Ամէն օր Եհովայի հետ քալենք
Երգ 55
Ամէն օր Եհովայի հետ քալենք
1. Եհովայի հետ քալելով
Խոնարհութիւն կը սորվինք։
Մեզի հանդէպ իր ցոյց տուած
Սիրովը մենք կը զմայլինք։
Ինք կոչ կ’ընէ որ իրեն հետ
Ձեռք ձեռքի յառաջանանք,
Ուստի կատարենք իր կամքը,
Մեր սրտերը իրեն տանք։
2. Քալել երկնային Հօրը հետ
Միշտ ապահովութիւն է։
Մրցանակը կորսնցնելը
Սակայն, յաճախ դիւրին է։
Սատանան եւ իր դեւերը,
Անկատար մարմինները
Ինչպէս նաեւ այս աշխարհը,
Կ’ըլլան մեզի արգելքներ։
3. Տէրը մեզ սպառազինեց
Իր հոգւով եւ իր Խօսքով,
Իր Քրիստոնեայ ժողովքովը,
Նաեւ անկեղծ աղօթքով։
Երբ Եհովայի հետ քալենք,
Կրնանք շիտակը ընել։
Անկեղծութեամբ զինք պաշտելով,
Իր առջեւ ուղիղ քալել։