Բարի լուրին գործնական արժէքը ձեր համայնքին համար
Բարի լուրին գործնական արժէքը ձեր համայնքին համար
ՆԵՐԿԱՅ աշխարհին մէջ յաճախ կը լսենք հետեւեալ կարծիքը. «Քրիստոնէութեան սկզբունքները գործնական չեն։ Անոնք պիտանի չեն ներկայ բարդ ընկերութեան համար»։ Սակայն, Հինտու առաջնորդ Մոհանտէս Կանտիի եւ Հնդկաստանի նախկին Բրիտանացի Փոխարքայ Լորտ Ըրուինի միջեւ խօսակցութեան մը ընթացքին տարբեր զգացում մը արտայայտուած էր։ Ըսուած է որ Լորտ Ըրուին հարցուցած է Կանտիի, թէ ըստ իրեն, ի՛նչ բան պիտի լուծէր Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հնդկաստանի միջեւ եղող խնդիրները։ Կանտի Աստուածաշունչը առած եւ անոր մէջէն բացած է Մատթէոսի հինգերորդ գլուխը եւ ըսած է. «Երբ ձեր երկիրն ու իմս Քրիստոսի Լերան Քարոզին մէջի ուսուցումներուն համաձայն քալէին, ո՛չ միայն մեր երկիրներուն խնդիրները պիտի լուծէինք, այլ՝ ամբողջ աշխարհին»։
Այդ քարոզը կը խօսի հոգեւորականութիւն փնտռելու եւ հեզահամբոյր, խաղաղասէր, ողորմած եւ արդարութիւնը սիրողներ ըլլալու մասին։ Անիկա ո՛չ միայն սպանութիւնը կը դատապարտէ, այլ նաեւ՝ ուրիշներու հետ բարկացկոտ ըլլալը, ո՛չ միայն շնութիւնը՝ այլ նաեւ հեշտասէր խորհուրդները։ Անիկա դէմ կը խօսի տուներ քանդող եւ երախաները հարստահարող անպատասխանատու ամուսնալուծումներու։ Մեզի կ’ըսէ. ‘Սիրեցէք նոյնիսկ անոնք որ ձեզ չեն սիրեր, կարօտեալներուն տուէք, ուրիշները անողոքաբար մի՛ դատէք, ուրիշներուն հետ վարուեցէք ինչպէս որ կ’ուզէք որ անոնք ձեզի հետ վարուին’։ Այս բոլոր խրատները, եթէ գործադրուին, անսահման օգուտներ պիտի բերեն։ Ձեր համայնքին մէջ մարդիկ ո՛րքան գործադրեն զանոնք, ձեր համայնքը ա՛յնքան կը բարելաւուի։
Եհովայի Վկաները այս ուղղութեամբ շատ ազդեցիկ են։ Աստուածաշունչը անոնց կը սորվեցնէ որ ամուսնութիւնը յարգեն։ Իրենց զաւակները շիտակ սկզբունքներով կը մարզուին։ Ընտանիքի կարեւորութիւնը շեշտուած է իրենց քով։ Միացեալ ընտանիքներ օրհնութիւն մըն են ձեր համայնքին, նոյնիսկ՝ ձեր ազգին։ Պատմութիւնը լեցուն է աշխարհակալ ուժերու օրինակներով, որոնք փուլ եկած են, երբ ընտանեկան կապը տկարացած եւ անբարոյութիւնը աւելցած է։ Եհովայի Վկաները ո՛րքան շատ անհատներ եւ ընտանիքներ յորդորեն որ քրիստոնէական սկզբունքներով ապրին, ձեր համայնքին մէջ ա՛յնքան նուազ յանցագործութիւն, անբարոյութիւն եւ ոճիր պիտի ըլլան։
Գործք 10։34, 35. Գաղատացիս 3։28) Եհովայի Վկաները ասիկա կ’ընդունին։ Ամէն ցեղի ու գոյնի պատկանող անհատներ միասնաբար կ’աշխատին իրենց կեդրոնատեղիին, մասնաճիւղերուն եւ ժողովքներուն մէջ։
Համայնքները եւ ազգերը հարուածող մեծ խնդիրներէն մէկն է ցեղային կանխադատողութիւնը։ Ասոր հակառակը, Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է»։ Իսկ Պօղոս գրեց. «Ո՛չ Հրեայ կայ, ո՛չ ալ Յոյն. ո՛չ ծառայ կայ, ո՛չ ալ ազատ. ո՛չ արու կայ, ո՛չ ալ էգ. վասն զի դուք ամէնքդ ալ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով»։ (Ափրիկէի մէջ կարգ մը ցեղախումբեր չեն կրնար իրարու հետ խառնուիլ առանց բախում ունենալու։ Սակայն, հոն Եհովայի Վկաներու համաժողովներուն, շատ տարբեր ցեղախումբերէ մարդիկ ամենայն համերաշխութեամբ եւ ջերմ ընկերակցութեամբ միասնաբար կ’ուտեն, կը քնանան եւ միասնաբար Աստուած կը պաշտեն։ Կառավարական պաշտօնեաներ զմայլանքով կը դիտեն ասիկա։ Ճշմարիտ Քրիստոնէութեան
միացնող ազդեցութեան մէկ օրինակին մասին դիտողութիւն մը եղած էր 2 Օգոստոս 1958–ին՝ Նիւ Եորքի Ամսթերտամ Նիուզ–ին մէջ։ Այս դիտողութիւնը ներշնչուած էր նախապէս յիշուած միջազգային համաժողովը դիտելով, ուր աւելի քան քառորդ միլիոն Վկաներ հաւաքուած էին Նիւ Եորք Սիթիի մէջ։«Ամէնուրեք սեւամորթներ, ճերմակամորթներ եւ Արեւելքցիներ, կեանքի բոլոր մակարդակներէն եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն, ուրախութեամբ ու ազատօրէն իրարու խառնուած են . . . 120 երկիրներէ եկող Վկաները միասնաբար խաղաղութեամբ բնակեցան եւ պաշտամունք մատուցանեցին, Ամերիկացիներուն ցոյց տալով թէ որքան հեշտ է ասիկա ընել։ . . . Համաժողովը շողշողուն օրինակ մըն է թէ մարդիկ ի՛նչպէս կրնան միասնաբար աշխատիլ ու ապրիլ»։
Շատեր կրնան ըսել որ Քրիստոնէութեան սկզբունքները գործնական չեն այս արդի աշխարհին մէջ։ Բայց ուրիշ ի՞նչ բան յաջողած է, կամ պիտի յաջողի։ Քրիստոնէական սկզբունքները կրնան իրապէս արժէքաւոր ըլլալ, եթէ հիմա ձեր համայնքին մէջ կիրարկուին, եւ անոնք համայն երկրի «ազգերէն ու ցեղերէն եւ ժողովուրդներէն ու լեզուներէն» մարդիկ միացնելու հիմը պիտի կազմեն, մարդկութեան վրայ իշխող Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ։—Յայտնութիւն 7։9, 10
[Մէջբերում՝ էջ 23]
Ամէն ցեղէ ու գոյնէ մարդիկ միասնաբար կ’աշխատին
[Մէջբերում՝ էջ 24]
Քրիստոնէութիւնը գործնական է։ Ուրիշ ի՞նչ բան յաջողած է