Եհովան ո՞վ է
Եհովան ո՞վ է
ՀԱՆՐԻ Մուօ, ԺԹ. դարու Ֆրանսացի հետախոյզ մը, երբ Գամպոտիոյ մացառուտները կը ճեղքէր հերձատելով, լայն խրամներով շրջապատուած տաճարի մը հանդիպեցաւ։ Անիկա երկրի վրայ կրօնական ամենախոշոր յիշատակարանը՝ Անգոր Ուաթն էր։ Ակնարկ մը նետելով, Մուօ կրցաւ ըսել որ մամռապատ այդ կառոյցը մարդկային ձեռքերու գործն էր։ Ան գրեց. «Վաղեմի անծանօթ Միգէլանճէլոյի մը կողմէ կառուցուած, անիկա Յունաստանի կամ Հռովմի կողմէ մեզի ձգուած որեւէ բանէ աւելի շքեղ է»։ Հակառակ անոր որ դարերէ ի վեր լքուած եւ անտեսուած է, ան կասկած չունէր որ այդ բարդ կառոյցին ետին կը գտնուէր՝ ծրագրող մը։
Հետաքրքրականօրէն, դարեր առաջ գրուած իմաստութիւն պարունակող գիրք մը, նոյնանման պատճառաբանութիւն գործածած է, ըսելով. «Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է»։ (Եբրայեցիս 3։4) Բայց ոմանք կրնան ըսել. ‘Բնութեան գործելակերպերը տարբեր են մարդուն գործերէն’։
Սակայն, բոլոր գիտնականներն ալ հաւանութիւն չեն տար այդ առարկութեան։ Ընդունելէ ետք թէ «կենսատարրական համակարգերը անկենդան իրեր չեն», Փէնսիլվանիոյ (Ա.Մ.Ն.) Լէհայ Համալսարանի կենսատարրաբանութեան աշխատակից ուսուցչապետ՝ Մայգըլ Պէհէ՝ հարց կու տայ. «Կենսատարրական ապրող համակարգերը կրնա՞ն ճարտարամտութեամբ ծրագրուած ըլլալ»։ Ան կը շարունակէ ցոյց տալ որ ներկայիս գիտնականներ, ապրող կազմութիւններու մէջ հիմնական փոփոխութիւններ կը ծրագրեն, ծինային ճարտարագիտական մեթոտներով։ Այո՛, կենդանի ե՛ւ անկենդան բաներ կրնան «կառուցուիլ»։ Ապրող
բջիջներու մանրադիտական աշխարհը քննելով, Պէհէ նշմարեց գործելու համար իրարմէ կախեալ եղող բաղադրիչներէ կազմուած ապշեցուցիչ բարդ համակարգեր։ Ի՞նչ եղաւ իր եզրակացութիւնը։ «Բջիջը՝ մասնիկային աստիճանի մէջ եղող կեանքը՝ հետազօտելու համար յարաճունօրէն թափուած ջանքերու դիզուած արդիւնքը բարձրաձայն եւ յստակօրէն կ’աղաղակէ թէ անիկա՝ ‘ծրագրուա՛ծ’ է»։Արդ, ո՞վ է այս բոլոր բարդ համակարգերու ետին գտնուող Ծրագրողը։
Ո՞վ Է Ծրագրողը
Պատասխանը կրնանք գտնել իմաստութիւն պարունակող այն հին մատեանին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ, ուրկէ նախապէս մէջբերեցինք։ Անոր բացման խօսքերուն մէջ, Աստուածաշունչը յատկանշական պարզութեամբ եւ յստակութեամբ կը պատասխանէ՝ բոլոր բաները ո՛վ ծրագրեց հարցումին։ Ան կ’ըսէ. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց»։—Ծննդոց 1։1
Ինքզինք ուրիշ դաւանեալ աստուածներէն զատորոշելու համար սակայն, Ստեղծիչը ինքզինք կը բնորոշէ յատուկ անունով մը. «Երկինքը ստեղծող . . . երկիրը ու անոր մէջ բուսածը տարածող, անոր վրայ եղող ժողովուրդին՝ շունչ . . . տուող Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է’»։ (Եսայեայ 42։5, 8) Եհովա է անունը այն Աստուծոյն, որ տիեզերքը ծրագրած ու երկրի վրայ մարդն ու կինը ստեղծած է։ Բայց ո՞վ է Եհովան։ Ան ի՞նչպիսի Աստուած մըն է։ Իսկ ինչո՞ւ պէ՛տք է անոր մտիկ ընէք։
Իր Անուան Նշանակութիւնը
Նախ՝ Ստեղծիչին անունը՝ Եհովա անունը, ի՞նչ կը նշանակէ։ Աստուածային անունը Եբրայերէն չորս տառերով (יהוה) գրուած է եւ մօտաւորապէս 7,000 անգամ կ’անցնի Աստուածաշունչի Եբրայերէն հատուածին մէջ։ Այս անունը կը նկատուի Եբրայերէն Հա·ուահ («ըլլալ») բային պատճառական ձեւը ըլլալ, հետեւաբար կը նշանակէ՝ «Ան կը Պատճառէ Ըլլալ»։ Ուրիշ խօսքով, Եհովա իմաստունօրէն կը պատճառէ ըլլալ, այն ի՛նչ որ ինք հարկը կը տեսնէ ըլլալու,
իր նպատակները իրագործելու համար։ Ան իր խոստումները կատարելու համար՝ կ’ըլլայ Ստեղծիչ, Դատաւոր, Փրկիչ, կեանքի Պահպանիչ, եւայլն։ Ասկէ զատ, Եբրայերէն բայը քերականական ձեւ մը կ’առնէ, նշելով արարքի մը որ կատարուելու ընթացքին մէջ է։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ Եհովա տակաւի՛ն պատճառ կ’ըլլայ իր խոստումներուն կատարողը ըլլալու։ Այո, ան կենդանի Աստուած է։Եհովայի Ուշագրաւ Յատկութիւնները
Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ այս Ստեղծիչը եւ իր խոստումները կատարողը շատ հրապուրիչ անձնաւորութիւն մը ունի։ Եհովա ինք իր ուշագրաւ յատկութիւնները յայտնեց ու ըսաւ. «Եհովայ Եհովայ՝ Աստուած ողորմած եւ գթած՝ երկայնամիտ ու առատ ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով, որ հազարների ողորմութիւն ես անում, որ անօրէնութիւն՝ յանցանք եւ մեղք ես ներում»։ (Ելից 34։6, 7, Արարատ) Եհովան նկարագրուած է որպէս ողորմած Աստուած։ Ասոր համար գործածուած Եբրայերէն բառը կրնայ թարգմանուիլ նաեւ՝ «հաւատարիմ սէր»։ Իր յաւիտենական նպատակը իրագործելու համար, Եհովա հաւատարմօրէն կը շարունակէ սէր ցոյց տալ իր արարածներուն հանդէպ։ Այսպիսի սիրոյ վրայ չէ՞ք գուրգուրար։
Եհովա նաեւ երկայնամիտ է բարկութեան մէջ, իսկ արագ՝ մեր յանցանքները ներելու։ Սրտապնդիչ է անհատի մը հետ գտնուիլ որ ո՛չ թէ սխալ կը փնտռէ, այլ՝ ներելու պատրաստ է։ Բայց ասիկա չի նշանակեր որ Եհովա յանցագործութեան աչք կը գոցէ։ Ան ըսաւ. «Ես Տէրս արդարութիւնը կը սիրեմ. անիրաւութիւնն ու յափշտակութիւնը կ’ատեմ»։ (Եսայեայ 61։8) Արդար Աստուած մը ըլլալով, ան անվերջ չի հանդուրժեր յանդուգն մեղաւորներուն, որոնք իրենց ամբարշտութեան մէջ կը յարատեւեն։ Ուստի, վստահ կրնանք ըլլալ որ յարմար ժամանակին, Եհովա մեզ շրջապատող աշխարհին անիրաւութիւնները պիտի սրբագրէ։
Սիրոյ եւ արդարութեան յատկութիւններուն մէջ հաւասարակշռութիւն պահելը իմաստութիւն կը պահանջէ։ Մեզի հետ իր ունեցած գործառնութեանց մէջ, Եհովա այս Հռովմայեցիս 11։33-36) Անշուշտ, իր իմաստութիւնը ամէնուրեք կը տեսնուի։ Բնութեան սքանչելիքները կը վկայեն այս մասին։—Սաղմոս 104։24. Առակաց 3։19
երկու յատկութիւնները հոյակապ կերպով կը հաւասարակշռէ։ (Սակայն, իմաստութիւն ունենալը բաւարար չէ։ Իր մտքին մէջի եղածները իրագործելու կարող ըլլալու համար, Ստեղծիչը պէտք է ամէն բանի լիազօրութիւն ունենայ։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ իր պարագան այս է. «Աչքերնիդ վե՛ր վերցուցէք ու նայեցէ՛ք, ասոնք ո՞վ ստեղծեց։ Անիկա անոնց զօրքը համրանքով կը հանէ։ . . . Իր . . . սաստիկ զօրութիւնովը անոնցմէ բնաւ մէկը չի կորսուիր»։ (Եսայեայ 40։26) Արդարեւ, Եհովա իր տրամադրութեան ներքեւ «սաստիկ զօրութիւն» ունի, իր կամքը իրագործելու համար։ Եհովայի այս յատկութիւնները չե՞ն հրապուրեր ձեզ։
Եհովան Ճանչնալուն Օգուտները
Եհովա երկիրը «պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց», որպէսզի իր հետ իմաստալից յարաբերութիւն ունեցող մարդիկ անոր վրայ բնակին։ (Եսայեայ 45։18. Ծննդոց 1։28) Ան հոգ կը տանի իր երկրային արարածներուն։ Ան մարդուն կատարեալ սկիզբ մը տուաւ պարտիզանման բնակարանի մը՝ դրախտի մը՝ մէջ։ Մարդիկ, սակայն, զայն կ’աւերեն, Եհովայի տհաճութիւն պատճառելով։ Սակայն, իր անուան իմաստին համաձայն, Եհովա մարդկութեան եւ երկրին նկատմամբ իր սկզբնական նպատակը պիտի իրագործէ։ (Սաղմոս 115։16. Յայտնութիւն 11։18) Ան երկրի վրայ Դրախտը պիտի վերահաստատէ, անոնց համար, որոնք իրեն կը հնազանդին որպէս իր որդիները։—Առակաց 8։17. Մատթէոս 5։5
Աստուածաշունչի վերջին գիրքը կը նկարագրէ թէ այդ Դրախտին մէջ ի՛նչպիսի կեանք մը կրնաք վայելել. «[Աստուած] անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները Յայտնութիւն 21։3, 4) Ասիկա է այն իրակա՛ն կեանքը, որ Եհովա կ’ուզէ որ դուք վայելէք։ Ի՜նչ բարեսէր Հայր մըն է։ Կը փափաքի՞ք աւելի լայն տեղեկութիւն ստանալ իր մասին եւ գիտնալ թէ Դրախտին մէջ ապրելու համար ի՛նչ պահանջուած է ձեզմէ։
անցան»։ (Աստուածաշունչի գործածուած թարգմանութիւնը Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Թարգմանութիւն–ն է, եթէ ոչ՝ նշուած է։