Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարութեան պտուղը

Բարութեան պտուղը

Երգ 95

Բարութեան պտուղը

(Գաղատացիս 5։22)

1. Եհովա Գեր’շխան է յաւիտենական։

Մարմնացում բարութեան, սիրոյ, գթութեան։

Ղրկեց Որդին երկիր մարդոց օգնելու,

Մեղաւոր վիճակէն զգաստանալու։

2. Եահին հաճութիւնը մեզ կ’ազատագրէ,

Բաբելոնի լուծէն եւ ուսուցումէն։

Իր բարութիւնը եւ իմաստութիւնը

Կ’ուղղեն քայլերը մեր դէպի փրկութիւն։

3. Եահին բարութիւնը ընդօրինակենք,

Հոգւոյն այս պտուղը թող որ մշակենք

Եւ առատաձեռն ըլլանք՝ պարկեշտ, արդար,

Այս յատկութիւններով աճինք անդադար։

4. Բարութեան մէջ ինչպէ՞ս կրնանք ուրճանալ.

Ուսումնասիրելով եւ ծառայելով։

Սիրելի եղբայրներն ալ չանտեսելով,

Կ’ուզենք բարութեան մէջ կատարեալ ըլլալ։