Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Արդ, պիտի գիտնան

Արդ, պիտի գիտնան

Երգ 112

Արդ, պիտի գիտնան

(Եզեկիէլ 35։15)

1. Գերիշխան Տէր, անունդ պղծեցին,

Քու սուրբ վայրերդ ալ անարգեցին.

Բայց օծեալ Որդիդ որ արդէն կ’իշխէ,

Արդարութիւնը պիտի հաստատէ։

(Կրկներգ)

2. Քու իշխանութեանդ իրաւունքին,

Ասպարէզ կարդաց ըմբոստ օձը հին։

Բայց ժամանակն է Արմագեդոնին

Սատանան եւ դեւերը ճզմուին։

(Կրկներգ)

3. Փառքի ծառաւ, ո՛վ դուք սնապարծներ,

Կ’ընկճէք ու հեզերը կը կոխկռտէք.

Բայց Աստուած պիտ’ ջախջախէ լուծը ձեր,

Երբ իր տաք բարկութիւնը ճաշակէք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Արդ, պիտի գիտնան որ դուն Եհովան ես

Եւ արդարութիւն դուն կը պահանջես։

Արդ, պիտի գիտնան որ դուն անփոփոխես

Ու խոստումներդ միշտ կ’իրագործես։