Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Անոնցմէ մի՛ վախնար

Անոնցմէ մի՛ վախնար

Երգ 27

Անոնցմէ մի՛ վախնար

(Մատթէոս 10։28)

1. Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս,

Ու անվեհեր քարոզէ։

Անոնցմէ դու մի՛ վախնար,

Ճշմարտութիւնը խօսէ.

Ըսէ մարդոց որ իմ Որդիս

Դուրս վռնտեց Սատանան,

Եւ շուտով պիտ’ ազատագրէ

Զիրենք որ հանգստանան։

(Կրկներգ)

2. Եթէ թշնամին հարուածէ

Ու ձեր կեանքին սպառնայ,

Նոյնիսկ երբ ձեզ հալածէ

Ու ձեր սրտին հետ խաղայ,

Բոլոր սրտով պայքարեցէք.

Մի՛ վախնաք դուք անոնցմէ.

Աստուած ձեզի կը պաշտպանէ,

Ու ձեզի կը զօրացնէ։

(Կրկներգ)

3. Չվախնանք մեր անձին համար,

Տէրը մեր վահանն է։

Հաւատարիմ ծառաներն

Իր բիբին պէս կը պահէ։

Ո՛վ դուք Քրիստոնեայ ռազմիկներ,

Միշտ անվեհեր քալեցէք։

Աստուած բնաւ չի մոռնար ձեզ,

Երբ իր կամքը կատարէք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Մի՛ վախնար Ուղղամիտ ծառաս,

Երբ նոյնիսկ քեզ սպառնան։

Կեանքդ պիտի վերստանաս,

Եթէ հաւ’տարիմ մնաս։