Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի ժողովուրդը ուրախ է

Եհովայի ժողովուրդը ուրախ է

Երգ 57

Եհովայի ժողովուրդը ուրախ է

(Սաղմոս 89։15)

1. Երջանիկ են ուրախութեամբ ծառայողներն.

Հաւատքով քալողներն,

Օրէնքդ պահողներն։

Միշտ Սուրբ Խօսքիդ լոյսով Վկաներդ կ’ընթանան.

Օգնէ որ անոնք հաւատարիմ մնան։

(Կրկներգ)

2. Ինչ որ ալ ընեն Սատանան եւ դեւերը,

Չդառնանք աշխարհի,

Ծառայենք աւելի։

Եհովան կը պահպանէ հաւատարիմները

Ու ապահով կը զգան զինք պաշտողները։

(Կրկներգ)

3. Քաջ մնանք նոյնիսկ հակառակութեան դիմաց.

Աղօթենք, պայքարինք,

Զօրանանք, հաստատուինք։

Ճշմարտութիւնը բռնած ըլլանք աստուածապաշտ,

Աստուծոյ հանդէպ հաւատարիմ ու հաշտ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Բարութեան մարմնացումն ես՝ Եհովա,

Անունդ ջատագովողներն են վկայ։

Քու Խօսքովդ ճշմարիտ անոնք կ’ընթանան.

Կ’ապացուցանեն որ կը հաւատան։