Որո՞նք են
Որո՞նք են
ԵՀՈՎԱՅԻ Վկաներուն փափաքն է որ աւելի լաւ ճանչնաք զիրենք։ Թերեւս անոնց հանդիպած էք որպէս դրացի եւ աշխատակից, կամ ուրիշ առիթներով։ Թերեւս զանոնք տեսած էք փողոցին մէջ, որոնք անցորդներուն իրենց պարբերաթերթերը կը ներկայացնեն։ Կամ թերեւս անոնց հետ հակիրճ խօսակցութիւն մը ունեցած էք ձեր դրան սեմին։
Եհովայի Վկաները իսկապէս հետաքրքրուած են ձեզմով եւ ձեր բարօրութեամբ։ Անոնք կը փափաքին ձեր բարեկամները ըլլալ եւ իրենց ինքնութեան, հաւատալիքներուն եւ իրենց կազմակերպութեան մասին ձեզի աւելի տեղեկութիւն տալ. նաեւ մարդոց ու մեր ապրած աշխարհին մասին իրենց կարծիքը տալ։ Ասիկա իրագործելու մտքով, ձեզի համար այս գրքոյկը պատրաստած են։
Եհովայի Վկաները շատ մը մարզերու մէջ մնացեալ մարդոց նման են։ Անոնք ունին սովորական եղող տնտեսական, ֆիզիքական եւ զգացական խնդիրներ։ Երբեմն սխալներ կը գործեն, որովհետեւ ո՛չ կատարեալ են, ո՛չ երկնային ներշնչման ներքեւ են, ո՛չ ալ անսխալական են։ Բայց կը փորձեն կեանքի փորձառութիւններէն սորվիլ եւ հարկ եղած սրբագրութիւնները ընելու համար ջանադրութեամբ կ’ուսումնասիրեն Աստուածաշունչը։ Անոնք Աստուծոյ նուիրուած են իր կամքը կատարելու համար եւ կը ջանան ամէն գնով իրենց նուիրումը իրագործել։ Իրենց բոլոր գործունէութիւններուն մէջ, ուղղութեան համար Աստուծոյ Խօսքին եւ իր սուրբ հոգիին կը նային։
Իրենց համար շատ կարեւոր է որ իրենց հաւատալիքները Աստուածաշունչի վրայ հաստատուած ըլլան եւ ոչ թէ մարդկային զուտ ենթադրութիւններու կամ կրօնական հանգանակներու վրայ։ Անոնք կ’արձագանգեն Պօղոս առաքեալի զգացումը, որ ներշնչման ներքեւ ըսաւ. «Աստուած ճշմարիտ թող ըլլայ եւ բոլոր մարդիկ՝ սուտ»։ * (Հռովմայեցիս 3։4) Որպէս սուրբ գրային ճշմարտութիւն մատուցուած ուսուցումներու հարցին մէջ, Վկաները անտեղիտալիօրէն հաւանութիւն կու տան Բերիացիներու հետեւած ընթացքին, որոնք երբ Պօղոս առաքեալի քարոզչութիւնը լսեցին՝ «Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են»։ (Գործք 17։11) Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ կրօնական բոլոր մատուցուած ուսուցումները՝ ըլլան իրենց կողմէ թէ ուրիշի՝ պէտք է ներշնչեալ Սուրբ Գրութիւններու հետ ստուգումի այս փորձին ենթարկուին։ Անոնք կը հրաւիրեն ձեզ, նոյնիսկ կը յորդորեն, որ իրենց հետ ձեր զրոյցներու ընթացքին ասիկա ընէք։
Ասկէ բացայայտ կ’ըլլայ թէ Եհովայի Վկաները կը հաւատան որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է։ Անոր 66 գրքերը կը նկատեն ներշնչուած եւ պատմականօրէն ճշգրիտ։ Ինչ որ սովորաբար Նոր Կտակարան կը կոչուի, իրենք անոր կ’ակնարկեն որպէս Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններ, իսկ Հին Կտակարանը կը կոչեն՝ Եբրայերէն Գրութիւններ։ Անոնք երկուքին ալ՝ Յունարէն ու Եբրայերէն Գրութիւններուն, հաւատք կ’ընծայեն եւ զայն բառացիօրէն կ’առնեն, բացի երբ բացայայտ է որ արտայայտութիւնները կամ ընդհանուր պատկերը այլաբանական կամ խորհրդանշական են։ Անոնք տեղեակ են որ Աստուածաշունչի մարգարէութիւններէն շատերը կատարուած են, ուրիշներ կատարուելու ընթացքին մէջ են, իսկ տակաւին ուրիշներ՝ կատարման կը սպասեն։
ԱՆՈՆՑ ԱՆՈՒՆԸ
Եհովայի Վկանե՞ր։ Այո, անոնք այսպէս կը կոչեն իրենք զիրենք։ Ասիկա նկարագրական անուն մըն է, նշելով թէ անոնք վկայութիւն կու տան Եհովայի, իր Աստուածութեան եւ իր նպատակներուն մասին։ «Աստուած», «Տէր» եւ «Ստեղծիչ» տիտղոսներ են՝ ինչպէս՝ «Նախագահ», «Թագաւոր» եւ «Զօրավար»՝ եւ կրնան տարբեր անձնաւորութիւններու կիրարկուիլ։ Բայց «Եհովա» անձնական անուն մըն է եւ կ’ակնարկէ ամենակալ Աստուծոյ եւ տիեզերքի Ստեղծիչին։ Ասիկա կրնանք տեսնել Սաղմոս 83։18–ի մէջ. «Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։
Եհովա անունը (կամ՝ Եահուէ, ինչպէս կարգ մը թարգմանութիւններ գործածած են, եւ կարգ մը ուսումնականներ կը նախընտրեն) գրեթէ 7,000 անգամ կը տեսնուի բնագիր Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ։ Շատ մը Աստուածաշունչերէն հանած են այդ անունը եւ զայն փոխարինած՝ «Աստուած» կամ «Տէր» բառով։ Սակայն, նոյնիսկ այս Աստուածաշունչերուն մէջ, անհատ մը կրնայ դիւրաւ գտնել թէ Եբրայերէն բնագրին մէջ ո՛ւր Եհովա գործածուած է, քանի որ փոխարինուած բառերը մեծատառ գրուած են, ինչպէս՝ ԱՍՏՈՒԱԾ, ՏԷՐ (Հայերէնին մէջ՝ Տէր Աստուած)։ Արդի բազմաթիւ թարգմանութիւններ Եսայեայ 42։8–ն կ’ըսէ. «Ես Եհովան եմ, իմ անունս այս է»։
կը գործածեն Եհովա կամ Եահուէ անունը։Եհովայի Վկաները իրենց անունը առած են Սուրբ Գրքի Եսայեայ 43–րդ գլուխէն։ Այդ գլուխին մէջ աշխարհի թատերաբեմը նկատուած է որպէս դատական նիստ մը. ազգերու չաստուածներուն հրաւէր կը տրուի որ իրենց վկաները բերեն եւ իրենց դաւանած արդար դատը ապացուցանեն, կամ Եհովայի կողմը եղող վկաներուն լսեն եւ ճշմարտութիւնը ընդունին։ Հոն Եհովա իր ժողովուրդին կ’ըսէ. «‘Իմ վկաներս դուք էք’, կ’ըսէ Տէրը, նաեւ իմ ընտրած ծառաս. որպէս զի գիտնաք ու ինծի հաւատաք եւ հասկնաք թէ ես եմ. ինծմէ առաջ Աստուած չեղաւ ու ինծմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ։ Տէրը ե՛ս եմ, ե՛ս եմ եւ ինծմէ ուրիշ փրկիչ չկայ»։—Եսայեայ 43։10, 11
Յիսուսի ծնունդին նախորդող հազարաւոր տարիներու ընթացքին, Եհովա Աստուած երկրի վրայ վկաներ ունեցած է։ Եբրայեցիս 11–րդ գլուխը այդ հաւատքի տէր անհատներէն ոմանց ցանկը տալէ ետք, Եբրայեցիս 12։1–ը կ’ըսէ. «Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը»։ Պոնտացի Պիղատոսի դիմաց Յիսուս ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ»։ Ան կոչուած է «հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան»։ (Յովհաննու 18։37. Յայտնութիւն 3։14) Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։—Գործք 1։8
Անոր համար, ներկայիս աւելի քան 230 երկիրներու մէջ, Քրիստոս Յիսուսի յանձնուած Եհովայի Թագաւորութեան բարի լուրին մասին խօսող շուրջ 6,000,000 անհատներ կը խորհին որ տեղին է իրենք զիրենք կոչել Եհովայի Վկաներ։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 5 Այս գրքոյկին մէջի Աստուածաշունչի մէջբերումները Վերստուգուած Աշխարհաբար Թարգմանութենէն են, այլապէս նշուած են։ ՆԱ–ը՝ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն՝ Վերագրումներով։
[Մէջբերում՝ էջ 4]
Անոնք Աստուծոյ նուիրուած են իր կամքը ընելու
[Մէջբերում՝ էջ 4]
Անոնք կը հաւատան որ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Իրենց անունը՝ դատական նիստի մը հետ առնչուած
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Շուրջ 6,000,000 Վկաներ՝ աւելի քան 230 երկիրներու մէջ
[Նկար՝ էջ 3]
Անոնք հետաքրքրուած են ձեզմով
[Նկար՝ էջ 4]
Հին Եբրայերէնի մէջ Աստուծոյ անձնական անունը