Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները

Ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները

Ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները

ԵՀՈՎԱՅԻ Վկաները կը հաւատան Ամենակալ Եհովա Աստուծոյ, երկնքի ու երկրի Ստեղծիչին։ Մեզ շրջապատող տիեզերքին բարդ սքանչելիքներուն առկայութիւնն իսկ տրամաբանական նշում մըն է, որ գերագոյն իմացականութեան ու զօրութեան տէր Ստեղծիչ մը մէջտեղ բերած է զանոնք։ Ճիշդ ինչպէս որ տղամարդոց ու կիներու գործերը կ’արտացոլացնեն իրենց յատկութիւնները, Եհովա Աստուծոյ գործերն ալ նոյնը կ’ընեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ «աներեւոյթ բաները աշխարհի սկիզբէն ստեղծուածներովը կ’իմացուին, կը տեսնուին»։ Նաեւ՝ «երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ» առանց ձայնի ու առանց խօսքի։—Հռովմայեցիս 1։20. Սաղմոս 19։1-4

Մարդիկ նպատակով մը կաւէ ամաններ, կամ հեռատեսիլի ու համակարգիչի սարքեր կը շինեն։ Երկիրը՝ եւ անոր բուսական ու անասնական կեանքի ստեղծագործութիւնները շա՛տ աւելի հոյակապ են։ Մարդկային մարմնին կառոյցը, իր եռիլիոնաւոր բջիջներով, մեր հասկացողութենէն վեր է. նոյնիսկ ուղեղը, որով կը մտածենք, անըմբռնելիօրէն սքանչելի է։ Եթէ մարդիկ իրենց բաղդատաբար աննշան հնարամտութիւնները նպատակով մը մէջտեղ բերած են, վստահաբար Եհովա Աստուած ալ իր պատկառազդու ստեղծագործութիւնները կատարելու մէջ նպատակ մը ունէր։ Առակաց 16։4–ը կ’ըսէ թէ ա՛յս է պարագան. «Տէրը ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեց»։

Եհովա երկիրը նպատակով մը ըրաւ, ինչպէս նշեց մարդկային առաջին զոյգին. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։ (Ծննդոց 1։28) Քանի որ անհնազանդ գտնուեցաւ, այս զոյգը չկրցաւ երկիրը արդար ընտանիքներով լեցնել, որոնք սիրալիր կերպով հոգ պիտի տանէին երկրին եւ անոր բուսական ու անասնական կեանքին։ Բայց անոնց ձախողիլը չի նշանակեր որ Եհովայի նպատակը ձախողած է։ Հազարաւոր տարիներ ետք, գրուած էր՝ «Երկիրը կազմողը . . . զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց»։ «Հապա բնակութեան համար կազմեց»։ Անիկա պիտի չկործանուէր, քանի որ «երկիրը միշտ կը կենայ»։ (Եսայեայ 45։18. Ժողովողի 1։4) Երկրին նկատմամբ Եհովայի նպատակը պիտի կատարուի. «Իմ խորհուրդս պիտի հաստատուի եւ իմ ամէն կամքս պիտի կատարուի»։—Եսայեայ 46։10

Հետեւաբար, Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ երկիրը յաւիտեան պիտի մնայ եւ թէ բոլոր մարդիկ՝ կենդանիներն ու մեռածները՝ որոնք գեղեցկացուած ու բնակուած երկրին նկատմամբ Եհովայի նպատակին կը յարմարուին, անոր վրայ յաւիտեան պիտի ապրին։ Ամբողջ մարդկութիւնը անկատարութիւն ժառանգեց Ադամէ ու Եւայէ, հետեւաբար՝ մեղաւորներ են։ (Հռովմայեցիս 5։12) Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեղքին վարձքը մահ է»։ «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ «Այն անձը [«հոգին», ՆԱ], որ մեղք կը գործէ, պիտի մեռնի»։ (Հռովմայեցիս 6։23. Ժողովողի 9։5. Եզեկիէլ 18։4, 20) Ուստի անոնք ի՞նչպէս կրնան վերստին ապրիլ երկրային օրհնութիւններուն մասնակից ըլլալու համար։ Միայն Քրիստոս Յիսուսի փրկանքի զոհին միջոցաւ, քանի որ ան ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը։ Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի»։ «Բոլոր գերեզմաններուն մէջ եղողները անոր ձայնը պիտի լսեն, ու դուրս պիտի գան»։—Յովհաննու 5։28, 29. 11։25. Մատթէոս 20։28

Ասիկա ի՞նչպէս պիտի պատահի։ Անիկա բացատրուած է երկրի վրայ եղած ժամանակ Յիսուսի քարոզած «Թագաւորութեան բարի լուր»ին մէջ։ (Մատթէոս 4։17-23) Բայց ներկայիս Եհովայի Վկաները բարի լուրը կը քարոզեն շա՛տ մասնայատուկ կերպով մը։

[Ցուցակ՝ էջ 13]

ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐԸ

Հաւատալիք Սուրբ Գրային Պատճառ

Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է եւ ճշմարտութիւն է Բ. Տիմ. 3։16, 17. Բ. Պետ. 1։20, 21. Յովհ. 17։17

Աստուածաշունչը շատ աւելի վստահելի է քան աւանդութիւնը Մատթ. 15։3. Կող. 2։8

Աստուծոյ անունը Եհովա է Սաղմ. 83։18. Եսայ. 26։4. 42։8. Ել. 6։3

Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է եւ Իրմէ ստորադաս է Մատթ. 3։17. Յովհ. 8։42. 14։28. 20։17. Ա. Կորն. 11։3. 15։28

Քրիստոս Աստուծոյ ստեղծագործութեանց առաջինն էր Կող. 1։15. Յայտ. 3։14

Քրիստոս ցիցի, կամ փայտի, մը վրայ մեռաւ, ո՛չ թէ՝ խաչի մը Գաղ. 3։13. Գործք 5։30

Քրիստոսի մարդկային կեանքը որպէս փրկանք վճարուեցաւ հնազանդ մարդկութեան համար Մատթ. 20։28. Ա. Տիմ. 2։5, 6. Ա. Պետ. 2։24

Քրիստոսի մէ՛կ զոհը բաւարար էր Հռովմ. 6։10. Եբր. 9։25-28

Քրիստոս մեռելներէն յարուցանուեցաւ որպէս անմահ հոգեղէն անձ մը Ա. Պետ. 3։18. Հռովմ. 6։9. Յայտ. 1։17, 18

Քրիստոսի ներկայութիւնը հոգիով է Յովհ. 14։19. Մատթ. 24։3. Բ. Կորն. 5։16. Սաղմ. 110։1, 2

Մենք հիմա ‘վերջին ժամանակին’ մէջ ենք Մատթ. 24։3-14. Բ. Տիմ. 3։1-5. Ղուկ. 17։26-30

Քրիստոսի տրուած Թագաւորութիւնը արդարութեամբ եւ խաղաղութեամբ պիտի տիրէ երկրին Եսայ. 9։6, 7. 11։1-5. Դան. 7։13, 14. Մատթ. 6։10

Թագաւորութիւնը երկրի վրայ իտէալ վիճակներ պիտի բերէ Սաղմ. 72։1-4. Յայտ. 7։9, 10, 13-17. 21։3, 4

Երկիրը բնաւ պիտի չկործանի, ոչ ալ բնակչութենէ պիտի զրկուի Ժող. 1։4. Եսայ. 45։18. Սաղմ. 78։69

Աստուած ներկայ իրերու դրութիւնը պիտի չքացնէ Արմագեդոնի պատերազմով Յայտ. 16։14, 16. Սոփ. 3։8. Դան. 2։44. Եսայ. 34։2. 55։10, 11

Ամբարիշտները յաւիտենապէս պիտի կործանին Մատթ. 25։41-46. Բ. Թես. 1։6-9

Աստուծոյ հաճութիւնը ունեցող անհատները յաւիտենական կեանք պիտի ստանան Յովհ. 3։16. 10։27, 28. 17։3. Մար. 10։29, 30

Կեանքի տանող միայն մէ՛կ ճամբայ կայ Մատթ. 7։13, 14. Եփ. 4։4, 5

Մարդուն մահը Ադամի մեղքին հետեւանքն է Հռովմ. 5։12. 6։23

Մահուան ատեն մարդկային հոգին գոյութենէ կը դադրի Յես. 10։28, 30, Արեւմտահայերէն. Ժող. 9։10. Սաղմ. 6։5. 146։4. Յովհ. 11։11-14

Դժոխքը մարդկութեան հասարակաց գերեզմանն է Յոբ. 14։13, Գրաբար. Յայտ. 20։13, 14

Մեռելներու յոյսը յարութիւնն է Ա. Կորն. 15։20-22. Յովհ. 5։28, 29. 11։25, 26

Ադամական մահը վերջ պիտի գտնէ Ա. Կորն. 15։26, 54. Յայտ. 21։4. Եսայ. 25։8

Միայն 144,000 հոգիէ բաղկացած պզտիկ հօտ մը երկինք պիտի երթայ եւ Քրիստոսի հետ պիտի իշխէ Ղուկ. 12։32. Յայտ. 14։1, 3. Ա. Կորն. 15։40-53. Յայտ. 5։9, 10

144,000–ը վերստին ծնած են որպէս Աստուծոյ հոգեւոր որդիներ Ա. Պետ. 1։23. Յովհ. 3։3. Յայտ. 7։3, 4

Նոր ուխտը հաստատուած է հոգեւոր Իսրայէլին հետ Երեմ. 31։31. Եբր. 8։10-13

Քրիստոսի ժողովքը իր վրան հիմնուած է Եփ. 2։20. Եսայ. 28։16. Մատթ. 21։42

Աղօթքները միայն Եհովայի պէտք է ուղղուին՝ Քրիստոսի միջոցաւ Յովհ. 14։6, 13, 14. Ա. Տիմ. 2։5

Պաշտամունքի մէջ պատկերներ պէտք չէ գործածուին Ել. 20։4, 5. Ղեւտ. 26։1. Ա. Կորն. 10։14. Սաղմ. 115։4-8

Ոգեհարցութենէ պէտք է զգուշանալ Բ. Օր. 18։10-12. Գաղ. 5։19-21. Ղեւտ. 19։31

Սատանան աշխարհի անտեսանելի իշխանն է Ա. Յովհ. 5։19. Բ. Կորն. 4։4. Յովհ. 12։31

Քրիստոնեայ մը միջդաւանական շարժումներու պէտք չէ մասնակցի Բ. Կորն. 6։14-17. 11։13-15. Գաղ. 5։9. Բ. Օր. 7։1-5

Քրիստոնեայ մը աշխարհէն անջատ պէտք է մնայ Յակ. 4։4. Ա. Յովհ. 2։15. Յովհ. 15։19. 17։16

Մարդկային օրէնքներու կը հնազանդի երբ անոնք Աստուծոյ օրէնքներուն հետ բախումի մէջ չեն Մատթ. 22։20, 21. Ա. Պետ. 2։12. 4։15

Բերնէն կամ երակներէն արիւն առնելը Աստուծոյ օրէնքները կ’ոտնակոխէ Ծննդ. 9։3, 4. Ղեւտ. 17։14. Գործք 15։28, 29

Աստուածաշունչի բարոյական օրէնքներուն պէտք է հնազանդիլ Ա. Կորն. 6։9, 10. Եբր. 13։4. Ա. Տիմ. 3։2. Առ. 5։1-23

Շաբաթը պահելը միայն Իսրայէլի տրուած էր եւ Մովսիսական Օրէնքին հետ վերջ գտաւ Բ. Օր. 5։15. Ել. 31։13. Հռովմ. 10։4. Գաղ. 4։9, 10. Կող. 2։16, 17

Կղեր դասակարգ եւ մասնաւոր տիտղոսներ պատշաճ չեն Մատթ. 23։8-12. 20։25-27. Յոբ. 32։21, 22

Մարդը չբարեշրջուեցաւ, հապա ստեղծուեցաւ Եսայ. 45։12. Ծննդ. 1։27. Մատթ. 19։4

Քրիստոս Աստուծոյ ծառայելու մէջ օրինակ հանդիսացաւ, որու պէտք է հետեւիլ Ա. Պետ. 2։21. Եբր. 10։7. Յովհ. 4։34. 6։38

Ամբողջ մարմնով մխրճուելով մկրտութիւնը նուիրում կը խորհրդանշէ Մար. 1։9, 10. Յովհ. 3։23. Գործք 19։4, 5

Քրիստոնեաները Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին ուրախութեամբ վկայութիւն կու տան Հռովմ. 10։10. Եբր. 13։15. Եսայ. 43։10-12

[Նկար՝ էջ 12]

ԵՐԿԻՐԸ . . . Եհովայի կողմէ ստեղծուած . . . մարդուն կողմէ խնամուած . . . յաւիտեան բնակուած