Իրենց համաշխարհային կազմակերպութիւնը եւ գործը
Իրենց համաշխարհային կազմակերպութիւնը եւ գործը
ԱՒԵԼԻ քան 230 երկիրներու մէջ կատարուած վկայութեան գործը առաջնորդելու համար բազմաթիւ կապակցութիւններ կան։ Ընդհանուր ուղղութիւնը կու գայ Կառավարիչ Մարմինէն, որ կը գտնուի համաշխարհային կեդրոնին մէջ՝ Պրուքլին, Նիւ Եորք։ Կառավարիչ Մարմինը ամէն տարի ներկայացուցիչներ կը ղրկէ համայն աշխարհի տարբեր շրջանները, այդտեղի մասնաճիւղի ներկայացուցիչներուն հետ խորհրդակցելու համար։ Մասնաճիւղերուն մէջ կան Մասնաճիւղի Յանձնախումբեր, երեքէն եօթը անդամներէ բաղկացած, որոնք իրենց իրաւասութեան ներքեւ եղող երկիրներուն մէջ գործին կը հովանաւորեն։ Մասնաճիւղերէն ոմանք տպարաններ ունին, եւ անոնցմէ ոմանք սրընթաց թաւալուն տպագրամեքենաներով օժտուած են։ Իւրաքանչիւր մասնաճիւղի սպասարկած երկիրը կամ շրջանը նահանգներու բաժնուած է, իսկ նահանգները՝ շրջաններու։ Իւրաքանչիւր շրջան իր մէջ ունի շուրջ 20 ժողովքներ։ Նահանգային տեսուչ մը իր նահանգին շրջանները յաջորդաբար կ’այցելէ։ Իւրաքանչիւր շրջան տարեկան երկու համաժողով կ’ունենայ։ Կայ նաեւ շրջանային տեսուչ մը, որ սովորաբար տարին երկու անգամ իր շրջանի բոլոր ժողովքները կ’այցելէ, այդ ժողովքին նշանակուած թաղամասին մէջ քարոզչութիւնը կազմակերպելու եւ կատարելու մէջ Վկաներուն օգնելու համար։
Տեղական ժողովքը՝ իր Թագաւորութեան Սրահով, ձեր համայնքին մէջ բարի լուրին մասին խօսելու կեդրոնն է։ Իւրաքանչիւր ժողովքի պատկանող շրջանները պզտիկ թաղամասերու բաժնուած են։ Անոնք անհատապէս Վկաներու կը նշանակուին, որոնք անոր մէջի մարդոց այցելելու եւ անոնց հետ խօսելու ջանք կը թափեն։ Իւրաքանչիւր ժողովք, որ քանի մը հոգիէ մինչեւ շուրջ 200 Վկաներէ բաղկացած է, նշանակուած երէցներ ունի որոնք տարբեր պարտականութիւններու հոգ կը տանին։ Բարի լուրի հրատարակիչ մը Եհովայի Վկաներու կազմակերպութեան կենսական տարրն է։ Վկաներէն ամէն մէկը՝ համաշխարհային կեդրոնատեղիին, մասնաճիւղերու թէ ժողովքին մէջ ծառայող ըլլայ՝ անձնապէս կը մասնակցի այս դաշտի ծառայութեան, ուրիշներուն խօսելով Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։
Այս գործունէութեան տեղեկագրութիւնները վերջապէս կը հասնին համաշխարհային կեդրոնատեղին եւ Տարեգիրք մը կը կազմուի ու կը հրատարակուի։ Նաեւ՝ ամէն տարի Դիտարան–ի 1 Յունուար թիւին մէջ ցանկ մը կը հրատարակուի։ Այս երկու գրականութիւնները Եհովայի եւ Քրիստոս Յիսուսի
յանձնուած իր Թագաւորութեան մասին վկայելու համար իւրաքանչիւր տարուան իրագործումներուն մասին մանրամասնուած տեղեկագրութիւններ կու տան։ Վերջին տարիներուն, շուրջ 14,000,000 Վկաներ եւ հետաքրքրուած անհատներ ներկայ գտնուած են Յիսուսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին։ Եհովայի Վկաները բարի լուրը ծանուցանելու համար տարեկան աւելի քան 1,000,000,000 ժամեր կը տրամադրեն եւ 300,000–է աւելի նորեկներ կը մկրտուին։ Գրականութեան տեղաւորումները հարիւր միլիոնաւոր օրինակներու կը հասնին։