Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձեզի հրաւէր կու տանք

Ձեզի հրաւէր կու տանք

Ձեզի հրաւէր կու տանք

Մենք հաճոյքով ձեզի հետ զրուցեցինք այս գրքոյկի էջերուն ընդմէջէն։ Կը յուսանք որ Եհովայի Վկաներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալը հաճելի էր ձեզի համար։ Բարեհաճեցէք մեր տեղական Թագաւորութեան Սրահը այցելութիւն տալու մեր հրաւէրը ընդունիլ։ Տեսէք թէ մեր ժողովները ի՛նչպէս կը վարուին։ Տեսէք թէ ի՛նչպէս ջանք կը թափենք որպէսզի ուրիշներուն հետ բաժնենք Քրիստոսի Թագաւորութեան ներքեւ դրախտ երկրի մը բարի լուրը։

Աստուա՛ծ խոստացած է զայն։ «Իր խոստումին համեմատ, նոր երկնքի ու նոր երկրի մը կը սպասենք, որոնց մէջ արդարութիւնը կը բնակի»։ (Բ. Պետրոս 3։13) Բազմաթիւ դարեր անցած են։ Սպասման շրջանը իր աւարտին կը մօտենայ։ Աշխարհի վիճակնե՛րը կ’ապացուցանեն ասիկա։

«Որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք», կ’ըսէ Պօղոս առաքեալ, «իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք»։ (Եբրայեցիս 10։24, 25) Կը հրաւիրե՛նք ձեզ որ Պօղոսի խրատին անսաք՝ մեզի հետ հաւաքուելով։