Հետաքրքրուած անհատներու կողմէ սովորաբար ուղղուած հարցումներ
Հետաքրքրուած անհատներու կողմէ սովորաբար ուղղուած հարցումներ
Եթէ Աստուած սէր է, ինչո՞ւ կը թոյլատրէ չարութիւնը։
ԱՍՏՈՒԱԾ կը թոյլատրէ չարութիւնը եւ երկրի վրայ միլիոնաւոր մարդիկ գիտակցաբար չարը կը գործեն։ Օրինակ, անոնք պատերազմներ կը հռչակեն, երախաներու վրայ ռումբեր կը ձգեն, երկիրը կ’աւերեն եւ սովեր կը պատճառեն։ Միլիոնաւոր մարդիկ կը ծխեն եւ թոքի խլիրդ կ’ունենան, շնութիւն կ’ընեն եւ սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւններ կ’ունենան, ոգելից ըմպելիի մէջ կը չափազանցեն եւ լերդակարծրութիւն կ’ունենան, եւ շարքը երկար է։ Այսպիսի անհատներ իրապէս չեն փափաքիր որ ամէն չարութիւն դադրի։ Անոնք միայն կ’ուզեն որ անկէ առթած պատիժներէն զերծ մնան։ Երբ հնձեն ինչ որ ցանած են, անոնք կ’աղաղակեն՝ «Ինչո՞ւ ե՛ս». եւ Աստուած կ’այպանեն, ինչպէս կ’ըսէ Առակաց 19։3–ը. «Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւրէ եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ»։ Իսկ եթէ Աստուած կասեցնէր իրենց չարագործութիւնը, անոնք իրենց ուզածը ընելու ազատութիւն չունենալուն համար պիտի բողոքէին։
Սատանայի մարտահրաւէրին պատասխան տալու համար Եհովա գլխաւորաբար թոյլատրած է չարութիւնը։ Բանսարկու Սատանան ըսաւ որ Աստուած երկրի վրայ չէր կրնար ունենալ մարդիկ, որոնք Իրեն հաւատարիմ պիտի մնային փորձութեան ներքեւ։ (Յոբայ 1։6-12. 2։1-10) Եհովա թոյլ կու տայ որ Սատանան գոյատեւէ, որպէսզի իր առարկութիւնը ապացուցանելու առիթ ունենայ։ (Ելից 9։16) Սատանան տակաւին կը շարունակէ վայեր բերել, մարդիկը Աստուծոյ դէմ հանելու համար, որպէսզի իր առարկութիւնը փաստէ։ (Յայտնութիւն 12։12) Բայց Յոբ ուղղամիտ մնաց։ Նոյնպէս՝ Յիսուս։ Ներկայիս ճշմարիտ Քրիստոնեաներն ալ նոյնը կ’ընեն։—Յոբայ 27։5. 31։6. Մատթէոս 4։1-11. Ա. Պետրոս 1։6, 7
Ես կ’ուզե՛մ հաւատալ երկրային դրախտի մը, ուր մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին, բայց ասիկա անիրանալի բան մը չէ՞։
Ո՛չ՝ ըստ Աստուածաշունչին։ Անիկա անիրական կը թուի, պարզ անոր համար որ մարդը դարերէ ի վեր չարութիւն տեսած է։ Եհովա երկիրը ստեղծեց եւ մարդկութեան ըսաւ որ զայն արդար մարդոցմով ու կիներով լեցնեն, որոնք հոգ պիտի տանէին անոր բուսական ու անասնական կեանքին եւ անոր գեղեցկութիւնը պիտի պահպանէին, փոխանակ զայն քանդելու։ (Տես՝ էջ 12 եւ 17։) Ո՛չ թէ այդ խոստացեալ Դրախտը անիրանալի է, հապա ներկայ վշտով լեցուն կացութիւնը ա՛յնքան չար է որ պիտի չշարունակուի։ Դրախտը պիտի փոխարինէ զայն։
Ի՞նչպէս կրնամ պատասխանել այն մարդոց, որոնք կը ծաղրեն ու կ’ըսեն թէ Աստուածաշունչը առասպել է, կամ անգիտական է։
Այս խոստումներուն հաւատալը դիւրահաւատութիւն չէ։ «Հաւա՛տքը լսելէն է»։ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրելով, անոր իմաստութիւնը բացայայտ կ’ըլլայ եւ հաւատքը կ’աճի։—Հռովմայեցիս 10։17. Եբրայեցիս 11։1
Սուրբ գրային հնագիտութիւնը կը հաստատէ Աստուածաշունչի պատմական ճշգրտութեան մեծ մասը։ Ճշգրիտ գիտութիւնը ներդաշնակ է Աստուածաշունչին հետ։ Հետեւեալ իրողութիւնները Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուէին աշխարհիկ ուսումնականներ զանոնք երեւան հանելէն շատ առաջ. Երկիրը կազմուած ժամանակ անոր զարգացման փուլերը, երկրին կլոր ըլլալը, անոր ոչինչէն կախուած ըլլալը, թռչուններուն գաղթելը։—Ծննդոց գլուխ 1. Եսայեայ 40։22. Յոբայ 26։7. Երեմեայ 8։7
Աստուածաշունչին ներշնչուած ըլլալը կը բացայայտուի կատարուած մարգարէութիւններով։ Դանիէլ կանխաւ նախագուշակեց աշխարհակալ ուժերուն բարձրացումն ու անկումը, ինչպէս նաեւ Մեսիային գալուն ու մահացուելուն ժամանակը։ (Դանիէլ գլուխ 2 եւ 8. 9։24-27) Ներկայիս տակաւին ուրիշ մարգարէութիւններ կը կատարուին, մեր օրերը բնորոշելով որպէս «վերջին օրեր»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Մատթէոս գլուխ 24) Այսպիսի կանխագիտութիւն մարդկային կարողութենէն գերիվեր է։ (Եսայեայ 41։23) Յաւելեալ ստուգման համար, տեսէք Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ հրատարակուած հետեւեալ գիրքերը. Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ Խօսքն Է, թէ՝ Մարդոց, եւ՝ Մեզի Հոգ Տանող Ստեղծիչ մը Կա՞յ։
Աստուածաշունչին մասին հարցուած հարցումներուն ի՞նչպէս կրնամ պատասխանել սորվիլ։
Պէտք է Աստուածաշունչը կարդաք ու անոր վրայ մտածէք, միեւնոյն ատեն Աստուծոյ հոգիին առաջնորդութիւնը խնդրէք։ (Առակաց 15։28. Ղուկաս 11։9-13) Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ ու չի նախատեր՝ եւ անոր պիտի տրուի»։ (Յակոբու 1։5) Կան նաեւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան օժանդակող գրքեր։ Սովորաբար ուրիշներու օգնութեան կարիքը ունիք, ինչպէս որ Փիլիպպոս սերտեց Եթովպիացիին հետ։ (Գործք 8։26-35) Եհովայի Վկաները հետաքրքրուած անհատներու հետ ձրի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարեն իրենց տան մէջ։ Ազատ զգացէք իրենցմէ խնդրելու այս ծառայութիւնը։
Ինչո՞ւ շատեր հակառակ են Եհովայի Վկաներուն եւ ինծի կ’ըսեն որ անոնց հետ չուսումնասիրեմ։
Յիսուսի քարոզչութիւնը հակառակութեան հանդիպեցաւ, եւ ան ըսաւ որ իր հետեւորդներուն նոյնը պիտի պատահէր։ Երբ ոմանք Յիսուսի ուսուցումէն տպաւորուեցան, կրօնական հակառակորդները առարկեցին. «Միթէ դո՞ւք ալ մոլորեցաք։ Իշխաններէն կամ փարիսեցիներէն մէկը հաւատա՞ց անոր»։ (Յովհաննու 7։46-48. 15։20) Վկաներուն հետ չուսումնասիրելու համար ձեզի խրատ տուողներէն շատեր կա՛մ անտեղեակ են, եւ կամ՝ նախապաշարուած։ Ուսումնասիրեցէ՛ք Վկաներուն հետ եւ անձա՛մբ տեսէք թէ Աստուածաշունչի հասկացողութեան մէջ կը յառաջդիմէք թէ ոչ։—Մատթէոս 7։17-20
Վկաները ինչո՞ւ կ’այցելեն մարդոց, որոնք արդէն իրենց կրօնքը ունին։
Այսպէս ընելով, անոնք Յիսուսի օրինակին կը հետեւին։ Ան Հրեաներուն գնաց։ Անոնք իրենց կրօնքը ունէին, բայց շատ բաներու մէջ հեռացած էին Աստուծոյ Խօսքէն։ (Մատթէոս 15։1-9) Բոլոր ազգերը իրենց կրօնքները ունին, ըլլան Քրիստոնեայ կամ ոչ–Քրիստոնեայ։ Շատ կարեւոր է որ մարդոց հաւատալիքները Աստուծոյ Խօսքին համաձայն ըլլան, եւ ասիկա ընելու համար Վկաներուն թափած ջանքերը դրացիական սէր ցոյց կու տան։
Վկաները կը հաւատան որ միայն իրե՞նց կրօնքը ճիշդ է։
Իր կրօնքը լուրջի առնող ոեւէ անհատ պէտք է խորհի որ անիկա շիտակ կրօնքն է, ապա թէ ոչ ինչո՞ւ անոր պիտի հետեւի։ Քրիստոնեաներուն հետեւեալ խրատը տրուած է. «Ամէն բան փորձեցէ՛ք, բարին ամուր բռնեցէ՛ք»։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։21) Անհատ մը պէտք է վստահ ըլլայ որ իր հաւատալիքները կրնան ապացուցանուիլ Սուրբ Գիրքէն, քանի որ միայն մէ՛կ ճշմարիտ հաւատք կայ։ Եփեսացիս 4։5–ը ասիկա կը հաստատէ, ըսելով. «Տէրը մէկ է, հաւատքը մէկ, մկրտութիւնը մէկ»։ Յիսուս համաձայն չէր ներկայ եւ թոյլատու տեսակէտին հետ թէ շատ ճամբաներ ու շատ կրօնքներ կան, եւ բոլորն ալ փրկութեան կ’առաջնորդեն։ Ընդհակառակը, ան ըսաւ. «Նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն»։ Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ իրենք գտա՛ծ են այն ճամբան, այլապէս, ուրիշ կրօնք մը պիտի փնտռէին։—Մատթէոս 7։14
Անոնք կը հաւատան որ միայն իրե՞նք պիտի փրկուին։
Ո՛չ։ Միլիոնաւոր անհատներ որոնք ապրած են անցեալ դարերուն եւ որոնք Եհովայի Վկաներ չէին, յարութեամբ ետ պիտի գան եւ կեանքի պատեհութիւն պիտի ունենան։ Հիմա ապրողներէն շատեր տակաւին կրնան ճշմարտութեան ու արդարութեան կողմը դիրք բռնել «մեծ նեղութիւն»ը գալէն առաջ՝ ու փրկուիլ։ Ասկէ զատ, Յիսուս ըսաւ որ պէտք չէ զիրար դատենք։ Մենք երեւոյթին կը նայինք, բայց Աստուած սրտին կը նայի։ Ան ճշգրտօրէն կը տեսնէ ու ողորմածօրէն կը դատէ։ Ան դատաստանը Յիսուսի յանձնած է եւ ո՛չ թէ մեզի։—Մատթէոս 7։1-5. 24։21. 25։31
Անոնք որ Եհովայի Վկաներու ժողովներուն կը յաճախեն, անոնցմէ ի՞նչ նիւթական նուիրատուութիւն կ’ակնկալուի։
Նիւթական նուիրատուութիւններու մասին Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։ (Բ. Կորնթացիս 9։7) Եհովայի Վկաներու Թագաւորութեան Սրահներուն եւ համաժողովի լսարաններուն մէջ որեւէ հանգանակութիւն չըլլար։ Տուփեր դրուած են, նուիրատուութիւն ընել փափաքող անհատներուն համար։ Ոեւէ մէկը չի գիտեր թէ ուրիշներ ի՛նչ կը դնեն անոնց մէջ, կամ արդեօք կը դնեն թէ ոչ։ Ոմանք ուրիշներէն աւելի կրնան դնել. թերեւս ուրիշներ՝ ոչինչ կրնան դնել։ Յիսուս շիտակ տեսակէտը ցոյց տուաւ, երբ Երուսաղէմի տաճարին գանձանակին ու անոր մէջ նուիրատուութիւն դնողներուն մասին խօսեցաւ. Անհատին տալու կարողութիւնը եւ հոգին կարեւոր է եւ ո՛չ թէ տուած գումարը։—Ղուկաս 21։1-4
Եթէ Եհովայի Վկայ մը ըլլամ, ե՞ս ալ իրենց պէս պէտք է քարոզեմ։
Երբ անհատ մը Քրիստոսի Թագաւորութեան ներքեւ եղող երկրային Դրախտի խոստումին մասին գիտութեամբ լեցուի, իր փափաքը կ’ըլլայ զայն ուրիշներու հետ բաժնել։ Ձե՛ր պարագան ալ նոյնը պիտի ըլլայ։ Անիկա բարի՛ լուր է։—Գործք 5։41, 42
Ահաւասիկ կերպ մը ցոյց տալու թէ դուք Յիսուս Քրիստոսի աշակերտ մըն էք։ Աստուածաշունչին մէջ, Յիսուս կոչուած է «Հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան»։ Երբ երկրի վրայ էր, ան քարոզեց՝ ըսելով. «Երկնքի թագաւորութիւնը մօտեցած է», եւ իր աշակերտները ղրկեց որ նոյնը ընեն։ (Յայտնութիւն 3։14. Մատթէոս 4։17. 10։7) Հետագային, Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուէր տուաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք . . . սորվեցուցէք անոնց»։ Ան նաեւ նախագուշակեց որ վախճանը գալէն առաջ «արքայութեան այս աւետարանը [«թագաւորութեան այս բարի լուրը», ՆԱ] բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու»։—Մատթէոս 24։14. 28։19, 20
Այս բարի լուրը քարոզելու շատ կերպեր կան։ Բարեկամներու եւ ծանօթներու հետ խօսակցութիւնը յաճախ ասիկա ընելու դուռ կը բանայ։ Ոմանք ասիկա կ’ընեն նամակներ գրելով, կամ հեռաձայնը գործածելով։ Ուրիշներ ծանօթի մը գրականութիւն կը ղրկեն, խորհելով որ անոր մէջի նիւթը մասնաւորաբար կրնայ հետաքրքրել զինք։ Ոեւէ մէկը չանտեսելու փափաքով, Վկաները այս պատգամով տունէ տուն կ’երթան։
Աստուածաշունչը այս ջերմ հրաւէրը կը պարփակէ. «Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’ եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. ‘Եկո՛ւր’ ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ»։ (Յայտնութիւն 22։17) Ուրիշներուն Դրախտ երկրին ու անոր օրհնութիւններուն մասին խօսիլը սիրայօժար կերպով պէտք է ըլլայ, այս բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելու ցանկութենէն մղուած։
Վստահ ենք որ Եհովայի Վկաներուն ու անոնց հաւատալիքներուն մասին ուրիշ հարցումներ ունիք։ Թերեւս կարգ մը հարցեր հակաճառելի են։ Մենք կը փափաքինք ձեր հարցումներուն պատասխանել։ Այս գրքոյկը բոլոր հարցերը չի կրնար պարփակել, ուստի կը խնդրենք որ ձեր շրջանի Վկաներուն հարցնէք։ Ասիկա կրնաք ընել կա՛մ իրենց Թագաւորութեան Սրահին մէջի ժողովներու ընթացքին, եւ կամ երբ ձեր տունը կ’այցելեն։ Կրնաք նաեւ ձեր հարցումները ուղղարկել Դիտարանի Ընկերութեան, ստորեւ տրուած հասցէներէն մէկը գործածելով։