Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Ահաւասիկ ես, զի՛ս ղրկէ»

«Ահաւասիկ ես, զի՛ս ղրկէ»

Երգ 204

«Ահաւասիկ ես, զի՛ս ղրկէ»

(Եսայեայ 6։8)

1. Եահի անունը կ’անպատուեն,

Նաեւ զայն շատ կը նախատեն,

‘Աստուած բիրտ է եւ մեռած է’,

Կ’ըսեն անխոհեմ յիմարներն։

Ո՞վ անունն Իր պիտ’ պանծացնէ,

Ո՞վ զայն նախատինքէն մաքրէ։

‘Ահաւասիկ ես, զի՛ս ղրկէ,

Ես հռչակեմ անունդ Տէր,

(Կրկներգ)

2. Ոմանք Աստուծոյ կ’այպանեն,

‘Գործերը դանդաղ է’, կ’ըսեն։

Փոխարէն կուռքեր կը շինեն

Եւ կեղծ աստուածներ կը պաշտեն։

Ո՞վ պիտ’ ազդարարէ չարը,

Զգուշացնէ ամբարիշտը։

‘Ահաւասիկ ես, զի՛ս ղրկէ,

Անվախօրէն ազդարարեմ։

(Կրկներգ)

3. Ամբարիշտները կը շատնան

Եւ հեզերը կը կոխկռտեն,

Անոնք արդարութեան կ’անսան

Եւ ճշմարտութեան կը տենչան։

Ո՞վ զանոնք պիտ’ մխիթարէ,

Արդարութիւնը գիտցնէ։

‘Ահաւասիկ ես, զիս ղրկէ,

Խօսքովդ զանոնք մխիթարեմ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ինծի համար մեծ պատիւ մըն է,

Կ’ուզեմ երթալ, զի՛ս ղրկէ’։