձրի տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը կը վարուի իրեն հետ։ Համայն աշխարհի մէջ այսպիսի օգտակար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարուին անհատներու եւ ընտանիքներու հետ։

«Թագաւորութեան բարի լուրը» ուրիշներուն խօսելու ուրիշ կերպ մըն են ժողովները, որոնք տեղական Թագաւորութեան Սրահներուն մէջ տեղի կ’ունենան։ Հոն Վկաները շաբաթական ժողովներ կը վարեն։ Ժողովներէն մէկը հանրային դասախօսութիւն մըն է ընթացիկ նիւթի մը շուրջ, որուն կը յաջորդէ Դիտարան պարբերաթերթէն առնուած սուրբ գրային նիւթի մը կամ մարգարէութեան մը ուսումնասիրութիւնը։ Ուրիշ ժողով մը՝ դպրոց մըն է, որ Վկաները կը մարզէ, որպէսզի բարի լուրը աւելի ատակ կերպով ծանուցանողներ ըլլան, որու կը յաջորդէ տեղւոյն թաղամասին մէջ վկայութեան գործին մասին զրոյցներ։ Նաեւ՝ շաբաթը անգամ մը, Վկաները պզտիկ խումբերով անձնական տուներու մէջ կը հաւաքուին սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար։

Այս բոլոր ժողովները բաց են հանրութեան դիմաց։ Որեւէ հանգանակութիւն չի կատարուիր։ Այս ժողովները օգտաւէտ են բոլորին։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք»։ Անձնական ուսումնասիրութիւնը եւ հետազօտութիւնը անհրաժեշտ են, բայց ուրիշներուն հետ հաւաքուիլը քաջալերական է. «Երկաթը երկաթով կը սրուի ու մարդը իր բարեկամին երեսը կը սրէ»։—Եբրայեցիս 10։24, 25. Առակաց 27։17

Վկաները նաեւ պատեհութիւններէն օգտուելով բարի լուրի մասին կը խօսին այն մարդոց, որոնց հետ շփման մէջ կու գան առօրեայ կեանքի ընթացքին։ Անիկա կրնայ ըլլալ մի քանի խօսք փոխանակել դրացիի մը հետ, օթոպիւսին կամ օդանաւին մէջ ճամբորդակիցի մը հետ, աւելի երկար խօսակցութիւն մը բարեկամի կամ ազգականի մը հետ, կամ ճաշի ժամուն զրոյց մը՝ գործակիցի մը հետ։ Երկրի վրայ գտնուած ժամանակ, Յիսուսի խօսակցութիւններուն մեծամասնութիւնը այս տեսակի էին. երբ ծովեզերքը կը քալէր, բլուրի մը լանջին կը նստէր, մէկու մը տան մէջ ճաշի կը հրաւիրուէր, հարսանիքի մը մէջ, կամ Գալիլիոյ Ծովուն վրայ ձկնորսական նաւով մը կը ճամբորդէր։ Ան ժողովարաններու եւ Երուսաղէմի տաճարին մէջ կը սորվեցնէր։ Ո՛ւր որ գտնուէր, Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին խօսելու առիթներ կը գտնէր։ Եհովայի Վկաները այս կէտին մէջ ալ կը ջանան իր քայլերուն հետեւիլ։—Ա. Պետրոս 2։21

ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ՔԱՐՈԶԵԼ

Բարի լուրը քարոզելու այս բոլոր կերպերը անիմաստ պիտի ըլլային, եթէ զայն խօսողը այս ուսուցումները անձնապէս չկիրարկէր։ Բան մը ըսել՝ եւ տարբեր բան մը ընելը, կեղծաւորութիւն է եւ կրօնական կեղծաւորութիւնը միլիոնաւոր անհատներ հեռացուցած է Աստուածաշունչէն։ Շիտակ չէ Աստուածաշունչը այպանել։ Դպիրներն ու Փարիսեցիները Եբրայերէն Գրութիւնները ունէին, բայց Յիսուս զիրենք կեղծաւոր կոչեց։ Ան ակնարկութիւն ըրաւ անոնց Մովսիսական Օրէնքը կարդալուն, ապա իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ»։ (Մատթէոս 23։3) Քրիստոնեայի մը ուղիղ ապրելակերպը աւելի ազդեցիկ է, քան ժամերով քարոզելը։ Ասիկա անհաւատ ամուսին ունեցող Քրիստոնեայ կիներուն ուշադրութեան յանձնուած էր. «[Անոնք] առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը»։—Ա. Պետրոս 3։1, 2

Ուստի, Եհովայի Վկաները կը ջանան այս կերպով ալ բարի լուրը ուրիշներուն յանձնարարել՝ օրինակ ըլլալով այն քրիստոնէական վարքին մէջ, զոր ուրիշներուն կը յանձնարարեն։ Անոնք կը ջանան ‘ուրիշներուն ընել այն ինչ որ կ’ուզեն որ ուրիշները իրենց ընեն’։ (Մատթէոս 7։12) Անոնք կը ջանան այս կերպով վարուիլ բոլոր մարդոց հետ, ո՛չ միայն Վկայ հաւատակիցներու, բարեկամներու, դրացիներու կամ ազգականներու հետ։ Անկատար ըլլալով, անոնք միշտ հարիւր առ հարիւր չեն յաջողիր։ Բայց իրենց սրտի փափաքն է բոլոր մարդոց բարիք ընել, ո՛չ միայն անոնց բարի լուրի մասին խօսելով, այլեւ անոնց օգնութեան ձեռք երկարելով՝ երբ կարելի է։—Յակոբու 2։14-17

[Նկար՝ էջ 19]

Հաուայի

[Նկար՝ էջ 19]

Վենէզուէլա

[Նկար՝ էջ 19]

Եուկոսլաւիա

[Նկարներ՝ էջ 20]

Թագաւորութեան Սրահները՝ գործնական կառուցուածքով՝ սուրբ գրային քննարկութիւններու վայրեր են

[Նկարներ՝ էջ 21]

Իրենց ընտանեկան կեանքին մէջ եւ ուրիշներու հետ իրենց շփման մէջ, Վկաները անկեղծօրէն կը ջանան իրենց խօսքերուն համաձայն գործել