Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

‘Եհովան իմ Հովիւս է’

‘Եհովան իմ Հովիւս է’

Երգ 77

‘Եհովան իմ Հովիւս է’

(Սաղմոս 23)

1. Եհովան իմ հովիւս է,

Ես չեմ վախնար ո՛չ մէկէ.

Գառներուն վրայ ան կը հսկէ,

Բոլորն ալ կը պաշտպանէ։

Զիս ջուրերուն կ’առաջնորդէ,

Մաքուր արօտներ կ’ուղղէ։

Քայլերս կ’ուղղէ, հոգիս կ’որոգէ,

Կ’ուզեմ զինք ջատագովել։

Քայլերս կ’ուղղէ, հոգիս կ’որոգէ,

Կ’ուզեմ զինք ջատագովել։

2. Երբ կը քալեմ մթին ձորէն,

Ես չեմ վախնար վտանգէ.

Քանզի Աստուած միշտ իմ կողքս է,

Իր ցուպը կը պահպանէ։

Իմ գլուխս իւղով կ’օծէ,

Բաժակս խիստ լեցուն է։

Ողորմութիւնը իմ հետս է,

Զինք սիրել փափաքս է։

Ողորմութիւնը իմ հետս է,

Զինք սիրել փափաքս է։

3. Կ’ուզեմ Եահը փառաբանել,

Հովիւիս երգեր հիւսել։

Իր թարմացնող, պատգամը ուժեղ,

Հեզերուն հետ ես բաժնել։

Կ’ուզեմ իր օրէնքը պահել

Եւ իր Խօսքը կատարել։

Սուրբ ծառայութիւնը գանձ մըն է,

Սրտիս մօտիկ պիտ’ պահեմ։

Սուրբ ծառայութիւնը գանձ մըն է,

Սրտիս մօտիկ պիտ’ պահեմ։